Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՉՄՇԿԱԾԱԳ
       Օգոստոս 11։ Մեկնեցանք Խարբերդէն։ Գուզ-Ովայէն է մեր ճանբան, որ յետադարձ մը կը համարուի, զի աստի ուրիշ գծով մը կը դառնան Կապան-Մատէնի եւ Արաբկիրու Ովայի ու Ակնայ մէկ մասին ետեւը, ուր կ’իյնայ Չմշկածագն եւ իւր գեղերը։ Գուզ-Ովան, որ Ուլ-Ովայի նման քնքոյշ եւ զարդարուն չէ, սակայն ունի մեծամեծ եւ խիտ գեղեր, արտորայքը, թէպէտ քարուտ, այլ շատ բարեբեր։ Հնձոց օրեր լինելով՝ գեղացին իր ամբողջ ընտանիքով տարածուած էր դաշտին մէջ, ուր կնոջ աշխատութիւնը շատ է, քան արանց, եւ մանր մանկտին հորթիկներու, ոչխարաց եւ քուռակներու հետ խառնուած կը թռվռայ, կը հսկէ, կ’երգէ եւ կը զուարճանայ։ Աշխատութեան եւ անմեղութեան քա՜ղցր տեսարան…։
       Աշվան գիւղն եղաւ մեր իջեւան, որ Գուզ-Ովայէն դուրս է՝ Բալուայ ջրոյն՝ Եփրատին վրայ, եւ բարձր դիրք մը ունի, բեղմնաւորութեամբ անուանի, որ ունէր նաեւ շատ պտղաբեր ծառեր։ Գեղին հողերը Խարբերդ բնակող ակնցի քանի մը Հայոց սեպհականութիւնն էին, որ թթենիներ ալ տնկած ունէին եւ շերամ կը մշակէին, ճաշակով տուներ շինած էին։ Գեղիս սեխն ու ձմերուկն հռչակեալ է համեղութեամբ։ Շնորհքով քահանայ մի կար հոս՝ Տէր Կարապետ։
       Գետն սահմանագլուխ է Խարբերդին, որոյ միւս երեսը Չմշկածագի հողն է կամ Տէրսիմի։ Քրդերը յաճախ կ’անցնին ջուրէն եւ ասոնցմէ ոմանք կը կողոպտեն Աշվանցիները տանց եւ արտերու մէջ։ Գեղիս Թորոս քահեան նոյն տարին աղէտ մը անցուցեր էր։ Իբրեւ ունեւոր եւ խօսքի տէր մարդ՝ որոշուած է եղեր քրդերէն, որ վերցնեն զինքն եւ տունը աւարեն։ Գիշեր մը յանակնկալս կը պաշարուի իր տան մէջ, եւ Թորոսն, այլ ոք կեղծելով ինքզինքն եւ իբրեւ կամեցող Թորոսի կորստեան, կը սկսի ինքն հայհոյել զԹորոս քահեան ու կ’օժանդակէ քրդերուն որոնելու զինքն։ Յարկէ յարկ, ծակէ ծակ որոնելու միջոցին կրցեր է ճարտարութեամբ խաբել եւ ծածկել իր անձն։ Լուսոյն դէմ չարագործներ կը մեկնին՝ ժամադրելով ուրիշ գիշերուան մը համար։ Բայց Թորոսն այլ եւս տունը չէր պառկեր։ Դարձեալ այս գիւղէն եօթն տարու աղջիկ մը յափշտակեր էին չարագործք եւ ջրէն անդին անցուցեր էին։ Վեց ոստիկան եւ հարիւրապետ մը գեղացւոց հետ ջրէն ասդին կեցած սպառնալեօք չարագործներէն աղջիկը դարձուցեր էին ծնողաց։ Որսացեալ գառնուկը դողասարսափ ծնողաց գիրկն ինկած էր՝ մահու երկիւղի մէջ։ Այսպիսի դէպքեր Աշվանցիք եւ քանի մը այլ գիւղացիք կը պատմէին պաղարիւնութեամբ։
       Մտիկ ընելով գեղացւոց՝ յուսադրեցինք զիրենք բարեխնամ կառավարութեան անունով եւ առաւօտ ելանք մեր ուղին։ Թէպէտ թանձր եւ կոշտ նաւեր կային, բայց ես որոշեցի հունէն անցնիլ։ Քանի մը կտրիճ երիտասարդներ ջուրը մտան, եւ մենք հետեւեցանք անոնց՝ ընկղմելով եւ յառնելով։ Օրհնեալ ջուր, որ այնքան բարութեամբ եւ փափկութեամբ վարուեցաւ հետս։ Հոտ կուգար իրմէն, հոտ մահու եւ անմահութեան, ջուր, որ կը բերէր իր հետ դրախտի ծաղիկ եւ օձու շապիկ, ջուր, որ կուգար Պայազիտէն, Ալաշկերտէն, Խնուսէն, Մանզկերտէն եւ Մուշէն, որ կրեր էր դիակներ, խառնուեր էր արիւններ եւ բաղադրուեր էր աղի ու դառն արցունքներէ։ Արցունք մ’ալ իմ աչերէս։ Ջուր, սակայն, որ ունէր եւ կը նուիրէր յոյս, թէ կ’անցնին չարիքներ, ինչպէս կ’անցնին իմ ալիքներս, եւ ետեւէ ետեւ մաքուրն եւ կենդանին կը յաջորդէ։ Բաւական է, որ Ակն անսպառ հոսէ, կեանքն իւր ընթացքը չ’կասէ, վտակն իր ճամբան եւ իր տեղը չփոփոխէ։
       Գետոյն միւս երեսն է Աշկան կամ Աշ-Գանի գեղը, դաշտադիր։ Վտակ մը կուգայ ուղղակի Չմշկածագ քաղաքէն։ Մարդ առանց առաջնորդի կրնայ այս վտակին հետօք ուղղակի քաղաքը երթալ, որոյ շուրջ գեղեր կը գտնուին։ Նայելով իրենց՝ կ’անցնինք։ Շնորհքով շէնքեր կան գեղերու մէջ։ Հողն ու մարդը աւելի կայտառ են այս կողմը, բայց՝ Տէրսիմցիներուն ոտնակոխ։ Ճամբան վատթար է ու աւեր։ Չորս ժամէն մտանք Չմշկածագը, որ ունի զարդարուն պարտէզներ, զուարճալի ձորեր, ցիր եւ ցան մեծամեծ եւ մանր քարերով, կարգ մի եւս բարձրացած ժայռերը պարսպաձեւ, բրգաձեւ եւ քաղաքին հանդէպ շատ մը շինուած քարայրեր, Բէկ օդասի, Բայրամ բաբա, եւ այլն, անունով։ Ինչե՞ր են տեսեր, ինչե՜ր անցուցեր այս այրերը։
       Առաջնորդարանը իջանք, բայց հոգեվարք էր այդ յարկը, ուստի իրիկուն Իգնատիոսեան Միքայէլ էֆէնտիի տունը իջեւանեցանք եւ ամէն ցերեկները ընդունելութիւնք, տեսակցութիւնք եւ մեր գործքերը կուգայինք կատարել Առաջնորդարանը՝ ամէն րոպէ նայելով սրտատրոփ երկիւղիւ կոտրած գերաններուն, փտած նեցուկներուն եւ խարխալեալ պատերուն։ Մանաւանդ այն ժամերուն, երբ մեծադղորդ գոչմամբ կը ժողովէին ’ի նիստ Ազգային ժողովները եւ իրենց արժանաւոր Առաջնորդն Տ. Պետրոս Վ. Ներկարարեան՝ մարմնով եւ ձայնով արդարեւ գերազանց անձին նախագահութեան տակ, պոռչտելով իրարու դէմ, մէկզմէկ նախատելով, որոց բոմբիւնէն կը սարսէր եւ փոշի կը թափէր դողդոջուն յարկն։ Անշուշտ իրաւունքը միշտ հուժկու եւ շատ բօռացողին կը լինէր։
       Քաղաքիս փողոցները եւ շուկան խառն ’ի խուռն են, բայց բաւական կանոնաւոր շէնքեր կը գտնուէին։ Ամէնէն շքեղ եւ ձեւաւոր շէնքն էր Հաճի Թահար բէկի տունն, եւ ինքն էր բոլոր բէկերէն աւագագոյն եւ քաղաքավար, ինքն էր ամէնէն աւելի հողեր եւ գիւղեր ունեցող, երկրի բարեաց եւ այլն հեղինակ, որ ունէր զինքն յարգողներ, այլ բազմաթիւ եւս էին դժգոհներ եւ հակառակորդներ։ Քանի մը այլ Բէկեր ալ կային եւ քանի մը Աղաներ, որք նոյնպէս հողատէր, գեղատէր էին, եւ գեղացի մարաբաներ՝ իբրեւ իրենց ճորտեր։ Գրեթէ ամէնքն ալ երեսանց փափագող էին բարեկարգութեան, բայց ամէնքն ալ իրենց պաշտպանութեան տակն ունեցեր էին դատապարտելի մարդիկներ։ Այլ դեռ Մալաթիոյ եւ Խարբերդի անուանիներէն բարի էին սոքա։ Այս երկիրը յաճախակի վնասներ կը կրէր նաեւ Տէրսիմի քրդերէն, որոց հետ խառն է բնակութեամբ, եւ քաղաքիս մէջ կային թէ՛ բնիկ եւ թէ՛ գեղացի անձինք, որ կը ցուցնէին զիրենք միականի, ոտնակոտոր, թեւահատ, երեսը կտրուած եւ այլն, որ չարագործներէ խեղացած էին ընդհանրապէս։
       Քաղաքիս արուեստներն եւ առուտուրն խիստ սահմանաւոր էր, եւ կառավարութիւնը՝ Միւտիւրութիւն, Կապան-Մատէնի գայմագամութեան տակ. աստ պաշտօնատուն չկար։ Յետոյ առանձին գայմագամութիւն եղած է եւ այժմ Տէրսիմի-Խոզադու վիլայէթին ենթակայ, յորմէ 8 ժամ հեռի է։ Թաղերը զանազան դիրքեր ունին։ Իւչ-բէկ թաղը զատ մաս մը կը կազմէ քաղաքին։ Բնակիչք են Հայ եւ Թուրք։ Եկեղեցիք Հայոց Ս. Աստուածածին եւ Ս. Թորոս։ Ս. Աստուածածին եկեղեցին՝ մթին, նսեմ, ցած, եւ գերաններ կախուած էին աղօթողաց գլխին, որոց ներքեւ կը ծնրադրէին։ Վարժարանն՝ երկու։
       Ծաղկոցը կամ նախակրթարանն խիստ ողորմելի էր, անձուկ, անլոյս, առանց օդի, ներքնայարկ, ուր տեսայ քանի մը թօշնած ծաղկունք մանկունք եւ դեղնած մարած աղջկունք։ Եօթնամեայ աղջկան մը ձեռքը դասագիրք մը կար, որ ծանր եւ մեծ էր, քան զաղջիկն, Բողոքականաց տիպ մեծադիր Աստուածաշունչ մը։ Ըսին, թէ բոլոր միւս դասագրքերը լմնցուցեր էր եւ «ի սկզբանէ արար»-էն մինչեւ «չորրորդ թագ. գիրքն» ալ ասոր վրայ կարդացեր էր։ Եւ, իրօք, ջուրի պէս ալ վարժ էր, կը վազէր։
       Տեսա՞ր Մանկավարժութիւն…։ Եւ այսպէս մէկալ աշակերտներն էին։
       Վերին յարկը սրահ մի եւս կար՝ իբրեւ ուսումնարան, որոյ ուսուցիչը լաւ էր, բայց դժգոհ։ Հայոց Միացեալ Ընկ. տեղացւոց նպաստներով բարձր Նախակրթարան մը բացաւ հոս, որոյ շէնքն շքեղ է եւ ընդարձակ։ Այժմ կառավարութեան պաշտօնատուն եւ Ազգ. Առաջնորդարան ալ շինուած է։
       Քաղաքիս եւ գեղերու բնակիչներէն շատերը՝ թէ՛ Հայ եւ թէ՛ Տաճիկ, Պօլսոյ մէջ սովորաբար գործ ընելով, թէ՛ հագուստով եւ թէ՛ կենցաղավարութեամբ կոկիկ եւ քաղաքավարի են։ Անոնցմէ շատերն ալ կալուած եւ հասոյթ ունէին, ու հանգիստ կ’ապրէին։ Ազնուականաց տուներ, որոց նմաններ յԱկն եւ յԱրաբկիր ալ կը գտնուին։
       Անդորրութիւն կենաց եւ ապահովութիւն գոյից կարի գոհացուցիչ էր այդ օրերը վասն զի Ալի-Շէֆիք բէկ Կայսերական կառավարութենէն եկած էր բարեկարգելու Տէրսիմն եւ իր հրամանին տակն ունէր զօրքեր։ Նորին վսեմութեան հետ կը գտնուէր նաեւ Երզնկացի Կիրակոս էֆէնտի Գազանճեանն։ Միւս կողմանէ ալ Խարբերդու կառավարութիւնը քանի մը կարեւոր խնդիրներ կարգադրելու փոյթ կը ցուցնէր, որ պարտաւորած էր զիս մասնաւորապէս, եթէ կարգադրելի, բայց կարելի կարգէն խնդիրներ տեսնամ, գրեմ. եւ արդարեւ քանի մը բաներ կարգադրուեցան։ Զօրաց մաս մը քաղաքի մէջն էր, իսկ Ալի-Շէֆիք բէկ ներսերը կը գըտնուէր։ Իմ պաշտօնս լմնցնելով՝ փափաք ունեցայ Կարմիր վանքն երթալ. բայց նոյն գիշերը զօրքերը քաղաքէն մեկնած էին Ագրակ գեղը՝ Քրդաց մէկ ցեղապետ Տիապ աղան ձերբակալելու եւ անոր անասունները ու գոյքերը գրաւելու։ Ագրակին կից էր Կարմիր վանքն։ Սարսափ տիրեց քաղաքին. կրնար ճակատամարտ տեղի ունենալ, կրնային քրդերը փախչիլ եւ գեղերն ու քաղաքը աւարել, ճամբաները բռնել, եւ այլն։ Այս էր իրենց ենթադրածը, ուստի եւ զիս կը համոզէին, որ վանքը չերթամ։ «Պիտի երթամ», - ըսի։ Ոչ ոք ընկերացաւ ինձ, որպէս զի չերթամ։ Բայց ես հետս առի Իւչ-Բէկի ութսունամեայ Տ. Մանուէլ սպիտակափառ տէրտէրը, որ իր մանկութենէն ’ի վեր Տէրսիմի լերանց մէջն անցուցեր էր՝ Հալւորիկի սուրբ Կարապետ վանքը մնալով, եւ ծանօթ էր ճանապարհին, չարին եւ բարին, Դաւիթի Սաղմոսին եւ Գողիաթի երկաթին։ Աշխոյժ եւ բարեպաշտ ծերունին հետս եկաւ։ Ափսո՜ս միայն՝ իւր հեծած երիվարն միականի եւ հարստահարեալ էր, բոլորովին հակոտնեայ իւր հեծեալին։ Մեզ հետ կար նաեւ անմազ գլխով ոստիկան մը, որ կը դողդողար։ Հազարի գեղը մեր ձախ կողմէն կը տեսնանք եւ կ’անցնինք։ Տեղ-տեղ ծառերու ետեւէն, թուփերու եւ քարերու տակէն, ձորերու մէջէն շարժումներ կը նշմարենք, որք իսկոյն կ’անհետին։ Քրդերու աղջիկ եւ կին են՝ փախած թագչած այդ տեղերը։ Զմեզ ալ զօրական կարծելով՝ վախէն խոտերու մէջ կը պահուէին։ Ժամ ու կէս երթալով՝ հասանք վանքին դիմաց, որ շինուած է բլուրի մը վրայ՝ ամայութեանց մէջ։ Բայց նախ ելանք Ագրակը։
       Գեղը լռին եւ տխուր էր։ Քրդերու կանայք միայն կ’երեւին, քանի մը ալեւորները եւ Հայերը։ Զօրքն եկեր ու Տիապին եւ Գօչօղլի Մուստաֆային անասուններ եւ գոյքերը տարեր էին, սակայն Տիապն ու Գօչօղլին խոյս տուած էին։ Մենք տեսանք Տիապին մայրը՝ հուժկու եւ յաղթանդամ կին, զոր քանի մը զօրքեր կը տանէին, կամ ինքն կ’երթար՝ նժոյգի մը վրայ նստած, թուրը մէջքը, ատրճանակներ կապած եւ քանի մը գրաստները բարձած։ Գեղին Սէյիտը կը բացատրէր մեզ, թէ Տիապը դեռ 25 տարեկան բարեսիրտ երիտասարդ մի է, բայց իր մայրը խիստ չար կին մի է. որդին իւր մօր չարութեանց զոհ կ’երթայ։ Տիապի տունը փառաւոր շէնք մի էր գեղին մէջը, ամէնք կը պատմէին անոր հարստութիւն, եւ Քրդու կանայք կ’աւաղէին զինքն։
       Հայոցս հնագոյն եկեղեցի մի կար գեղին գլուխը, որուն քով կը բղխէին երկու ակունք սառնորակ, ջինջ եւ առատ ջրոց։ Այս ականց վրայ ընդ հովանեաւ ընկուզենեաց նստանք, եւ Սէյիտն ու գեղացի Հայք պատմեցին զօրաց գալն ու գնալն եւ իրենց գեղին հին եւ նոր անցքերը։ Ես, նայելով գեղին սքանչելի դրից, ընդարձակ գերեզմանատան, հրապուրիչ տեսարաններուն, զանազան հարցումներ կ’ընէի։ Քիւրդ Չանթիկ եւ Մողորձորցի Մարգար քեահեան կը պատասխանէին։ Նոքա մեր քովի երկու ականց համար ըսին. «Այս մէկին մէջ կոյս աղջիկ մը կայ, որոյ ձայնը երբեմն-երբեմն կը լսուի, եւ ջուրի եկող գեղի աղջիկներուն կ’երեւայ, հրեղէն է։ Նա կը բռնէ կը գոցէ ջուրը երբեմն, եւ երբ մատաղ կտրենք, ջուրը թող կուտայ»։
       Ահաւասիկ Նայեադ մը։ Ջուր մը, արդարեւ արժանի Յաւէրժահարսանց։ «Իսկ մէկալ ակնէն էլած ջուրը Անկջի ջուր կ’ըսենք, որու ականջը ցաւի կամ գոցուի, կուգայ կը մտնէ այս ակնէն ներս, որ ական շինուած է, եւ, 10 քայլ յառաջ երթալով, կը հասնի քարէ աւազանի մը, ուստի այս ջուրը կը բղխի։ Հոն մոմ կը վառէ, ջուրէն կը կաթեցնէ ականջը եւ դուրս կ’ելնէ առողջացած»։
       Արդարեւ ջուր մը, որոյ չափազանց պաղութենէն գուցէ այս բանը կը լինի։ Ունին աղբիւր մի եւս գեղէն վար, զոր Դողի աղբիւր կը կոչեն, որոյ ջրով կը լուացուին դողցուորներ եւ կը բժշկուին։ Բազում սուրբ ծառեր ալ կային, որոց վրայ լաթի բժժանքներ կապած էին։ Գեղիս հողն ու բոյսն ալ զօրաւոր է։ Ա՛յս էր Ագրակն՝ երբեմն հարիւրաւոր տներով հայաբնակ գեղ մը, որոյ հողն, բոյսն ու ջուրն՝ բանաստեղծական եւ նուիրական, արժանի՛ պաշտելի լինելու, բայց քուրդը խրթնեցուցած էր զինքն։
       Ագրակէն դարձանք Կարմիր վանք, որոյ սահմանը ձորով մը կը բաժնուի։ Ընդարձակութիւն վանքի հողերուն երկու ժամով կը շրջապատուի. ընտիր երկիր, խոտաւէտ եւ մացառոտ 200 քիլէի սերմամուտ արտեր ունի, զորս թափու ընել տուած էին Մուրատեան Աւետիս էֆ. անուան, բայց մեծաւ մասամբ Ագրակցիք կամ Տիապ տիրած էին. իրենք կը մշակէին։ Ուրիշ անուանի քիւրդ մը դրուած էր վանքը՝ իբրեւ պահապան եւ իբրեւ մարաբայ մնացեալ հողերուն։ Կարմիր են հողն եւ քարինք այս բարձրաւանդակին, որոյ վրայ շինուած է վանքը։ Այս է պատճառ Կարմիր-վանք կոչուելուն։ Տաճարը, որոյ տեղը միայն յայտնի էր, եւ քովի փոքր մատռան մը կամարն ու երեք որմերը միայն կային, Ս. Նշանի անուամբ կառուցեալ եղեր է, երբեմն հռչակաւոր ուխտ, ուր բազմաթիւ ձեռագիրներ գրուած են։ (Այլ է Սեւ լերան Կարմիր վանք, ուր Բարսեղներ եւ Ստեփաննոսներ ծաղկեր են)։ Տեսայ կուրանալի աչքովս այն տաճարին սրբավայրը անասնոց աղբերով լի, ուր երբեմն «խումբ առեալ դասք քահանայից, սարկաւագաց, դպրաց եւ կղերիկոսաց կը մատուցանէին բուրումն անուշահոտ խնկոց, ստաշխից եւ կինամոնաց»։ Յաջկոյս որմին քակեալ խորանին քարի մը վրայէ օրինակեցի. « Յիշատակ է Ս. Խաչս Մխիթար քահանային ’ի թվ. ՋԷ. »։ Իսկ ’ի ձախմէ՝ «Ս. Խաչս Մինայ տնտեսին. թվ. Ջ. Ի. »։
       Քանի տարիներ առաջ Խարբերդի Ղուլայ վանքի Գէորգ Վ., Առաջնորդ լինելով Չմշկածագի, իբր 40 հազար ղրուշի հանգանակութեամբ եւ ժողովրդեան աշխատութեամբ պարիսպ մը կանգնեցուցած է շրջապատ վանուցս եւ երկու մեծ սենեակներ, ընդարձակ ախոռ մը եւ մարագ մը, բայց մատուռը մնացեր աւեր, աջակցութեամբ Մուրատեան Փիլիպպոս եւ Աւետիս էֆէնտիներուն։ Երբ կը հասնիս պարսպի դրան առջեւ, դրան շէնքն եւ ճակտի փառաւորութիւնը կը հիացնէ զքեզ, որոյ վրայ քանդակեալ է Օսմ. Թուղրան, եւ երկու կողմը աստղ ու մահիկ։ Իսկ ներսը տեսանք արդէն։ Դրանէն քիչ մը հեռու նորաշէն աղբիւր մը կայ, զոր շինելու համար Հրաշագործ Սրբազան վեց հազար ղուրուշ հանգանակեր էր ժողովրդէն։ Աղբիւրին ճակատը գրուած է. «Սուլթան Համիտ Խան, կեցցէ յաւիտեան։ Աղբիւր բարեհամ բժշկութեան, հաւատացելոց սրբութեան»։ Եւ այս աղբիւրի աւազանին մէջ խաչահանգիստ կ’ընէ եղեր ուխտաւորաց։ Շատ քիչ է մնացեր Սրբազանն այս տեղ. կ’երեւի, թէ շատ չէ բաներ իւր պրոպատիկէն…։ Վանքիս գրքեր եւ գոյքերը քաղաքի մէջ կը պահուէին։
       Չմշկածագ թէ՛ ’ի քաղաքին եւ թէ՛ ’ի գիւղորայս ունի աւերակները՝ արժանի հետազօտութեան, հանգար եկեղեցիներ եւ վանքեր ալ կան, յորս երեւելի է Խատիշարու Ս. Կարապետի վանքն, որոյ շէնքին մնացորդը՝ դեռ հոյակապ եւ գեղեցկակերտ, իրաւամբ կը գրաւէ մարդոյ հիացումն եւ արցունք կը քամէ տեսնողաց աչքերէն, ուր «ԻԶ վարդապետք կային երբեմն բացի սարկաւագներէ, տիրացուներէ եւ սպասաւորներէ»։ Ճշմարիտ դպրութեան վանք մը եղեր է։ Իւր բազմաթիւ ձեռագիրներ եւ անօթներ տեսանք Յաղթուկ գեղը, զորս տես ’ի կարգի յիշատակարանաց։ Մեծաշէն վանքի մը աւերակ եւս կայ Վասկաւան գեղին կից, զոր կը կոչեն Վասիլիկայ-վանք, որոյ մէկ խորան դեռ շէն, եկեղեցի է գեղացւոց։