Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Կանխաբան
       Կը ներեն Թորոս Աղբօր ընթերցողք, որ հինգ տարիէ ’ի վեր զիրենք առաջնորդած ու հասուցած ենք Խարբերդը, ուր այսքան ժամանակ կը մնան, այնինչ ես շատ գաւառները շրջեցայ։
       1878 ապրիլ 30-ին առաջին ուղեւորութեանս թուականն է։
       Սեւ ծովէն Խարբերդը երթալու համար երեք ուղիներ կան.
       1. Սամսոնի նաւահանգիստէն՝ Ամասիոյ եւ Սեւազի վրայօք.
       2. Կիրասոնի նաւահանգիստէն՝ Շապին Գարահիսարու եւ Ակնայ վրայօք.
       3. Տրապիզոնէն՝ Երզնկայի եւ Ակնայ, կամ Խօզադի վրայօք։
       Թորոս Աղբօր առաջին մասն՝ Սամսոնի գիծը առաջնորդուած, երկրորդ մասն Տրապիզոնի գիծը պիտի առաջնորդէ եւ, ընթերցողները շրջեցնելով ’ի Խարբերդ, պիտի տանի ու ցուցանէ այն տեղերն ու իրերը, զորս առաջին մասին մէջ խոստացեր է։
       Ձեռագիր մատենից ցանկ եւ յիշատակարանք գրքիս վերջը դրինք։
       Կանխաւ ներողութիւն կը խնդրուի, եթէ ուրեք-ուրեք խոտորինք մեր խոստմունքէն, քանզի այն օրէն ցայսօր շատ բաներ նոյնը չմնացին, եւ շատ ճամբաներ փոխուեցան։ Զարմանալու չէ ուրեմն, եթէ մեր ընթացքն եւ Թորոս Աղբօր երգերն ալ իրենց եղանակը փոխած լինին։