Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ
       Սեպտեմբեր 12-ին մեկնեցանք Բարձրահայեաց վանքէն՝ ’ի Տիգրանակերտ երթալու։ Միաբան Ս. Հարք «Ճանապարհ» երգեցին, վանահայրը «Տէր ուղեա» աղօթքն ըսաւ, եւ Տիգրանակերտցի ուխտաւորաց մանկունք «Մնասցես բարեաւ» եւ «Ուրախ լուրեր տար ’ի մեր տուն…» քաղցրաձայն եղանակեցին։ Սրտայոյզ օրհնեցի մանկտին, համբուրեցի պատկառելի Ս. Հօր աջը, եւ արագօրէն կ’իջնէինք մեծ զառիվայրն՝ ծանր ու խոր հայեացքներ ձգելով մեր շուրջը։
       Արղնոյ Շեխ աղան յատկապէս իւր մարդը դրաւ հետերնիս։ Կառավարութենէն ալ երկու ոստիկան ունէինք։ Դարձեալ կը սարսափեցնէին զմեզ՝ մեր գնալիք ուղւոյն վտանգներն պատմելով։ Միեւնոյն ժամ «Շեխ աղայի մարդ հետերնիդ է, ապահով էք», - կ’ըսեն։ Անշուշտ, հասկցուեցաւ այս խօսք։ Ժամ ու կէս շեղակի գնալով՝ իջանք խանին դուռը եւ, բռնելով մեծ պողոտան, յառաջացանք այդ ամայի եւ անեզր դաշտին մէջ։ Տօթ է օդն։ Արտորայք հնձուած են։ Հազիւ կը պատահինք Քրդաց վրաններու, տեղ-տեղ՝ անդեայք եւ խաշինք, հատ-հատ ֆէլահի ցեղ անցորդներ սեւամարմին, անվարտիք, շապիկ մը եւեթ հագած, որոյ փողպատով կը ծածկեն իրենց գլուխը արեւու կիզմանէն։ Երկու ժամ անգամ մը կը հասնինք ջրհորի մը, ուր դոյլ կայ, ուր դոյլ չկայ։ Քրդաց մէկ երկու գեղէ կ’անցնինք, ուր բնակիչ կայ, ուր չկայ։ Արեգակն կը խաշէ զմեզ։ Քարջինի ծառ մը ադենական դրախտի չափ արժեց մեզ. մենք հասկցանք, թէ անապատին մէջ ի՞նչ է ովասիս։ Սակայն այդ երանութեան ծառոյն հովանւոյն ներքեւ փռուած էին խումբ մը մերկ ու սեւացեալ մարդիկ, մանկտիք եւ ընտանիք։ Բոշաներ էին՝ իրենց կարասաբարձ էշերով ու պահապան շներով։ Արգիլեցի ոստիկաններ, որ չդպչին այդ մարդոց, որոց արդար իրաւունքն էին վայրի ծառեր եւ անոնց հովերը. նոքա մեզի թողած են քաղաքներ, շէներ եւ պարտէզներ։
       Սակայն մեր ըրածին փոխարէն չէր, որում պատահեցանք քիչ մ’անդին՝ ջրհորի մը բերան, ուր դոյլով ջուր կը հանէին իրենց էշերուն։ Քաջաբար մէկ կողմը հրեցին ոստիկանները եւ թող չտուին ո՛չ մեր գրաստներուն մերձենալ խմելու աւազանէն եւ ո՛չ մեզ կաթիլ մը տուին դոյլէն, մինչեւ որ յագեցուցին իրենց էշերը։ Երկու ժամ գնացեր էինք, մի անմեղ Քուրդ իր թեւին տակ կապած թեթեւ տիկէն քասայով մածնաթան մատոյց մեզ. արդեօք այդ համն ունի՞ նեկտարը. համե՜ղ եւ թանկագին թան։
       Իրիկուան իջեւանեցանք Կէյիկ թափա գեղի Քրդաց վրանները։ Բշէր քահեան հիւրընկալեց զմեզ։ Բշէրի վրանը եղէգներով երկուքի բաժնուած էր։ Անդին էին ընտանիք եւ կ’աշխատէին՝ կաթն ու եղը պատրաստելով, տղաքնին օրրելով, չուլ ու չուալ գործելով եւ այլն։ Վրանաբնակ կեանքը հաճոյական երեւոյթ կ’ընծայէր. գիշեր գեղեցիկ էր եւ զով, այդ լայնածաւալ դաշտին հորիզոնը՝ վսեմ եւ ընդարձակ, պայծառ աստղալից երկինք։ Րամազանի առթիւ մօլլայ եւ դավրիշ կը շրջին գեղերը։ Իրիկուան աղօթքէն զկնի՝ հանդիսաւոր ընթրիք մը տեղի ունեցաւ։ Սեղանակից էինք մենք, եւ կերակուրն էր կաթն, մեղրով մածուն, թան ու փիլաւ եւ հացով ճմուռ, զոր եփած էին իւղով սոխի եւ սխտորի հետ։ Հացէն զկնի մարդիկ ելան դաշտին վրայ՝ գոհութեան աղօթքն ընելու, եւ կանայք ու աղջկունք ժիրաժիր կը շարժին, անցուդարձ կ’ընեն, վրանէ վրան կը մտնան կ’ելնեն, քաղցր-քաղցր կը խօսին, իրարու տնազ կ’ընեն։ Մեծամեծ կրակներ կը վառուին իւրաքանչիւր վրանի առջեւ, բոցերով լուսաւորութիւն կը լինի, ծուխերով մժիկները կը հալածուին, եւ այս բոցն ու ծուխը իրենց անոյշ հրապոյրն ունին անապատին գիշերուան մէջ։ Փոքրիկ լաքէճները կը խաղան շուներու եւ լակոտներու հետ, անոնց ձայնով կը հաչեն, լակոտներն ալ ցատկտելով, կոտրտուելով, աչք ու ականջը սրելով, պոչ երերցնելով «հաւթ ու հաւթ» կ’ընեն եւ կը լիզեն մանկիկները։ Կովերը կը բըռռան, ձիերը կը վրնջան, գամբռերը կը գռմռան եւ մերթ ընդ մերթ ահագին ձայներ կը հանեն եւ յարձակում կ’ընեն։ Շուն մը կայ եղեր կատաղած, որ կը վազէ վրաններու մէջն ու շուրջը։ Յանկարծ քրդաց միաձայն լօ՛լօ՛ներ եւ շանց «հաւթ ու հաշտը» դղրդեցին դաշտը։ «Սպաննեցէ՜ք կատաղին», - կը գոչենք։ Բայց տէրը կը պաշտպանէ եւ չթողուր։ Կը կապեն ամրապինդ։ Անկարելի եղաւ մեզ ննջել։ Եւ ահա մի նոր տեսարան եւ նոր արարուած. երկու դավրիշներ վրանատեղւոյն մէջտեղը՝ ընդարձակ հրապարակը, մեծ կրակ մը վառեցին եւ սկսան թմբուկ ածել ու խաղ կանչել որոտալից։ Ամբոխն ամբողջ խռնեցաւ հոն, քրդուհիքն ալ նազանօք իրարու ձեռքէն բռնած հոն կը դիմէին կիսաժպիտ եւ զուարթագին։ Խաղին նաքարաթը կը լսէինք մենք, որ էր. «Վայ Մուխթար փաշա… Շեխ Ջալալադին»։ Դարձաւ եւ պատմեց ոստիկաններէն մին, թէ. «Իբրեւ հաւատոյ ու պետութեան պաշտպան կը դրուատեն զՇեխ Ջալալադին՝ ջանադի երանութիւններ տալով անոր»։
       Երկու ժամ մնացեր լուսոյն։ Ոստիկաններ խորհուրդ կուտան, որ Բշէր քեահեան հետերնիս առնենք, ապա հեծնանք. երկիւղալից է ճամբան, եւ երկիւղի մեծն Բշէրն ինքն է։ Կ’ստիպենք, յանձն կ’առնու։ Մութ, քարոտ եւ դարուփոս կ’ընթանանք։
       Ամէնէն վտանգաւոր վայրն Դէվէ քէչիրտ ըսուածն է, ուստի ջուր մի կ’անցնի։ Հոն քանի մ’օր առաջ վանքէն Տիգրանակերտ դարձող ուխտաւորներ կողոպտուած էին։ Բշէրը կը պատմէր այդ դէպքը, եւ մեր խնամքը կը խնդրէր՝ բարեխօսելու կուսակալին, զի իւր վրայ կասկածներ կային։
       Վերջապէս ծագեց լուսոյ աստղը, յուսոյ աստղը։ Անցած էր գիշերն, անցած էին վտանգներ։ Աստղին հետ իրեն երեսնոցի մաս մը բոցերանգ գունով ցըցուց մեզ լուսինն, որում երեքօրեայ կեանք մնացեր էր, որ պիտի նորէր։ Մահիկն իւր արուսեակով ո՛րքան գեղեցիկ կ’երեւէր՝ գունաւորեալ արեգական կայծերէն, որ տակաւ-տակաւ կ’արծածուէր ճառագայթիւք։ Մահիկ՝ թեւակարմիր, մաշեալ, դալկացեալ, իբրեւ գերեզմանի դուռը հասած, հիւծեալ մահկանացու մը, որ պիտի թաղուէր իսպառ եւ կորսուէր երկու օրէն, բայց պիտի նորէր, նորոգուէր շուտով արեւուն երեսով՝ նոր կեանք սկսելով։ Օրինակ յարութեան մարդոյն։
       Օրն ալ նորեց, լուսացաւ։ Անհետացած են գողն ու գազան, ամենայն ինչ կերպարանափոխ եղած է։ Ա՛յսպէս կը փոխուին դարեր, տարիներ, չարեաց ու տառապանաց վիճակներ՝ գիշերուան մը անցքի նման, եւ կեանքով ու լուսով կը վայելեն զրկեալք երկնից եւ երկրիս վայելչութիւնք քաղցր աչօք։ Լոյսը յոյս է, եւ յոյսը լոյս է ’ի խաւարի նստելոց։ Քանի՜ մեծավայելուչ է առաւօտն եւ շքեղափառ ծագումն արեւուն այսպիսի ընդարձակ հորիզոնի մը վրայ։
       Ողջո՛յն քեզ, Տիգրանակերտի առաւօտ, ողջո՛յն քեզ, դաշտի եւ լերանց արեգակն։
       Բշէրը ետ դարձուցինք։ Հեռագրի թելերը կ’առաջնորդեն մեզ։ Երամք ուղտուց կարապետութեամբ իշոց զանգակաւոր ներդաշնակութեամբ բեռնաբարձ դիմացնիս կուգան, կ’անցնին։ Անցուդարձը կը շատնայ։ Մօտ-մօտ գեղեր կը տեսնենք, որք առանց ծառի եւ առանց ճիւղի են։ Յանկարծ մեր ոստիկանը կ’աղաղակէ. «Ահա Տիգրանակերտի մինարէից ծայրեր»։ Արդարեւ, բերկրանօք ողջունեցին մեր աչքեր քաղաքին տեսիլը, բայց դեռ ժամ ու կէս պէտք է մինչեւ հասնինք։ Յառաջ երթալով՝ կամարաշէն աղբիւր մը գտանք ճանապարհէն քիչ մը շեղ, զոր շինած էր Հաճի Իզզէթ փաշայն։ Հոն վազեցինք, լուացուեցանք, խմեցինք այդ կենդանի ջրէն եւ կամարին շուքին տակ հանգչեցանք։ Ջո՛ւր կենդանի, քո սքանչելի ջինջ երեսիդ, քո սթափիչ սփոփիչ ձայնիդ կարօտը կը քաշէի։
       Սեպտ. 13։ Ժամը ճիշտ 2 էր։ Մենք հասած էինք քաղաքի պարսպին դուրս՝ կառավարութեան պալատին առջեւը, որ շքեղ եւ գեղեցիկ շէնք մ’է։ Նորա հանդէպն է զօրանոց, հոն հիւանդանոց, հոն արհեստանոց, հոն տպարան, եւ այլն։ Անցքին երկու կողմը ջրեր եւ ծառեր կան։ Այս վայելուչ կէտէն անդին Տաճկաց ընդարձակ, այլ տխուր գերեզմանատունն է։ Եւ ահա քաղաքիս պարիսպները՝ անապական եւ հաստատ շէնք, որ կը շրջապատէ բոլոր քաղաքը։ Կարնոյ դուռն կամ Էրզրում գափուսու ըսուած մեծ դռնէն ներս մտանք։ Դրան ճակատէն կախուած կան քարեայ եւ մետաղէ ձուլուած ճիւղաւոր մեծ գնտակներ, եւ քարերու վրայ՝ փորագրուած Քիւֆի գրուածքներ։ Դրան դրանդին կամ վերին ճակատը, որ միակտուր սեւագոյն քար մի է, ունի իր վրայ հին Յունարէնի խոշոր տառերով գրուածքը։ Դռնէն ներս անմիջապէս պահականոցն է, եւ մասնաւոր շուկայ մը, քառակուսի մինարայով մզկիթ, բաղնիք, խանութներ, տուներ՝ ամենքն ալ տաշուած սեւ քարերով շինեալ, փողոցներն եւս ամբողջովին քարայատակ, տներու շէնքերը բարձր են եւ ձեւով ու շնորհքով կ’երեւին դրսէն, իսկ փողոցներ՝ անձուկ, եւ անցքեր պտուտաւոր։ Վերջապէս, բաւական յառաջ երթալով, հասանք Հայոց մայր եկեղեցին՝ Ս. Կիրակոս, եւ իջեւանեցանք յԱռաջնորդարանն, ուր թէ՛ Ազգայնոց, թէ՛ կառավարութեան եւ թէ՛ ուրիշ ազգաց կողմէն այցելութիւններ ընդունեցինք՝ փոխադարձը կատարելով հետեւեալ օրը։
       Այս քաղաքը, գտնուելով այնպիսի դիրքի մը վրայ, որ կապ ու կեդրոն կը համարուի ընդ մէջ արեւելեայց եւ արեւմտեայց, եւ իբրեւ դուռն ընդ մէջ հարաւոյ եւ հիւսիսոյ, նշանաւոր տեղ բռնած է պատմութեանց մէջ. հոս Պարթեւք եւ Հռովմայեցիք, Բիւզանդեան պետութիւնք եւ Պարսիկք չափեր ու չափուեր են իրարու դէմ։ Սկիւթիոյ եւ Արաբիոյ արշաւանաց յաճախ ասպարէզ դարձած եւ իւր սկիզբն ու մէջ ընդ մէջ Հայ անունով ու գործերով փայլած՝ ցայսօր իսկ Օսմանեան հզօր պետութեան երեւելի քաղաքներէն մին կը հանդիսանայ ու մեծ վիլայէթ է, զօրաւոր ամրոց եւ կարեւոր անցք Պարսկաստանի, Բաղդատի եւ Հնդկաստանի ցամաքային սահմանաց առջեւ։ Երբէք պակաս չեն եղած իր մէջ եւ իր վրայ նշանաւոր դիպուածներ, որ յաճախ փոփոխեր են եւ կը փոփոխեն իւր վիճակն ու կերպարանքը, բայց միշտ պահուած է իւր դիրքը։ Տիգրանակերտցիք յոյժ կը պարծին իրենց քաղաքով եւ կ’անուանեն զայն մայրաքաղաք, բայց քաղաքն այնքան չկրնար պարծիլ իւր քաղաքացիներով։
       Ամբողջ քաղաքն պարսպապատ է, որ ունի չորս դուռն եւ 72 բուրգ, հարաւային անկիւնը Պէն ու Սէն կոչուած։ Երկու շքեղ բուրգեր կան՝ Ուսթա բուրջի եւ Շակիրտ բուրջի ։ Առաջինն ունի 12 լուսամուտ գեղեցկակերտ, յորս ժամէ ժամ արեւը մուտ կ’ընէ-կ’ելնէ. գործ ճարտարագործ եւ վայելուչ, որում նայիլ չհիանալ կարելի չէ։ Հին բերդը՝ Էսքի սարայը, որ միջնաբերդն է եղած, կը գտնուի քաղաքին հիւսիսային անկիւնը։ Հոն էր բանդն, ոստիկանութիւն, հեռագրատուն, հիւանդանոց եւ այլն։ Ունի ընդարձակ բակ, եւ ’ի մէջ բակին՝ քանի մը հինաւուրց ծառեր, զանազան քարեր, որք երբեմն ծառայած են կախաղանի եւ գլխահատութեան։ Զարհուրելի յիշատակներ, այժմ կը մնային լքեալ։ Իսկ բանտն ճոխ էր կալանաւորներով շղթայապիրկ։ Անոնցմէ շատերը հռչակաւոր աւազակապետ եւ սպանիչներ էին, որոց զոհերն էին ոչ միայն խաղաղ գիւղացիներ կամ կարաւանները, այլեւ պաշտօնական անձինք եւս։ Տեսանք նշանաւոր Ռըզկօն եւ Միհր Ալին եւ այլք ’ի կապանս։
       Բուն բերդը աւերակի կոյտ է դարձեր՝ վրան երեք թնդանօթ դրուած։ Այդ աւերակոյտին տակը շէնք լինելու էր, զի ոտքը տրոփելուն խորին արձագանք մը կ’ելլէր։ Արդէն կ’ըսէին, թէ ջրամբար է, եւ իւր ստորոտէն առատ ջուր կը բղխէր ցայնօր։ Սոյն աւերակի կողերուն վրայ պատուհանի կամ փոքր դրան ձեւով տեղերը կային։ Ի հնումն նշանաւոր անձանց գերեզմաններն են, կ’ըսէին, եւ մէջերնին ոսկերք կ’երեւէին։ Բերդիս դրսի դրան կողմի երեսէն դեռ կը տեսնուին աւերածոց վրայ քարեր, որոց վրայ քանդակուած են առիւծներ եւ այլ հզօր կենդանիներ։ Զնդանը դեռ ողջ էր, որ շինուած է բերդի դրան վրան։ Իսկ ներքին կողմն մէկ անկիւնը հոյակապ, բարձր ու ընդարձակ շէնքերու որմեր եւ քայքայուած յարկեր կը կենան։ Ասոնցմէ մին եկեղեցի է եղած, ըսին։ Մզկիթի գմբէթի նման շէնք մը՝ արտաքուստ կապարով ծածկուած, ըրած էին Տապոյ, յոր մտնալու համար նախ պէտք է մտնալ աւելի հոյակապ եւ մարդոյ հիացումն գրաւող մարմարեայ սիւներով եւ շքեղ կամարներով տաճար մը՝ քառակուսի մեծ գմբէթով, բայց գագաթը փլած։ Թէ՛ գագաթէն եւ թէ՛ դռնէն անձրեւներ, ներս վազելով, ամբողջ շէնքին հիմեր ու օդը ապականեր են։ Մանասթըր կ’անուանեն զայս Թուրքեր, եւ կը կարծեն, թէ եկեղեցի է եղած, բայց երբէք խաչ կամ գիր, կամ այլ նշան մը չէր տեսնուեր։
       * աղօթավայր են եղեր, յետոյ այդ կրօնքը Մահմետականութեան մէջ ձուլուեր ու ինքն անհետացեր է, բայց այդ նշանը թողած են։
       Այդպիսի կրօնք ունեցողներու վրայ քաղաքի ծերերը դեռ կը խօսէին յաւանդութենէ։ Մենք լսեցինք բաւական բան ծերացեալ, այլ կորովամիտ եւ բանիբուն տէր Սահակ աւագ քահանայէն։
       Հին բերդէն ելանք, պարիսպներու վրայ շրջեցանք, ուստի ամբողջ քաղաքը եւ շրջակայքը պարզ կը տեսնուին։ Մեզ առաջնորդող ծեր ոստիկան մը կը պատմէ, թէ այս քաղքի շինող Աղջիկ Ղռալը սոյն պարսպաց վրայէն կը քալէ, կ’երթայ եղեր ժամ ու բաղնիքը։ Տիգրանուհի՞ն։ Քաղաքիս մէջ նշանաւոր են շէնքով եւ ընդարձակութեամբ մեծամեծ մզկիթներ, երեւելի տները հարուստ անձանց, բաղնիքներ, մատրասաներ եւ եկեղեցիք։ Գրեթէ ասոնց ամէնի մէջ կը գտնուին աւազաններ եւ հոսող ջրեր։ Ամէնէն պատուական ջուրն է Համրվար, զոր, մեծ առուով մը ծածկեալ, բերած են Գարաջայ տաղ լեռնէն եւ բաշխած քաղքի մէջ։ Խաներ եւ շուկաներ բազմաթիւ եւ բազմամթերք, արուեստներն ալ բաւական յաջողակ. կերպասի, բամբակի, բուրդի զանազան եւ ճաշակաւոր տարազներ կը գործուէին, ճարտարապետութիւնք իւր պարագայիւք եւ միւս տեղական պիտոյից արուեստք ծաղկեալ էին։
       Հարուստներու տնական կարասիք եւ կենցաղավարութիւն գեղեցիկ խառնուրդ մի է պարսկականէ, թրքականէ, արաբականէ եւ եւրոպականէ, բայց բնոյթք խորին ասիական են։ Բնակիչք եռանդոտ, դիւրագրգիռ, սրամիտ, սակաւապետ, ցքւոյ ընտանի, արագաշարժ, բայց եթէ կրթութեամբ եւս ազնուանային, մեծ յառաջադիմութիւն կ’ընէին։ Բարեկիրթները քիչ են։
       Քաղաքն ամբողջ գահ է՝ յարեւմտից եւ ’ի հիւսիսոյ երկայնեալ դաշտին ծայրը դրուած։ Արեւելեան եւ հարաւային կողմէն աւելի բարձր է իւր դիրքը՝ կառուցեալ ապառաժներու վրայ, որոյ ստորոտէն պտոյտ կ’ընէ Տիգրիսն՝ մահիկաձեւ շրջապատելով զքաղաքն։ Ի հարաւ հակեալ են պարտէզներ եւ մրգաւէտ ծառեր ու շերամի թթենիք գետոյն ափունքէն մինչեւ պարսպի պէն ու սէնի բուրգերը, իսկ յարեւելս՝ յանկոյս գետոյն է Ղըթըրբըլ գեղեցիկ գեղն Հայոց եւ Ասորւոց, ուր անթիւ աղաւնիք կը սնուցանեն յատուկ շէնքերու մէջ, եւ անոնց աղբը շահաբեր վաճառք է սեխի ու ձմերուկի մշակութեան։ Հոն՝ գետոյն երկու եզերքները եւ մէջէմէջ ձեւացած կղզիաձեւ աւազաններուն մէջ, կը հասցունեն խոշոր, առատ եւ մեղրահամ մեղրապոպն ու կլօրն, եւ ամառն ու աշունը քաղաքացւոց հանդիսավայրն կը կազմեն ջուրն, պտուղն եւ ծառաստանք, յորս արք եւ կանայք, մանուկն ու ծնողք, քորք եւ եղբարք թռչնոց երամի պէս կը լեցուին, կը լուացուին, կ’ուտեն, կը խմեն, կ’երգեն, կը խաղան։ Մեծ կենդանութիւն, եւ երբեմն՝ անտեղութիւնք։
       Քաղաքի Հոռոմի դռնէն դուրս ելնելով՝ իբր քսան վայրկեան դէպի դաշտը գնացինք Ալի-Բուղնար գիւղը, ուր կայ Հայոցս շքեղ եկեղեցի մը՝ ընդարձակ բակով եւ սենեակներով, իբրեւ վանք շինուած, որ եւ ուխտատեղի է քաղաքացւոց։ Սոյն գեղը իր անունը առած է աղբիւրէ մը, որ առատ ջրով կը բղխի գեղին մէջը, խնամօք շինուած եւ պահպանուած։ Պարսիկներ եւ Գզըլբաշները ուխտի կուգան այս աղբիւրին եւ ջրէն առնելով, հետերնին կը տանին՝ հաւատալով, թէ Ալին բղխեցուցած է զայն հրաշիւք, եւ է իրենց համար սուրբ։ Գիւղիս բնակիչք են Հայ, Քուրդ եւ Քիլդանիք։ Գիւղս զարդարուած է խաղողոյ այգիներով եւ մրգաբերներով։ Առատ է իւր ջուրն, բարեխառն եւ զուարճալի՝ օդն ու դիրքը։
       Քաղաքի պարսպէն դուրս եւ գրեթէ կից են Պուզլուղ ըսուած փոս ու քարաշար աւազաններ, յորս ձմեռը ջուրեր կը լեցուին եւ կը սառին, ապա, մեծամեծ կտորներ կտրելով, կը տանին հորերու մէջ կը պահեն. բոլոր ամառը կը գործածեն։
       Այս գծին վրայ կը տեսնուի բազմակամար երկարաձիգ շէնք մը, որոյ վրայէն կ’անցնի Համրվար մեծ ջուրը եւ կը բաժնուի քաղաքի մէջ։ Արեւմտեան պարսպին երկու դռներն են Տաղ գաբուսու եւ Հոռոմ գաբուսու։ Այս դրանց առջեւ կը գտնուին Տաճկաց եւ Քրիստոնէից գերեզմաններ։ Մեծ կառուղին Խարբերդին, որում կը միանայ Կարնոյ եւ Սեւազի ուղին, կամ Տրապիզոնի ու Սամսոնի գիծը, ուղղակի Տաղ գաբուսին կը բերէ, իսկ միւս կառուղին, որ Հալէբէն կուգայ, Սեւերակի վրայով Հոռմին դուռը կը մտնէ։ Բաղդատի ուղին Մէրտին գափուէն կ’ելնէ ’ի հարաւոյ եւ Տիգրիսի վրայէն հաստակամար գեղեցիկ կամուրջով մը կ’անցնի։ Նոր դուռն կամ Եէնի գափուն յարեւելս կը բացուի եւ կ’իջնայ գետը։ Կարնոյ կամ լեռան դրան կողմը՝ Թրքաց գերեզմանատան եզերքը, խարխալած գմբէթ մի կայ, որոյ ներքեւի փոսը լի է, կ’ըսէին, մարդոց գանկերով եւ թեւոց ու ոտից ոսկորներով, զորս ’ի պատիժ կը կտրէին երբեմն ներքին բերդին մէջ, ուր դեռ գլխատման քարը ցոյց տուին, եւ հատեալ անդամները սոյն գմբէթին խորը կը ձգուէին։
       Այցելեցի Հայոց գերեզմանատունը, ուր հետաքրքրական է տեսնել իւրաքանչուր տապանաքարի վրայ քանդակուած մեռելոյն արուեստի կամ կեանքի նշանը. զորօրինակ, պայտարին՝ մուրջ եւ աքցան, դերձակին՝ մկրատ եւ ձեւի տախտակը, ոսկերչին՝ արծաթէ կերտուածոց տեսակները, վարսավիրային՝ սանտր, ածելի եւ կոնք, ոմանց ալ օղիի շիշ եւ բաժակ, կանանց՝ քարքահ եւ ասեղնագործութեան տեսակներ եւ այլն։
       Կարգ մը կար վարդապետաց, որոց մէջ կային Էջմիածնայ նուիրակներ եւ Սրապիոն եպիսկոպոս Ամթայ, որ եւ կաթողիկոս Էջմիածնի, սոյն տապանագրով. «Սա է տապան մարմնոյ տեղի, Աստուածաբան վարդապետի Ուռհայեցւոյ Սրապիոնի, Կաթողիկոս Գրիգորիսի, հայրապետիս վախճան լինի, թվին Հայոց Ռ. ամի. ԾԵ. եակ եւ մի. պարզ թուով լինի (ստորեւ եդեալ) թվ. Ռ. Ծ. Ե. »։
       Անցայ որոնել ազգին վաստակաւոր, անմոռաց եւ միշտ անմահ Սիպիլեան Հ. Կղեմէսի գերեզմանը, որ Հայ կաթոլիկաց կարգին եզրը թաղուած էր՝ խառն ընդ Հայոց հողոյն, եւ մի քանի սեւ ու կոշտ քարեր կուտած էին այս ամէնարժան անձին մարմնոյ վրան։ Անոր, որ այնքան տարի տքնած էր Հայոց աշխարհն ուսումնասիրելու եւ Ազգային թանգ հնութիւնք ’ի լոյս ածելու՝ յիշելով իր քրտինքը, իր արդիւնաւոր կեանքը, իր ազնիւ բարքը, զոր լաւապէս գիտեն ամէն անոնք, որ ճանչցած են զինքն, լսած են իրեն եւ տեսած են իւր հաւաքածոյքն ու գործքը վերջին տարիներուն մէջ։ «Հոգւոց մը» մրմնջացի եւ, կաթ մը արցունք իր հողոյն ցօղելով, մեկնեցայ։
       Հեռի չէ աստի հասարակաց պարտէզ կամ Միլէթ պաղչասին՝ շինուած Իսմայիլ փաշային օրով, որոյ պատճառաւ յուզմունքներ եւ քննութիւններ ծագեր էին։ Տեղւոյն բնական դիրքը գեղեցիկ էր ապառաժի մը վրայ՝ կցեալ այլ պարտէզներուն։ Կը նայէր Տիգրիսի ջրոյն եւ տարածեալ ընդարձակ դաշտին, բայց մէջը դարձած էր այծու դրախտ…։ Ուզեցի միւս պարտէզները շրջիլ, բայց արգիլեցին՝ ըսելով՝ վտանգաւոր է. աւազակներ կը դարանին հոն հիմա։ Արդարեւ, զարմանալի էր այս, վասն զի անմիջապէս պարսպին կից են այգիք, սակայն չէի կրնար չհաւատալ. փորձերը կը տեսնէինք ամէն օր։ Նոյն իսկ քաղաքի պարսպէն ներս այնպիսի դէպքեր տեղի կունենային, որ զարմանալի չէր, եթէ պարսպէն դուրս ալ պատահէր։ Իսկ ինչ որ գաւառներ ու գեղերը կը գործուէր, անթիւ եւ անօրինակ բաներ էին։ Վիլայեթն խիստ ընդարձակ, ելուզակ ցեղեր եւ չարագործներ բազմաթիւ. օրերն ալ՝ թէպէտ դադրած էր պատերազմն, բայց նպաստաւոր էին այնպիսեաց, որ համարձակութիւն առած էին պատերազմի միջոցին չարիք ’ի գործ դնել բնակչաց վրայ՝ օգտուելով զօրաց եւ զինուորաց բացակայութենէն եւ կառավարութեան զբաղմունքներէն։
       Խուլբ ու խիան գաւառի մէջ Թէլօ անուն մէկը, որ անբաւ հարստութիւն ալ ունէր, անհնարին կեղեքումներ գործած էր։ Եւ անգամ մը, անձրեւի բռնուելով, կը մտնէ հովուի գոմը, կրակը վառել կուտայ եւ խեղճ հովիւը, երկու ձեռքի ու երկու ոտքի վրայ կորացնելով, աթոռի տեղ կը գործածէ. նստելով կռնակին վրայ՝ իւր լաթերը կը չորցնէ։ Ուրիշ անգամ մը իր ձիոյն թամբը կը դնէ գեղացւոյն պառեկը, սանձը կը զարնէ բերանը եւ կը հեծնէ չորքոտանւոյ մը պէս, կը վարէ ժամու մը չափ։ Թէլօյի թեթեւ հաճոյքներն են այսպիսիք։
       Լճէ աւանը, որ 12 ժամ հեռի է Տիգրանակերտէն, բռներ էին Սօֆի Քէմէր անունով մէկը, որ արդարոյ եւ բարեպաշտի անուն հանած էր եւ այդ աւանը կը բնակէր։ Գիշեր մը մէկին տունը գող կը մտնէ, եւ տնեցիք, ըստ տեղական սովորութեան տանիքը պառկած լինելով, վար կը վազեն, ճրագ կը վառեն ու կը տեսնան, որ մօրէ մերկ մարդ մը՝ խառնակ մազերով, խառնած մօրուքով, չուանի մը կտոր գօտի ըրած եւ դաշոյն մը մէջքն անցուցած, կատարեալ ճիւաղ մը կամ ուրուական մը, անձայն եւ անշշունչ իրենց առջեւ կը կենայ։ Նախ կը զարհուրին, աղօթքներ կ’ընեն, բայց ճիւաղը չի հալածուիր։ Կը դիտեն, որ տանը մէջ եղածներ ժողված, ծրար կապած ու ճիւաղին առջեւ կը կենայ։ Կը խելաբերին, ձայն կ’արձակեն, փայտով զէնքով դրացիք կը դիմեն։ Ուրուականը, ինքզինքն պաշտպանելու կամ ազատելու համար միշտ անշշունջ, տանիքը կը վազէ եւ անտի վար կը նետուի աւելի ցած տանիքի մը վրայ, ուր անկողնոյ մէջ մայր մը իր մանկիկներով կը քնանար, ճիշտ ադոնց անկողնոյն վրայ։ Ցաւէն ու սարսափէն ահագին կը ճչէ կինը եւ մանկունք։ Ուրուականը կ’ելնէ փախչելու, վարէն ալ կը հասնին։ Կկը պաշարուի եւ կ’սկսի կեղծ մեռեալ կամ իրօք ուրուական մը ձեւանալ. անշունչ դիակի մը պէս կը պառկի։ Վրան կը հասնին, կը խթեն, կը մշդեն, կը կսմթեն, ձայն չհաներ, որպէս զի չճանցուի։ Վերջապէս իւր տնեցիքն ալ այս հանրական շփոթութեան հետ հոն կը վազեն, եւ, տեսնելով իրենց Ս. Քէմէրը այդ վիճակին մէջ, կը կարեկցին, անունը կուտան, ասոր վրայ հայն ու տաճիկը կը թքեն զինքն, կը կապեն եւ կը յանձնեն կառավարութեան, ուր դարձեալ ճիկ չհաներ։ Կը բանտարկուի, եւ անոր տունը հետազօտելով՝ գտնուած էին քանի մը տարիէ հետէ այլեւայլ գողօնները։
       Քանի-քանի այսպիսեաց պատմութիւններ կ’ընէին, որք ապաստանարան ընծայած էին աւազակաց, եւ որոց տուները անբռնաբարելի կը կարծուէին՝ իբրեւ Աստուծոյ ծառայի տուն։
       Իսկ հռչակաւոր Ֆէթահ բէկի արարք որքան բազմաթիւ, նոյնքան բազմօրինակ եւ չլսուած քստմնելի բաներ էին, ինչպէս եւ այլոց նմանեաց։ Ասոնց վրայ նոյն իսկ զինուորականներն անգամ բողոքող էին կուսակալաց, զի չարիք միայն բնակչաց վրայ չէր մնար, այլ կը ծաւալէր պետութեան շահուն ու անձանց եւս, եւ վերջապէս, ինչպէս պատժուած էին քանիցս, վերստին պատժուեցան կայսերական գօմիսէր Վսեմ. Ապէտին փաշայի օրով։
       Քաղաքիս բնակչաց տնական կեանքի երեւոյթը պարկեշտ է։ Պարկեշտօրէն կը հագուին նաեւ կանայք։ Թրքուհիք փողոց ելած ատեն սեւ կերպասէ սաւան, իսկ Հայք սպիտակ կը հագնին։ Մեծ պատիւ է կանանց դեղին կօշիկ կամ ջիզմէն, նոյնը տարածեալ է մինչեւ Սղերտ, Բաղէշ, Խարբերդ, Մալաթիա եւ այլ մերձաւոր գաւառները։ Ճակատներէն, երեսներէն, պարանոցէն եւ լանջքէն ’ի վար ոսկի, արծաթ եւ մարգարտեայ զարդեր ունին առ հասարակ ըստ աստիճանի։ Գագաթանց վրայ կօտիկ եւ վրան լաչակ կամ եազմա, ականջներուն վրայ մահեկի ձեւով բան մը ունին, որ կը հասնի մինչեւ երեսներուն կէս։ Գինդը ոչ միայն կանանց, այլ եւ արանց ալ վրան սովորաբար կը տեսնուի։ Հետզհետէ շրջազգեստի եւ այլ նոր ձեւերու գործածութիւնք մտած էին, բայց՝ խառնելով իրենց արդէն ունեցածին հետ։ Թէպէտ արանց չափ նաեւ կանայքն եւս բամբասուած են իբրեւ արբեցող, բայց բացառութիւնք են ադոնք։ Նոյնպէս բացառութիւն է, որ կին գինեպան կը գտնուի։ Ազնիւ, աշխատասէր եւ տնարար տիկնայք բազմաթիւ են։
       Արք սովորաբար կը հագնին զպուն, էնթարի, մանիսայէ եւ տեղական տարազներէ։ Ծաղկեալ է արուեստ մանիսայի, կէզիի, սաւանի եւ այլ տեսակ կերպասեղինաց, ասուեղինաց եւ բամբակեղինաց։ Իբրեւ արուեստաւոր՝ ճարտար են, իբրեւ վաստակաւոր՝ ամէն գործի հետամուտ են։ Եւրոպական ապրանքներ խիստ քիչ եւ նոր սկսած էր մուտ գտնել։ Տեղական նիւթերու վրայ ընդարձակ առուտուրներ կ’ընեն, իսկ ցորենոյ եւ ոչխարի վաճառականք մեծապէս կը շահին տարւոյն յաջողութենէն։ Թուրքերէն սակաւաթիւ են վաճառականք, բայց ագարակ եւ կալուած եւ անուղղակի հասոյթ ունեցողք շատ կան, արհեստք եւ առեւտուրք մեծաւ մասամբ Քրիստոնեայք կ’ընեն։ Երեւելի օճախներ եւ վուճուհներ կան Թրքաց, որոնցմէ նշանաւոր անձինք յառաջ եկած են, իբրեւ գրագէտ եւ ընթերցող, դիւանական, դատական, վարչական ճիւղերու մէջ, եւ Քրիստոնեայք պակաս չեն մնար օրէնսգիտութեան եւ գրականութեան կողմանէ։
       Անգղիոյ եւ Գաղղիոյ փոխհիւպատոս կամ գործակատար, Ռուսիոյ հիւպատոս եւ Պարսկի շահպէնտէր կը նստին քաղաքը, որք ունին իրենց յատուկ պաշտօնատուներ եւ աղէկ դիրք։
       Արդարեւ, զարմանալի քաղաք է Տիգրանակերտը, ուր կը տեսնուին ասիական զանազան ցեղեր եւ բարբառներ, Թուրք, Արաբ, Ասորի, Քուրդ, Եզիտի, Զազայ, Յոյն, Հայ, Քիլտանի եւ նոյնպէս բազմազան են նաեւ ’ի կրօնս՝ Մահմետականութիւն՝ իր բաժանմամբ եւ Քրիստոնէութիւն՝ իւր տեսակներով։ Հայք՝ ըստ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, Հայք՝ Պապական եւ Պապականք եւ Հասունեան եւ անտի Հասունեան՝ Լատինականք, Հայ՝ բողոքական եւ Բողոքականք՝ երիցական եւ եպիսկոպոսական, Հայ-հոռոմք, Ասորիք՝ ըստ նախնի եկեղեցւոյ, Ասորիք՝ պապական եւ բողոքական։ Ասոնք ամէնը բնիկ են եւ ունին առանձին եկեղեցիներ եւ եկեղեցականներ, բայց գլխաւորաբար բոլոր բողոքականաց ներկայացուցիչ կը համարուէր Պօյաճեան Թովմաս էֆէնտի, որ Անգղիա ուղեւորած է, բազմածանօթ անձն, Յունաց եւ Կաթոլիկաց՝ իրենց քահանայն կամ վարդապետ, Քիլտանցւոց՝ քիլտանի Ապտ-իշու եպիսկոպոս, որ Հռովմ ալ գնացած է, Ասորւոց՝ կաթողիկոսն կամ փոխանորդն։ Բայց Հայոց Առաջնորդն ամէնէն բարձր եւ գործօն դիրքն ունի՝ իբրեւ առաւելագոյն ժողովուրդ ունեցող։
       Ափսո՛ս, սակայն, Առաջնորդ պէտք էր այդ տեղին։
       Բոլոր այդ Քրիստոնեայ տարր հայերէն կը խօսին, եւ զիրենք Հայ կ’անուանեն։ Եթէ հարկ լինի ցեղի մը կամ ազգի մը վրայ խօսիլ, կ’ըսեն՝ Ասորի Հայ, Քիլտանի Հայ, Էրմանի Հայ եւ այլն։ Եւ ամէն անգամ եթէ Քրիստոնէից հանուրին վերաբերեալ խնդիր մը ծագէր, միւսները կը հաւաքուէին Հայոց Առաջնորդարանն։ Հոն կը խորհէին, որոշումն կուտային եւ անոր միջոցաւ կը բանակցէին կառավարութեան։ Իսկ հոգեւոր պէտքեր ու պաշտամունքներ իւրաքանչիւրին հովիւն ըստ իւր ծիսի կը կատարէր։ Թէպէտ այսքան բաժին բաժանեալ էին ’ի կրօնս, բայց գրեթէ չկար հակառակութիւն կամ չարախօսութիւն իրարու դէմ։ Եւ կային, որ անուանապէս կը վերաբերէին միայն այս ու այն բաժանման, եւ այն՝ անձնական խնդիրներով։
       Մի բանգէտ առաջնորդ, իմաստուն հովիւ մը, Ս. Աւետարանի ոգւոյն եւ Ս. Հարց ընթացից ծանօթ քարոզիչ, վարքով եւ խօսքով աղ եւ լոյս եկեղեցական, ճշմարիտ դաստիարակութիւն մը, մեծ գործ կը տեսնայ քիչ ժամանակի մէջ այդ քաղաքի մէջ եւ իւր գաւառաց, ուր ժողովուրդը կարծուածէն առաւել փափաք ընծայող է եւ պատրաստ ընդունակութեան տէր, կամք ունի եւ զոհողութիւն կ’ընէ, բայց ուղեցոյց չունէր։ Մոլորեցուցիչներ էին իրեն խօսողներ, ուսուցողներ, եւ տգէտ, այո՛, տգէտ իւր Առաջնորդն։
       Գտնուող բարեմիտ եւ լուսամիտ անձինք ժողովուրդին աչքին ցուցուած էին իբրեւ խաբեբայք եւ չարք. կ’արհամարհուէին նոքա, կը նախատուէին եւ կը գանակոծուէին, թէ՛ տեղացի լինէին եւ թէ՛ եկք, որպէս զի ժողովուրդ չբանար իր աչքը, եւ ասպարէզ մնար կեղծ ժողովրդասիրաց՝ ազատօրէն յափշտակելու, խորելու եւ, իրենց յաջողութեան վրայ խնդալով, ազգին մէջ խռովութիւն եւ յետադիմութիւն աւելցնելու՝ վահան ու գործիք ընելով իրենց տգէտ առաջնորդը։ Այսպիսիք, դժբախտաբար, միայն Տիգրանակերտի մէջ չեն, եւ իրենց վարպետներն ալ Պօլիս կը նստին։
       Այսպիսիք են, որ սահմանադրութեան, լուսաւորութեան, յառաջադիմութեան, կրօնի եւ բարոյականի անուան տակ ազգն ու ժողովուրդը կը վրդովեն, օգտակար եւ յարգելի անձինք, որ իրենց դիրքով, ձիրքով, կամքով եւ դրամով օգնած են ’ի դէպս այլ եւ այլ նեղութեանց եւ փորձութեանց՝ ազգին, իբրեւ դաւաճան, մատնիչ, հարստահարիչ կը հանդիսացնեն յաչս ժողովրդեան, զորս հայհոյել եւ թշնամանել կուտան, ու իրենք անոնց տեղ կ’անցնին գործելու։ Եւ, եթէ չյաջողին բան մը ընել, զիրենք արդարացնելու համար դարձեալ այն դասը կը ցուցնեն իբրեւ արգելք եւ հակառակք, իսկ երբ անկումն կրեն, դուրս կը քաշուին պահ մը հրապարակէն, եւ ժողովուրդ կը դիմէ իր թշնամանած անձին, յորս կը գտնուին բարեսիրտներ ու անյիշաչարներ, որ իրենց պարտքը կը կատարեն առ ժողովուրդն։
       Ո՞ ժողովուրդ, քո անունով եւ նոյն իսկ քո վնասով, քո անձնականութեամբ ինչե՞ր կը գործեն իրենց շահուն համար։ Եթէ ինկար, քո յիմարութենէդ էր կ’ըսեն, եթէ յաջողեցար, բախտախնդիրներ կ’ելնեն ուսերուդ վրայ, «Մենք ըրինք», - կ’ըսեն։ Եթէ բարիք մը շնորհուի քեզ նոյն իսկ մեր Վեհ. Սուլթանէն եւ իւր կայսերական կառավարութենէն, քեզ պատրիչներ կը կայնին առջեւդ ու կ’ըսեն՝ Մենք աշխատեցանք, այն ինչ իրենց աշխատութեան պտուղն էր ունեցածդ անկումն եւ զրկումն։
       Անշուշտ, ճշմարիտ աշխատողաց համար չեն այս գրուածքս։
       Տիգրանակերտի Հայք յոյժ ջերմեռանդ են աղօթելու. ամէն օր անպատճառ եկեղեցի պիտի երթան։ Նոյնքան ջերմեռանդ են նաեւ Ս. ուխտատեղեաց, մասնաւորապէս՝ Ս. Երուսաղէմի։ Հազուագիւտ են մղտեսի չեղողներ։
       Իբրեւ աշխատասէր եւ սակաւապետ ժողովուրդ՝ ուրախալի էր տեսնել, որ բնիկներուն մէջ գրեթէ մուրացիկ չկար. անկեալք, հիւանդք եւ կարօտեալք կը խնամուէին Հայոց Աղքատասիրաց ընկերութենէն, ինչպէս նաեւ այլեւայլ երկիրներէ ու գաւառներէն յաճախակի պատահած տնանկք եւ ուղեւորք կը հոգացուին։ Կը մտածուէր հիւանդանոց մը շինել, որ այնքան պէտք ունէր այդպիսի քաղաքի մը համար, եւ որ մեծ ապացոյց մը պիտի կանգնէր իրենց մարդասիրութեան եւ պատուաւորութեան առաջի Աստուծոյ եւ առաջի քաղաքակրթութեան։
       Ընկերութիւններ կային Անձնուէր, Հայրենասիրաց, Մեսրովբեան, որք բացած ունէին վարժարաններ մանկանց, եւ կիրակի օրերը՝ չափահասից գրել-կարդալ ուսուցանելու եւ բանախօսութիւններ ընելու, Պատանեաց ընկերութիւն, որ Ազգային պատմութենէն ներկայացումներ կ’ընէին, Համազգային ընկերութիւն, որում անխտիր անդամակից էին Հայ կաթոլիկ եւ բողոքական։ Բաց ցաւ է ըսել, թէ այդ ընկերութեանց տեւականութիւնը սակաւ եղած է՝ բուն իրենց նպատակէն դուրս գործածելով իրենց ընթացքը, ուստի եւ գժտութիւնք եւ խափանմունք արդէն սկսած էին։ Միայն Անձնուէր ընկերութիւնը, որ կանուխէն կար, աւելի արդիւնաւոր հանդիսացած է եւ կը տեւէր։
       Երկու վարժարան ալ կար երկու եկեղեցեաց բակերը, բայց լքեալ, եւ մի աղջկանց վարժարան՝ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյն կից, եթէ վարժարան կարելի էր ասել, բայց գոնէ սկսուածք մ’էր։
       Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյն բակը շինուած է Առաջնորդարանն, եւ սոյն եկեղեցին է մայր եկեղեցի քաղաքին, որ ինչպէս յայտնի է հրկէզ եղաւ, եւ փութաջանութեամբ բարեպաշտ անձանց շուտով վերակառուցին տարի մը յառաջ՝ 1883-ին։ Վաթսուն եւ վեց տարի յառաջ եւս հրկէզ եղած եւ վերստին շինուած լինելուն յիշատակագիրը եկեղեցւոյն ճակատի քարին վրայէն օրինակած եմ, որ ահաւասիկ. «Եկեղեցիս այս պանծալի, եօթնախորան զարմանալի, զոր էր շինեալ Պետրոս պետի, սոյն քաղաքիս առաջնորդի, զկնի ութսուն եւ ութն ամի, կրեաց զաղէտըս սոսկալի, համայն արդեամբ իւր գովելի, ’ի մուտ ժամու հրկէզ զինի։ Այցելութեամբ Տեառն Յիսուսի, հրաշիւք սրբոյն Կիրակոսի, հրամանաւ արքային Պօլսի, յետ եօթն ամսոյ կրկին շինի, տրովք եւ արդեամբք Հայոց ազգի, ’ի փառս անուան Տեառն Յիսուսի»։ Վարի յիշատակարանին վրայ գրեալ էր թուական՝ «1818»։
       Դրան աջ կողմը քանդակուած ուրիշ թուական մը «Շինութիւն Ս. Կիրակոսին Ռ. Ճ. Հ. Ը. »։ Նոյն կողմը որմոյն դրսի երեսը քարի մը վրայ «Մատնեցաւ Ս. Թորոս Ջ. Կ. Է. Թվին»։
       Թէ՛ բերանացի աւանդութենէ եւ թէ՛ ձեռագիր յիշատակներէ իմացանք, որ Ս. Թորոս եկեղեցին է այժմեան Ղուրշունլու ճամին։ Ժամանակին փաշան, ուզելով ճամի մը շինել տալ, կը փորձէ նետ մը արձակել, եւ թէ ուր իյնար նետը, այն տեղն էր Աստուծոյ հաճոյական վայրը։ Նետն կ’իյնայ Հայոց Ս. Թորոս եկեղեցւոյն վրայ։ Իսկոյն ճամիի կը փոխուի եւ նոյն փաշայն հրաման եւ ձեռնտուութիւն կ’ընէ Հայոց, որ փոխարէն Ս. Թորոսին կը շինեն Ս. Կիրակոսն այստեղը, ուր գերեզմանատուն էր Հայոց։
       Երկրորդ եկեղեցին է Ս. Սարգիս, որոյ տաճարը գեղեցկաշէն է, ընդարձակ բակեր, խուցեր եւ առաջնորդարան մը ունի պարտիզով, հանդերձ ջրոյ մեծ աւազանաւ մը։ Հոս կ’իջեւանեն եղեր Ս. Երուսաղէմայ եւ Էջմիածնայ նուիրակներ։ Հոն իջեւանեցան նաեւ Կ. Պօլիսէն ղրկուած Ազգային պատուիրակներ 1879-ին, Պօյաճեան Յովհաննէս էֆէնտին եւ իւր ընկեր Գարեգին վարդապետ՝ այս տողերը գրողն։ Այստեղ գործուեցան այն ազգասիրական խժդժութիւնք, որ արիւնաշաղախ ըրին մեր անձինք եւ փշրեցին մեր երեսներ, մեր կուրծք եւ մեր թիկունքը, նախատանաց, երկաթներու եւ բիրերու հարուածներով, յառաջխաղաց յարձակմամբ երկու մէյհանէճի ամազոններու եւ բագոսեան դիւցազանց՝ բոլորն ալ գինով, որոց գլուխ կը գտնուէր պատշաճապէս մականուանեալ Պ. Քացախն։ Զանգակներ կը հնչուէին, Փիլիպպոս եպիսկոպոս օրհնութիւն կը կարդար եւ իւր քարտուղարք եւ խորհրդականք հրահանգ եւ խրախոյս կուտային։ Շուկայն կը գոցուէր, քաղաքն կը դղրդէր. «Դո՛ւրս նետենք պատուիրակներ, սպանենք Գարեգին վարդապետը, որ աչք ունի Առաջնորդ լինել մեր քաղաքին, մեր Եպիսկոպոս կ’ուզենք, որ եւ ամէն բանէն պիտի ազատէ զմեզ, որ եօթն Ղռալի հետ թելով կը խօսի, կեցցէ Փիլիպպոս Սրբազան»։
       Այս էր այն արշաւանաց եւ յաղթանակի երգը։
       Յետ այնորիկ պիտի դղրդէր Պօլիսն, երեսփոխանաց ծանօթ մաս մը, լրագրութիւնք, պատրիարքական պաշտօնն ամիսներով շարունակեցին մեր վրայ իրենց բուռն դատաստաններ, մինչ մենք կը հեծէինք մեր վիրաց տակ եւ կը գործէինք մեր պարտականութեան համեմատ։ Արդարութիւն, սակայն, ներկայացոյց այդ եպիսկոպոսը Ս. Պատրիարքին, որում չհանդուրժելով ներող եւ հեզահոգին Ներսէս՝ գաւազանով խօսեցաւ հետ։ Ներկայացաւ նա Վեհ. Գէորգ Կաթողիկոսին եւ աքսորի եւ ’ի կարգէ դադարման արժանացաւ Ն. Օծութենէն։ Ժողովուրդն ծանրագնի զիղջ կրեց, անագան ուրեմն հասկցուեցաւ, թէ հիւպատոսի մը խաղն էր այս ամէնը, որուն խաղալիքն էր Սրբազանն եւ իւր հերոսներ։
       Այսքան մը եւ եթ հարեւանցի յիշատակաւ փակենք այս անցքը, ’ի պատիւ նոյն քաղաքացի բարեխիղճ ազգայնոց՝ չուզելով զատել կամ վշտացնել նոյն իսկ գործող միամիտներ, որ, խաբուած լինելով, ըրին ինչ որ ըրին՝ կարծելով, թէ Ազգի օգտին կը ծառայէին. «Ոչ գիտէին զի՛նչ գործէին»։
       Ս. Կիրակոս եւ Ս. Սարգիս եկեղեցիներ ունէին բազմաթիւ եւ ծանրագին զարդեր, եւ շատ մասունք։ Ի Սուրբ Սարգիս կամ Ս. Բեւեռ, բիւրեղի մը մէջ զետեղուած, ցուցամատի մը չափով, բամբակի մէջ ծրարուած արծաթէ պատուանդանի մը վրայ յանգուցած, որոյ երեք կողմն կնքոյ ձեւով յունարէն եւ լատիներէն փորագրեր կան. բիւրեղին վարի կողմը ճաթռտած է երկու տեղով։ Ս. Բեւեռը չերեւիր։ Արդեօք մէջէն հանուած չէ՞. թէպէտ այժմ լաւ հսկողութեամբ կը պահուի արծաթ տապանակի մը մէջ, եւ միայն Ս. Խաչի տօներուն ու Խաչվերացին կը հանեն ’ի տես, եւ բազում ուխտաւորք կ’երթան։ Կը համարին, թէ Քրիստոսի խաչափայտի մէկ բեւեռն է կամ մաս մը, որում յիշատակագիր մը չկար։ Բայց կ’աւանդէին, թէ ասկէ իբր 160 տարի յառաջ ասպատակութիւն մը տեղի կ’ունենայ Բաղդատի կողմերը, եւ Քիլտանցւոց մեծ եկեղեցի մը կը կողոպտուի։ Լուսարարը այս Ս. Բեւեռը կը զետեղէ աշտանակի մը մէջ, եւ, աւարողաց հետեւելով, կը հասնին Տիգրանակերտը, ուր ’ի վաճառ կը հանուի աշտանակը։ Լուսարարն կ’աղաչէ Հայոց, որ գնեն զայն՝ յայտնելով անոնց, թէ ինչ գանձ կար անոր մէջը, եւ այսպէս կը գնեն Հայք եւ կը դնեն յիշատակ ի Սուրբ Սարգիս։ Լուսարարն, ընդունելով հայութիւն, կը մնայ ’ի Ս. Սարգիս եւ կը պաշտէ Ս. Բեւեռը, բայց կ’իմանան Հայք, թէ նա միտք ունի գողնալու զայն։ Կը պահեն, մինչեւ կը մեռնի լուսարարն։ Եթէ արդէն հանած չէ Ս. Բեւեռն, զի այդպիսի օրինակները, եւ բիւրեղին ջախջախումն կասկած կը պատճառեն դժբախտաբար։
       Եկեղեցեաց մէջ տպեալ եւ ձեռագիր շատ մատեաններ կան։ Ձեռագրոց ցանկը պիտի տեսնուի յիշատակարանաց մէջ, տանց մէջն ալ շատ կը գտնուէին։ Աւդալեան Պ. Մկրտիչ ազնուաբարոյ եւ ուսումնասէր երիտասարդն, այժմ հանգուցեալ, առաջնորդեց ինձ ’ի տես Չէնէսիզեան Հ. Մեսրովբին, որ Վիեննայի Մխիթարեան ուխտէն էր, բանասէր եւ գրասէր անձն մի, որ շրջած էր Հայաստանի զանազան կողմեր։ Բազմաթիւ ձեռագիրներ կրկտած ու նորագոյն ծանօթութիւններ հանած էր, եւ Տիգրանակերտի ու Միջագետաց առանձին պատմութիւն մը յօրինած էր՝ դեռ ձեռագիր ու թերի, զի աչաց լոյսը տուժած էր, եւ անլոյս կը նստէր իր սենեկին մէջ։ Ունէր բաւական թուով ընտիր ձեռագիր մատեաններ, որք իր գանձեր եւ միակ մխիթարանքն էին։
       Տիգրանակերտի ձմեռը խիստ կծու ցուրտ կ’ընէ, թէպէտ շատ ձիւն չտեղար, իսկ ամառն չափազանց տաք է. մանաւանդ պարիսպներ եւ փողոցները, սալայատակներ եւ շէնքերը ամբողջ սեւ քարերով շինուած են։ Արեւու ջերմութենէն կարծես ջեռացած բաղնիքի մէջ կը գտնուիս, այնչափ կը տաքնան այդ քարեր եւ իրենց ջերմութիւնը կը զարնեն մարդոյ երեսին եւ մարմնոյն։ Ամառն ամբողջովին տանիքները կը ննջեն փայտաշէն բարձր մահճակալներու վրայ, ուր իբր թէ ազատ պիտի մնային տեղական կարիճի խայթելէն, որ ամէն տուներու մէջ գրեթէ անխտիր կը գտնուին։ Սեւ, թանձր եւ կլոր են, զզուելի եւ սոսկալի՜։ Չար ագրապ կը կոչեն։ Թունաւոր եւ դժնդակ է իւր խայթոցքը, սարսափելի կը ճչացնէ խայթուած անձը։ Անմիջապէս կը հասկնան, թէ կարիճ խայթեր է, կը վազեն օգնութեան. պատրաստական դեղ ունին, կարծեմ կէօզթաշի է, որով կը խարեն խայթածն եւ շրջապատն, որ նոյնքան կը կսկծեցնէ մարմինը։ Տանիքը բացօդեայ ննջելով՝ սառն հովերէն ալ տենդի կը բռնուին։ Գրեթէ չկայ անձ մը, որ պարբերաբար տենդ չունենայ, եւ այս պատճառաւ ընդհանրապէս դժգոյն են բնակիչք։ Ամենամեծ փորձութիւն է այս քաղաքին այն պալարը, զոր Տիարպէքիրի եարա կը կոչեն եւ զոր կը հանեն ոտից եւ ձեռաց վրայ, երեսի վրայ, ոմանց ալ քթին, ճակատին եւ աչքին կը պատահի։ Տարեկան եւս կ’անուանեն, զի տարիի մը չափ կը տեւէ, ապա կ’անհետանայ՝ տգեղ հետք կամ սպի մը թողլով տեղը։ Գրեթէ բացառութիւն չկայ, երկու սեռէն ալ մեծ ու փոքր կը հանեն, նոյնպէս եւ դուրսէն գնացողք, որոնցմէ ոմանց զաւակացն ալ կ’անցնի, երբ իրենց երկիրը վերադառնան։ Դիտելի է սակայն, որ մարմնոյն բաց մասերուն վրայ կը հանուի, եւ կարծողներ կան, թէ ծաղիկի նման ճանճեր վէրքի մը թարախը կը փոխադրեն ուրիշի մը։
       Կարիճէն զատ, օձեր եւ այլ վնասիչ սողուններ եւս կը գտնուին։ Սովորութիւն մը ունին, որ մանկանց ոտներ ու պճեղները փոքրիկ զանգակաց շարք մը կը կապեն, ոմանք նաեւ՝ բազուկներն ալ, որպէս զի զանգակաց ձայնէն փախչին եւ չհպին մանկանց խայթիչները։ Բայց այս բանը միանգամայն եղած է մանկանց սիրելի հաճոյք մը եւ զարդ։ Շատերը արծաթէ կը շինեն։ Մանուկն շատ կը զուարճանայ ոտքի ելնելու եւ թաթիկները շարժելու։
       Յիշելու արժանի շատ բան կը մնայ, մանաւանդ տնական կեանքէն, ինչպէս պրգեշ , որ հացէն առաջ կը պատրաստեն մեծ սինիի մը վրայ գոյնզգոյն, տեսակ-տեսակ թունդ ըմպելեօք։ Հոն կը դասաւորեն իբր քսան տեսակ մէզէ, շաքարներ, պահարներ, բոված կթուններ, չամիչներ, արմաւ, խմորեղէնք եւ այլն։ Կը խմեն ընդ երկայն՝ ծխելով թէմպէքին եւ թիւթիւնն։ Կը գրգռուի արիւնն եւ ուղեղներ, տաք-տաք խօսքեր եւ վէճեր կ’սկսին, ոմանք կը թմրին, այնուհետեւ հացի սեղան կուգայ, ափսո՜ս կերակուրներ ոչ ոք կուտէ։
       Պատուական օշարակներ եւ Շարապի հարիր կը շինեն՝ վարդ կամ մանիշակ շաքարի հետ եփելով։ Պտղոց եւ գրեթէ ամէն տեսակ մրգեղինաց առատութիւն է, իսկ իւր ձմերուկն ու սեխը թէ՛ համով եւ թէ՛ մեծութեամբ ոչ մէկ տեղ չկայ։ Տիգրիսը առատ ձուկ կ’ընծայէ, միսն ու կարագը աժան եւ ընտիր, թէ՛ գաւառին մէջ սպառելիք եւ թէ՛ դուրսերը վաճառելիք նիւթերն են ցորեն, գարի, շերամի հունտ եւ բոժոժ, ափիոն, շուշմայ, բրինձ, կորեկ, սիսեռ, ոսպ, կտաւատ, քուշնայ, ճօլպան, շրէշ, բամբակ, ընկոյզ, պտում, պընտուկ, գղթոր, տորոն, խէժ, անթուֆ, փորիկ, շաղկալօր, նուշ, թուզ, խաղողի չամիչ, չորցուցած սեւ սալոր՝ աշպապիէ, մեղր, մոմ, այլեւայլ միրգեր, թիֆթիկ, սեկ, չբանուած կաշի եզանց եւ խաշանց, բուրդ, կարպետ եւ այլ փռոցներ, հագուստի եւ զարդուց տարազներ, որ իրենց մէջ կը գործուին, բամբակեայ, կերպասեայ եւ շալեղէն, իսկ խոշոր ձիթապտուղ կ’ելնէ Տէրըկէն, որ 12 ժամ հեռի է քաղաքէն, եւ այլն։
       Դրսէն կը ներմուծէ տարին իբր 80 հազար լիրայի՝ ներկեալ մանած եւ մալիֆաթուռայ, եւ իբր 20 հազար լիրայի զանազանք, այսինքն լեղակ՝ մեծ քանակութեամբ, գըրմըզ, սուրճ եւ շաքար, քէօսէլէ եւ վիտօլայ, ահթէրիյէ եւ թուհաֆիէ, քարփիցայ, ապակի, ղալայ եւ նիշատիր, երկաթ եւ պղինձ, թէնէքէ եւ վառելու կազ եւ այլն։
       Ասոնցմէ զատ Պարսկաստանէն, Բաղդատէն եւ Հալէպէն եւ հիւսիսային Հայաստանէն տեղական ապրանքներ եւ այլեւայլ պէտքեր՝ իբր 25 հազար լիրայի։
       Որոնող մը կրնայ շատ ընտիր եւ հազուագիւտ թանգարուեստ նիւթեր գտնել Տիգրանակերտի մէջ, Հնդկաստանի, Ճաբոնի, Պարսի եւ Չինի ապրանքներէն եւ անօթներէն, նոյնպէս կը գտնուին հին դրամներ, հին զէնքեր եւ այլն ասոր-անոր քով։
       Քաղաքն ալ կը թուի, թէ իր շէնքերու եւ փլատակ տեղերու տակ ունի հնութիւններ. փողոցներու մէջ յաճախ կը տեսնուին աւերակներէ հանուած զանազան ձեւով մարմարեայ քարեր եւ սիւներ, եւ կը պատմէին, որ եթէ թոյլտուութիւն լինէր կրկտել, հին շէնքեր եւ այլեւայլ հնութիւններ յար եւ պիտի գան։ Շուկայի մէջ կը ցուցնեն, որոյ ներքեւ ծածկեալ կայ հին շէնք մը։ Կ’ըսեն, որ ունի ոսկի գօտիով սիւն մը, եւ այն սիւնի տակ գանձ կայ, զորս հին աւուրց շէխեր եւ կարդացողներ միայն գիտեն եւ իրենց յաջորդաց կ’աւանդեն, եւ այդ տոհմն կը կարծուին Շէմսի կրօնին կրօնապետաց սերունդէն՝ ժամանակին մահմետական եղած։ Վհուկներու, աստղագուշակներու եւ կերպ-կերպ հմայութիւն ընողներու բազմութեամբ լի է այդ քաղաքն եւ իւր գաւառը, դաս-դաս կանայք մեծաւ մասամբ եւ արք, ունին նկարներ իրենց ճակատուց, երեսաց, ձեռաց, բազկաց վրայ։ Անոնց տեսակները եւ զայնս ունեցող ցեղերը կը գրաւեն դիտողի մը ուշքը։ Ես օրինակել տուած եմ Շիշմանեան Պ. Մկրտիչ Խոսրովին, որ հանճարեղ եւ աշխատասէր պատանի մ’էր՝ լի եռանդով եւ գեղարուեստից եւ ուսմանց փափագով, բայց, ափսոս, կը պակսէր իրեն յառաջադիմելու եւ կատարելագործելու ասպարէզը։ Թէ՛ նա եւ թէ՛ իրեն նմաններ ո՛րքան կը գտնուին ազգին մէջ, որոց հանճարը կը մնայ անմշակ, որք կրնային մէկ-մէկ լաւ վարպետներ լինել եւ մեծ օգուտներ ընծայել գիտութեան եւ պատմութեան։ Յիշեալ պարոնին օրինակել տուի նաեւ պէն ու սէնի բուրգերը, որոց պատկերները ահա կը դնենք այստեղ։ Երանի, թէ դիւրութիւն լինէր մեզ պէս ուղեգրաց, ամէն նշանաւոր շինից, աւերակաց, վայրաց եւ անձանց պատկերներ առնլու, որով մեծ օգուտ եւ հաճոյքը կը լինէր ընթերցողաց համար։ Բայց առ այժմ կը մնանք զրկեալ։
       Մարմնոց վրայ նկարը, որ սովորաբար ասեղով կը ծակեն ու կապոյտ մելանի գոյն մը կ’առնու, ինչպէս մեր մըղտեսիներու ձեռաց եւ բազկաց վրայ եղածները։ Ամէն բանգէտը գիտէ, թէ քրիստոնէութեան կամ Երուսաղէմ ուխտի գնացողին յատուկ չէ այն նկարն, այլ շատ հին է մարդոց մէջ։ Նկարն վերջին դարերը գտնուած վայրենի մարդոց վրայ ալ տեսնուած է, եւ, ընդհանրապէս, Ափրիկէի կամ Արաբիոյ աշխարհաց կամ անոնց մերձաբնակ ցեղերուն մէջ յաճախեալ։ Արդեօք այդ նոր գտնուած երկիրներու մարդն մեր հարաւաբնակաց հատուա՞ծն է եղեր ժամանակաւ, որ իր վրայ կը պահէ այդ սովորոյթքը։ Բայց ինչ որ լինի, կը թուի, թէ այդ նկարը խորհրդանշան մը, յիշատակ մը կամ յուշարար մի է կրօնական գաղափարի մը, սիրելւոյ մը կամ նուիրական ու հաճոյական առարկայի մը, որպէս մըղտեսիք կը նկարեն Քրիստոսի Ս. Յարութիւն, Ծնունդ եւ այլն, եւ ինչպէս երբեմն Մարգարէն ’ի դիմաց Իսրայէլի, որ գերի կ’երթար ’ի Բաբիլոն, Սիոնի կարօտն զգալու, չ’մոռանալու եւ միշտ աչքի առջեւն ունենալով զայն՝ օտարութեան չվարժելու, այլ միշտ յիշելու համար Աստուծոյ քաղաքը, կ’ըսէր. «Ի վերայ բազկաց իմոց նկարեցից զքեզ, Երուսաղէմ»։ Այս նուիրական եւ յոյժ սխրալի գաղափարին հետ կար ուրեմն այդ նկարի արուեստն ու սովորութիւնն եւս այն օր։
       Վիճակիս գաւառները ու գեղերը թէպէտ անձամբ չ’կրցայ շրջիլ մանրամասնօրէն, բայց արդէն նախածանօթութիւն ունէի, եւ բնակիչներէն շատերը գտնուեցան Տիգրանակերտը, որք գոհացուցիչ տեղեկութիւններ կրցան տալ։ Թէպէտ Առաջնորդարանի կողմէն ալ գրողներ ղրկուած էին, բայց անոնք ուրիշ մանած ունէին ներկելիք. ’ի զուր սպասեցինք եւ խնդրեցինք անոնց։
       Սղերտ Տիգրանակերտի վիլայէթին կարեւոր մութասարիֆութենէն մին էր, որում կը պատկանէր Սասունք եւ գրեթէ այն լեռնագաւառաց մեծ մասն։ Յետոյ այդ տեղերը եւ Սղերտն տրուեցան Բաղիշոյ վիլայէթին, յորս քրդաց մեծ բազմութիւն մը եւ բաւական Եզիտներ կը գտնուին, եւ ադոնց բնակակից Հայք եւ սակաւաթիւ Ասորիք ամէն կերպով կը նմանին քրդաց՝ բաց ’ի կրօնական տարբերութենէն։ Շատերը նոյն իսկ քրդախօս են, եւ արանց ու կանանց հագուստն, կենցաղն նմանօրինակ են, այնպէս որ եթէ եկեղեցի, քահանայ եւ քանի մը կրօնական բառեր, իրենց անունները ու ծէսերը չ’տեսնուին, դժուար է զանազանել, թէ եւ յաճախ անուններ ալ կան քրդերէն։ Եւ որովհետեւ քրդաց զանազան ցեղեր ու սահմանակիցներ ստէպ չնչին պատճառներով զինակռիւ կ’ընեն միմեանց հետ, Հայն ալ անխտիր իր գտնուած տեղւոյն ու ցեղին հետ կռուի կ’երթայ հակառակորդին դէմ, ուր կը գտնուի նոյնպէս Հայ։ Այս է պատճառ, որ զինեալ են եւ վարժ, մինչեւ անգամ կանայք, ’ի հարկին։ Սասնոյ մասին մէջ ամիրա ցեղէ քրդեր կան, որ ունին իրենց, իբրեւ ստացուածք, գեղացիները, որոցմէ թեթեւ, այլ անհրաժարելի տարեկան տուրքեր կ’առնուն։ Ուստի շատ անգամ եթէ մէկ ամիրայի Հայն ուրիշ ամիրայի մը մարդոցմէն կամ այլում սահմանին մէջ կողոպտուի կամ կեղեքուի, ’ի պաշտպանութիւն հայուն կռիւ կը ծագի ամիրայից մէջ մինչեւ գոհացում տրուի։ Կը պատահի այս մարտից օրերը, որոյ ամիրայք ’ի վրէժ միմեանց ինչպէս նախիր կամ ոչխարը կը յափշտակեն ոսոխին, նոյնպէս եւ անոր հայն, որոցմէ ոմանք կը խողխողուին եւս։ Զարմանալի է, որ այդ ամիրայք իրենց վրայ բաժնած են նաեւ հեռաւոր գաւառներէ հոն գնացող անձինք. զորօրինակ, Իզմիրցին մէկինն է, Պօլսեցին մէկին, Պուրսացին ասոր, Կարնեցին, Վանցին անոր եւ այլն։ Եւ այսպէս եթէ այդ երկիրներէն ոք հանդիպի կամ բնակի այն կողմն, իր ամիրայն ծանօթ է, իւր իրաւասութեան տակը կ’առնու, եւ անոր անունով կը ճանչցուի։
       Այդ կողմերու Հայոց մէջ թէպէտ Բողոքականները շատուց յաջողած են մուտ գտնել, բայց որսեր չ’ունին։ Ինչպէս Սղերդի, նոյնպէս եւ Ռընտվանի մէջ, Հայոց Միացեալ ընկերութեանց ձեռքով եւ Սովելոց Յանձնաժողովոյ նպաստիւք բացած վարժարաններ մեծ բարիք եղան այն ժողովրդոց։
       Տիգրանակերտի Առաջնորդական վիճակը տասն գաւառէ եւ գաւառակներէ կը բաղկանայ։ Բայց ասոնց մեծ մասն Մշոյ Ս. Յօհաննու վանքին, Ս. Առաքելոց վանքին եւ Սասնոյ Մատին Առաքելոյ վանքին թեմերն են, յորս ամէն տարի նուիրակներ կը շրջին։ Երեք տարին անգամ մ’ալ Մշոյ Ս. Կարապետի նուիրակն կուգայ։ Եւ այս թեմերը այդ վանքերուն յոյժ արդիւնաւոր պտղատուներն են, որք ունին անկեղծ ջերմեռանդութիւն եւ պնդութիւն Ս. եկեղեցւոյ օրինաց, կանոնաց, պահոց եւ աղօթից։ Իրենք ալ մեծ բազմութեամբ կը դիմեն ուխտի, եւ խոստումներ ու զանազան նուիրանքներ կը մատուցանեն։ Այս թեմերէն Սլիվանու, Պշէրիկու եւ Բահրամի Հայք քրդախօս են, իսկ մնացեալք հայերէն կը խօսին։