Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՐԶՈՒԱՆՈՒ ՉԱՐԽԱՓԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔ

      

Մայիս 15։ Քաղաքի Թաղ[ական] Խորհրդոյ Ատենապետը եւ անդամներէն քանի մը անձինք միատեղ առնելով՝ գնացինք այս վանքը, որ Ամասիոյ ընդարձակ վիճակին մէջ միակ վանք է, ուր կը նստի Թեմական Առանջնորդ։ Հոս կը յաճախեն գրեթէ ամէն շաբթու ուխտաւորք Մարզուանէն եւ այլ թեմերէն, որուն հռչակը մեծ է ոչ միայն իբրեւ հրաշալի սուրբ ուխտ մը, այլ եւ ճոխ, շէն եւ ընդարձակ հողատէր։ Վանքը շինուած է դաշտավայրի մէջ, Լիճք գեղի մէկ անկիւնը, օդը ծանր է բաղդատմամբ Մարզուանին, ուստից 3 քառորդ ժամ հեռի է։ Կը շրջապատեն վանքը իր գեղեցիկ եւ արգասաբեր արտորայք, որ 52 կտոր են, որոց հաստատուն կալուածագրեր կան եղեր, բայց մեք անոնց օրինակները միայն տեսանք արձանագրութեան մը մէջ։ Հողերը գեղացւոց կիսրար տուած են, սերմն ու ջուրն ալ վանքը կու տայ, մնացեալ բոլոր աշխատութիւնը գեղացին կ’ընէ եւ արդիւնքը կը կիսէ։ Պօլսոյ 2000 քիլէի չափով սերմամուտ է արտերու տարածութիւնը եւ բոլոր գաւառի մէջ գտնուածէն ընտիր։ Կը հաւաստէին թէ տարեկան 25-30000 ղուրուշ վարձք տուող կայ արտերուն, բայց չեն յանձներ, այն ինչ իրենց հնձածը խիստ աննշան է։
       Վանքին հիւսիսակողմը կ’իյնայ դրախտը զոր Խաս պաղչայ կ’անուանեն, երբեմն բարգաւաճ ու շէն, իսկ այժմ ամայի եւ խոպան։ Շատ թթենեաց տեղեր կ’երեւան, որոց ծառերը կտրուած են, եւ ընդարձակ շերամնոց, որոց աւերակը ցոյց տուին։ Դրախտիս մէջը կայ գեղեցիկ աւազան մը առատ ու մշտահոս ջրոյ, որ ծառերը եւ ածուները ոռոգելէն զկնի կ’երթայ թափի վանքի պարսպէն դուրս յարեւելս եղած մեծ աւազանը կամ լիճը, ուր միւս աղբերաց ջրերը եւ Լոյս աղբիւրը կը լճանան, եւ վանքի արտերուն ջուր կը բաշխեն։ Վանքի բակէն դրախտը երթալու համար դռնէ մը կը մտնես, ուր աւերակաց կոյտ մը աչքիդ առջեւ կու գայ, Ուխտաւորաց թաղ անունով, որ չորեքկուսի կրկնայարկ սենեակներ են եղած, ամենքն ալ փլած, միայն բակին կողմը 3-4 սենեկաց կմախքներ դեռ կը կենան, բայց անգործածելի. վասն զի որոց առաստաղը չկայ, որոց գերանները հանուած, որոց պատը չկայ, որոց սանդուխները բեկբեկած եւ այլն։ Վերոյիշեալ աւերակաց կից ընդարձակ շէնքի մը փլատակ եւս կայ, որ անասնոց գոմ է եղած, որոյ մէկ կողմն է մարագ, ասոր ալ պատերէն մէկը փլած, եւ աղբիւր մը այս աւերակաց մէջ՝ ցամքած։ Կը հաստատէին ցաւօք սրտի թէ այս ամէն տխուր եւ ցաւառիթ տեսարանը տեղի ունեցած է տասն տարիէ հետէ, Եդեսեան Սրբազանի առաջնորդութեան ոչ անհոգութենէն, այլ յատուկ հոգատարութենէն։
       Դրսի բակի մէջ երկու մեծ դռներ կը բացուին դէմ առ դէմ, քանի մը սենեակներ կան մէկ կողմը, բայց անբնակելի վիճակի մէջ։ Հոս է վանքին շտեմարանոցը՝ բաւական ընդարձակ, որոյ մէջ զետեղուած են հինգ կտոր տախտակաշէն մեծ եւ երկու կտոր միջակ ամբարներ ցորենոյ, գարւոյ եւ ալիւրի։ Շտեմարանոցի հանդէպ է ձիերու ախոռն, որոյ դրան քով կը հոսի աղբիւր մը։
       Քարաշէն ցած դռնով մը կը մտնենք ներսի բակը։ Հոս է Վարժարան անունով ցած եւ փոքր շէնք մը, ուր սակայն հետք անգամ չկայ վարժարանի։ Կ’ըսէին՝ եղեր է երբեմն։ Ասոր կից է Մատաղ եփելու սենեակ, վարժարանին դիմացը՝ Նազիրի (տեսչի) սենեակ։ Այս բակը, որ խիստ անձուկ է, փոքր դռնով մը կը տանի Եկեղեցւոյ բակը, ուստի յարեւմուտս կը մտնենք Միաբանից թաղը, որոյ խուցերը շինուած են փոքրիկ պարտէզի մը շուրջ։ Այս թաղը կը բաղկանայ տասն սենեակներէ, մէկ խոհանոցէ եւ մէկ սեղանատունէ։ Ունի նաեւ երկու սենեակով Առաջնորդարան մը վերին յարկը։ Այս թաղին մէջն էր Թանգարանի սենեակ, յորում գրատուն մը, այլ գրքերու վիճակը եւ սենեկի անկարգութիւնը աննկարագրելի էր։ Այս սենեկի դարաններու մէջը սնտուկով կը պահուէին եկեղեցական թանգ անօթներ եւ զգեստներ։
       Այս ամէն շէնքերը հում աղիւսով եւ հողով շինուած են, գրեթէ բովանդակ շէնքը խարխալեալ. կարծես թէ երկար ատեն մարդ բնակած չլինէր հոս, այլ սակայն Եդեսեան Սրբազանի Աթոռն էր սա, եւ Ն. Սրբազնութենէն ձեռնադրուած Մամբրէ եւ Մուշեղ ուսումնական վարդապետներ այս վանքին միաբան էին, եւ 40 տարիէն աւելի միաբան։ Մազերով, այլ ոչ երեսով ճերմակ՝ Յօհ. Վ. Մ. Յակոբ Քիրիշճեան անունով մէկը ամսականով կարգեալ էր տեսուչ Ամասիոյ գաւառական վարչութենէն, եւ Մարզուանցի Քիրամիտճեան Յակոբ աղան՝ հոգաբարձու։ Թէպէտ ես չը կրցի ճշդիւ հասկընալ, թէ տեսչի պաշտօնն ի՞նչ էր, հոգաբարձութեանը ի՞նչ, այլ կը թուէր, թէ այս վերջինն վերին տեսչութիւնը կը վարէր։ Ասոնցմէ զատ կային 3 մշակ, 1 լուսարար, եւ 11/2 տնտես։
       Տեսչի ձեռքի տակն էր իբր թէ ամէն ինչ, բայց ինքը գիտէր ու կ’ընէր ոչինչ։ Երբ գրքերու ցանկն խնդրեցինք եւ կ’ուզէինք հետազօտել ձեռագիր գրեանքն, հարկ չթողուց տեսուչն՝ ըսելով, թէ շատ գիրքեր պակսած են։ Հարցուցինք, թէ ի՞նչ եւ քանի՞ անասուններ ունի վանքս։ Ղրկեց երկու գեղացի եւ երկու մշակ կանչեց, հինգ հոգւով տասն ձեռօք հաշուեցի՛ն, հաշուեցի՛ն, հազիւ գտան 6 գոմէշ, 15 կով ու եզն, 1 ձի եւ 1 էշ։
       Ձեռք մը եպիսկոպոսական ընտիր զգեստ մարգ[ար]տայեռ՝ Պուղտաճեանի յիշատակ, տեսչի հսկողութեան տակն էր։ Թագին մարգարիտները հաներ էին, եւ ինքն չէր իմացեր։ Արդեօք ո՞վ էր հաներ փականքներու տակէն. ոգինե՞րը…։ Մեր հարցուփորձին ներկայ էր նաեւ Հոգաբարձուն, սակայն չէր հաճեր պատասխան տալ, եւ իւր խորհրդաւոր լռութիւնն կա՛մ արհամարհանք մի էր, կա՛մ ինքն ալ տեղեկութիւն չունենալը կը նշանակէր։ Գուցէ վերջինն էր ստոյգ, վասն զի մեզի չափ ինքն ալ զարմանօք կը դիտէր ու կը հետազօտէր մասնաւորապէս եկեղեցւոյ զգեստներ եւ անօթները, որոց մէջ շատ մը արծաթէ եւ ոսկիէ խաչեր, սկիհներ, բուրվառներ, սաղաւարտներ, աւետարանի կողեր, խնկանոցներ, կանթեղներ, գաւազաններ եւ գօտիներ, նաեւ՝ թանկագին թաւիշէ մարգարտայեռ ու ոսկեթել զգեստ եպիսկոպոսական, եւ ճղլակ թագեր, եւ այլն, կային։
       Վանքիս Ս. Տաճարն քարաշէն է, կամարակապ, չորս սիւնի վրայ։ Աւագ խորանն յանուն Ս. Աստուածածնի է, Աջակողմեանը՝ Ս. Լուսաւորչին, եւ ձախակողմեանը՝ Ս. Նշանին։ Երկու փոքր մատուռ ալ ունի երկու կողմը՝ դռները եկեղեցւոյ միջէն, մին՝ յանուն Անդրէաս Առաքելոյն, զոր հիմնուած կ’աւանդեն նոյն Առաքեալէն, եւ ապա նորա անունով։ Հոս կը պահուի Աջ յիշեալ Ս. Առաքելոյն, իսկ միւսը՝ յանուն Ս. Կարապետի է։ Տաճարիս դրան կողմն է վերնատուն կանանց։
       Եկեղեցւոյ Աթոռն, ուր Առաջնորդն կը բազմի, կռնակին վրայ խոշոր գրերով գրուած է. «Հնազանդ լերուք Առաջնորդաց ձերոց եւ հպատակ կացէք նոցա»։ Ժողովրդական պատուէր, զոր քամակէն կ’աւանդէ Առաջնորդն եւ իր աչօք կ’ընթեռնու ժողովուրդն։ Իսկ ո՞ւր պէտք էր գրել ուրեմն Առաջնորդին վերաբերեալը. «Արածեցէք, որ ’ի ձեզ հօտդ է Աստուծոյ, մի՛ զօշաքաղութեամբ, այլ յօժարութեամբ, մի՛ իբրեւ տիրելով վիճակացն, այլ լինել օրինակ հօտին…» ( Պետր. Թղթ. Ա., Գլ. Ե., Հմր. 2), որպէս զի յամենայն ժամ ընթեռնոյր եւ ’ի միտ առնոյր Առաջնորդն ալ իւր պաշտօնին պատուէրը։
       Ս. Տաճարի դրան ճակատին վրայ քանդակեալ կայր յիշատակագիրս.
       «Չար խափան վանքս Աստուածածնի,
       Նախահիմնեալն Անդրէի,
       Յաւազակաց այրեալ քակի,
       Մնայ յիսուն ամ ամայի.
       Ի Լինոպոնդեայ գաւառի
       Յամասիոյ հուպ նահանգի,
       Ի Վեռիոյ արձակ դաշտի,
       Եւ ’ի գեղջն որ Լիճ ասի,
       Ի տեսչութեան արհւոյ դիտի,
       Տեառն Յօհաննու վարդապետի,
       Երբեմն Պօլսոյ Պատրիարքի,
       Պաղտատցի մականուանողի,
       Այն որ գթածն է ողորմի,
       Շինման սորին հրաման լինի,
       Զգուշութեամբ սկսանի,
       Ի հիմանէ նոր նորոգի,
       Քաջ ծերունեաց վերակացուի,
       Յիշատակ մեծ յետ թողանի,
       Առատ տրովք իւր վիճակի,
       Յոլով ջանիւք Հայկայ սեռի,
       Ի մեր Հայոց թուականի,
       Քսան եւ չորս յօբելինի…»։
       Ս. Կարապետի մատրան առջեւ, բակին մէջն է յիշատակեալ Պաղտատցի Յօհաննէս եպիսկոպոսին շիրիմը, եւ անոր քով՝ «Սիւնեաց Օրբելեան տոհմէն, Ս. Էջմիածնի նուիրակ, եւ Կ. Պօլսոյ Պատրիարք Աբրահամ եպիսկոպոսի» շիրիմն։
       Վանքիս պարսպէն դուրս տնկուած կան շատ մը ուռի ծառեր, նորերը՝ Եդեսեան Սրբազանի օրով։ Կան նաեւ կաղամախի եւ շատ մը ընկուզի ծառեր։ Օդի ապականութեան պատճառն է ոչ միայն վանքի դիրքը, այլ եւ մեծ լճի ջրոց երեսի եւ եզերաց մամուռներու նեխութեան հոտը, ներքին եւ արտաքին բակերուն եւ շրջապատին աղտոտութիւնները, շէնքերու անկանոնութիւնը, մանաւանդ միաբանից թաղին, որ օդ առնելու տեղ խիստ քիչ ունի, եւ սննդեան անկանոնութիւնն ու նուազութիւնը։
       Երկու այգի կայ վանքիս՝ Մարզուանու այգեստանեայց մէջը, մին՝ 5600 որթոյ կոճով, միւսը՝ 4000, բայց ասոնք կալուածագիր չունին։ Հարիւրէն աւելի փեթակ ունին, մեղրն ու մոմն ընտիր։
       Կայ նաեւ ընդարձակ արօտատեղի մը (եայլա) սեպհական, վանքէն չորս ժամ հեռի Տավշան տաղին կամ Խաչին լեռը։ Արօտատեղւոյն շրջապատը 5 1/2 ժամ է, այժմ ձգուած երեսի վրայ, ուր այլք իրենց խաշինքը կը բուծանեն եւ տեղւոյն կը տիրանան։ Խաչի լեռը՝ անտառոտ, ջրաւէտ եւ ծաղկաւէտ է։ Ուխտ եւ խորհուրդ ունեցողները յաճախ կ’երթան հոն։ Ջրերու մէջ խաչեր կան ձգած, որուն որ պատահի հանել նոյն խաչերէն մէկը, անոր ուխտն ու խորհուրդը կատարուած է։ Կարի զբօսալի եւ հովասուն կը նկարագրեն այս լեռը, ուր գաւառին ամէն կողմէն գրեթէ ամառուան տօթուն շատեր կ’երթան ամիսներով կը կենան։ Վանքի ձեռագիր արձանագրութեան մը միջէն օրինակուած է հետեւեալն.
       «Տավշան տաղիի վրայ, որ Խաչի լեառն ալ կ’ըսուի, Վարք սրբոցէն առնելով՝ Ս. Սուքիաս ճգնաւորը բաւական ժամանակ ճգնութիւն ըրած եւ իջած է Ս. վանքը շինելու, որու ճգնած անտառի վրայէն տասն մասուրայի չափ մաքուր ջուր կը բղխի, եւ ամէն տարի Վարդավառի տօնին շատ տեղերէ ուխտաւորներ կ’երթան, եւ հոն պաշտօն եւ պատարագ կը մատուցուի։ Եւ այս տեղէն երկու հազար կանգնոյ չափ հեռի դէպ ’ի արեւմտեան հարաւային կողմը կայ գերեզման մը, որ Բարաղամ ճգնաւորի գերեզմանն է, կ’ըսուի, աւանդութեամբ…»։
       Ասկէ եօթն տարի առաջ 800 ոչխար ունեցեր է վանքս, զորս վաճառեր է Եդեսեան Սրբազան՝ իբրեւ Առաջնորդ, որոց գինը 170 ոսկի յանձնած է Եէնիճեցի Համբարձումին, իբր աւանդ, թէպէտ հաւատարիմ անձն, բայց այսօր վճարելու անկարող վիճակի մէջ է, կ’ըսէին։ Նոյն տարին վաճառեր է նաեւ վանքի արծաթներէն 19 հօխայ, որոց գինէն՝ 15000 ղուրուշը Մարզուանցի Քիրէմիաճեան Յակոբին, 15000 ղուրուշը Մարզուանցի Գասպարեան Ղազարին, եւ 8000 ղուրուշը Հաճիգեղցի Չէրքէզեան Գրիգորին տրուած է մուրհակաւ։
       Վանքս չունի այսօր երկրագործութեան համար լուծք, եւ ոչ ոչխար կամ այծ մը։ Թեմերէն պտղին ու հոգեբաժին ալ իսպառ կտրած է, վասն զի՝ «Աստուած ողորմի եւ Հոգւոց» ըսողներ չկան վանքը։ Սրբազանն յաճախ բացակայ կը գտնուի վանքէն իր նորընծայ Մամբրէին հետ կամ թեմերը կամ լճին եզրերը. նորընծայ Մուշեղն Մարզուանն է, հին Յօհ. Վ. ալ տաճարի դրան կը նայի թէպէտ իր սենեկէն, բայց երբէք ոտքը չփոխեր ներս սեմէն։ Տէր Զենոբ Քահանայ մի կայ, որ միայն շաբաթ երեկոյ եւ կիրակի առաւօտ Մարզուանէն կու գայ, ժամերգութիւն կը կատարէ գեղացւոց եւ ուխտաւորաց համար ու կը դառնայ։
       Քանի մը տարի է, որ Եդեսեան Սրբազան կը ջանայ նոր ջուր հանել վանքի արտերուն համար. արդարեւ օգտակար մտածմունք, այլ երկար եւ անյաջող եղած է գործը, բաւական ալ ստակ մսխուած է, դեռ կը շարունակէր։ Վանքիս դրամական եկամուտը կը կազմէ տարին 40000 ղրշ. միայն 32000 ղրշ. ի ցորեն եւ յարդ կը վաճառի, մնացեալը ուխտաւորաց եւ այգեաց եկամուտն է։ Որովհետեւ մեզ երեւցածէն կը դիտէինք, որ ծախքի տեղ չունէին, ուրեմն, ուրախութեամբ հարցուցինք.
       –Վանքը բաւական դրամ ունենալո՞ւ է։
       Պատասխանեցին՝ Ոչ, այլ պարտք ունի (’ի բաց առեալ արծաթի եւ ոչխարի գինը)։
       –Շէն կենաք, ըսինք, եւ մեկնեցանք։
       Մեր այցելած օրը Եդեսեան Սրբազան վանքը չէր, այլ ամիսէ մը աւելի Հաճի գեղը կը գտնուէր։ Վերջին օրերս դարձաւ։ Մարզուանի մէջ արտաքոյ կարգի քաղաքավարութեամբ մը մեծարեց զիս, զոր աւելորդ կը համարիմ գրել, եւ հետեւեալ օրը, մեր ուղին վանքի քովէն անցնելով, յատուկ ’ի տես գնացի Ն. Սրբազնութեան, զոր գտայ իր սովորական վիճակին մէջ։ Նա յանձնեց ինձ տաճկերէն գրութեան պատճէն մը, յորում նշանակուած էին մի առ մի վանքի բովանդակ արտերը։ Ասոր բնագիրը շինել տուած է Յակոբոս Ս. Պատրիարք 25 տարի յառաջ, եւ պատճէններէն մի քանին վաւերացնել տուած է Տեղ. կառավարութեան Եդեսեան սրբազանը, բայց այս ինչ որ է, ոչինչ արժեր է թափուի օրինաց առջեւ, բոլոր արտերն ալ թափու ըրած են եւ էմլաքի տուրք կ‏ ’պահանջեն վանքէն, թէպէտ ասոնք ալ դեռ բան մը տուած չեն։ Ըսաւ ինձ, թէ քանի մ’ալ հրովարտակներ ունի վանքը իր հողային կալուածոց համար։ Խնդրեցի, բայց չհաճեցաւ ցոյց տալ, թէպէտ ոմանք կը պնդէին, թէ չկայ, վասն զի եթէ ունենար, ոչ էմլաքը պիտի վճարէր եւ ոչ տասանորդը։
       Ն. Սրբազնութիւնը տխրագին կը գանգատէր իր վիճակէն։ Ուրախ էր Առաջնորդութենէն հրաժարելուն եւ հրաժարագիրն ընդունուելուն, փափագ կը յայտնէր վանքին վանահայր մնալ եւ բարեկարգ ու արդիւնաւոր վիճակի վերածել զայն նիւթապէս եւ բարոյապէս։ Զոր Ս. Պատրիարքին խորի՜ն ուշադրութեան յանձնեցի։
       Վանքս ունէր 150 կտորի չափ տպեալ մեծ եւ փոքր գրեանք, որոց մէջ պիտանիներ ալ կային բաւական թուով, իսկ ձեռագիրները ասոնք են, զորս ցանկէն օրինակեցի.
       1. Աստուածանմանութիւն . ’ի Պետրոս վարդապետէ Նախջեւանցւոյ։ 1. Աւետարանական առակք ։ 1. Առակագիրք Սողոմոնի, մագաղաթ։ 1. Աղբիւր բացեալ՝ ’ի Պետրոս վարդապետէ Նախջեւանցւոյ։ 1. Բանք ոսկիականք 1. Բառարանի տետրակ։ 1. Գաւազանագիրք։ 1. Տեսութիւն առակացն Սողոմօնի, մագաղաթ, ’ի Ներսիսէ եպիսկոպոսէ Տարսոնի… «’Ի թվ. Հայոց ’ի վեց հարիւր Խ եւ վեց յաւարտեալ…»։ - Երես ՅԿԲ. «Գրիգորի եպիսկոպոսի Նիւսիայ խօսք յինն երանութիւն. բան Առաջին, (Երանի աղքատաց հոգւով)…»։ - Երես ՅԾԱ. «Ներսիսի եպիսկոպոսի Կիւլիկեցւոյ Տարսոնի խորհրդածութիւն վասն ուղղափառ հաւատոյ եկեղեցւոյ, որ ’ի սուրբ Երրորդութիւնն եւ ’ի տնօրինութիւնն Քրիստոսի»։ - Երես ՅԽԹ. «Յիշատակարան Յակոբ քահանայի Կ. Պօլսեցւոյ… որ Խոշորազգեստ լինելով, մսահատ, եւ պարկեշտ կրօնիւք… երբեմն ’ի սուրբ Յարութիւն կալով Քրիստոսի սուրբ Գերեզմանին ծառայելով… յիշեցէք զստացող գրոյս կուսակրօն Յակոբ աբեղայս, զծնողսն եւ զեղբայրսն եւ զքոյրսն… աւարտեցի ’ի սուրբ քաղաքն Երուսաղէմ, ’ի թվ. Հայոց ՌՃԼԸին…»։ «Զմեղաւոր եւ զանարժան սարկաւագ Յովսէփ գրիչս յիշեցէք…»։
       ’Ի վախճան մատենին.
       «Թուղթ ’ի Ներսիսէ արքեպիսկոպոսէ Կիլիկեցւոց Տարսոնի պատասխանի Յուսկան արգելական ճգնաւորի ’ի մեծն Անտիոք, յորում լուծանէ զհարցումն կղերիկոսացն Անտիոքու վասն որ ’ի Հայք աստուածային շնորհի ճշմարտութեան ’ի վերայ քահանայական կարգի եւ ժողովրդականացն ուղիղ հաւատով, որ ’ի Քրիստոս»։
       Մարզուանու եկեղեցին եւս ձեռագիր մատեաններ ունէր, բայց անձեռնհաս եղայ կրկտելու յիշատակագիրերու թուականներն օրինակելու։