Ս.
ՆՇԱՆԻ
ՎԱՆՔ
ԿԱՄ
Ս.
ՅՕՀԱՆ
ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ
Թօքատէն
չորս
ժամ
հեռի՝
Բիզէռի
անուն
գիւղին
մէջ,
կառուցեալ
է
սոյն
վանքը։
Բիզէռի
կամ
«Բիծէռի
Հայոց
ՋԽԷ.
թուին
տակաւին
ութն
հարիւր
տուն
Հայ
բնակիչ
եւ
Ժ.
քահանայ»
ունէր,
ըստ
յիշատակարանի
ձեռագիր
մաշտոցի
մը
նոյն
վանուց։
Վանքս
հիմնարկեալ
եղեր
է
Վասպուրականի
Սենեքերիմ
արքայի
երեք
որդիներէն՝
ըստ
աւանդութեան
եւ
ըստ
ձեռագիր
յիշատակարանաց։
Արքայորդիք
մէկ-մէկ
խորան
կառուցած
են
իրենց
յիշատակին,
աւագ
խորան՝
Ս.
Նշան,
որոյ
անուամբն
է
վանքն,
միւսները՝
Ս.
Գրիգոր
եւ
Ս.
Կարապետ։
Շինութենէն
իբր
չորս
տարի
յետոյ
Սենեքերիմ
արքայն
Կոմանայէն
բերել
տուած
է
Ս.
Յօհ.
Ոսկեբերանի
տապանաքարը
եւ
զետեղած
է
Ս.
Նշանի
տաճարին
ձախ
կողմն՝
կից
յորմն։
Այս
տապանաքարը
ճշմարիտ
հնութիւն
մ’է՝
նուիրական
եւ
պաշտելի։
Թէ՛
տապանը
եւ
թէ՛
կափարիչը
մի
եւ
նոյն
քարէն
է՝
կապտականանչ
գունով
մարմարիոն,
կափարիչի
շրջանակները
ատամնաձեւ
քանդակագործ։
Գլխուն
կողմը
փոքր
փոս
մը
թողած
են,
որոյ
վրան
եւ
քովերը՝
հին
ու
ընտիր
քարերով
շարուած։
Հող
կայ
այս
փոսին
մէջ,
յորմէ
’ի
պէտս
բժշկութեան
պէս-պէս
ցաւոց
կը
տանին
ուխտաւորք։
Մասնաւորապէս
ծննդաբերութեան
եւ
այլ
խնդրուածոց
կատարման
համար
ուխտի
կու
գան
հոս՝
ոչ
միայն
Թօքադէն
եւ
իւր
գիւղերէն,
այլ
եւ
Ամասիայէն,
Զիլէէն,
Հէրէքէն,
Նիկսարէն
եւ
այլ
տեղերէ։
Վանքիս
երբեմն-երբեմն
Յոյներ
ուզեր
են
տիրանալ՝
առարկելով,
թէ
’ի
սկզբանէ
մերն
է
եղած,
բայց
չեն
յաջողած,
վասն
զի
ոչ
միայն
արձանագրութիւն
մը
կամ
նշան
մը
չէ
գտնուած
իրենց,
այլ
եւ
գեղի
ծերունի
Թուրքերը
աւանդութեամբ
յորդւոց
յորդի
միշտ
վկայած
են
Հայոց
վանք
լինելը։
Կարծողներ
կան,
թէ
նոյնիսկ
Բիզէռի
Թուրքերն
ալ
Հայ
են
եղած
յառաջագոյն։
Երից
խորանաց
հիմունք
եւ
որմունքն
հնագոյն
են,
բայց
փոքրիկ
լինելուն
համար
1842-ին
Յակոբոս
Պատրիարք
նորոգեր
է.
Ս.
Նշանն
եւ
Ս.
Գրիգորը
եւ
միացուցեր
իրարու՝
միջնորմն
վերցնելով.
իսկ
Ս.
Կարապետ
նոյնութեամբ
կը
մնայ։
Հին
ժամատուն
կամ
գաւիթն,
որ
նսեմ
շէնք
մ’է
եղեր
եւ
հողով
ծածկուած,
յիշեալ
Յակոբոս
սրբազանն
փլուցեր
եւ
կամարաձեւ
պայծառ
ու
ծաղկէնկար
եկեղեցի
է
շիներ՝
հանդերձ
պատարագամատոյց
սեղանով
եւ
բեմով՝
անուանելով
Ս.
Յօհան
Ոսկեբերան։
Սոյն
նորաշէն
եկեղեցւոյս
աջակողմեան
դասին
միջէն
կը
բացուի
Ս.
Գրիգորը
մտնելու
դուռն
եւ
Ս.
Նշանը,
որ
ճիշդ
նոր
սեղանոյն
ետեւը
կ’իյնայ,
իսկ
ձախակողմեան
դասէն՝
Ս.
Կարապետի
մատրան
դուռն։
Ս.
Տաճարիս
դրան
դրանդւոյն
վրայ
հետեւեալը
գրուած
է.
«Բերանդ
ոսկի
ՓԱՌՔ
ՔԵԶ
ԱՍՏՈՒԱԾ
միշտ
ասէր,
Աշխոյժդ
բարի
վերընծայել
ըստիպէր
Զայս
չստանայր
Յակոբոս
դէտ
Մինչ
յաթոռ
քո
դեռ
նստէր,
Զորոյ
քո
ընկալ
Տէր»։
Ասկէ
վար
քանդակեալ
կայ
բուն
յիշատակարան.
«Շինեցաւ
Ս.
Յօհան
Ոսկեբերանի
տաճարս
բոլոր
շրջապատ
պարսպօք
եւ
ամենայն
շինուածովք,
Եւդոկիոյ
եւ
վիճակաց
նորա
ազգիս
Հայոց
բարեպաշտ
օրհնեալ
ժողովրդոց
տրովք
եւ
ողորմութեամբ։
1842.
ՌՄՂԱ»։
Տաճարին
հարաւակողմը
կը
բարձրանայ
կրկնայարկ
գեղեցիկ
շէնք
մը՝
վեր
եւ
վար
14
սենեակներով։
Վերնայարկին
արեւելեան
անկիւնն
է
Առաջնորդարան,
շէնք
մը,
որ
իւր
ընդարձակութեամբ
եւ
շքեղութեամբ
արժանի
է
կոչուելու
Վեհարան,
ինչպէս
որ
կ’անուանեն,
իսկ
արեւմտեան
անկիւնն
է
Փոխանորդարան։
Միւս
սենեակները
յատկացեալ
են
վարդապետաց
եւ
տիրացուաց.
այս
է
Միաբանից
թաղ
կամ
Ներքին
բակ։
Բոլոր
այս
սենեակները
ճաշակի
յարմար,
մաքուր
եւ
կանոնաւոր
կահաւորեալ
են։
Մասնաւոր
առաւելութիւն
ունի
Վեհարանն,
որոյ
կահ
կարասին
եւս
շքեղ
է։
Հոս
կ’ընդունին
պատուաւոր
հիւրերը։
Վանքիս
Ս.
Տաճարին
եւ
արտաքին
յարկերուն
մէջ
ու
դուրս
տեսնուած
մաքրութիւնը,
կանոնաւորութիւնը,
անօթոց
եւ
կահուց
կարասեաց
առատութիւնն,
իւր
նիւթական
վիճակը,
կարգաւորեալ
թանգարանն,
ծառայից,
մշակաց,
ուխտաւորաց
եւ
վարդապետաց
գոհ
բերանը,
կը
զարմացնէ
այցելու
մը,
վասն
զի
մեր
Հայաստանի
վանքերէն
ոչ
մէկուն
կը
նմանի։
Բայց
իսկոյն
կը
լուծուի
զարմանքն,
երբ
իմանայ
թէ
վանքիս
տնտեսութիւնն
ու
տեսչութիւնը,
ոչ
եպիսկոպոսի,
ոչ
վարդապետի,
ոչ
քահանայի
եւ
ոչ
միւթէվէլիի
է
յանձնուած,
այլ
ժրագլուխ
տիկնոջ
մը,
այն
է՝
Տիկին
Մարիցա
Գատէմեան,
դուստր
հանգուցեալ
Յովակիմի
Ասլանեան,
որ
իբրեւ
հոգաբարձու
եւ
խնամակալ
կը
կառավարէ։
Տաճարի
դրան
հանդէպ
փոքրիկ
կոչնակատուն
(զանգակատուն)
մը
կայ
բարձր,
յորում
կախուած
են
երկաթի
եւ
ընկուզենի
կոչնակներ,
անոր
կից՝
մասնատուն՝
նշխար
եւ
մասն
պատրաստելու
համար,
եւ
ասոնց
տակ՝
աղբիւր
մը
մշտահոս։
Փոքրիկ
դրախտ
մի
կայ
Տաճարին
ետեւ,
ուր
կը
գտնուին
պտղատու
ծառեր,
բանջարեղինաց
ածուներ,
մեղուաց
փեթակ,
եւ
մէկ
կողմը՝
ծածկուած
յարկի
մը
տակ,
զանազան
չոր
ընդեղինաց
շտեմարան։
Դրախտը
մտնելու
դրան
կից
է
վանքին
խոհանոց
եւ
մառան։
Ուխտաւորաց
թաղը
Տաճարին
հիւսիսակողմն
է.
առանձին
շէնք
մը՝
24
սենեակով,
որոյ
բակին
մէջ
կը
հոսի
աղբիւր
մը։
Վանքի
պարսպէն
դուրս՝
մեծ
դրան
հանդէպ,
շինուած
են
վանքին
ախոռներ
եւ
չիվթլիկ՝
12
սենեակով
եւ
երկու
խանութներով։
Կից
այս
շինութեանց
է
մարագն
եւ
կալատեղն։
Կէօմրիւք
ըսուած
շէնք
մի
եւս
կայ
վանքին
Չիվթլիկին
մօտ՝
8
սենեակով,
ուր
վարձքով
կը
նստի
մաքսապետ։
Կալատեղւոյն
կից՝
բարձր
բլրակի
մը
վրայ
է
գերեզմանատունն,
վանականաց
եւ
շինականաց
շիրիմներն։
Հոն
յաճախ
կ’երթան
մարդիկ,
կը
նստին
հինաւուրց
ծառի
մը
շուքին
տակ՝
իրենց
շուրջը
նկատելով
աշխարհի
ունայնութենէն
հրաժեշտ
տուողաց
վերջին
յարկերը,
եւ
իրենց
առաջ՝
կենաց
հետ
զբաղող
Բիզէռի
աշխատասէր
արք
եւ
կանայք,
որք
գեղին
մէջ
եւ
դաշտին
մէջ
կը
դեգերին
’ի
շինել,
’ի
տնկել
եւ
’ի
վայելել։
Քանի՜
գեղեցիկ
է
Բիզէռին՝
իր
ծառերով,
վազուն
ջրերով,
եւ
մշակեալ
անդաստաններով,
որ
կը
տարածէ
իր
կանանչ
ու
կարմիր
տեսարանը
այս
դիտարանէս
դիտողին
աչաց
առջեւ՝
շրջապատեալ
սիրուն
լեռներով։
Վանքս
ունի
նաեւ
Թօքադի
մէջ
երկու
խանութ.
Պօլիս
մէկ
սենեակ,
գիւղիս
մէջ
մէկ
ճէնտէրէ
մէկ
սէթէն,
երեսուն
եւ
ինն
կտոր
ընտիր
արտեր՝
թափու
ըրած,
յորս
կը
մշակէ
թիւթիւն,
ցորեն,
գարի,
աֆիոն,
եւ
այլն։
Իւր
դրամական
եկամուտն
է
տարեկան
36-40000
ղրշ.
՝
բաց
’ի
վանքին
մսխուած
ուտելիքներէն.
ծախքն
է
24000
ղրշ.
։
Կանոնաւոր
է
տումարակալութիւն
եւ
մատակարարութիւն։
Հոս
իբրեւ
միաբան
տեսանք
եւ
գրականութեամբ
զբաղեալ
Արժ.
Մանուէլ
վարդապետ
Թօքադցին,
որ
ծանօթ
է
Պօլսեցւոց՝
երբեմն
քարոզիչ
լինելով
Բերայի։
Հոս
էր
նաեւ
ծերունի
Մարտիրոս
վարդապետ՝
իբրեւ
Ս.
Տաճարին
փակակալ
եւ
լուսարար։
Քանի
մը
տիրացուներ
կային,
մշակներ,
եւ
ծեր
ու
անկար
պառաւներ,
ամենքն
ալ
աղէկ
խնամուած։
Մարիցայ
տիկնոջ
հոգատարութեանց
շնորհիւն
է,
որ
վանքս
դրամ
աւելցընել
սկսած
է,
նոր-նոր
արտեր
գնած,
վանքի
շինութեանց
եւ
նիւթեղինաց
մեծ
մասն
նորոգուած,
եւ
այժմ
մտադիր
էր
գիշերօթիկ
վարժարան
մի
եւս
բանալ։
Ջանացած
էր
վանքը
այն
աստիճանին
հասցընել,
որ,
ուխտաւորաց
եւ
թեմականաց
արդիւնքին
չսպասելով,
կարող
լինի
ինքզինքն
կառավարել։
Արդարեւ
Մարիցայ
տիկինն՝
իւր
հանճարով,
ազնիւ
հոգւով,
եւ
լուրջ
ու
անձնուէր
ջանքով,
գերազանց
պարգեւ
մ’է
նախախնամութենէն՝
Թօքադու
ազգայնոց
համար,
եւ
պարծանք
իւր
սեռին
ու
տոհմին։
Մեծ
փոյթ
կը
տանէր
նաեւ
իւր
հայրենակցաց
անտարբեր
կեանքին
վրայ.
ոչ
միայն
եպիսկոպոսի
մը
պէս
կը
քարոզէր,
կը
համոզէր,
այլ
եւ
եպիսկոպոսին
հետ
ազդու
կը
խօսէր՝
անոր
պարտքեր
ու
ընելիքները
յիշեցնելով։
Մեծ
յոյս
ունէր՝
կրկնելով,
կրկնելով
մինչ
գոնէ
ամչցընէր
եւ
յաջողէր
մանկանց
վարժարանաց
հետ
աղջկանց
ալ
վարժարանի
մը
բացումն։
Տիկին
Մարիցայ
պատկառելի
եւ
ակնածելի
դիրք
մը
ունէր
բոլոր
քաղաքացի
Ազգայնոց
եւ
Թուրքաց,
եւ
նոյնիսկ
կառավարութեան
առջեւ։
Կ’ուզեմ
առանձին
ստորագրել
Ս.
Յօհան
Ոսկեբերանի
վանքը
երթալուս
ուղին։
Յունիս
5
էր։
Տիկին
Մարիցայի
խնամօք
պատրաստեալ
ձիերով՝
վանքի
մշակ
կտրիճ
Կիրակոսին
առաջնորդութեամբ
յուղի
անկանք։
Մեր
երրորդն
էր
Սեբաստացի
Խաչերեան
Մարտիրոսը,
զոր
Պօլսէն
հետս
առած
էի։
Սպառազինեալ
էր
նա,
ես
ալ
ունէի
վեց
հարուածեան
մը,
եւ
Կիրակոսն՝
հաստ
բիր
մը։
Ճամբան
խիստ
երկիւղալի
եւ
վտանգաւոր
էր,
կ’ըսէին
ամենքը։
Ժամու
մը
չափ
քաղաքի
այգեստանեայց
միջէն
ընթանալով՝
գտանք
Իրիս
գետոյն
ափը,
որ
յարեւելից
կը
հոսէր։
Ձորամէջ
է
մեր
անցքը,
արեւուն
ջերմութիւնը՝
կիզիչ։
Գետոյն
յայնկոյս
եւ
յայսկոյս
մշակեալ
արտորայք
են,
խաշխաշի,
ցորենոյ,
գարւոյ,
տարեկանի,
թիւթիւնի,
տեղ-տեղ
ալ
այգի
եւ
ճէհրիի
տունկեր։
Գրիգորոս
գեղը
մեր
աջ
կողմն
է՝
բարձրադիր,
հովասուն
վայր
մը։
Այս
գեղը
Գրիգոր
սքանչելագործի
ծննդեան
տեղին
է,
կ’ըսեն,
եւ
հոս
գտնուած
է
Սրբոյն
գերեզմանը,
ուստի
եւ
անոր
անունով
յորջորջուած։
Յառաջ
երթալով՝
Գըզըլ
թօբրագ
ըսուած
կարմրահող
եռանկիւն
արտի
մը
շրթունքէն
կ’անցնինք։
Ճիշդ
ճամբուն
բերանը՝
արտին
եզերքը,
գերեզմանաչափ
քարակոյտ
մը
կայ։
Արդէն
լսած
էի,
եւ
Կիրակոս
բարեպաշտական
իշխանութեամբ
մը
հրամայեց
ինձ,
որ
իջնամ
ձիէն։
Ինքն
գլուխը
բացաւ,
վազեց,
ծնրադրեց,
համբուրեց
այդ
քարերը
եւ
հողը։
Մենք
կեցած
էինք։
Դարձաւ,
«Հայր
սուրբ,
-
ըսաւ,
-
ի՞նչ
կեցեր
ես,
ծունր
դիր,
երկիրպագէ,
աղօթք
արա,
Ս.
Ոսկեբերանի
հանգիստն
է
այս,
այս
տեղ
հանգեր
է
Սուրբն»։
Ա՞յս
տեղ,
ո՜վ
իմ
պաշտելի
վայր,
ո՛վ
օրհնեալ
հողեր
ու
հովեր…
ի
ձեզ
Ոսկի
բերանն
իւր
վերջին
հառաչն
հառաչեց,
եկեղեցւոյ
տատրակն
իւր
վերջին
մրմունջն
մրմնջեց,
«Փառք
քեզ
Աստուած,
փառք
քեզ»,
եւ
’ի
փառս
Աստուծոյ՝
իւր
աստուածարեալ
հոգին
աւանդեց՝
սրբասնեալ
մարմինը
տարածեալ
թողլով
կարմիր
արտին
եզրը։
Աստի
փոխադրած
եւ
թաղած
են
զՍուրբն
’ի
Կոմանա,
որ
մօտ
է
իբր
քառորդ
ժամ.
այժմ՝
աւերակ։
Կարմիր
արտս
Յոյնի
մը
սեպհական
է,
որոյ
ցորենոյ
ալիւրը
առանց
խմորի
կը
զանգուի
եւ
կ’աճի,
կ’ըսեն,
համայն
երկրացիք,
զի
օրհնութիւն
սրբոյն
կայ
’ի
հողն։
Կարմիր
արտէն
քիչ
մը
յառաջ
երթալով՝
կը
պատահինք
միապաղաղ
լերկ
քարի
մը։
Կարծես
ուրիշ
տեղէ
մը
ինկած
լինի
այս
քարը
այն
տեղ։
Քարին
երկու
կողմն
երկու
այրեր
կան
փորուած։
Ճամբուն
վրայ
նայող
այրը
իր
դրան
ներքին
շրթան
վրայ
յունարէն
գրով
տող
ու
կէս
արձանագրութիւն
ունի,
իսկ
միւս
այրին
մէջ
գերեզմանի
չափով
եւ
ձեւով
փորուած
մը։
Ս.
Թռչուն
կ’ըսուի
այս
քարը,
որոյ
համար
կ’աւանդեն,
թէ
գետոյն
միւս
երեսէն՝
Գրիգորոս
գեղի
լեռնէն,
թռեր
ինկեր
է
հոս՝
Ս.
Գրիգոր
սքանչելագործի
հրաշիւք։
Գրեթէ
մինչեւ
այս
քար
կ’երեւին
Կոմանայի
աւերակաց
հետքեր
եւ
այգիներ,
իսկ
բուն
Կոմանան
բլրաձեւ
աւերակոյտ
մի
է.
իրեն
մէկ
կողմն
քայքայուած
բաղնիքի
մը
որմունք
եւ
կամարներ
դեռ
կան։
Իրիս
կը
քերէ
Կոմանայի
սնարը,
եւ
կամուրջ
մը
կայ
քարակերտ,
շէն։
Այս
աւերակին
առջեւ՝
գետոյն
միւս
երեսն
է
Նիկսար,
Հէրէք,
այլ
տեղեր
երթալու-գալու
բանուկ
ճանապարհ։
Մեր
գնացքին
ձախ
կողմը
կան
կարգ
մը
այգիներ,
դրախտներ
եւ
ճէհրիլիկ,
յորս
կան
շատ
մը
պտղատու
ծառեր,
սառնորակ
մշտահոս
ջրոց
աւազաններ,
եւ
ամառուան
բնակութեան
համար
հովանոց
յարկեր։
Զովացանք,
հանգստացանք
այս
հովանոցներուն
շուքը։
Ասկէց
անդին
ճամբան
լեռնային
է
եւ
մացառոտ.
գոգերու
մէջ
տեղ-տեղ
զուարճալի
գեղեր
կը
տեսնուին
Թրքաց
եւ
Չէրքէզաց։
Գետը
հեռի
կը
մնայ
մեզմէ։
Ահաւասիկ
զառ
’ի
վայր
մը,
ուր
պրակներու
միջէն
չորս
աւազակ
երկու
ամիս
յառաջ
յարձակեր
էին
Ս.
Առաջնորդ
Յակոբ
եպիսկոպոսին
վրայ,
եւ
այն
ինչ
կողոպտելու
վրայ
են
եղած,
դիմացէն
Սուլթան
անուն
Չէրքէզ
մը
քանի
մը
ձիաւորով
հասեր,
գողերը
բռներ
եւ
կառավարութեան
տարեր
էր,
որք
գեղացի
Թուրքեր
են
եղեր։
Նոր
ել
մը
կ’ելնենք,
որոյ
միւս
երեսն
աւելի
վայելուչ
է
մացառներով
եւ
պրակ-պրակ
սուրբ
ծառերով։
Սառնորակ
աղբիւրի
մը
վրայ
իջանք,
ուր
Գըզըլպաշ
Քրդաց
գինով
բազմութիւն
մը,
հեծեալ,
զարդարեալ
եւ
սպառազինեալ
ժխոր
մը
կը
կազմէին,
եւ
ողորմելի
մատղաշ
կին
մը,
պաճուճեալ
եւ
երեսօք
եւ
գլխով
պատատեալ,
միայնակ
ծառի
մը
տակ
կծկեր,
կատարեալ,
գերւոյ
մը
նման։
Բայց
դա
էր
նոր
հարսն,
եւ
ժխորն՝
հարսնեւորք։
Բարեւեցինք,
խօսակցեցանք
եւ
անցանք՝
իջնալով
հովտի
մը
մէջ՝
սիրուն,
կանանչագեղ,
ջրաւէտ։
Յայս
եւ
յանկոյս
մօտ
եւ
հեռի
գեղեր
կ’երեւին.
կը
ջրեն,
կը
տնկեն,
կը
հնձեն,
այր
եւ
կին,
ասունք
եւ
անասունք
կը
շրջին,
կը
վաստակին
հոս,
հովուի
սրինգն
ալ
երանութիւն
կը
սփռէր
անոնց։
Հասանք
Բիզէռիի
մօտերը,
որոյ
դաշտը
սքանչելի
էր,
քան
բոլոր
մեր
տեսածները,
եւ
կարի
զուարճալի
իւր
ուղին,
երկուստեք
ջրերու
առուներ,
եւ
անոնց
եզերքները
տնկուած
ընկուզենիք
եւ
այլ
եւ
այլ
ծառեր
եւ
թուփեր
կը
հովանաւորեն
անցքը։
Քաղաք
մը
կ’արժէ
Բիզէռին,
եւ
վեհ
ու
վսեմ
կ’երեւի
հեռաստանէ
եւ
’ի
մօտոյ
մեր
վանքը։
ՁԵՌԱԳԻՐՔ
ԵՒ
ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆՔ
1.
Աւետարան
մեծադիր,
երկաթագիր,
մագաղաթ,
Ս.
Երրորդութիւն
եկեղեցւոյն
Թօքադու։
«Որոց
փափաք
սիրոյ
եւ
տենչումն
ցանկութեան
միշտ
եւ
հանապազ
յԱստուածայինսն
բերի,
ոչ
դադարէ
երբէք
զցայգ
եւ
զցերեկ
խոկալ
’ի
նոյնն,
թէ
զիրադ
եւ
կամ
որով
աւրինակաւ
հասանիցէ
բաղձալոյն
եւ
լցցէ
զտենչումն
բորբոքելոյ
սրտին
յԱստուածային
սէրն.
որպէս
եւ
մեր
երջանիկ,
սուրբ
եւ
աստուածարեալ
Հայրապետ,
ըստ
մարմնոյ
զարմ
եւ
շառաւիղ
սրբոյն
Գրիգորի
մեծ
նահատակին
Քրիստոսի,
եւ
ըստ
հոգւոյ
համանման
եւ
զուգահաւասար
նմին.
բանիւ
կատարեալ,
եւ
հոգւով
լցեալ,
առատաբուղխ
իբրեւ
զյորձանս
գետոյ,
յառնել
եւ
յուսուցանել
զգիտութիւն
Աստուածաշունչ
գրոց,
հեզ
եւ
խոնարհ
սրտիւ,
զգաստ
եւ
արթուն
’ի
քննութիւն
Աստուածայնոց
գրոց,
որ
եւ
լի
աւուրբք
եւ
կատարեալ
հասակաւ.
տիաւք
ծերութեան,
որ
եւ
յանբարի
ժամանակի
յաջորդեաց
զաթոռն
հայրապետութեան
տանս
Թորգոմայ
’ի
քրիստոսազգեաց
եղբաւրէ
իւրմէ
Գրիգորիսէ,
որոյ
քաջութիւն
անուանն
եւ
գովութիւն
իմաստիցն
անցանէ
քան
զմիտս.
որ
եւ
բազմամեայ
ժամանակաւ,
երկայնաձիգ
գաւազանաւ
վարեաց
զհոգեւորս
այս
իշխանութիւն,
փառաւորեալ
յԱստուծոյ
եւ
’ի
մարդկանէ։
Զթշնամիս
եւ
զհակառակորդսն
Աստուծոյ
եւ
սրբոյ
Աթոռոյն
նկուն
արարեալ
եւ
հալածական.
եւ
բազում
արդեամբ
եւ
սրբութեամբ
ճոխացուցեալ
զաթոռս
սուրբ,
լի
աւուրբք
եւ
պատուական
ծերութեամբ
փոխեցաւ
’ի
Քրիստոս
յամին
յորում
էր
թիւն
հայոց
ՈԺԵ.
եւ
ժամանակ
Հայրապետութեան
նորա
էին
ամք
Ե.
թիւ
կատարեալ
եւ
Ե.
միակ,
իւր
արեամբ
ստացեալ
ամրոցիս,
որ
կոչի
Հռովմայական
Կլա,
մեծ
սուգ
թողեալ
իւրոցն
եւ
յիշատակ
բարի
յաշխարհի,
եւ
ըստ
վերագրելոցս
փոխանորդեաց
հայրապետական
աթոռ
եղբայրն
նորա
երջանիկն
Ներսէս,
որ
եւ
ըստ
աստուածային
սիրոյն
բորբոքելոյ
հոգի
նորա
ցանկացող
եղեալ
այսմ
աստուածային
գանձուս
եւ
լուսերանգ
տառիս,
որ
է
աւետեաց
քարոզ
բոլոր
ազգաց
եւ
ազանց,
եւ
փրկական
տնաւրէնութիւն
մարդացելոյ
Բանին
պատմող
եւ
հրատարակիչ,
եւ
մեզ
պատճառ
փրկութեան
եւ
ազատութեան.
ետ
գրել
զսա
’ի
լաւ
եւ
յընտիր
աւրինակաց
սրբոյ
աթոռոյս
եւ
զարդարեալ
զանազան
երանգաւք
եւ
ծաղկաւք
յոսկւոյ
սրբոյ
եւ
’ի
դեղոց
պատուականաց,
ոչ
’ի
պատճառս
մեծութեան
եւ
փառաց
որ
’ի
սմայս
խաւսի
Աստուած,
այլ
’ի
վայելումն
եւ
’ի
զուարճութիւն
մանկանց
եկեղեցւոյ
եւ
’ի
յիշատակ
իւր
յապագայն.
որ
եւ
յաւարտումն
լուսազարդ
տառիս
եւ
’ի
լնուլ
փափաքման
սրտին
փոխի
յաստեացս
առ
Քրիստոս,
վարեալ
զիշխանութիւն
իւր
ամս
Է.
եւ
յիշատակ
բարի
թողեալ
յաշխարհի,
յետ
որոյ
բազում
խնամք
ողորմութեան
եցոյց
Տէր
’ի
վերայ
աղքատացեալ
ազգիս
եւ
սրբոյ
Աթոռոյս.
վասն
զի
բազում
ամպրոպք
խռովութեան
յարեան
’ի
վերայ
ներքոյ
եւ
արտաքոյ
յաւտարաց
եւ
սուտ
եղբարց,
զոր
աւելորդ
համարեցաք
գրել.
եւ
ապա
’ի
հաւանութենէ
բոլոր
ազգիս
եպիսկոպոսաց
սրբոց
հարց
եւ
վարդապետաց,
վանականաց,
եւ
աշխարհայնոց,
զաւրականաց
եւ
զաւրապետաց,
եւ
’ի
հրամանէ
գերերջանիկ
Տեառն
Գրիգորիսի
եւ
յանդարձ
կտակէն
եհաս
վիճակ
հայրապետական
եղբաւրորդւոյ
նորին
Տեառն
Գրիգորի
մականուն
Տղայ
կոչեցելոյ,
որ
ամենայնիւ
զարդարեալ
էր
ըստ
հոգւոյ
եւ
ըստ
մարմնոյ,
զորոյ
լաւութիւն
բարուց
եւ
զկորովութիւն
մտաց
ոչ
ոք
կարէ
ընդ
գրով
արկանել.
մանաւանդ
զգեղեցկագունութիւն
կերպարանին
բնաւին
մարմնոյն,
յորմէ
հրաժարեալ
ամենեւին
անարժան
զանձն
վարկանելով.
շատ
է
ինձ,
ասէր,
մատակարարութիւնս
հաւատացեալ
զոր
ունիմ,
որում
ոչ
անսացեալ
սրբազանիցն
հեղինակաց,
որ
’ի
Հոգւոյն
շարժեալ
նստուցին
զսա
յաթոռ
սուրբ
իւրում
նախնեացն
բազում
խրախութեամբ
եւ
մեծաւ
հանդիսիւ,
յորոյ
վերայ
խաղացեալ
Հոգւոյն
սրբոյ՝
ընդ
ոլորտս
տիեզերաց
հռչակեալ
եղեւ,
մինչ
զի
այլասեռք
հեռաբնակք
ընթացեալ
մեծապարգեւ
ընծայիւք
’ի
տեսիլն
չքնաղ
եւ
զարմանալի,
որ
տեսանէրն
պշնոյր
եւ
երթեալ
համբաւէր.
եւ
որ
լսէրն
բորբոքէր
առաւել.
այս
այսպէս
գործիւր
’ի
բազում
ժամանակս։
Եւ
ապա
’ի
հանդարտի
ընծայաբերից,
յառաջ
բերէր
զԱստուածեան
մատեանս
ընթեռնոյր
աւր
ըստ
աւրէ,
եւ
յաւելոյր
’ի
թիւ
կարգաւորաց
եկեղեցւոյ
վարդապետաց,
երաժշտաց
եւ
քահանայից.
կազմէր
եւ
անաւթս
պատուականս
’ի
սպաս
պիտոյից
սրբոյ
աթոռոյս,
յորոյ
եւ
անաւթս
այս
պատուական
աստուածավայելուչ
Մատեան,
որ
իմով
ձեռամբ
գծեալ
Գրիգորի
մեղապարտի
եւ
անկատար
մնացեալ,
զորոյ
պակասութիւնն
լցեալ
իմ
հրամանաւ
կաթողիկոս
Հայոց
Գրիգորի
Տղայի,
’ի
թուականիս
ՈԻԳ.
վասն
որոյ
աղաչեմ
զամենեսեան
զստացողսդ,
յետ
սոցուն
զընթերցողսդ
յարաժամ
եւ
զամենայն
որդիս
լուսոյ,
յիշել
’ի
Տէր
յառաջ
զպատճառն
բարեաց
’ի
սորայս
գործառնութիւն
զսուրբ
եւ
զաստուածազգեաց
հայրապետն
Ներսէս.
եւ
ապա
զերկրորդ
լուսաւորիչն
Հայոց
զեղբայր
սորա
զԳրիգորիս
Կաթուղիկոս,
ընդ
սոսին
եւ
զեղբաւրորդի
սոցուն
Գրիգոր
վերատեսուչ
հանուրց
սեռի.
յիշեսջիք
եւ
զեղբարս
երկուց
լուսաւորչացն
Տ.
Գրիգորիսի
եւ
Տ.
Ներսիսի
բարեպաշտ
եւ
զքրիստոսասէր
իշխանն
Վասակ,
զպատճառն
լինելութեան
’ի
կենցաղս
նորընծայ
Հայրապետիս,
եւ
զամենայն
բարեաց
աւրինակն
աշխարհի
զմիւս
եղբայրն
զԱպիրատ,
եւ
զքոյր
նոցա
Մարիամ
յայրիութեան
եւ
’ի
սրբութեան
վախճանեալ,
եւ
զզինւորսն
նոցա
զբարեպաշտ
իշխանն
զԱպիրատ,
եւ
զմայրն
նոցա
Վանէն,
ընդ
սոսին
եւ
զբարեհոգի
մայր
պսակաւորին
նորա
զՄարեմիկ
դուստր
Հեթմոյ
Սեւաստաւսի,
եւ
զորդիս
նորա
հարազատ
զԱսպետն,
որ
եւ
Սարգիս
’ի
քահանայութեան
վախճանեալ,
եւ
զարիագոյն
զինւորսն
Աստուծոյ,
զԱպիրատն
քաջ
եւ
զՀասան
կորովին,
զՎահրամ
խոհեմն
եւ
զՎասակ
հեզն,
զՀեթում
պատանի
եւ
մանուկ
գեղեցիկ,
որք
’ի
քսանամենից
մինչեւ
’ի
տիս
երիտասարդութեան
վախճանեալ
’ի
հինգամեայ
ժամանակս,
եւ
զԳ.
կուսանսն
բարեհոգիք
քորք
սոցին.
զորոց
պայծառացուսցէ
Տէր
զհոգիս
յիշեցելոցս,
եւ
յիշողացդ
վարձս
բարիս
պարգեւեսցէ,
որ
աւրհնեալ
է
յաւիտեանս
ամէն։
«Աղաչեմ
եւ
ես
մեղապարտ
գրիչս
առաջին
’ի
մեղաւորս
եւ
յետին
ամենայն
բարեգործաց,
յիշել
ողորմութեամբ
զմեղուցեալ
հոգի
իմ
եւ
զծնաւղաց
իմոց.
եւս
եւ
զարժանաւորսն
յիշատակի,
որք
աշխատեալ
են
յիս,
Վարդան
գրիչ
եւ
Կոստանդին
պատուական
ծերունի.
միանգամայն
եւ
զայնոսիկ
որք
բարի
կամաւք
աւժանդակ
եղեն
գրչիս
բանիւք
եւ
գործովք.
զի
եւ
նոցին
վարձս
բարեաց
պարգեւեսցէ
ընդ
նախադասեալ
ստացաւղացն,
եւ
որ
Տէրն
է
հասարակաց
ամենեցուն
ողորմեսցի
ստացաւղացն
եւ
աշխատողիս,
յիշողացդ
եւ
յիշատակելոցս,
եւ
ինքն
աւրհնեալ
եղիցի
յաւիտեանս
ամէն»։
«Զերկրորդ
ստացիչ
սուրբ
Աւետարանիս
զՊարոն
Կոստանդին
զթագաւորահայրն
Հայոցս
զարմից
նորընծայ
թագաւորին
Հեթմոյ,
որ
այն
ինչ
ամաց
մետասանից
ընկալեալ
զթագաւորութիւն
’ի
Բարձրելոյն,
եւ
’ի
թուականութեանս
մերոյս
ազին
ՈՁԵ.
ստացաւ
զսա
Պարոն
Կոստանդին
թագաւորահայրն
եւ
իշխեցաւղն
ամենայն
Հայոցս
զարմից
եւ
ընձեռեաց
եկեղեցւոյ
իւրոյ
սուրբ
Փրկչին,
զոր
ինքն
շինեաց
բազում
ծախիւք
’ի
յիշատակ
իւր
եւ
Աստուածապարգեւ
շառաւիղացն
իւրոց.
զոր
թէ
ոչ
Տեառն
զաւրութեանց
թողեալ
էր
մեզ
զաւակ,
իբրեւ
զՍոդոմ
լինէաք
եւ
Գոմորայ
նմանէաք,
զորս
եւ
պահեսցէ
Տէր
Աստուած
ընդ
երկայն
աւուրս
եւ
պարագայց
ամաւք
շնորհեսցէ
եկեղեցւոյ
իւրոյ
եւ
ամենայն
հաւատացելոց
իւրոց
’ի
Քրիստոս
Յիսուս
’ի
Տէր
մեր,
որ
է
աւրհնեալ
յաւիտեանս
ամէն»։
1.
Աւետարան
մագաղաթ
յԱռաջնորդարանն
«Փառք
եզականի
եռահիւսեակ
դաւանութեանս
ապէնիազին
կատարեալ
եւ
անսահմանելի
Աստուծոյ
Հաւր,
Աստուծոյ
Որդւոյ,
Աստուծոյ
Հոգւոյ,
յաւիտեանս
ամէն։
Շնորհիւ
Տեառն
ամենակալի
եւ
նորին
աւգնականութեամբ
աւարտեցաւ
եռահիւսեակ
եւ
հոգեզարդ
Աւետարանս,
զոր
էր
շաղկապեալ
երանեալ
Աւետարանչացն
ըստ
բազմերանգ
գունոցն
’ի
մի
ոստան
անկելով
հանճար.
զոր
արուեստակեալ
անուշայած
ծաղկանց
իւղեփեցական
կազմութեամբ
իմանի
զանազան
որակութեամբ
գաղափարելով,
ըստ
յոգունցն
արփացելոցն
դասակցութեանց
առ
’ի
յեկեղեցւոյ
յարմարումն
յաւդիւ
խաղաղութեամբ
գլխոյն
պատշաճեալ,
զի
յայսմանէ
կատարելութիւնն։
Զորք
աւետարանիչք
’ի
բազում
պատճառէ։
Չորեքկերպեան
կենդանիք,
մարդ,
առիւծ,
ցուլ,
արծիւ։
Չորք
նիւթք
աշխարհիս,
հող,
ջուր,
աւդ,
հուր.
հակառակք
անհաշտելիք
եւ
սիրելիք
անքակտելիք։
Չորք
գիր
անուան
Երրորդութեանն,
Հայր,
Որդի,
Հոգի։
Չորք
գետք
բղխեալք
’ի
դրախտէն,
Փիսովն,
Գեհովն,
Տիգրիս,
Եփրատէս։
Չորք
անկիւն
եւ
եղջիւրք
սեղանոյն։
Չորք
դէմք
Խաչին։
Եւ
այլ
բազում
պատճառս,
յորս
գաղափարի
չորեքեան
աւետարանիչքս.
զի
թէպէտ
բազում
բանք
’ի
սոսա
երեւին
ներհակ
միմեանց,
այլ
քաջ
ճշմարիտ
եւ
միաբանք
միմեանց։
Արդ
այսմ
անմահական
ըմպելւոյ
եւ
անգիւտ
մարգարտին
փափագող
եղեալ
Եփրիանոս
եւ
ետ
գաղափարել
զսա
’ի
ժամանակս
վերջինս
’ի
թուականութեանս
Հայոց
ՋԽ
’ի
գաւառին
Գուգարոյ,
ընդ
հովանեաւ
սուրբ
Կարապետի
ուխտիս
եւ
այլ
բազմապատիկ
սուրբ
Նշանացս,
յորում
ամի
մեռաւ
Եաղուպ
խանն,
եւ
այլքն
մի
զմի
կոտորեցին
մինչեւ
մնաց
եւ
ոչ
մի
’ի
յազգէն
Պտինդրոյ.
եւ
ելեալ
Պարոնն
Վրաց
Ղաւրղաւրէ
ԼՌ.
մարդով
’ի
վերայ
քաղաքին
Արզրումայ
եւ
աւարի
առ
զերկիրն
եւ
արար
զքաղաքն
հարկատու։
Այս
եղեւ
’ի
թագաւորութեանն
Վրաց
Կոստանդինոյ,
եւ
’ի
կաթողիկոսութեան
մերոյ
տէր
Սարգսի,
եւ
յեպիսկոպոսութեան
մերոյ
տէր
Յուսկանն։
Արդ
աղաչեմք
զամենեսեանսդ
որք
ընթեռնուք
զսուրբ
Աւետարանս,
յիշեսջիք
աղաւթիւք
զստացող
սորին
զԼիանոսն,
եւ
զկենակիցն
իւր
զՄսրամէլիքն,
եւ
զորդիքն
զԵւատշէն,
զԽութլուշէն,
զԵրանոսն,
զՍարգիսն,
զթոռն
զԽուպիարն
եւ
զեղբայրն
զՅովհաննէսն,
զթոռներն
զԽաչազիզն,
զԴաւլաթն,
զՇահզատան,
զԱստուածատուրն,
զքոյրն
զՓէրաւժն,
զհայրն
Տրդատ,
զմայրն
զԴաւնամէլիքն,
զպապն
Սարգիս,
զմամն
զՍիրման,
զտղապարոնն
զԵղիսաբեթն,
զԱմիրդատն,
զՄկրտիչն,
զԹաւագալն,
եւ
ամենայն
ազգատոհմն
նորին
ամէն։
Եւ
զիս
զանպիտան
գրիչս
զՄելքիսեթս
անյապաղ
յիշեսջիք…»։
Վերջին
ստացողաց
երկու
յիշատակարան
եւս
կար
գրեալ,
մին
ՌՃԲ.
թուին,
յորում
կը
յիշուին
հետեւեալ
անունները.
«…Որդիքն
Շաղիկ
եւ
Հեղինար
…
եւ
զմեծ
մամն
զՎարդիշահն»։
Իսկ
միւսն,
«…ՌՃԺԴ.
թվին,
’ի
քաղաքն
Թէոդուպօլիս,
Արզրում…»։
–.
Ի
սկիզբն
սոյն
Աւետարանին
գրեալ.
«…Այս
սուրբ
Աւետարանիս
համբաւ
ելաւ
Արզրումու
քաղաքն.
եւ
ես
տէր
Մկրտիչս
ելայ
գնացի
’ի
Ալվար,
առի
զՄկիչն
ու
գնացի
Ազմու
(Արզրումոյ)
քաղաքն.
եւ
գնացաք
’ի
ոսկերիչ
Միրաքն,
առաք
եւ
գնացաք
’ի
Խօճայ
Սքանտարն
էյ
Եըզտանին.
առին
եւ
գիներ
են
Ժ.
Ֆլօրի
եւ
անաւրինաց
ձեռացն
առին»։
ՅԻՇԱՏԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Հրաշակերտ
վանուց
սրբոյն
Յովակիմայ
եւ
Աննայի,
որ
գրեցաւ
յամի
Տեառն
1841,
’ի
15
յուլիսի։
(Օրինակեալ
’ի
մեծ
արձանագրութենէ
նոյն
վանիցն).
«Ի
բազում
ժամանակաց
հետէ,
կարի
կարօտակիր
տենչանօք
ցանկայաք
գտանել
ուրեք՝
զհաւաստի
յիշատակագրութիւն
հրաշակերտ
սրբոյ
Ուխտիս,
եւ
նովին
տեղեկանալ
նախնի
հիմնարկութեան
եւ
սկզբնաւորութեան
սորին,
եւ
այլ
եւս
եղելոց
եւ
անցելոց
իրաց։
Այլ
աւաղ,
զի
կամ
անփոյթ
արարեալ
նախնեաց
մերոց
զայսմ
կարեւոր
պատմութենէս,
եւ
կամ
որպէս
եւ
իցէ
անհետ
եղեալ
կորստեամբ,
չեղեւ
մեզ
հնար
’ի
բազմաքննին
հետազօտութեանց
’ի
ձեռս
բերել
զխնդրելին
մեր,
եւ
հասանել
մերումս
բաղձանաց։
Ապա
յուսակտուր
լեալ
յամենայն
ուստեքէ,
եւ
զմտաւ
ածեալ
թէ՝
մի՛
գուցէ
եւ
յետնորդք
մեր
զմեզ
ստգտանիցեն,
արժան
համարեցաք
աստէն
ըստ
կարեաց
տկարութեան
մերոյ՝
ձեռնամուխ
լինիլ,
ինքնին
առ
այս
գրութիւն։
Վասն
զի
առաջին
հիմնադրութիւն
սորա
չէր
մեզ
յայտ,
այլ
որչափ
ինչ
գտեալ
մեր
’ի
հաւանական
գրոց
եւ
պատմութեանց
զայն
դնեմք
առաջի.
եւ
մանաւանդ
զոր
տեսաքն
աչօք
մերովք
եւ
լուաք՝
ունիմք
յիշատակել
աստանօր՝
յանձն
առեալ
զաշխատութիւնս
’ի
փառս
փրկչին
մերոյ
Յիսուսի
եւ
’ի
պատիւ
ամենօրհնեալ
ծնողին
իւրոյ։
Եւ
արդ՝
գրեալ
էր
’ի
վերջոյ
հին
ձեռագիր
աւետարանի
միում
այսպէս,
’ի
թուին
Հայոց
1103։
-Քակեցին
զմենաստանն
սրբոյն
Աննայի,
եւ
զմի
յեկեղեցեայ
Եւդոկիոյ
որ
էր
’ի
Շայա
մէհլէ
ասացեալ
տեղին։
Եւ
’ի
թուին
Հայոց
1108
նորոգեցին
զվանս
սուրբ
Աննայի.
յայնմ
ժամանակի՝
Եպարքոս
ոմն
եկեալ
’ի
կողմանցն
հարաւոյ՝
քակեալ
կործանեաց
զսուրբ
Ուխտս՝
’ի
հիմանց։
Իսկ
’ի
թուին
Հայոց
1159,
վերստին
նորոգեցաւ
մենաստանն
սրբոյն
Աննայի
պայծառ
եւ
փառաւոր
խորանիւք
եւ
պատշաճաւոր
սենեկօք՝
օժանդակութեամբ
ժողովրդոց
համայնից
եւ
վերակացութեամբ
Տ.
Մարտիրոս
բարեջան
քահանայի։
Զկնի
երից
ամաց
շինութեան
սրբոյ
Ուխտիս,
յԵւդոկիա
սկսան
նորոգել
արքունի
հրովարտակաւ
զեկեղեցին
սրբոց
Մանկանցն
քառասնից,
բայց
չեւ
հասեալ
նոցա
’ի
լրութիւն
շինութեան
ժողովեցան
չարաժանտ
եւ
խեղաբարոյ
այլազգիքն
Եւդոկիոյ,
եւ
հասեալ
’ի
վերայ
սուրբ
եկեղեցւոյն՝
քակեցին
զնա։
Եւ
նոյն
ամբոխիւ՝
դիմեցին
’ի
վանս
սուրբ
Աննայի,
զամենայն
ինչ
աւար
առին,
եւ
իբրեւ
ոչ
կարացին
քակել
զնա
փութով,
այրեցին
զամենայն
շինուածն
հրով,
յամսեանն
յուլիսի-։
Ահա
այսքան
միայն
գտաք
’ի
ձեռագիր
աւետարանի
անդ,
սակայն
նոյն
Տ.
Մարտիրոս
բարեջան
քահանայն
գոլով
պաշտօնասէր
եւ
նախանձախնդիր
փառացն
Աստուծոյ,
ինքնին
գնացեալ
’ի
թագաւորեալ
մայրաքաղաքն,
կրկին
հրովարտակ
հանէ
’ի
Դրանէն,
եւ
եկեալ
վերստին
շինէ
զՍ.
վանս
առաւել
քան
զառաջինն
պայծառ
եւ
փառաւոր,
եւ
ինքն
զկնի
միոյ
տարւոյ
փոխի
’ի
կենաց
աստի
թողեալ
զանուն
իւր
յերկրի
անմահ
եւ
անթառամ
պանծանօք
եւ
փառաւորեալ
համբաւովք,
եւ
մնայ
Ս.
վանքս
նոյն
շինուածովք
մինչեւ
հարիւր
հինգ
տարի,
եւ
անտի
վերստին
նորոգի
կամօքն
Աստուծոյ՝
զոր
ունիս
տեսանել
զկնի։
Արդ
կամեցեալ
մեր
աստանօր
դնել
զպատմութիւն
նորոգ
շինութեան
սրբոյ
Ուխտիս՝
որ
եղեւ
’ի
ձեռն
Գէորգ
արհիապանծ
արքեպիսկոպոսի։
Սոյն
այս
մեծահամբաւ
րաբունապետս
մեր՝
գոլով
բնապէս
ծնեալ
’ի
գերահռչակ
քաղաքին
Զմիւռնոյ,
’ի
տոհմէ
ազնուականաց,
գրասէր,
ծանրաբարոյ
եւ
խոհական
բարուք,
թողու
զաշխարհ
եւ
կրօնական
սիրով
վառեալ
գայ
հանդարտի
’ի
հրաշալի
վանս
Ս.
Աստուածածնի
որ
ընդ
հովանեաւ
Մարզուանի։
Զի
անդ
էր
եղբայր
մօր
իւրոյ
Արքեպիսկոպոս
Առաջնորդն
նոյն
Մարզուանու,
մնայ
անդ
’ի
վանս
առ
ժամանակ
մի
մինչ
’ի
վաղճան
Առաջնորդի
ազգականին
իւրոյ,
որպէս
որբ
անհայր
մնացեալ։
Որովհետեւ
համբաւ
գիտնականութեան
սորա՝
ամենայն
ուրեք
տարածեալ
էր
’ի
մէջ
ազգի
մերում,
վասն
այնորիկ
Դանիէլ
սրբազան
Կաթողիկոսն
Էջմիածնի
հրաւիրէ
զնա
յաթոռ
իւր
սիրով
եւ
պատւով,
իսկ
նորա
իսկոյն
հնազանդեալ՝
անկանի
յուղի,
եւ
այն
ինչ
եկեալ
յԵւդոկիայ
երկու
աշակերտովք,
օթեւանի
’ի
միում
պանդոկի
եւ
անդ
լսէ
զվաղճան
Դանիէլ
սրբազան
Կաթողիկոսի
եւ
մնաց
աստ
յԵւդոկիա
առ
ժամանակ
մի։
Ի
սմին
ժամանակի
Առաջնորդն
էր
Եւդոկիոյ
Երեմիա
արքեպիսկոպոսն
Կոստանդնուպօլսեցի,
որոյ
տեսեալ
զայս
պանծալի
զՍ.
Հայրն
մեր,
խանդաղատեցաւ
ընդ
նմա
մեծաւ
սիրով,
զի
լուեալ
եւս
էր
զհամբաւ
բարելաւութեան
նորա
յառաջագոյն,
վասն
որոյ
խորհուրդ
արարեալ
ընդ
մեծամեծս
իշխանաց
քաղաքիս՝
ամենեքեան
միակամ
հաւանութեամբ
հրաւիրեցին
զնա
’ի
կարգս
վարդապետութեան,
եւ
թէպէտ
զառաջինն
նա
ոչ
հաճեցաւ
անարժան
զանձն
վարկուցեալ
հոգեւորական
պաշտօնիս,
բայց
յետ
բազում
թախանձանաց
ձեռնադրեցաւ
վարդապետ
’ի
նոյն
ինքն
Երեմիա
Արքեպիսկոպոսէն
յեկեղեցւոջ
սրբոյն
Գէորգայ,
յամի
տեառն
1809։
Եւ
կոչեցաւ
անուն
նորա
Գէորգ
վարդապետ։
Ապա
սոյն
այս
Գէորգ
գերահանճար
րաբունին
’ի
նոյն
ամի
տնօրէնութեամբ
Ազգային
ժողովոյ
կարգեցաւ
վերակացու
եւ
վանահայր
սրբոյ
Ուխտիս՝
որ
մինչեւ
ցայն
վայր՝
էր
’ի
ձեռս
աշխարհականաց։
Ապա
եկեալ
նորա
’ի
վանս,
եւ
տեսեալ
յամենայն
կողմանց
զխղճութիւն
եւ
զաղքատութիւն
սրբոյ
Ուխտիս,
մանաւանդ
զվաղընջակերտ
հնութիւն
շինուածոյն
եւ
զքայքայումն
նորա
յանհոգութեան
աշխարհական
վերակացուաց՝
սկսաւ
այնուհետեւ
ջանահնար
լինիլ
եւ
հոգալ
օր
ըստ
օրէ
զպակասութիւն
նորա,
յորդորելով
զժողովուրդն
եւ
արդար
վաստակօք
իւրովք։
Եւս
եդ
’ի
մտի
յայնմ
օրէ
նորոգել
զշինուած
սրբոյ
Ուխտիս
ըստ
յաջողութեան
ժամանակի։
Տեսեալ
Եւդոկիացւոց
զսորա
հաւատարիմ
ծառայութիւն
տանն
Աստուծոյ՝
եւ
զքրտնաջան
աշխատութիւն,
առաւել
եւս
կապեցան
ընդ
նմա
անխզելի
կապանօք
սիրոյ,
եւ
ուրախ
լինէին
ընդ
այն,
ակն
ունելով
յապագայս
վայելել
զքաղցրախորժ
պտուղ
աստուածաձիր
շնորհաց
եւ
վարդապետութեան
նորա։
Ի
սմին
ժամանակի՝
Երեմիա
Արքեպիսկոպոսն
պատճառօք
իւիք
ելեալ
գնաց
’ի
Կոստանդնուպօլիս,
եւ
մնաց
անդէն։
Իսկ
Եփրեմ
սրբազան
Կաթողիկոսն՝
որ
յետ
Դանիէլի
նստեալ
էր
յաթոռ
հայրապետութեան,
քանիցս
նամակագիր
լեալ
առ
սուրբ
հայրն
մեր
Գէորգ
րաբունի՝
հրաւիրէ
զնա
գալ
անյապաղ
առ
ինքն
յԷջմիածին՝
վասն
համալսարանին
իւրոյ՝
զոր
կառուցեալ
էր
նա
ինքն
անդէն
’ի
պայծառութիւն
գիտութեան.
վասն
որոյ
հնազանդեալ
բարձրազօր
հրամանի
Վեհապետին՝
ել
եւ
գնաց
աստի
զկնի
չորից
ամաց
վերակացութեան
իւրոյ
’ի
վերայ
սրբոյ
Ուխտիս։
Բայց
ժողովուրդք
Եւդոկիոյ
որոց
ոչ
սակաւ
տրտմութիւն
էր
զրկիլ
յայնպիսի
ժրարթուն
եւ
քաջաքարոզ
րաբունւոյ,
աճապարեցին
փութապէս
գրել
’ի
Կ.
Պօլիս
եւ
բերեն
զառաջնորդութիւն
վիճակիս
’ի
վերայ
նորա
Պատրիարքական
կոնդակաւ
եւ
պէրաթիւ
Օսմանեան.
եւ
եդեալ
զկոնդակն
Պատրիարքին
ընդ
միում
երեւելի
անձանց
առաքեցին
’ի
Ս.
Աթոռն
հանդերձ
աղերսական
գրով
առ
սրբազան
Կաթողիկոս,
զի
զԳէորգ
վարդապետ
սուրբ
հայրն
մեր
ձեռնադրեալ
Եպիսկոպոս,
շնորհեսցէ
փոքու
հօտին
իւրոյ
աստէն
գտանիցելոյ։
Որոյ
ընկալեալ
զգիրն
խնդրանաց,
ձեռնադրեաց
զնա
Եպիսկոպոս
եւ
ակամայ
կամօք
առաքեաց
զնա
այսր
յամի
Տեառն
1814։
Ապա
եկեալ
սրբազան
Հօրն
մերոյ
Գէորգ
Արքեպիսկոպոսին
’ի
վիճակ
իւր
Եւդոկիայ՝
լցոյց
զսիրտս
հաւատացելոց
հոգեւորական
ուրախութեամբ
եւ
սկսաւ
յայնմհետէ
աչալուրջ
հսկողութեամբ
հոգալ
եւ
խնամել
զհօտն
Քրիստոսի,
լեալ
իսկապէս
հայր
որբոց
եւ
այրեաց։
Արդ
վասն
զի
եղեալ
էր
’ի
մտի
Ս.
հայրս
մեր
’ի
սկզբանէ
անտի
նորոգել
զսուրբ
Ուխտս
’ի
հիմանց,
բայց
ոչ
ներէր
նմա
բազմավիշտ
նեղութիւն
ժամանակին,
յորում
առաւել
զօրացեալ
էր
’ի
վերայ
ազգին
անողորմ
բռնութիւն
Սարակինոսաց.
սակայն
կատարեցաւ
փափաք
ցանկութեան
սրտի
իւրոյ
հուսկ
ուրեմն
յամի
Տեառն
1828։
Որ
թէպէտ
առաւել
եւս
դառնագոյն
ժամանակի
պատերազմաց
Ռուսաց
ընդ
տէրութեան
Օսմանեանց,
բայց
յուսացեալ
յամենակարող
զօրութիւնն
Աջոյն
բարձրելոյ,
ձեռն
էարկ
’ի
կատարումն
իւրոյ
առաջադրութեան։
Այլ
եւ
առաւել
զգործն
’ի
գլուխ
տանելոյ
եղեւ
պատճառ
յայնմ
ժամանակի
եղեալ
գետնաշարժութիւնն
զարհուրելի,
յորմէ
պատառեալ
քակտեցան
եւ
կործանեցան
աստի
եւ
անտի
պարիսպքն
երկոցունց
կողմանց
եւ
այս
եղեւ
ամ
մի
յառաջ
քան
զշինութիւնն։
Իսկ
’ի
միւսում
ամի
գետնաշարժութեան,
այն
է
1828,
սկսաւ
զգործն
շինութեան
’ի
սկիզբն
ապրիլի,
եւ
գեղապանծ
վայելչութեամբ
յօրինեաց
զտաճար,
անսիւն
կամարօք
եւ
սրբատաշ
քարամբք,
եւ
վայելչացոյց
զսուրբ
Ուխտս
գեղեցկազարդ
սենեկօք
շուրջանակի
պարսպօք
եւ
արտաքին
շինուածօք.
եւ
յաջողութեամբ
Տեառն
Ամենակալի
աւարտեցաւ
այն
ամենայն
մինչ
’ի
վերջ
սեպտեմբերի
որպէս
տեսանի
գրեալ
անդ
’ի
վերայ
դրան
տաճարին։
Ահա
այսպիսի
մեծագործութեամբ
առաւել
եւս
ծաղկեցաւ
Գեր.
Ս.
Հայրս
մեր
մանաւանդ
բազմութեամբ
եւ
երեւելի
ընտիր
աշակերտօք,
զորոց
անուանս
արժան
համարիմ
ծանուցանել
աստէն։
Յօհ.
Վ.
որ
այժմ
է
եպիսկոպոս
վիճակին
Ակնայ,
Զաքարիա
Վ.,
Եսայի
Վ.,
Ն.
Գալուստ
Վ.,
(գրող
պատմութեանս),
Գաբրիէլ
Վ.,
Ներսէս
Վ.,
Յօհ.
Վ.,
Թադէոս
Վ.
։
Սոքա
էին
’ի
կենդանութեան
իւրում
միաբանք
Ս.
Աննայի,
որք
’ի
ժամանակս
շինութեան,
քրտնաթոր
տաժանութեամբ
զցայգ
եւ
զցերեկ
թաթաւեալ
’ի
կիր
եւ
’ի
կաւ
’ի
գործ
տաճարին
պարապէին։
Եւ
իբրեւ
այսպէս
բազմահոգ
տառապանօք
լրացոյց
զգործ
շինութեան,
սկսաւ
այնուհետեւ
մաքրասուն
անձն
նորա
տկարանալ
օր
ըստ
օրէ,
բայց
եւ
այնպէս
ոչ
հանդարտէր
’ի
կենսամաշ
հոգոց
եւ
զբաղմանց
առաջնորդական
գործոց.
եւ
զկնի
չորից
ամաց
շինութեան
Ս.
Ուխտիս,
անկաւ
’ի
մահաբեր
ցաւս,
որում
ոչ
կարացին
բժիշկք
դարման
մատուցանել
դեղորէիւք,
հրաւիրեցաւ
յանմահ
Արքայէն
յանեզրական
’ի
կեանս
’ի
69
ամեայ
վայելչածաղիկ
հասակին
ծերութեան,
զկնի
20
ամաց
տեսչութեան
իւրոյ
յԵւդոկիա,
յամի
Տեառն
1832,
յամսեանն
սեպտ.
13,
եւ
թաղեցաք
զնա
հոգեւորական
հանդիսիւ
’ի
գաւիթ
սուրբ
Եկեղեցւոյ
յանդիման
դրան
տաճարին»։
ՁԵՌԱԳԻՐՔ
Ս.
ՅՈՎԱԿԻՄ-ԱՆՆԱՅԻ
ՎԱՆՈՒՑ
1.
Ճաշու
գիրք.
1.
Շարական.
1.
Հաւաքումն
եւ
լուծմունք
Առակաց
եւ
Երգոց
երգոյն.
1.
Կանոնգիրք.
1.
Համառօտ
տեսութիւն
հրեշտակաց.
1.
Մաշտոց
փոքր.
1.
Մարդակազմութիւն
եւ
ճառք
Գրիգորի
Նիւսացւոյ.
1.
Աւետարան
մագաղաթ
մեծ.
1.
--------------------------
միջակ.
1.
--------------------------
փոքր.
Բաւական
հարուստ
թուով
տպագիր
գրեանք
ունէր
վանքս։
Նոյնպէս
ճոխ
էր
նաեւ
Ս.
Ոսկեբերանի
վանքի
գրադարանը,
որոյ
ձեռագիրներէն
ցանկ
եւ
յիշատակարան
օրինակելու
միջոց
չունեցայ
դժբաղդաբար։
Մեծ
ցաւ
եղաւ
սրտիս,
որ
Թօքադի
եկեղեցեաց
ձեռագիր
մատեանները,
որ
շատ
հարուստ
թիւ
կը
կազմէին,
չկրցայ
աչքէ
անցնել
ամենքն
ալ
եւ
պէտք
եղածն
ընդօրինակել։
Թօքադ
ոչ
միայն
իրեն
համար,
այլ
շատ
ուրիշ
գաւառներու
համար
ալ
եկեղեցական
գրքեր
ձեռագրած
է,
ինչպէս
յայտնի
է
հետաքրքիր
եղողներուն։
Շատ
երգեր
եւ
տաղեր
շինողներ
ալ
եղած
են։
Նոյն
իսկ
տուները
բաւական
ձեռագիր
մատեաններ
կան
եղեր։
Կ’երեւի,
թէ
Թօքադի
ժողովուրդն
ասկէց
յառաջ
աղէկ
ճաշակ
ունեցեր
է
գրելու,
կարդալու։
Աղաբաբեան
Յօհաննէս
անուն
մէկը,
կ’ըսէր
Ս.
Առաջնորդն
եւ
այլք,
բոլոր
բուսոց
Հայերէն
բառեր
գրած
ունի,
ոտանաւոր
յօրինած,
որոց
ձեռագիրը
անոր
որդւոյն՝
Յակոբին
քովն
է։
Պ.
Ընկուզեանն
ալ
այս
տեսակ
գրուածքներ
ունի
եղեր։
Բայց
ասոնք,
քաղաքէն
բացակայ
լինելով,
չը
կրցայ
տեսնել։
Կը
փափաքէի,
որ
ստոյգ
լինէր,
եւ
խնդրեցի,
որ
խնամօք
պահել
տան,
իբրեւ
խիստ
կարեւոր
գործ։
Ութն
օրուան
մէջ,
որքան
կարելի
էր,
լրացընելով
մեր
պաշտօնը,
Հոգեգալստեան
կիրակին
քարոզեցինք
Ս.
Աստուածածին
եկեղեցին։
Յունիս
7-ին
թաղեցինք
Սուքիասեան
Օհան
էֆէնտին,
որ
Թօքադի
առաջին
նշանաւորն
էր
եղած
այս
տարիներու
մէջ
եւ
հասարակ
հիւսնութեան
արհեստէն
բարձրացած
էր
բարձրագոյն
աստիճանի.
մարդ՝
սաստիկ
եռանդոտ
եւ
փառասէր,
ճարտար,
ազդու,
գործող,
բայց
յամառ
եւ
խռովասէր,
որոյ
կեանք
կարի
բեղմնաւոր
եւ
ազգօգուտ
կարող
էր
լինել,
եթէ
կրթութիւն
եւ
քիչ
մը
ուսմունք
ունենար։
Անգամ-անգամ
իւր
անձնական
ծախքով
վարժարան
բացած
էր։
Մի
եւ
նոյն
առատաձեռնութեամբ
ստակ
կը
մսխէ
եղեր՝
իւր
կամքը
յառաջ
վարելու
եւ
հակառակորդը
տապալելու
համար,
դժբաղդաբար՝
շատն
’ի
վնաս
ազգին։
Թէպէտ,
կ’ըսէին՝
անմիջապէս
կը
զղջար
ըրածը
գլուխ
տանելէն
զկնի,
բայց
ի՞նչ
օգուտ.
վերջին
օրերն
ալ
բոլոր
ըրածներուն
վրայ
զղջացեր
էր,
ըսին,
բայց՝
հատուցում
մը
չընելով,
եւ
ոչ
իւր
հարստութենէն
կտակ
ձգելով
ազգին։
Մեծ
տգիտութիւն
մի
է
այս
եւ
խղճի
մոլորութիւն,
երբ
անհատի
մը
կամ
ազգի
մը
վնասողները,
Մեղայ
ըսելով
եւ
զղջմամբ
խոստովանելով,
կը
կարծեն,
թէ
կը
ներուի
իրենց
այնքան
զրկանքներ
եւ
վնասներ,
զորս
միայն
փոխարինմամբ
կարելի
է
քաւել.
անշուշտ
անոնց
համար
կ’ըսեմ,
որ
կրնան
հատուցանել
իրենց
զրկածին
չորեքկինը։
Այո՛,
անոնք
միայն
կրնան
հանդարտել
իրենց
խիղճը,
եւ
լսել՝
«Այսօր
եղեւ
փրկութիւն
տանս
այսմիկ»։