Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՐԱԲԿԵՐ ՔԱՂԱՔ
       Յուլիս 15։ Կամրկապէն յուղի անկանք։ Ուղարկաւորաց բազմութիւն։ Մանկտին կ’երգէ։ Այգեստանեայց գլխէն տուինք իրենց «Մնաք բարովն» եւ առինք «Երթաք բարով», բարձրացանք քարերն ’ի վեր։ Թէպէտ 10 ժամու ճանապարհ է մինչեւ Արաբկեր, բայց վտանգով լի. ուստի ոստիկանին հետ երեք ալ կտրիճ զինեալ Հայք Կամրկապէն եկան մեզ հետ։ Այն ինչ լեռան միւս երեսէն ’ի վար կ’իջնէինք, կամարակապ աղբիւրին վրայ խումբ մը ձիաւորներ տեսանք, որոց ձիեր կը վրնջէին եւ ատրճանակներ մուխ, բոց եւ պայթիւն կ’արձակէին։ Յուղարկաւոր բարեկամներ էին՝ Ակնէն կանխած, ուր յարգանաց եւ համակրանաց փոխադարձ համբուրիւ պատահեցանք իրարու։ Հոս ժամանեցին մեզ Երզնկայի բանակէն մեկնող Մարաշցի թեւապետ մը եւ զինուոր մը, աղէկ ուղեկիցք։ Մեր ոստիկան Էմին աղան խիստ քաղաքավարի մէկն է, աղէկ ալ հայերէն կը խօսի։ Եփրատն մեզմէ անբաժան կ’ընթանայ, քարեր անպակաս են, գեղերու ծառաստանեայց միջէն կ’անցնինք։ Հաբանոսի (հաբեղանոց) ձորոյն մէջ՝ ջրոյ ափը, թթենեաց շուքը նստանք ’ի ճաշ։ Զբօսալի է վայրը։ Գեղը, որ վերեւն է, քարերուն միջէն կ’երեւի։ Ասոր ալ բնակիչք տաճկացեալ Հայք են եղած։ Կ’ընթանանք. կիրճ ու կապան. գետը կ’անջատէ Չմշկածագու եւ Ակնայ սահմանը։ Անդին սփռուած են այգեստանք՝ լերանց ստորոտը մինչեւ ջրեզրը։ Ջորեպան եւ Էմին աղան կը պատմեն այս ձորերու մէջ տեղի ունեցած կողոպտումներ եւ սպանումները։ Թանձր նաւակ մը կը տեսնենք, որով անցուդարձ կ’ընեն Չմշկածագ երթեւեկողներն։ Այս ձորոյն մէջն է Գըզըլ գալտըրըմ . Արեան գոյն եւ արեան հող։ Քիչ մը անդին է Առնաւոտի խան, որ ողջ է, բայց ամայի, առ ահի Քրդաց։ Յայնկոյս Եփրատայ անդեայք եւ խաշինք։ Մերթ ընդ մերթ հրացանի գնդակի արձակման ձայնից արձագանքներ կը լսենք դիմացի քարերէն։ Կ’անցնինք դժուար ու քարուտ լեռ մ’ու ձոր մը, Պօք-տէրէսին։ Եփրատ կ’անտեսի։ Զառ ’ի վեր պտուտաւոր կը բարձրանանք, բարձր կատարին վրայ աւեր պահականոց մը կայ եւ ցամաք աղբիւր մը։ Թութ-բէլին է։ Ծառատունկներ եւ ինքնաբոյս մացառներ կան աստ եւ անդ։ Խորի՜ն ամայութիւն արհաւիրք կ’ազդեն ’ի մարդ, եւ ահա քանի մը այծերու մըկմկոց կը լսենք։ Երջանիկ այծարածն, հոգւոյ կատարեալ անդորրութեամբ ընկողմնած պրակի մը շուք, իւր սրինգը կը հարկանէ։ Լեռնահովիտ մը կը բացուի մեր առջեւ. - Փառք քեզ, Աստուած. հողոյ երեսը եւ արտեր կը տեսնանք, ամէն ուրեք հնձողք կ’երեւին։ Թուրք կանայք եւ արք փռուած են դաշտը։ Եւ ահա Աշոտկայ գեղ՝ դիրքը սիրուն եւ շէնքերը վայելուչ։ Բնակիչքը տաճկացած Հայք են եղած։ Մեր աջ կողմն՝ լեռան բարձր թեւին վրայ է Օճախ գեղ Թրքաց, որոյ այգեստանեայք կը հասնին մինչեւ մեր ճանապարհը։ Աղբիւրի մը մօտ՝ ուռենեաց հովանեաց տակ, հանգչեցանք։ Մեր շուրջ կը զարդարեն թթենիք, մրգաբեր այլ եւ այլ ծառատունկք այգիք, եւ անպտուղ ծառեր, անդաստանք եւ մարգագետինք, հնձողք եւ մանկտիք։ Աշոտկայ առջեւէն կ’անցնի Խարբերդի ճանապարհն։ Ասկէ մէկ ժամ տեւեց մինչեւ Ոսկեգետակ, որ կը բղխի Սարը չիչէկ լեռնէն։ Իւր ափունքը կը նմանին կոյսի վարսերուն, սաղարթախիտ ծառատունկներով, եւ իւր ծոցոյն մէջ կը լողային կարմրախայտ ոսկեփայլ ձկունք։ Աղտոտ գնչուներ իրենց էշերով եւ ձագերով թաւալած են ջրոյն ափը։ Մուրացկանութեան տոպրակներ եւ բուռները բացած մեր շուրջն առին, հաց, թիւթիւն, լաթ, ստակ, ինչ որ տաս, եւ ինչքան որ տաս, շահ կը համարեն իրենց եւ շնորհակալ կը լինին։ «Բայց ինչո՞ւ երկիր չէք գործեր»։ «Երկիր չունինք, եւ ոչ բնակարան»։ «Վարձկա՛ն եղիք»։ «Ծառայ լինել չենք սիրեր»։ «Բայց այդ ի՞նչ կեանք է, եւ միթէ դուք գո՞հ եք»։ «Գոհ ենք, եթէ մեզմէ տուրք չառնուն»։ «Դուք որ երկիր չունիք, տուն չունիք, շահ չունիք, ի՞նչ անունով տուրք կու տաք»։ «Մեր տուրք տոպրակի վրայ է. քանի՛ այր եւ քանի՛ կին ենք, մէկ-մէկ տոպրակ ունինք մուրալու։ Ամէն տարի վարձկալ մը կը դնէ կառավարութենէն մեր տուրքը եւ կուգայ կը թուէ զմեզ, իւրաքանչիւր տոպրակէն 30-40 ղրշ. ողջ դրամ կը ժողվէ՜՜՜»։ Աս ալ ասոնց թէմէթթիւն է եղեր։ Քիչ մը հանգչելէն եւ զովանալէն զկնի՝ կամուրջով մը կ’անցնինք Ոսկեգետակ։ Յայնկոյս կան քարակոյտներ, զոր կ’անուանեն Խարաբայ բազար, եւ կ’ըսեն՝ Հին քաղաքի աւերակ է։ Արդարեւ քաղաք շինելու յարմարագոյն տեղ, ուր բուսած հասկալից ցորեններ կը հնձէին։ Գետակիս բերանը՝ ժայռի մը քթին տակը, կը ցուցնեն Ս. Փիլիպպոս առաքելոյ անուամբ վանքի մը տեղ, որ շատ ժամանակ չէ աւեր եղած է։ Իւր սեպհական արտերը տիրած են Թրքեր։ Մինչեւ ցայսօր ուխտաւորք դեռ կը յաճախեն հոն։ Մօտ է անոր նաեւ Ս. Մամաս, աւերակ։ Ել մը կ’ելնենք, որոյ գլխէն կը տեսնենք Շեփիկ գեղ։ Գեղեցիկ է իւր դիրքն ու շրջակայքը։ Հնձողներու միջէն կ’անցնինք։ Դեռ քառորդ մը կայ գեղը հասնելու, եւ ահա վարժապետն, ութն աշակերտօք, ծառոց տակէն մեր ճամբան կը կտրէ։ Փոքրիկ մանկունք, գլխիբաց, երկայն ու խառնակ մազերով, բոբիկ ոտներով, մէկ շապիքով ու վարտիքով, բեկբեկ ձայնիւ սկսան երգել եւ կրկնել.
       «Անգութ երկինք ալ չըյիշեր մոռցեր է Հայաստանը.
       Անսիրտ Հայեր ալ չեն սիրեր անուշիկ Հայաստանը…»։
       Սիրտս ծովացաւ ասոնց ձայնէն եւ ասացուածքէն. յուզեալ կը ծփայր արիւնս եւ արցունքս…։
       Շքեղ տուն մը կայ առջեւնիս։ Հոն հանգուցին զմեզ։ Հացագործ Սիմոն աղայի տունն էր, որ ’ի զուր իւր բոլոր հարստութիւնը թափած էր այս շէնքին համար։ Ինքն մեռած էր, միակ դուստրը կարգեր էր Մելքոն անուն բարեբարոյ երիտասարդի մը հետ։ Զմեզ խիստ շնորհալի կերպով ընդունեց։ Բողոքական էր այս խեղճը, եւ բաւական կային սոյն գեղի մէջ բողոքական անունով Հայեր։ Գեղացիները ժողվեցան մեր շուրջ. ի՛նչ հարստահարութիւններ եւ զրկանքներ կը պատմեն, զորս կրած են եւ կը կրեն Քրդերէ, այլ մեծաւ մասամբ քաղաքի Թուրքերէն, պաշտօնատարներէ, ոստիկաններէ եւ զօրքերէ։ Բոլոր գեղացիք ծանր պարտուց տակ էին եւ աղքատ։ Գեղի հողերը Արաբկերի Թուրք պէյերունն էր, որք առանց իրաւանց սեպհականած էին իրենց, կ’ըսուէր։
       Հետեւեալ օր թողինք Շեփիկ՝ մխիթարելով գեղացիները որչափ եւ կրցանք։ Իջանք ձոր մը, ուստի ջուր մը կը հոսի, ծառատունկներով վայելուչ։ Խիտ-խիտ թթենեաց եւ այլ մրգաբեր ծառոց միջէն կ’անցնինք։ Քանի մը տուներ կան հոս։ Գօզլու կ’ըսուի այս տեղ։ Պաղորակ ջուր մը վերէն կը թափի։ Մեր աջ կողմն՝ իբր կէս ժամ հեռի, կ’երեւին ծառազարդ բնակարաններ։ Հին-Արաբկերն է, զոր Հայք Անդի-քաղաք կ’անուանեն եւ Թրքեր՝ Էսկի շէհիր, ուր տակաւին Թուրք բնակիչներ կան եւ մինարէով մզկիթներ։ Հազիւ 70 տարի կայ, որ Հայք իսպառ թողած են զայն եւ գաղթած նոր քաղաքը։ Գօզլուի գլխէն երեւցաւ Արաբկեր քաղաքի մէկ երեսը՝ շնորհալի տեսքով մը։ Նոր լսած էին մեր գալը. աճապարանօք կը պատրաստուէին դիմաւորել, բայց արդէն ես մտած էի քաղաքը։
       Խառնուեցանք հեծեալ եւ հետի բազմութեան։ Եկաւեանց վարժարանի մանկտին փողոցը կայնած կ’երգէր։ Շուկայէն էր մեր անցքը. ամբոխ մեծ, Քիւրդ, Թուրք, Հայ, Գայմագամէն ալ չավուշ մը, որ զարդարեալ ձի մը կը բերէր։ Շնորհակալ եղայ առանց հեծնելու։ Դէպ Առաջնորդարան գնացինք, ուր 300-ի չափ աշակերտք Ուսումնարանին եւ Մայր վարժարանին, երկու կարգ բաժանեալ, կ’երգէին։ Ի՞նչ էր այսքան հանդիսադրութիւնք. - Արաբկերցւոց ազգային զգացմանց ցոյցք։ Ո՞վ էի ես, - օտար ազգաց համար, ոմանց՝ Ինկիլիզ, ոմանց Միւֆէթթիշ, իսկ ինձ համար ողջունատար մը, այլ իսկապէս՝ ես, Գարեգին վարդապետս, որ ոչ միայն չէի արժեր, չէի թոյլ տար, այլ եւ չէի սիրեր այնպիսի բաներ, չափազանցութիւններ, ուստի ծանր տպաւորութիւն գործեցին յիս, ինչպէս նաեւ վերջէն ըրածնին ալ, քրտինքներ հոսեցին անձնէս։
       Մեծ ուրախութեամբ ողջունեցի Մինաս եւ Պօղոս Տէրպէտէրեանք, Եկաւեան եղբարք, Մինաս Տէր-Միքայէլեան, Յօհաննէսեան եւ այլ բազումք, զորս յանձնէ կը ճանաչէի Կարնոյ մէջ եւ անոնց բարեկամութեան կարօտը կը կրէի։ Անմիջապէս պատուեցին զմեզ իրենց ներկայութեամբ Ազգային ժողովներ եւ խորհուրդներ, նշանաւոր անձինքներ, քահանայից եւ վարժապետաց դասն եւ այլ անհատներ, բոլորն ալ՝ կարգով եւ շնորհալի պատշաճաւորութեամբ, ապա՝ Գայմագամն՝ Իտարէի ժողովքով, եւ միւս Ատեանները, քաղաքի երեւելի Թուրք պէյեր եւ նոյն օրը քաղաքը գտնուած Գզլպաշներու գլխաւորներէն Բորեազ պէյ, Աբբաս պէյ եւ այլն։ Արտաքոյ կարգի համբաւ հանած էին մեր անձին եւ պաշտօնի նկատմամբ. ասոր համար գայմագամն եւ բոլոր պաշտօնատարներ ու պէյերը խիստ երկիւղածութեամբ կը խօսէին, զիրենք արդարացնելու ջատագովութիւններ կ’ընէին՝ Հայերուն կրկնել տալով նոյնը։ Եւ երբ փոխադարձ գնացի իւրաքանչիւրին, առանձին առանձին մէկզմէկ կ’ամբաստանէին։ Գայմագամն պէյերու համար՝ նենգաւոր եւ բարբարոս են, կ’ըսէր։ Ասոնք՝ գայմագամն խենդ է, կ’ըսէին, թէ՝ Ի. էֆ. կաշառակուր է, եւ աւազակաց պաշտպան, թէ՝ Մեծ Հ. պէյն ինքզինք դրեր օրէնքէ եւ իշխանութենէ վեր, թէ՝ Խարբերդի միւթասարիֆն է չարերուն երես տուող, եւ ամենայն զեղծմանց հեղինակութիւն Խարբերդի կեդրոնէն կը ծագի, թէ՝ եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն։
       Ինն օր կեցանք Արաբկեր, անձամբ այցելեցինք եկեղեցիները, վարժարանները։ Շատ դիւրութիւն ընծայեց վիճակագրութեանս Քաղ. վարչութեան կանոնաւորութիւնը։ Ահա վիճակ մը, ուր արձանագրութիւնք, տումար, դիւան, քարտուղար եւ այլն, կը տեսնեմ իմաստութիւն, յօժարութիւն եւ եռանդ. բարեխառնութեամբ կը գործեն։ Տոհմով ազնիւներն բարոյիւք ալ ազնիւ, չէին խորշիր հասարակութենէն քուէով ընտրելոյ մը հաւասար նստիլ եւ պաշտօն վարել։ Ունին 10 վարժարան։ Մէկն Ուսումնարան է Ս. Թարգմանչաց անուամբ, որոյ ներքեւի յարկն ալ օրիորդաց վարժարանն է՝ Զարուհեան անուամբ, միւսները Ծաղկոց կամ միջին կարգի վարժարաններ են, որոց մէջ սակաւաթիւ աղջիկներ ալ կան։ Պատճառ այսքան վարժարան ունենալուն թաղերուն մէկ մէկէ հեռի լինելն է, բայց ընդհանուրն ալ մէկ Ուսումնական խորհրդոյ հսկողութեան տակն են։ Մայր վարժարան ըսուածը ծաղկոց մ’է, ուր 200 աշակերտք ձրի կ’ուսանին. Սաղաթիէլեան Կարապետ աղային ’ի կենդանութեան կտակած 50000 ղրշ. ի տոկոսով, որ տարեկան 5000 ղրշ. կը վճարէ՝ դրամագլուխն իր քով պահելով, եւ ’ի մահուան 50000 ղրշ. ազգային տնտեսութեան յանձնել կտակած է՝ մի եւ նոյն պայմանը գործադրել եւ իւր ու կնոջը գերեզմանը վարժարանին մէջ ամփոփել պարտաւորելով։ Կանխաւ արդէն տապանաքարերն ալ բերել տուած էր։ Բոլոր վարժարանաց ծախքն է տարեկան 42500 ղրշ. ։ Սաղաթիէլեանի կտակէն զատ՝ 16000 ղրշ. ալ Մայր եկեղեցին կը վճարէ, 3500 ղրշ. ՝ միւս երեք եկեղեցիք, մնացեալը՝ թոշակներէ։ Վարժարանի կալուածոց մատակարարութիւնը Մայր եկեղեցւոյ Թաղականաց ձեռքն էր։ Արժանաւոր ուսուցչապետ մը ունէին, Չրագեան Յակոբ, Ծագ գիւղէն։ Ուսանողաց թիւն էր 805 մանկունք, 80 աղջկունք։
       Արաբկերի Հայ վաճառական եւ վաստակաւոր պանդուխտք ընկերութիւն կազմած էին քանի տարիէ հետէ եւ դրամագլուխ ունէին. Հալէպ եղողները՝ 700 լիրայի, Կարին եղողները՝ 600 լիրայի (քօնսօլիտ), Պօլիս եղողները՝ 120 լիրայի (երկաթուղւոյ թուղթ), որոց նպատակն էր մի եւ նոյն, այն է՝ կալուածներ կառուցանել Արաբկերի վարժարանաց համար։ Իրենց հայրենակից Պօղոս էֆէնտին, որ յԵգիպտոս կը բնակի եւ Աստուած բաղդաւորած է զինքը, խոստացած էր մեծ գումար մը նուիրել նոր ուսումնարանի մը բացման, այն պայմանաւ, որ ինչքան Արաբկերցիներ ամբողջ տային, նոյնչափ ինքն միայնակ պիտի տար։
       Ահա այսքան պատրաստութիւն եւ շարժումն կար, ուրախութեամբ կ’սպասէին իրենց նորընտիր Առաջնորդ Եզնիկ վարդապետին։ Ա՛լ աւելի ուրախ պէտք էր լինէր Եզնիկ վարդապետ, որ այսպիսի պատրաստեալ եւ հասունացեալ պատուական հունձք մը կը յանձնուէր իրեն։
       Վարժարանները այցելածս միջոցին, ինչպէս նաեւ քանի մը բաներու վրայ ըրած դիտողութիւններս անմիջապէս ուշադրութեան առին եւ բարեփոխել ձեռնարկեցին, զորօրինակ՝ դասագրքերու եւ դասատուութեան մեթոտներու մասին եւ այլն։ Ուսումնական խորհուրդ, Հոգաբարձութիւն եւ Ուսուցիչներ խառն ժողովներ կազմեցին։ Բայց ամէնէն աչքի զարնելու կէտը խեղճ օրիորդաց վարժարանն էր. ցած, խոնաւ, հոտած, առանց օդոյ ներքնայարկ մի էր։ Համաձայն էր այս վիճակին նաեւ անոնց ուսման վիճակն։ Չեմ գիտեր ի՞նչ նշանակութիւն ունի Կեդրոնական վարժարան, ահա արդէն կայ Ս. Թարգմանչաց ուսումնարան, իսկ եթէ Գիշերօթիկ վարժարան ըսել կ’ուզեն, այդ շատ աւելորդ է, մանաւանդ իւր ամենամեծ դժուարութիւններն ունի եւ ծանր պատահարներ նիւթական եւ բարոյական մասին։ Մօտայ դարձեր էր գաւառաց մէջ Կեդրոնական կամ Գիշերօթիկ վարժարանի անունը։ Մի եւ նոյնը լսեցի Խարբերդի, Չմշկածակի, Բալուի, եւ այլ Առաջնորդներէն։ Այն ինչ ներկայ վարժարանները բարեկարգելու մեծ պէտք ունին, որոնցմով օգտակար աշակերտներ կրնան ընծայել ազգին ՝ մանաւանդ աղջկանց դաստիարակութեան վրայ ուշ դարձնելով։ Հոգ պէտք է տանիլ ընտիր ուսուցիչներ եւ լաւագոյն մեթոտներ հաստատել, որոց պակասութեամբն է միայն, որ մեր վարժարաններ անպտուղ կը մնան թէ՛ գաւառներ եւ թէ՛ Պօլիս։
       Մխիթարուեցայ՝ տեսնալով՝ Հայոց եւ Բողոքականաց մէջ ատելութիւն չկար, այլ սիրով էին։ Արաբկերու պատուելին ՝ Մարտիրոս, բարեկիրթ եւ բանիբուն մէկն էր, ազգային ամենայն խնդրոց նկատմամբ անխտիր եւ եռանդագին ջանացող։ Սոյն տեսութիւնս կը հաստատէին բոլոր Արաբկերցիք։ Փոխադարձ այցելեցինք իրեն, որոյ սենեկին մէկ կողմը գրադարան, միւս կողմն կախուած էր Լուսաւորչին զՏրդատ մկրտելու հանդիսաւոր պատկերն։ Կաթոլիկ Հայոց վերապատուելոյն եւս փոխադարձ այցելութիւն տուինք։
       Աւագ քահանայ տէր Միքայէլ Հայրն, որ տեղապահ էր Առաջնորդի, ծերացեալ է, եւ կրնայ ըսուիլ, թէ քահանայ չունին Արաբկերցի Հայք, ինչպէս նաեւ գիւղորայք՝ բաց ’ի երեք գեղերէն, յորս երկերկու քահանայ կան։ Իմ տեսածներուս մէջ Անջրդի գեղի քահանայք լաւագոյն էին։ Քաղաքի Ս. Յակոբ եկեղեցին երանեալ վարդապետ մը կար իբրեւ քահանայ եւ իբրեւ վարժապետ ՝ խստակեաց կրօնաւոր եւ հաստաբազուկ տփող։
       Արաբկերի մէջ առաջին արուեստ համարուած է մանիսա գործել. 1600 հոր կը բանէր։ Իմ հոն եղածս օրերը բանթողս (գործադուլ) ըրած էին ՝ իրենց օրականը թղթադրամով վճարելուն առթիւ։ Գործատէրեր, որ վաճառականներ են, մեծ յուզմունքի մէջ էին. գործողներ երդմամբ կապուած էին իրարու մինչեւ իրենց ուզած գինը տրուեր, անէծք եւ տուգանք սպառնացած էին իրենց ուխտէն բաժնուողին։ Ինքզինքս Լոնտոնի մէջ կը կարծէի։ Մեծ քանակութեամբ մանիսա կը փոխադրուի եւ կը վաճառուի այլ եւ այլ քաղաքները։ Տէրպէտէրեան Պօղոս էֆ. գործարան մը բացած էր, ուր շրջեցայ եւ ուրախութեամբ տեսայ արտադրած կերպաս տարազները, որք կը մրցէին Հալէպի եւ Շամի ապրանքներուն հետ։ Ունէր նաեւ շերամի թել ոլորելու գործիքներ. արուեստապետն ալ Արաբկերցի հայր եւ որդի Հայ էին։
       Ընդհանրապէս արուեստներ յառաջացնելու ջանք կ’ընէին Հայք։ Գեղերը ամենքն սկսած են Եւրոպական մաղով զտել կալերու ցորենները, որ քաղաքիս մէջ կը շինուի, ճարտարագործներ կան, որ դիւրութեամբ կը շինեն Եւրոպական զէնքեր, մեքենաներ եւ նուրբ գործիքներ, որոցմէ առաջին կը համարուին Զաքար Ճիտէճեան եւ Պետրոս Տէմիրճեան։
       Արաբկերի Թուրք պէյերն ’ի բաց առեալ՝ հասարակութիւնն խիստ անոյշ վարմունք ունին Հայոց հետ, շատերն Հայերէն գիտեն։ Քաղաքս տարածեալ է եւ ելեւէջ դիրք մը ունի։ Օդն՝ տեղ լաւ, տեղ ծանր է։ Առաջնորդարանը հին եւ օդն սեղմուկ էր։ Բազմաթիւ թթենեաց եւ այլ եւ այլ մրգաբերաց ծառատունկներ կը զարդարեն քաղաքս, գետակ մը երկուքի կը բաժնէ թաղերը։ Արաբկերն ալ շինուած է Արծրունի Սենեքերիմայ գաղթականութեան միջոցին, բայց, ինչպէս որ ըսինք, ներկայ Արաբկերը չէ այն։ Բնակիչներ ընդհանրապէս պճղնաւոր հագուստ (զպուն) կը հագնին. նորազգեստը քիչ կայ, եւ կանայք սաւանով կը ծածկուին, բայց իրենց ներքին պերճանքն, զարդն ու ոսկին աւելի ճոխ է։ Կարի բարեպաշտ են եւ եկեղեցասէր։ Նշանաւոր են աղքատասիրութեան մէջ, եւ յատկապէս գումար մ’ալ կայ (60-65000 ղրշ. -ի) հանգանակուած ՝ աղքատաց օգնելու նպատակաւ։
       Եկեղեցի ունին 4 ՝ Ս. Աստուածածին (Մայր եկեղեցի), Ս. Յակոբ, Ս. Գէորգ, Ս. Լուսաւորիչ։ Մայր եկեղեցին միայն հոյակապ է, ընդարձակ եւ քարուկիր, միւսներ պայծառ, բայց փոքրիկ են։
       Հայաբնակ գիւղորայք։
       ՇԵՓԻԿ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Աստուածածին։ Վարժարան՝ 1. Ուսանող՝ 60 մանկունք, 10 աղջկունք։
       ԱՄԲՐԿԱՅ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Նշան։ Վարժարան՝ 1. Ուսանող՝ 40 մանկունք։
       ԱՂԸՆ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Աստուածածին։ Վարժարան՝ 1. Ուսանող՝ 15 մանկունք։
       ՎԱՂՇԷՆ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Աստուածածին։ Վարժարան՝ Ուսանող՝ 16 մանկունք, 5 աղջկունք։
       ՔՈՒՇՆԱՅ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Աստուածածին։
       ԿՐԱՆԻ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Կարապետ։ Վարժարան՝ Ուսանող՝ 15 մանկունք։
       ՀԱՍԿՆԻ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Գէորգ։
       ԷՀՆԷՑԻՔ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Աստուածամայր։ Վարժարան՝ Ուսանող՝ 17 մանկունք։
       ԽՈՌՈՉ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Աստուածածին։
       ՄԱՇԿԵՐՏ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Աստուածածին։ Վարժարան՝ Ուսանող՝ 30 մանկունք, 10 աղջկունք։
       ՍԱՂՄԿԱՅ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Աստուածածին։
       ԱՆՋՐԴԻ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Նշան, Վարժարան՝ Ուսանող՝ 80 մանկունք։
       ԾԱԳ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Նշան։ Վարժարան՝ Ուսանող՝ 40 մանկունք։
       ՎԱՆՔ. Եկեղեցի՝ 1. (Աւերակ)։
       ԾԱՊԼՎԱՐ ………………………։
       Վերոյիշեալ գեղերը թէպէտ Արաբկերի Առաջնորդութեան թեմն են, բայց տասն գեղ Ակնայ գայմագամութեան ենթակայ են, որոյ իրաւասութեանը տակ Միւտիր մը կը նստի Աղըն գեղը։ Ահա անկանոնութիւն մը՝ ժողովրդեան գործքեր տեսնալու. մանաւանդ այս գեղեր 5-6 ժամ հեռի են Արաբկերէն, իսկ Ակնէն՝ 10-12 ժամ երկիւղալից ճանապարհով։ Գրեթէ ամէն գեղերու մէջ թուրք բնակիչ կը գտնուի եւ մաս մը բողոքական եղած Հայեր։ Գեղացւոց շէնքեր, հագուստն ու ապրուստը մեծաւ մասամբ քաղաքացւոց նման են, տեղ-տեղ ալ՝ գերազանց քան զքաղաքացիս։ Կանանց պերճանքն շռայլ է։ Ամէն տունէ պանդուխտ կայ Պօլիս կամ այլ մեծ քաղաքները։ Երկիրն անձուկ է մշակութեան համար եւ բերրի չէ։ Գեղերէն շատն ենթակայ են Տէրսիմցւոց չարագործութեանց եւ Թուրք բռնաւորաց հարստահարութեան, թէպէտ Հայեր, զինեալ լինելով եւ որսի վարժուած, քաջութեամբ զիրենք կը պաշտպանեն Քրդերէն, բայց յաճախ կը չարչարուին կառավարիչներէն, պետերէն եւ պէյերէն, որոց դէմ զէնք չբանիր, եւ կառավարութեան օրէնքն անոնց կամքն է. ա՛լ ո՞ւր դիմեն եւ ի՞նչ ընեն։
       Դէպք մը։ Հէյնէցիք քսան տունէ բաղկացեալ փոքրիկ գեղ մ’է Հայոց։ Եփրատի միւս երեսն ալ Գոմ-րաշ անունով գեղ մը կայ Քրդաց՝ Չմշկածակու կառավարութեան տակ։ Գոմրաշցիք գիշերով անասուն կամ ցորեն գողնալու համար 30 հոգւոյ բազմութեամբ մը կու գան Հէյնէցիքցւոց վրայ։ Հայերը կը յաջողին անոնցմէ երեք Քիւրդ բռնել, միւս Քրդերը գնդակներ կը թափեն գեղին մէջ, Հէյնէցիքն ալ գնդակով կը պատասխանեն։ Այս խռանի մէջ բռնուած Քրդերէն մէկն սպանուած էր։ Հայեր կ’ըսէին, թէ Քրդերու գնդակով մեռած էր նա։ Բայց ի՞նչ կար, թող Հայոց գնդակով մեռած լինէր։ Ոչ, ահագին է տարբերութիւնը, նոյն իսկ ատենի առջեւ։ Վերջապէս յաջորդ օրերը իմաց կու տան կառավարութեան։ Ե ւ ահա իրաց վախճան. դիակն եւ կալանաւոր Քրդերը կ’արձակուին ի Գոմ-րաշ։ Գոմրաշցիք մեռած Քրդու արեան գինը կը պահանջեն Հայերէն եւ միշտ սպառնալեաց տակ կը դնեն գեղը։ Հայք բաւական ծախքեր կ’ընեն. Գայմագամն պիտի Քրդերուն վրայ երթայ։ Իւր բերած զօրքեր ու ոստիկանները քանի մ’օր Հէյնէցիք կը նստին, կ’ուտեն կը թափեն, եւ Հայեր իսթինթաքի կ’ենթարկուին։ Քրդերու վրայ երթացող չլինիր։ Գոմրաշցիք կը կրկնեն իրենց պահանջն ու սպառնալիքն, եւ երբեմն-երբեմն գիշերները խմբովին Հէյնէցիքի վրայ կը յարձակին ։ Հայք, իրենց կալն ու արտը ձգած, սպառազէն կը պահեն գեղը, բայց վերջապէս գիշեր մը գեղէն քիչ մը բացակայ կալ ընող երեք Հայ երիտասարդներ կը յափշտակուին Քրդերէն եւ կը տարուին Գոմրաշ։ Կը կապուին սիւն, կը ձաղկեն զանոնք չարաչար, կը լլկեն, անսուաղ կը պահեն, մեռած Քրդուն ընտանեաց վրէժխնդրութեան կը մատնեն, մէկ կողմէն ալ լուր կու տան Հէյնէցիքցւոց, թէ՝ եթէ մեր մեռածի արեան գինը եւ զէնքերը ղրկէք, ձեր մարդիկ կ’ազատենք, թէ ոչ՝ կը խողխողենք։ Հայք Քէլէշ աղա անունով նշանաւոր Քիւրդ մը միջնորդ կը ձգեն, 15000 ղրշ. կը վճարեն, տղայքը կ’ազատեն, որոց ապրելու յոյս չկար, եւ դեռ վերջացած չէր խնդիրը, դեռ զէնքեր կը պահանջէին։ Մի եւ նոյն ժամանակ մեր կառավարիչներն ալ տուրքեր կը պահանջէին։
       Քանի ՛ քանի այս օրինակ եւ ասկէ ծանրագոյն դէպքեր լսեցի, ինչպէս նաեւ Սաղմկացւոց դէպքը. բոլոր Չմշկածակի գեղերուն եւ Խարբերդուն ու Չարսանճագի, եւ այլ տեղերուն, որոցմէ քանիսը իրենց կարգին պիտի նշանակեմ։ Ուրիշ պատմութիւն մը։
       Տիւրիկու, Ակնայ, Արաբկերու եւ Մալաթիոյ միջեւ ինկած Սարը չիչէկ եւ Աղջատաղ լերանց մէջտեղերը կը բնակին Դռճանցի Քրդեր, որոց գլխաւորն է Դէլի Սըլօն՝ մարմնով եւ կիրքերով վիթխարի գազան մը։ Բ. Դռնէն հրաման կ’ելնէ զօրք հանելու ասոր վրայ եւ բռնել կամ սպաննել։ Արաբկերի կառավարութեան կը յանձնուի այս գործողութիւնը, եւ Դէլի-սըլօն, իւր մարդերով զօրաց դէմ դնելէն զկնի, տկարանալով կը փախչի։ Անոր տունն, գանձն ու ստացուածքը, որ ամբողջ աւազակութեանց արդիւնք էին, կ’աւարուին, նոյնպէս եւ գեղը։ Հրաւէր կը գրուի շրջակայ գեղեր ու քաղաքներ, որպէս զի վնասեալներն ու կողոպտեալներն գան եւ իրենց գոյքերն ապացուցանեն ու տանին։ Կու գան, որոցմէ շատերն Թուրք եւ Գըզըլպաշ գեղացիներ էին, մաս մի ալ՝ Տիւրիկու Հայ գեղացիներ։ Նոյն օրերը Խարբերդի մեծ Միւթասարիֆն, այցելութեան ելնելով իւր վիճակները, կը հասնի Արաբկեր։ Եւ ահա իւր հետ կը տեսնուի Դէլի-Սըլօն՝ Սիւլէյման աղա եղած, հացակից եւ պատուակից։ Ամէն ելած ու նստած ատեն, շրջած եւ այցելած տեղերը՝ «Կէ՛լ Սիւլէյման աղա, կի՛թ Սիւլէյման աղա»։ Զայս տեսնելով՝ դատախազները խոհեմութիւն կ’ընեն ետ դառնալ իրենց տեղերը։ Միայն Հասան-Չէլէպիէն տասնի չափ Թուրքմէն կամ Գըզըլպաշ կը մնան իբրեւ դատախազ։ Միւթասարիֆը մեր ժամանելէն քանի մը օր առաջ մեկնած էր Խարբերդ՝ Դէլի-Սըլօն՝ Սիւլէյման աղան, եւ անոր դատախազներն ալ հետ տանելով, ուր քննութեան պիտի սկսուէր։ Երբ Մալաթիայէն Խարբերդ դարձայ, տեսայ, որ Սուլէյման աղան տեղւոյն Իտարէի աղա Թուրք պէյի մը տուն հիւր տրուած էր եւ շատ համարձակ կը շրջէր ու ընտանի ելումուտ կ’ընէր թէ՛ ատեանները եւ թէ՛ ամէն տեղերը։ Զարմանօք իմ լսածներս պատմեցի այդ անձին վրայ եւ դիտեցի, թէ ի՞նչպէս կարելի է հասարակաց այսքան ծանուցեալ եղեռնագործ մը եւ Տէրութեան հրամանին ու զօրացը դէմ դնող յայտնի ապստամբ մը տակաւին քննութեան վերապահել, եւ եթէ քննութեան ենթակայ՝ ի՞նչպէս Իտարէի աղայի մը տուն պատուով հիւր դնել, եւ թէ՝ սա քաղաքական օրինօք ու զինուորական օրինօք կրկին յանցաւոր եղած էր… Խօսքս կտրեց Միւթասարիֆն. «Իրաւունք ունիս, - ըսաւ ցած ձայնով, - բայց յանձնարարական (թավսիէ) բերած է. շատ անհնարութեան մէջ կ’իյնայ կառավարիչ մը, երբ բարձրագոյն պաշտօնատարէ մը ո՛ եւ իցէ անձի մը կամ խնդրոյ մը համար յանձնարար գիր կ’ընդունի։ Սըլօն Երզնկա յ փախած էր, եւ առանց բուռն միջոցներու, վստահութեամբ կրցաւ գալ մեզի՝ գրով մը միայն»։
       Դէլի-Սըլօյի ըրած հազար- հազար ու սարսռելի խժդժութիւնը անլուր բաներ էին. ոչ միայն անասնոց եւ ստացուածոց ընտիրները, ո՛ւր եւ որո՛ւ քով լինէր, հրաման կ’ընէ եւ բերել կու տար իրեն, այլ եւ ո՛ր գեղ որ երթայ, գեղի աղջիկներն ու կանայքը աչքէ կ’անցընէ, հաւնածին հրաման կու տա յ գիշերը իրեն ղրկելու։ Չերթացող ք եւ չյօժարող ք կը մորթուին։ Ալեւոր Քիւրդ հայր մը, իւր աղջկան պատիւը խնայելուն համար, Դէլի-Սըլօն, զանի շամբուր անցընելով, մեծ կրակի մը վրայ խորովել տուեր էր անոր ընտանեաց աչքին առջեւը…։ Ահա այս էր Դէլի-Սըլօն, որուն վերջին բարւոք ու ընդարձակ վիճակը տեսնելով ՝ շատեր, ամէնէն չնչին սրիկան կամ Քիւրդն անգամ սկսեր էր Սլօյութիւն ընել։
       Երկրիս բերքերն են ցորեն, գարի, կարագ, մեղր, ընտիր եւ առատ միրգեր, խաղող, շերամի բժոժ, աֆիոն։ Կը սնուցանէ ընտանի կենդանիներ, ունի աղուէս, կուզ, վարշաղ, գայլ եւ այլն։ Բայց Եւրոպայէն ամենամեծ քանակութեամբ մանած կը գնէ ՝ մանիսա գործելու համար, եւ այլեւայլ պէտքեր։
       Հողերը, որ մեծաւ մասամբ դաշտային է, Թրքաց եւ Գզըլպաշներուն սեպհական են թափու ով. քիչ մաս կայ Հայոց ձեռքը։ Լերինքն են Անտիտաւրոսի շղթայն, անուանիք՝ Կէօլ-դաղ կամ Մէհէկ-դաղի, Ղարաբաբայ եւ այլն։ Ջրերն են Ոսկեգետակ եւ Անկոյ վտակ։ Սարը չիչէկ լեռնէն իջնելով՝ Աղընու հովիտէն կը թափին յԵփրատ։ Թուխման-սույու գետակն, Աղջատաղէն բղխելով, Արգաւանի հովիտէն կը հոսի, բրինձի եւ ցորենո յ արտերը ոռոգելով, Մալաթիոյ 4 ժամ մնացած կը խառնուի յԵփրատ։
       Արգաւան գաւառի միջէն կ’անցնի Բաղդատի մեծ ճանապարհ, քաղաքէս 6 ժամ հեռի։ Մեծ Հայաստանի կամ Կարնոյ հետ հաղորդակցելու համար կարճ ճանապարհ կայ եղեր Դէրսիմի վրայով, զոր Ակնցիք, Չմշկածագցիք եւ Չարսանճախցիք ալ պատմեցին, բայց խափանեալ է ՝ խանգարուելով եւ Քրդերու երկիւղէն։ Այժմ, Ակնէն եւ Երզնկայէն անցնելով, կ’երթան Կարին, որ 70 ժամու չափ կը տեւէ։ Հեռագիր չունին, որուն անչափ պէտք ունին։ Երկրիս բնակիչ ցեղերն են Հայ, Թուրք, Գզըլպաշ եւ Քիւրդ։
       Արաբկերու ձեռագիր գրքերէն միայն հետեւեալ ը օրինակել տուի, թէպէտ սխալներով լի։
       «Պատմութիւն սուրբ Գեղարդեանն եւ այլ Տնօրինականաց Քրիստոսի եւ Նշանացն։
       Ի սուրբ եւ փրկական Տնօրինականացն սրբութեանց Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ այսպէս գտաք Գործոց ոսկեգրով ’ի պատմագիր թագաւորութեան ’ի քաղաքս Կոստանդինուպօլիս եւ, այսպէս պատմեցաւ, որժամ առին զթագաւորութե ան քաղաքն՝ մեծ թագաւորն Ֆռանկաց բացեալ զմեծ եկեղեցին զսուրբն Սոփիա եւ մեծ պարսաւանօք գոչէր զամենայն քաղաքն եւ զՊատրիարքն եւ զնախարարս սուրբ եկեղեցւոյն, եւ խնդրէր զփրկական սրբութիւնս, եւ նոքա զոր ունէին ցուցին, եւ ապա բերին մեծ Գործոցին զպատմարանսն, եւ էր գրեալ այսպէս. Պատմուճանն Աստուածային, որ փորանկեալ էր ամենեւին եւ զարգիոն նափորտն տուեալ սուրբ առաքելոցն Ղիշեա եւ Տիմէթէոս, եւ նոցա տարեալ ’ի Սելեւկիա կղզին եւ կայ մինչեւ ցայս աւր. պարէգոտն եւ զպաստառակալն եւ զանկար պատմուճանն՝ Աբգարու թագաւորին. Մաթոս Աւետարանչի տարեալ ’ի Արաբիա՝ միաբաց եւ կայ մինչեւ ցայսօր. ՜ ՜ ՜ զքղամիդ կարմիր եւ զԲ. մատն պսակին փշոց առաքեալն Մարկոս տարեալ Սպանիա ’ի Վէնէտիկ քաղաք. ՜ ՜ ՜ զկրկնափորտն եւ զմին բեւեռն, եւ զկաստն, որ կոչի աքցան, եւ զվարշամակն, որ ոչ կայր ընդ այլ կտաւսն, այլ ուրոյն ծալեալ ’ի մի կողմն, տարեալ զայն երկիրն նաւեաց, որ այժմ Համաշէն, մերձ մօտ ’ի Ճանէք եւ ’ի Տրապիզոն քաղաքն եդին առաքեալքն ’ի բարձրադիտակ լերին. եւ ամպ եւ մէգ շուրջ է զնովաւ, զոր ոչ ոք կարէ ելանել եւ մտանել ’ի նա մինչեւ ցայսօր. իսկ ’ի զարդ ’ի պաստառակն Տեառն որ կապեալ ’ի խաչ ունէր, որ արեամբ թացեաւ, որ ոչ ոք կարաց հասանել ’ի ներս, զի որ մերձենայր հրով այրէր, Յոհան Աւետարանիչն ունէր եւ տարաւ ’ի Ակիսա քաղաք կղզի Յոկաս քաղաք, եւ կայ ’ի նմին։
       Աստուածամօր պատմուճանն եւ ծիրանիսն Որմնական կղզոջն կայ. խանծարուրն ’ի Հռոմ քաղաք կայ եւ մոգաբեր հանդերձ տղայութեան ’ի Սելեւկիա կղզոջ ն Առական քաղաք կա. սուրբ սեղան վերնատան եւ զենճակն եւ այլ սպասքն ’ի Կոստանդնուպօլիս է տարե ալ բեւեռն եւ սուրբ ձեռացն ’ի նոյն թագաւորացն կա. զարմանաթոռն եւ պաստառ խնկոցն ’ի Արակաս կղզոջն… Կատեա քաղաք կա Հայրական տուեալ զգիրն կենաց անբաց եւ անընթեռնուլ տարեալ Պետրոսի Արակլիա կղզին… քաղաք զոր սուրբ Բագարատ դարձոյ ց եւ զԺ. կուռքն խորտակեաց եւ կա անդ։ Եւ զինւոր գեղարդն, որ զկողսն փրկական աղբեր արեանն եհեղ, առեալ Ղունկիանոսի, որ կուր էր ’ի ծնէ, հարեալ ’ի կողն Փրկչական, առժամայն լուսաւորեցաւ. Աստուածարեամբն ներկեալ սուրբ Գեղարդն, եւ Փուշ պսակն, Ովսէփ Արեւմաթացոյն աջն, եւ սուրբ Շիշ եւղոյն ազնուականին, եւ Աստուածամօր պատկերն, սուրբ առաքեալն Թադէոս տարեալ ’ի Հայք։ Այս է նշան սուրբ Գեղարդեանն, եւ այսու օրինակաւ ճանաչէք, որ ոչ խաբեն զձեզ նենգաժոտ ազգն Ունաց, որ թագաւորք սուրբք եւ աստուածասէրք բերեալ զերկնային պսակն սուրբ հաւատացելոյն Քրիստոսի, եւ ամենայն սուրբ եկեղեցիս հռչակապարծանք։
       Եւ արդ սուրբ Գեղարդն Քրիստոսի երկնային գանձն լուսոյ կա ’ի խաւարի ծածկեալ աշխարհի Հայոց, եւ որք տեսանեն զնա մի՛ տեսցեն զմահ յաւիտենից, եւ ոչ իշխեսցէ ձեռն մտանել ’ի սահմանս, եւ որ թագաւորութեան որ կա իմացեալ եւ պատուեալ՝ թագաւորութիւն այնմ աշխարհին սակաւն նուազի ժամանակս։ Եւ նմանութիւն Աստուածակիր Գեղարդին այսպէս է. գմբեթաձեւ ’ի վեր քարշեալ գլուխ նորա, որպէս նիզակին սուր առ հաւասար, եւ երկնային եւ հրեշտակաձեւեալ, նման խաչի, փորեալ հատուածն անդէն Բ. կողմանէ երեսաց սուրբ խաչին բեւեռեալ, եւ բեւեռմամբ Դ. որպէս Տէրն ’ի խաչին, աղիւսանման, եւ ԺԲ. օրինակ առաքելոցն, եւ վայր կողմն փոր նիզակին Դ. մատին չափով, բայց ոչ այլ ինչ քանդակե ալ, այլ ամենեւին անարատ եւ հաւասար. այս է նշան Գեղարդեանն։ Տիրամօր պատկերն ’ի Հոգոց վանքն ’ի Թողկաց գաւառին։ Եւ Շիշ իւղոյն երկիրն Տարօնոյ ’ի վանքն Եղէգնի . ’ի ճանաչել Արեմաթացոյն աջն ’ի Առբերան գաւառին գեղն որ առաքելոյն Թադէոսի անուամբն է. եւ Պսակ փշոց… կա՝ ուր նահատակեցաւ սուրբն ’ի Զարեւանդ գաւառի եւ այսպէս օրինակեցաւ տնօրինական սրբութիւն ’ի Հռոմ գրէ ’ի Հայ թարգմանեցաւ եւ բերաւ ’ի Հայս, որում էր թիւն ՃՀԶ. եւ Քրիստոսի փառք յաւիտեանս ամէն»։
       «Յիշատակ է Ղուկասու մեկնիչս, որ կոչի Քարոզ գիրքս Յովանէս վարդապետին եւ իւր ծնաւղացն, հաւրն Մկրտչին եւ մաւրն Թավրէզին, եւ եղբարցն Գրիգորին, Զաքարին, Մարգարին. հաւր եղբարցն եւ քուերացն Հարզավարդին, Գոհարին, եւ ամենայն արեան մերձաւորաց մեծի եւ ’ի փոքու առ հասարակ ամենեցուն ամէն»։
       «Դարձեալ գրեցաւ գիրքս ’ի ձեռանէ Գրիգոր վարդապետին Ճերմակ ծովուն ատակն ’ի քաղաքն որ կոչի Կոստանդնուպօլիս. ’ի թվ. ՌՁԴ. ’ի Հայրապետութեան տէր Փիլիպպոս Կաթողիկոսին. ո՛վ ովք հանդիպիք սմա կարդալով կամ աւրինակելով, յիշեսջիք ’ի մաքրափայլ աղօթս ձեր զմեղապարտ Յովաննէս վարդապետս որ յանուամբս եմ միայն եւ գործովս ոչ, եւ զծնօղս իմ. Աստուած զձեզ յիշէ իւր միւս անգամ գալուստն Քրիստոս Աստուած մեր որ է աւրհնեալ յաւիտեանս ամէն»։
       «Յիշատակ է Քարոզ գիրքս եւ Դատաստանագիրքս եւ Կանոն գիրքս Գրիգորի քաջ հռետորի եւ երջանիկ րաբունապետին մերոյ քաջ եւ անյաղթ փիլիսոփայի՝ Եպիսկոպոս եւ որոշեալ ’ի գործս տնտեսութեան եւ վարդապետ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, եւ Պատրիարք մայրաքաղաք եւ թագաւորանիստ Կոստանդիանուպաւլու եւ բնածին Կէսարիու, թվին ՌՁԵ. պատահեցաւ Էջմիածնայ Խաչատուր վարդապետի աշակերտ Նուիրակ անուն տէր Յովաննէս վարդապետն. մեք մեր կենդանութե ան ժամանակն, մեր ձեռամբն յանձնեցանք Գ. Ձ. գիրք ’ի ձեռն Յովանէս վարդապետին, որ մեզ խոստովանահայր եղեւ, եւ զմեր մահու կեանքն դա կատարեաց, դորա ձեռամբն կտակ արաք. թէ գիրք եւ թէ այլ ապրանք՝ դա բաժանեաց Շահին Չալապուն ձեռամբն, եւ Իսկանտար Չալապուն. Զ. գիրք Էջմիածնայ եւ զայլն աստ եւ անդ։ Դարձեալ ով ոք չունի իշխանութիւն զայդ Գ. գիրքդ ’ի դորա ձեռացն յափշտակել, զի իւր աշխատանքն է. ո՛վ ընթերցող սուրբ գրոցս՝ թէ հանդիպիք սորա կարդալով կամ աւրինակելով, յիշեցէք մաքրափայլ յաղաւթս ձեր վերջանիկ րաբունապետն մեր զտէր Գրիգոր վարդապետն, որ ’ի դառն եւ ’ի վերջ ժամանակիս, եւ թագաւորութեան Իսմայէլացոց Սուլթան Մուրատին, որ ել բազում զաւրաւք ’ի վերայ Պարսից եւ յաղթեալ ’ի նմանէ, եւ արար բազում աւար ’ի գաւառս Հայոց։ Եւ ’ի Հայրապետութեան Տե առն Տեառն Փիլիպպոս կաթողիկոսին, եւ ’ի Պատրիարքութեան Ըսպահանայ Խաչատուր վարդապետին, որ յայսմ ամի փոխեցաւ առ Քրիստոս րաբունապետն մեր Գրիգոր վարդապետն. դորա Պատրիարքութեան ժամանակն եղեւ մոլորումն եւ Ծռազատիկ Հռոմայեցոց ազգին Բ. ամաւ յառաջ որ բազում նեղութիւն կրեաց ’ի գոռոզ եւ ինքնահաւան Յունաց ազգէն, թէ լոյսն մեր է. եւ վարդապետն՝ իւր քաջ իմաստութեամբն յաղթեաց նոցա։ Շնորհաւքն Քրիստոսի փառք անզրաւ յաւիտենի ւ ամէն։ Հայր մեր՛՛»։
       Արաբկերէն կ’շտապէի մեկնիլ, բայց Վարդավառի տօնն վրայ հասաւ։ Ազգայնոց թախանձանաց եւ տօնի մեծութենէն պատկառելով՝ յանձն առի կիրակի պատարագել Մայր եկեղեցին, օրհնեցի եւ մխիթարեցի ժողովուրդը, եւ իրենք՝ փոխադարձաբար։ Հետեւեալ օր՝ երկուշաբթի առաւօտ, պատրաստ էինք մեկնիլ։ Առաջնորդարանի դուռն եւ փողոցն ընդ լայն եւ ընդ երկայն անթիւ բազմութիւն խռնուած էր, Գայմագամն եւ շատերը Երթաք բարովի եկած էին։ Ժամը 1 էր՝ ելանք։ Քահանայք եւ վարժարանի մանկունք կարգաւ կեցած՝ «Տէր ուղղեա» ըսին եւ «Գնասցես բարեաւ» եւ ուրիշ հայրենի երգեր երգեցին՝ վառուն խանդով մը։ Այլայլած եւ սրտայոյզ անցայ՝ շնորհակալ լինելով։ Եթէ կանխաւ իմանայի, պիտի թոյլ չտայի այդ հանդէսը, բայց արդէն թակարդն ինկած էի. եւ ալ թող տուի ինչ որ կ’ուզեն ընեն, ոչ իբրեւ ինձ ’ի պատիւ, այլ իբրեւ իրենց հայրենասէր եռանդեան եւ ըղձից յայտնութիւն. իղձեր, զորս յանձն իմ կը նկատէին, եւ զիս ղրկողներէն կ’ակնկալէին։ Ուստի ո՛րքան տեւեց քաղաքին սպառուածքը, նոյնքան ծաւալեցաւ հանդէսն, տեղ-տեղ ալ ուղերձներ կարդացուեցան, որք լի էին օրհնութեամբ, զգացումով եւ ազնիւ փափաքներով, զորս ’ի դիմաց մեծի եւ փոքու, արանց եւ կանանց կը յանձնարարէին ինձ բերել եւ ներկայել ում որ անկ էր։ Քաղաքի սպառուածքին հետ կարծեցի, թէ հանդէսն ալ սպառած էր, բայց ահա ձիաւորաց բազմութիւն եւ մանկտւոյն երամ, որ թռչնոյ արագութեամբ կը թռին լեռն ’ի վեր եւ կը շարուին Սպիտակ աղբիւրի լայն աւազանին շուրջը։ Հազար գոհութիւն եւ օրհնութիւն կը նուիրեմ անոնց եւ կ’աղաչեմ, որ ետ դառնան։ Նոքա խայտանօք կ’երգեն եւ երիցս կ’աղաղակեն. «Կեցցէ՛ Հայն ու Հայաստան, կեցցէ՛ Պատրիարքն եւ Պատուիրակք, կեցցէ՛ Գարեգինն»։ Ատրճանակներ ’ի հայթ ’ի պայթ կ’որոտան, մանկտին կը մնայ, հեծեալք կ’արշաւեն։ Շատ զուարճալի է քաղաքացւոց ձիարշաւի հանդէսն, ձիեր ընդհանրապէս աշխոյժ, կրակէն եւ մէկ մէկու վազելէն կը խրտչին համայն երիվարներ, վրնջելով, դոփելով յառաջ անցնիլ կ’ուզեն։ Հեծեալներէն ոմանք կը դողան սաստիկ, անոնք, որ անվարժ են։ Ոմանք կը գոռան եւ արագ-արագ կը յառաջեն ու կը դառնան, անոնք որ քաջավարժ են։ Վերջապէս Խալիլ-չաւուշի աղբիւր կը լինի մեր անջատման կէտ, ուստի բաժնուեցան յուղարկաւորք՝ երթալով այգիի մը հովերուն շուքը եւ պաղուկ ջրոց շուրջը՝ գառն ուտելու համար։ Մենք կերած էինք արդէն, եւ բաժին մ’ալ տուին։ Տէրպէտէրեան Պօղոս էֆ. ՝ իւր երկու զինեալ Հայ ծառաներով, եւ Ղօլանճեան Նազարէթ ազնիւ երիտասարդն ընկերացան մեզ ’ի պատիւ եւ յապահովութիւն ճանապարհին։ Արդէն երկու ոստիկան ալ կառավարութենէն ունէինք։
       Ասոնք գրեցի, որպէս զի մեր ընթերցողներ տեսնան, թէ Հայաստանի մէջ ի՛նչ կեանք եւ ի՛նչ ճաշակ կայ, գրեթէ ամէն տեղն այսպէս։ Կ’երթանք։