Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՏԻՒՐԻԿՈՒ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՎԱՆՔ
       Քաղաքէն 21/2 ժամ հեռի՝ կիրճերով եւ լեռներով բաժանեալ նեղ տեղ մը, ցած բլրակի մը վրայ, կառուցեալ է վանքս, որ եւ կը գրուի «Կիւրղի Անապատ»։ Եւ Խուռնավուլ գիւղին մօտ լինելով՝ «Խուռնավուլայ վանք» եւս ըսուած է։ Թերակղզւոյ ձեւ ունի վանքի բլուրն՝ երեք կողմէն հեղեղատներով, անտառներով ու փոսերով պատեալ, խաղաղասէր աշխարհուրաց կրօնաւորաց կարի յարմարագոյն վայր, սակայն պակաս չեն արջեր, գայլեր եւ ասոնցմէ աւելի՝ աւազակներ։ Զէնքով, շներով եւ հաց տալով կը պահպանուի վանքը։ Երբեմն բաւական թուով կրօնաւորներ ունեցեր է, ուր շատ գրքեր գաղափարուեր են, որ միակ եւ սուրբ աշխատութիւն էր վանականաց համար, իսկ այժմ՝ ոչ միաբան, ոչ աղօթող եւ ոչ ժամասաց։ Առաջնորդ Թէոդորոս Վ., որ մսով եւ մտքով թանձր մէկն է, միայնակ կը վարէ եւ կը վայելէ այս վանքը։ Շէնքերը անշուք են, տաճարը՝ խիստ փոքր, ցած եւ անլոյս։ Միայն Առաջնորդարանը փառաւոր է, լուսաւոր եւ հովասուն, որ կը նայի գետակին եւ կարգով տնկուած ծառերուն վրայ, ուստի կ’երեւի նաեւ Խուռնավուլայ ճանապարհն։ Թթենեաց եւ այլ մրգաբերաց տունկերով դրախտ մը ունի։ Եկամուտն է գեղերու պտղիներ, արտերու բերքեր եւ ուխտաւորաց արդիւնք։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարաց գիւտի տօնին վանքը գնացինք, ուր թեմացի ուխտաւորաց բազմութիւն եկած էր, եւ իրենց ուխտն էր՝ ուտել, խմել, խաղ կանչել, պարել, մատաղ եփել, ժամ գալ, ժամոց տալ եւ այլն։ Նոյն օր պատարագեց նորին Սրբութիւն, եւ ապա իրմէն պէտք եղած տեղեկութիւններ առի, ու քանի մը ժողովականաց հետ մեկնեցայ քաղաքը։ Շատ ինքզինք կը բարեբանէր Երանելին, եւ կարի խրոխտ էր Ողորմելին։