Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՉԸՆՔՈՒՇ
       Ջերմուկէն վեց ժամ գնացինք ’ի Չընքուշ, որ Մատանու ենթակայ աւան մի է լեռնամիջեայ՝ շինուած քարաբլուրի մը վրայ եւ իւր չորս կողմն քարաբլուրներ։ Իւր երեսներ եւ կողերը գեղեցիկ են ծառատունկերով եւ շէնքերով։ Առջեւը փոքրիկ հովիտ մը կայ, ջուր մը կը զատէ աւանն այս հովիտէն։ Ուղին քարուտ եւ ահոտ է, մանաւանդ Սախալ թութան ըսուած նեղ տեղը, սակայն շատ տեղեր ալ՝ զուարճալի։ Երկու ժամէն աւելի այգեստանեայց մէջէն կ’անցնէր մեր ուղին, պտղալից համեղ խաղողներով։ Վանքը քառորդ ժամ բացակայ է աւանէն՝ շինուած հովտիկին բերանը։ Հոն դիմեցինք։ Սիրահայեաց Ս. Աստուածածին կ’անուանուի։ Կոկիկ եւ սիրուն շէնք մի է՝ այգիներու եւ ծառերու մէջ։ Իր առջեւի տարածեալ արտերն իրենն են, եւ դրան առջեւ՝ գերեզմանք Չնքուշցւոց։ Վանահայր Մալաթիացի Մինաս վարդապետ կը տագնապէր տապով։ Խեղճը երկու տարիէ հետէ այս տենդը կը քաշէր երկու օր անգամ մը։ Ցերեկը դռներ գոց էին վանքին։ Մեզ դիմաւորեցին խոժոռ գամբռեր, որոց ահագին աղմուկէն տանիքն ելան, մեզ տեսան եւ դռները բացին։ Վանքիս շէնքերու նման՝ աղէկ էր իւր տնտեսութիւնն ալ։ Իւր հասոյթն էր երկու ջաղացքներէն, հողերէն եւ այգիներէն եկած արդիւնքը, իսկ թեմ ունէր Չընքուշն եւ Ադիշ գեղը։
       Նախորդ վանահայր Տիգրանակերտցի Բաղդասար վարդապետ, որ 40 տարի շարունակ պաշտօն վարած է, իր օրով շինել տուած է վանքիս Ս. Տաճարն եւ այլ շէնքերը։ Չնքուշայ եւ Ադիշոյ եկեղեցիները՝ քարուկիր եւ վայելչակերտ, ունեցած է շատ մը երախտիք եւ իւր բարեվարութեամբ ու բարեգործութեամբ սիրելի եղած է երկրի Շեխերուն, Թրքաց, Քրդաց եւ Հայոց, որք առ հասարակ Մեծ Դէտէ կը կոչէին զինքն, եւ Հայք ամէն պատարագին կը յիշեն նորա անունը ’ի կարգի «Հանգուցեալ րաբունապետաց եւ շինողաց սուրբ եկեղեցւոյ»։ Իւր գերեզմանին ալ ուխտի կ’երթան։ Այս երանելւոյն անուան վրայ թափու էին գրած վանքին արտեր եւ ջաղացքները, որոյ մահուանէն յետոյ մահլիւլ գրաւած էին, որոյ դատին ընդ երկար աշխատութիւն եւ ծախքեր եղան, եւ պատրիարքարան մեծ ջանքեր ըրաւ։
       Վանահայրն առաջնորդ էր միանգամայն, բայց ոչ ժողովուրդն իրմէն եւ ոչ ինքն անոնցմէ գոհ էին։ Տկար էր ինքն եւ անվարժ արդի օրինաց, թէպէտ կամքն ու վարքը՝ խիստ բարի։ Կ’աշխատէր վարժարան մի շինել վանքին մէջ, ուր իր օրով ալ բաւական շէնքեր աւելցուցած էր։ Հոս ալ խնամքով պահպանուած մատեաններ շատ կային (ձեռագիրներու ցանկն տե՛ս ի յիշատակարանս)։
       Ս. Տաճարին դրան ճակատին վրայ արձանագրուած էր.
       «Թվին Փրկչին 1841, Հայոց 1290։ Հանդերձ բոլոր շինուածովքն ի հիմանց վերստին կանգնեցաւ Ս. եկեղեցիս, Օսմանեան բարձր հրամանաւ Սուլթան Մաջիթին եւ բազում ջանիւք եւ վաստակովք Տիգրանակերտցի տեառն Բաղդասար րաբունապետի եւ տեղեացս առաջնորդին եւ աշխատութեամբ արանց եւ կանանց, ուստերաց եւ դստերաց Չնքուշոյ եւ Ադիշոյ բազմութեան, որք վասն քիրաջի, աւազոյ եւ փայտի կրելոյն յոյժ աշխատեցան, իսկ տրովք Աստուածասէր ժողովրդոց, եկամտից եւ մերայնոց ընկալցի Աստուած։
       Սա է դուռն Տէրունական,
       Աստ բազմեալ երկնից Արքայն,
       Որք հաւատով դիմեն եւ գան,
       Գտցեն ճարակ, դեղ թողութեան»։
       «Եթէ ոչ տէր շինէ զտուն ’ի նանիր վաստակին շինողք նորա»։
       Չնքուշի բնակիչք երբէք հողագործութիւն չունին. այգեգործ են եւ տեղական արհեստներով զբաղեալ։ Գրեթէ ամէն գարուն կը ցրուին զանազան քաղաքներ ու գեղերը, կաշիի, կօշիկի, գրաստի եւ այլեւայլ նիւթոց փոխադրութեամբ, առեւտրով կ’աշխատին, ձմեռները կը ժողվուին իրենց տները։
       Հոս ալ չարագործներ չեն պակսիր, որոց գործերն կարելի չէ պատմել։
       Ադիշոյ Հայք գրեթէ բոլորն ալ ’ի Պօլիս պանդխտելով կ’ապրին։ Հացագործ են մեծաւ մասամբ։
       Չնքուշ. 1 եկեղեցի կայ Հայոց՝ Ս. Կարապետ, 1 վարժարան, աշ. ՝ 125։ Տունք Հայոց՝ 500։
       Ադիշ. 1 եկեղեցի կայ Հայոց՝ Ս. Կարապետ, որ ունի կալուած Պօլսոյ Խասգեղի մէջ, 1 խանութ եւ գեղը՝ 1 ջաղացք։
       Կալուածագրեր Պղտոյենց Մ. Յարութիւնի անուան են։ Վարժ. ՝ 1, աշ. ՝ 100։ Տունք Հայոց՝ 300։ Կայ մի աւեր եկեղեցի եւս։
       Խառն կը բնակին Թուրք եւ Քուրդք։ Հայոց մէջէն կաթոլիկ եւ բողոքական ալ կայ. լուսաւորութիւն չէ մտեր մէջերնին։ Աւետաբեր լրագիր ինչ որ գրէ, այն միայն գիտեն։ Հասակաւոր եւ ծեր այր մարդիկ օղ ունին ականջնին, իսկ կանայք քօղով ծածկուած են մինչեւ մահուան օր, երբ հողով կը ծածկուին։
       Սեւարակն եւ Չնքուշն եւս, կցելով Արղնոյ, Ջերմուկայ եւ Ակիլոյ հետ, մէկ առաջնորդական թեմ կազմելու է՝ կեդրոնն ունենալով Արղնոյ Մատանն, ուր միւթէսարիֆն կը նստի, որոյ ենթակայ են յիշեալ գաւառներ, որք կրնան երկրորդական առաջնորդ մը պահել եւ իրենց գործքերը խնամքով նայել տալ։ Զայս առաջարկած եմք եւ կը կրկնեմք վերստին Պատրիարքարանին։
       Վերոյգրեալ տեղերու լեռնային մասն կը կազմեն Արղնոյ Մատէնն, Ջերմուկ, Ակիլ, Կէօլճիւկ եւ Չընքուշն։ Անունով լեռներն են Մէհրաբ եւ Հազար Բաբա, Սիահ Տաւութ, Աբդլմսեհ լեռն, ուր ուխտատեղի կայ սրբոյն անուամբ, Կոմայիկոյ լեռներ, որք Խարբերդի լերանց շղթայն են։ Արղնոյ մօտ՝ Կարմիր քար լեռն, Սաքըզլի տաղ, Էլի տաղի եւ այլն։ Իսկ հովիտներն են Արղնոյ Մատէնի քով՝ Բէրմասու ովան, Արղնոյ առջեւ՝ Կէվրէ, Ղլիշ եւ Էլիան ովաներ, որ Տիգրանակերտի մեծ դաշտին մասն կը կազմեն։ Ակիլոյ հողերու եւ գեղերու տէր կը համարուին գրեթէ տեղացի պէյերը. քիչ հողեր կան թափու եղած ժողովրդեան վրայ, իսկ միւս տեղեր մեծաւ մասամբ թափու են իբր թէ պէյերուն վրայ։
       Փոքրիկ ջրերէն զատ՝ Արղնոյ Մատէնի գետակ եւ Ակիլոյ վտակն կ’երթայ, կը թափի Տիգրանակերտի Շատը։
       Խարբերդի մեծ պողոտայն Մատէնու եւ Արղնոյ առջեւէն կ’անցնի։ Ընդհանրապէս վատառողջ օդ ունին Մատէն եւ Ջերմուկն։