ՏԻՒՐԻԿ
ՔԱՂԱՔ
Յունիս
26։
Մեկնեցանք
դէպի
Տիւրիկ։
Ժամէ
մը
հասանք
Բրգնիկ
գեղը։
Ինչպէս
կրօնքով
զուտ
Կաթոլիկ
են
գեղիս
Հայք,
նոյնպէս
եւ
իրենց
զգեստուց
տարազով
կը
զանազանին
միւս
գեղերու
Հայերէն,
մանաւանդ
կանանց
հագուստներ՝
խոշոր,
թանձր
եւ
տձեւ,
բայց
կարծես
հնութիւն
մը
կը
ցուցնեն։
Արք
կտրիճ
են,
մէկ
մասն
հողագործ
եւ
մէկ
մասն
ջորեպան
են։
Ժամ
մը
ետքը,
եւ
ահա
կը
հասնինք
Ալիս։
Փոքր
եւ
մեծ
լեռներ
կան
մեր
շրջապատը
եւ
անձուկ
հովիտներ։
Գեղացիներ
սփռուած
են
դաշտին
երեսը,
սայլերը
ճռնչելով
կ’անցնին
կը
դառնան,
գոմէշներ
կը
լողան,
եւ
կովն
ու
եզը
բռնած
են
Ալիսի
ջրեզրը։
Քարուկիր
կամուրջէ
մը
կ’անցնինք։
Մօտ
է
Բին-գէօլ
գեղը։
Եւ
ահա
կը
տարածի
մեր
առջեւ
նոր
հովիտ
մը,
որոյ
մէջ
տեղը
կը
տեսնուի
Կովտուն
գեղ։
Մեր
աջ
կողմն
է
Գավրա
գեղ՝
կպած
քարի
մը։
Մեր
ջորեպան
Գզլպաշ
Խտրն
կը
պատմէ,
թէ
Գավրայի
վերն
եղած
լերան
բարձր
գագաթը
ժամանակով
գանձ
կայ
պահուած
եղեր,
որոյ
թըլըսըմն
է
եղեր
«Երբ
Ալիսի
ջուրը
հոս
հասնի,
գանձս
յայտնուի»։-
Անհնարին
բան։
Բայց
նախրորդ
մը,
իր
տրեխները
չորցած
լինելով
Ալիսի
մէջ
կակղցընելու
ատենը,
նախիրը
բարձրացեր
այս
լեռը,
նախրորդը
չոր
տրեխները
ջրով
լի
առեր
վազեր
հոն,
եւ,
ջուրը
գետին
թափելով,
գանձը
դուրս
ելեր…»։
Նոյն
կողմն
է
Խորսան
կամ
Խորասան
գեղ,
որոյ
դիրքն
եւ
առջեւ
տարածեալ
նորաձեւ
հովիտն
ու
հասկալից
արտերը
մեծ
գեղեցկութիւն
կ’ընծայեն։
Ասկէ
կը
բարձրանանք
Հրեշտակապետի
լեռը։
Վանահայր
Մովսէս
Վ.,
ճերմակ
աշխոյժ
ձի
մը
հեծած,
զէնքերը
վրան
առած,
վեղարն
’ի
գլուխ
ալէծածան,
սրարշաւ
կու
գայ
մեզ
դիմաւորելու։
Արդէն
երեկոյ
է,
հոս
օթեցինք
գիշեր
մը։
Ո՛վ
գիշեր
անմոռանալի։
Վանքի
բարձունքէն
լուսնակի
լուսով
եւ
անուշ
զովագին
օդով
կը
դիտէինք
Սեւաստու
հովիտը։
Մեր
աչքի
առջեւն
է
Խանձառ,
Պետրոսի
եւ
այլ
գեղորայք
Հայոց։
Ալիս
արծաթափայլ
կ’ընթանայ,
Զարայի
լեռներ,
Հապէշ
լեռն
անտառոտ
եւ
այլ
շղթայք,
որ
կը
շրջապատեն
այս
հովիտը
զանազան
մասամբ
եւ
զանազան
անուամբ։
Պակասութիւնն
այն
է
միայն,
որ
գեղերը
ծառատունկ
չունին։
Աղտք
կամ
Դուզասար
գեղ
վանքին
մօտն
է,
եւ
վանքիս
ստորոտները
լի
են
աղի
աղբիւրներով
ու
լճակներով։
Նստած
ենք
քանի
մը
հինաւուրց
ուռենեաց
ներքեւ,
որոց
կանանչ
ոստոց
մէջէն
եւ
քովերը
գտնուած
մացառներէն
զանազան
թռչնոց
դայլայլիկներ
երջանկութիւն
կ’ազդեն
’ի
մեզ։
Հոս
եկաւ
հասաւ
մեզ
կառավարութեան
ոստիկան
Մահմատ
աղան,
որ
բարեկիրթ
մէկն
էր։
Հոս
տեսութեան
եկան
մեզ
Դուզասարէն
առաջաւոր
ազգայինք։
Յունիս
27։
Ընդ
առաւօտն
մեկնեցանք՝
Դուզասարի
ջաղացքներէն
անցնելով։
Ժամ
մը
ետքը
Դավշանլու
գեղի
առջեւն
էինք։
Զառ
’ի
վեր
կ’ելլենք,
լեռնադաշտեր,
գոմեր,
արօտալից
եւ
հասկալից
արտեր,
վաստակաւոր
երկրագործաց
բազմութիւնը
սփռուած
են
հոս։
Կտրիճ
Հայ
կանայք
գերանդի
’ի
ձեռին
կը
մրցին
երիտասարդաց
հետ
խոտ
հնձելու։
Ասոնք
են
այն
քաջակազմիկ
մայրեր,
որ
այնքան
քաջառողջ
եւ
հսկայ
զաւակներ
կ’ընծայեն
ազգին՝
մեծաւ
մասամբ
արու
եւ
ջամուկ
(երկւորեակ)։
Սեւաստու
գեղերու
մէջ
աղջիկ
շատ
թանգ
է
եւ
հազուագիւտ։
Քօթնի
եւ
Եար-Հիսար
գեղի
գոմերը
հասած
ենք։
31/2
ժամ
գալով՝
իջանք
Անտօն
քեահեայի
գոմերը՝
պաղ
ու
վազուն
ջրոյ
մը
ափ,
ծաղկեալ
փշատի
թփոց
հովը
իջանք։
Օրը
պահք
է,
հաց,
աղ,
սոխ,
դաղձ,
պաղ
ջուր,
զովագին
օդ,
փշատի
ծաղկանց
հոտ,
դիմացէն՝
խոտ
հնձելու
խշխշոց,
աղջկանց
աչքի
ծայրով
դիտելը
եւ
հարսանց
փսփսոց,
մեր
ձիոց
փռնգտոց
եւ
վրնջոց,
թռչնոց
ճլվլտոց,
բզէզներու
տզզոց,
կրակին
մուխն
ու
բոց։
Մեր
թէյ
կ’եռայ։
Խըտըր՝
լօ,
լօ,
լօ
բարբառով
կը
մրմռայ։
Մահմատ
աղան
մրափեր
է,
եւ
մեծ
գամփռ
շնթռկեր,
պոչն
ու
ականջը
շարունակ
կը
շարժէ։
Աշխոյժ
ծերունին
Անտօն
քովս
նստեր
կը
հարցընէ
եւ
կը
պատասխանէ,
կը
տխրի
եւ
կը
զուարթանայ,
ձեռներն
’ի
վեր
կ’ամբառնայ
երկնից
բողոք
կը
բառնայ
եւ
կը
դառնայ
գոհանայ…
Իւր
որդիքներէն
երեքը՝
Կիւրեղ,
Արթին,
եւ
փոքրիկն
Նշան,
քովս
կը
խայտան։
Ահա
մեր
երկու
ժամ
այս
տեղ։
Ելանք
շարունակել
մեր
ուղին.
դարձեալ
լերինք,
խոտ,
հունձ,
եւ
այլն։
Կիւռլավիկ
բարձր
եւ
ձիւնոտ
լեռան
մօտն
ենք։
Դէպ
’ի
Ղարա-բէլ
կ’ընթանանք,
որ
նոյնպէս
բարձր
է
եւ
ձիւնոտ։
Այս
լեռնամէջներն
եւ
բարձունքները
խիտ-խիտ
գեղեր
եւ
վրաններ
կան
Գզըլպաշներու։
Չէրքէզներ
սպառեցան։
Մահմատ
աղան
բանաստեղծական
խօսք
մը
կ’ըսէ,
թէ
«Կեսարիոյ
Էրգիաս
լեռը
կարի
բարձր
լինելով,
ըսած
է,
Գուռլավիկն
իմ
գօտին
է,
եւ
Ղարա-բէլն
իմ
բլորներ»։
Կը
յառաջանանք,
դարձեալ
կրային
լերինք
եւ
բլուրք,
փուռն,
որ
Սեւաստէն
կը
շարունակէ։
Ել
եւ
էջք
շատ։
Ղարաբէլէն
կ’իջնանք,
որ
կ’անջրպետէ
Սեւաստու
եւ
Տիւրիկի
սահմանները։
Տիւրիկի
երեսը
անտառոտ
է։
Ժամ
11-ին
իջանք
խան
մը՝
ամայի
եւ
աւերակ,
բայց
հարկ
էր
հոն
իջեւանել։
Բարեբաղդաբար
տէրը
հոն
գտանք,
որ
եկած
էր
մեղուներ
նայելու։
Ծածկոյթի
մը
տակ
պատսպարեց
զմեզ՝
տեղի
զուարճալի,
բայց
լուերով,
մոծակներով
եւ
երկիւղով
լի։
Հոս
տեսանք
վիրալից
Արաբացի
Դավրիշ
մը՝
իր
շան
հետ
պառկած
ջրին
եզրը,
անօթութենէն
լեզուն
բռնուած,
կօշիկն
եւ
շապիկն
հազար
տեղով
ծակ
ու
պատառուած։
Հազիւ
կը
հեկեկէր
«Սըփան
Ալլահ»։
Իբրեւ
վկայական՝
իրեն
տրուած
թուղթ
մը
կը
ցուցնէր
եւ
կը
պաղատէր,
որոյ
ոչ
գիր
եւ
ոչ
լեզուն
կը
հասկնայինք,
բայց
իւր
վիճակին
արգահատեցանք։
Իւր
այս
վիճակը
կը
ներկայացնէր
մեր
Ասիոյ
բնակիչները.
նա
անոնց
կատարեալ
անձնաւորութիւնն
էր,
բայց,
իբրեւ
Տաճիկ,
իւր
տէգն
ու
դաշոյնը
վրան
կը
կրէր
դեռ
այդ
վիճակին
մէջ։
Յունիս
28։
Գիշերով՝
ժամը
9-ին,
հեծանք։
12
ժամ
քշել
պէտք
էր
մինչեւ
Տիւրիկ։
Որոշած
էի,
որ
անպատճառ
նոյն
օրը
Տիւրիկ
մտնէինք։
Ո՜վ
ճանապարհներ,
մէյ
մ’ալ
ձեր
երեսը
չտեսնամ։
Ել
եւ
էջ,
քար
ու
կռէճ,
անջուր
եւ
անմարդ,
հանդիպողը
մեզ
կ’ըսէ.
«Զգոյշ
գնացէք,
ի՞նչպէս
չէք
վախնար…»։
Հինգ
ժամէն
կը
հասնինք
Հայոց
Սընջան
գեղին
մօտերը։
Ձորէ
մը
անցնելով,
ուր
ջուր,
ծառ,
ջաղացք,
վարունկի
արտեր,
հետեւաբար
եւ
մարդեր
կը
տեսնանք,
ջրոյ
մը
եզերքը
իջանք՝
հանգչելու
2
ժամ։
Ելանք
շարունակել
մեր
ուղին,
չորս
կողմերնիս
անբեր
հողեր
են՝
ճերմակ,
կիր,
տեղ-տեղ
խոտ
կը
քաղեն
աղքատօրէն,
ցորեն՝
ափ-ափ
ցանուած։
Խենդի
մէկն
ալ
նոր
հերկ
կ’ընէ
ու
հեռուէն
առ
մեզ
կ’աղաղակէ.
«Ալլահ
իչիւն
օլսո՜ւն,
-
հօ,
հօ,
եզներ
կը
քշէ.
-
Պանա
պիր
լիւլէ
թիւթի՜ւն,
հօ,
հօ,
հօ»։
Հազիւ
քանի
մը
ուղեւորներ
տեսանք,
որ
սպառազէն
Թուրքեր
էին,
քիչ
մը
ետք
ալ՝
Սընջանցի
Հայ
մը,
որ
Պօլսէն
կու
գար։
Զըմըսկու-բէլ
նշանաւոր
լեռնադաշտ
մ’է՝
վտանգներով
լի։
Զառ
’ի
վայր
խիստ
խոր
ձոր
մը
իջանք,
ուր
ձիու
մը
անցք
հազիւ
կայ,
երկու
կողմն
երկնաբերձ,
փշրեալ
կրաքարեր,
որ
թափեր
են
եւ
կը
թափին
մեր
առջեւն
ու
ետեւը,
ճամբան
կը
գոցեն
եւ
զմեզ
կը
սարսափեցընեն։
Կրնայ
այս
ձորը
անցորդաց
գերեզման
ըսուիլ։
20
վայրկեան
տեւեց
մինչեւ
դուրս
ելանք։
Ձորաբերան
երկու
փոքրիկ
գեղեր
կան,
բաւական
լայնցաւ
հորիզոնը,
հոս,
աստի
անտի
առուներ
գալով,
գետ
մը
կը
կազմեն,
որք
օժանդակելով
մեծ
ճիւղի
մը՝
կ’երթան
Տիւրիկ
եւ,
անտի
անցնելով,
կը
խառնուին
յԵփրատ։
Քարաշէն
կամուրջէ
մը
կ’անցնինք։
Ուռենի
մը
կը
տեսնենք
եւ
կանանչ։
Գլգլացող
ջրոց
ձայնը
կ’առնունք։
Վազեցինք
ի
հով։
Սաստիկ
զառ
’ի
կող
է։
Արեւը
կիզիչ
էր։
Աղբերաց
ակունքները
գտանք։
12
բաժակ
պաղ
ջուրէն
խմեցի,
եւ
դեռ
պապակս
չանցաւ։
Դարձեալ
հաց
եւ
սոխ,
բայց
ո՜րքան
համով։
Գետը
մեր
ոտքի
տակէն
կը
հոսի,
եւ
ձկունք
կայտռելով
զմեզ
կը
գրգռեն։
Ժամ
մը
հանգչեցանք
եւ
ելանք։
Ամէնէն
չար
ելն
է
մեր
ուղին.
նեղ
կապան,
անհնարին
է
ձի
նստիլ։
Արդէն
այս
աւուր
ճանապարհը
գրեթէ
ամբողջ
քալեր
ենք։
Մարդ
կը
զարհուրի
վար
նայելու.
անդունդ,
գետ,
սպանողաց
եւ
աւազակաց
վայր,
ժայռ,
1
1/2
ժամէն
աւելի
տեւեց։
Ե՛լ
հա
ե՛լ,
եւ
ապա
նոյնքան
էջ,
մօլօզ
քարերու
մէջ։
Ահա
կ’երեւնայ
Տիւրիկ։
Քանի՜
ցանկալի
կ’երեւիս
հեռուէն
ո՜
քաղաք։
Ժամը
10
1/2
էր,
իջեւանեցանք
Առաջնորդարանը։
Շրջանակաձեւ
բարձր
լեռներով
պարսպեալ
հովտի
մը
մէկ
կողմն
շինուած
է
Տիւրիկ՝
զարդարեալ
ընդարձակ
ծառաստաններով,
որք
առատ
եւ
ընտիր
միրգեր
կ’ընծայեն։
Ջրոց
առատութիւն
ունի։
Ըստ
ամենայնի՝
վայելուչ
եւ
զուարճալի
քաղաք
մ’է,
եթէ
անմաքրութիւններ
չունենայ։
Քաղաքի
դիրքը
երկուքի
բաժնուած
է
ձորակով
մը,
ուստի
ջուր
մը
կ’անցնի։
Մէկ
կողմն
հին
բերդն
է՝
բարձր
լեռան
թեւին
վրայ,
որոյ
պարիսպները
քանդուած,
բայց
դեռ
բուրգեր
ողջ
կը
մնան
ամրաշէն։
Բերդի
վրան
ու
ստորոտը
տուներ
կան
շինուած։
Այս
մասն
կ’անուանուի
Բերդի
տակ,
իսկ
միւս
կողմն
աւելի
բազմաբնակ
է
թէ՛
Հայոց
եւ
թէ՛
Թուրքաց
տներով։
Այս
բաժինի
մէջն
են
ծառաստանները,
շուկայն,
եւ
այլ
հասարակաց
տեղեր
ու
հրապարակներ։
Չալթը
սույի
գետակը,
որ
մեզ
հետ
կու
գար,
կը
հոսի
քաղաքի
կողէն
յարեւելս։
Գետոյն
միւս
կողմն՝
բուն
բերդին
դիմաց,
հին
ամրոց
մը
կայ,
զոր
Հայք
Աստուածածնի
բերդ
կ’անուանեն,
ուր
ուխտատեղի
մը
կայ
Աստուածածնի
անուամբ։
Քարայր
մը
կայ
հոն,
կ’ըսէին,
մարմար
քարերէ,
որոյ
տանիքէն
սառնորակ
ջրեր
կաթելով՝
աւազան
մը
կը
կազմեն։
Կարի
զով
է,
ուր
ամառն
կ’երթան
գառն
ուտելու։
Խորունկ
նեղուղի
մը
ունի,
որ,
ըստ
ոմանց,
մինչեւ
գետը
կ’իջնէ,
ըստ
ոմանց՝
գետոյն
տակէն
միւս
բերդը
կը
հանէ։
Տիւրիկի
ոչ
միայն
քաղաքի
մօտերը,
այլ
ամբողջ
գաւառն
ամուր
լեռներ,
ժայռեր,
անձաւներ,
քարայրներ
եւ
անհնարին
կիրճեր
են,
որք
կը
յիշեցընեն
մեզ
անցեալ
ժամանակի
Հայոց
ազատութեան
ապաստանարաններ
լինել։
Տիւրիկ
իբրեւ
պորտ
մի
է
ինկած
Տորոսի
եւ
Անտիտորոսի
լերանց
մէջ,
մօտաւոր
յարաբերութիւն
ունի
Կամախու,
Բաբերդի,
Ակնայ,
Արաբկիրու,
Խարբերդու,
Մալաթիոյ,
Սըսոյ
եւ
Մարաշու,
Սեւաստու
եւ
Շ.
Գարահիսարի
հետ,
կամ,
այսպէս
ըսելով,
Մեծ
Հայոց,
Փոքր
Հայոց
եւ
Կիլիկիոյ
հետ։
Տիւրիկ՝
Սսոյ
աթոռոյն
թեմն
է
մինչեւ
այսօր,
բայց
իւր
Առաջնորդն
Պօլիսէն
կ’անուանուի։
Ազգային
վիճակը
կարի
անմխիթար
էր,
մութ
գաղափարներով
տոգորեալ
եւ
կուսակցութեան
բաժանեալ,
Առաջնորդն
ուզող
եւ
չուզող,
բայց
իրօք
անձնական
էր
վէճը։
Առաջնորդն՝
Թէոդորս
Վ.,
Պատրիարքարանէն
դադրեցուցած՝
քաշուեր
էր
վանքը։
Բայց
անոր
տեղ
ուրիշ
մէկը
գոնէ
Տեղապահ
չնշանակելով՝
մերթ
իբրեւ
առաջնորդ,
զինքն
ընդունողներուն
գործքեր
կը
նայէր,
չուզողներունը՝
չէր։
Քաղաքական
ժողով
անունով
մարմին
մը
կար
ազգը
ներկայացնող։
Բաւական
գործունեայ
անձինք
էին,
բայց
իրենց
ազդեցութիւն
կոտրած
էին
հակառակող
եւ
բողոքող
ազգայիններ,
ուստի
թէ՛
քաղաքն
եւ
թէ՛
գեղերը
խանգարման
եւ
բարձի
թողի
վիճակի
մէջ
կը
գտնուէր։
Շատ
փորձեր
ըրի
միացնելու՝
ժամանակն
եւ
ազգի
պէտքերը
յիշեցընելով
իրենց,
քարոզելով
եւ
խօսելով։
Թէպէտ
համբուրեցին
զիրար
եւ
Պահպանիչ
խնդրեցին,
բայց
կ’երեւէր,
որ
սրտով
անհամբոյր
էին։
Առաջնորդն,
եթէ
Աւետարանը
հասկընար
եւ
կրթութիւն
ու
գիտութիւն
ունեցած
լինէր,
կարող
էր
միաբանել
զիրենք,
բայց
ինքն
ալ
պատճառներ
տուած
էր,
ինչպէս
նաեւ
Պատրիարքարանն։
Քաղաքիս
մէջ
երկու
եկեղեցի
կան
Հայոց՝
Ս.
Աստուածածին
եւ
Ս.
Երրորդութիւն,
գեղեցկաշէն,
իրարու
մերձ,
Բերդի
տակ
ըսուած
թաղին
մէջ
շինուած։
Այն
ինչ
Հայոց
ամենամեծ
մասն
քաղաքի
միւս
մասին
մէջ
կը
բնակին,
բաւական
հեռու։
Քաղաքիս
մէջ
չորս
վարժարան
կար
Հայոցս՝
գծուծ
շէնքերով
եւ
ողորմելի
վիճակով
մը։
Վարի
թաղի
վարժարանը
բոլորովին
փակ
էր։
Լուսաւորութիւն
եւ
դաստիարակութիւն
զիրենք
ճանչցողներ
եւ
ընդունողներ
չունէին
հոս,
հազիւ
կը
բարեհաճէին
խօսել
եւ
լսել
այս
կենաց
խնդրոյն
վրայ։
Բնիկ
Տիւրիկցի
Ղաբամաճի
արուեստաւորք,
ժամանակաւ
Պօլսոյ
մէջ
ընկերութիւն
կազմած,
կալուածներ
գնած
լինելով,
անոնց
արդիւնքէն
տարեկան
4000
ղրշ.
կու
գայ
եղեր
վարժարանաց։
Քանի
մը
տարիէ
ի
վեր
դադրած
էր
սոյն
գումարն.
ծնողք
թոշակ
չէին
վճարեր՝
ձրիին
վարժած
լինելով։
Միայն
Ս.
Աստուածածին
եկեղեցին
2000
ղրշ.
կը
վճարէր
իւր
վարժարանին,
եւ
քանի
մը
ծնողք
խիստ
չնչին
բան
մը։
Մեծ
ամօթ
էր
այս
Տիւրիկցի
ազգայնոց,
որոց
մէջ
աղքատ
չկար,
բայց
զգացմունք
արթնցնելու
համար
քարոզող
եւ
գործող
ալ
չկար։
Թիւ
ուսանող
մանկանց՝
իբր
200։
Տարեկան
ծախք
7500
ղրշ.
էր,
կ’ըսէին։
Աղքատախնամ
ընկերութիւն
մը
կար
հնուց
կազմեալ,
եւ
Հայրենասիրական
ընկերութիւն,
որ
անգործ
կեցած
էր։
Հայէն
եւ
Թուրքէն
զատ՝
ուրիշ
ազգ
բնակիչ
չունի
քաղաքս։
Կալուածներ,
վաճառականութիւն
եւ
արուեստները
մեծաւ
մասամբ
Թրքաց
ձեռքն
է.
Հայոց
հարուստները
վարձակալ
են,
եւ
մեծ
մասն
ալ
փերեզակ,
որ
ապրանքներ
կը
տանին
գաւառները
ծախելու,
եւ
շատերն
պանդխտութեամբ
կը
շահին։
Բողոքական
Հայք
շատ
սիրով
էին
մեր
ազգայնոց
հետ։
Թուրք
հասարակութիւնն
ալ
աղէկ
էր,
բայց
մօլլաներ
եւ
աղաները՝
բարբարոս
եւ
մոլեռանդ։
Հեռագիր
չկար
հոս,
եւ
ճանապարհները՝
լեռնային,
դժուարին
ու
խանգարեալ։
Անուանի
լեռներն
են
Դէլի
դաղ,
Աղ
դաղ,
Զընըսկու-բէլ,
Դումուրճայի-բէլ,
Եամա
դաղի,
Դէմիրլու,
Սարը
չիչէկ,
Սուսուզ-բէլ,
Կէօլ
տաղի
եւ
այլն։
Տիւրիկ
իրեն
գեղերով
միասին
ծանր
հարստահարութիւններ
կը
կրէ
Դըռըջանցի
Քիւրդ
Աշիրաթէն,
որոց
գլխաւորն
է
Դէլի
Սըլօն,
Գզըլպաշ
Խօշկերցի
Աշիրաթէն,
որոց
գլխաւորն
է
Ալիշան
պէյ
(սա
իբրեւ
հրամանատար
համարուած
է
Սեւաստի
եւ
Տիւրիկի
եւ
ասոնց
սահմանաց
մերձ
եղած
բոլոր
աւազակաց
ու
սպանողաց,
աղէկ
ալ
քաղաքագիտութիւն
ունի),
Քէլէճոր
Աշիրաթէն,
որոց
նշանաւորներէն
են
Չօլախ
Համօյի
Մուստաֆան
եւ
եղբարք,
Ղարա-բէլու
Գզըլպաշ
աղաներէն,
եւ
այլն։
Աւելորդ
է
ըսել,
թէ
քաղաքի
Թուրք
աղաներէն
ալ
ասոնց
նմաններ
եւ
պաշտպաններ
կան։
Տիւրիկու
քաղ[աքական]
կառավար[ութիւն]
գայմագամութիւն
է՝
Սեւաստու
վիլայէթութեան
տակ։
Վիճակագրական
թիւերը
Պատրիարքարանին
ուղղած
լինելով՝
օրինակները
առձեռն
չունիմ,
ուստի
այսուհետեւ
բնակչաց
թիւերը
կը
պակսին
գործոյս
մէջէն։
Պատրիարքարանն,
արդէն
կիմանամք,
թէ
որոշած
է
’ի
պաշտօնէ
հրատարակել
թէ՛
թիւերը
եւ
թէ՛
կարեւոր
տեղեկագրութիւնները։
Հայաբնակ
գիւղորայք.
ԽՈՒՌՆԱՎՈՒԼ
գեղ.
Եկեղեցի՝
1.
Ս.
Լուսաւորիչ։
Վարժարան՝
1.
Լուսաւորչեան։
Ուսանող՝
45
մանկունք։
ՄԸՐՈՒԱՆԱՅ
գեղ.
Եկեղեցի՝
1.
Ս.
Աստուածածին։
ՍԻՆՋԱՆ
գեղ.
Եկեղեցի՝
1.
Ս.
Գէորգ։
ՕԴՈՒՌ
գեղ.
Եկեղեցի՝
1.
Ս.
Թովմայ
Առաքեալ։
Վարժարան՝
1.
Մամիկոնեան։
Ուսանող՝
50
մանկունք։
ԱՇՈՒՇԷՆ
գեղ.
Եկեղեցի՝
1.
Մոգուց
Թագաւոր։
Վարժարան՝
1.
Սմբատեան։
Ուսանող՝
67
մանկունք։
ԲԱՐՂԱՄ
գեղ.
Եկեղեցի՝
1.
Ս.
Աստուածածին։
Ս.
ՅԱԿՈԲ
գեղ.
Եկեղեցի՝
1.
Ս.
Յակոբ
վանք։
ԿԻՒՐԷՍԻՆ
գեղ.
Եկեղեցի՝
1.
Ս.
Երրորդութիւն։
Վարժարան՝
1.
Ուսանող՝
40
մանկունք։
ՇԻՄԻԿ
գեղ.
ԱՐՄՈՒԹԱՂ
գեղ.
Եկեղեցի՝
1.
Ս.
Գէորգ։
ՓԱԼԱՆԿԱՅ
գեղ.
Եկեղեցի՝
1.
Ս.
Գէորգ։
ԳԱՍՄԱՆ
գեղ.
Եկեղեցի՝
1.
Ս.
Աստուածածին։
Վարժարան՝
1.
Ս.
Մեսրոբեան։
Ուսանող՝
45
մանկունք։
ԶԻՄԱՐԱ
գեղ.
Եկեղեցի՝
1.
Ս.
Երրորդութիւն։
Վարժարան՝
1.
Ս.
Մեսրոբեան։
Ուսանող՝
60
մանկունք։
Աւերակ
եկեղեցիք,
վանք
եւ
ուխտատեղիք։
Ս.
Յակոբայ
վանք,
որ
գեղերու
կարգին
յիշեցինք։
12
տունի
չափ
Հայք
տիրեր
են
վանքի
հողոյն։
Բնակութիւն
հաստատած
են
հոն,
արտերը
իրենց
վրայ
բաժներ
եւ
թափու
ըրեր
են։
Քանի
մը
արտ
ալ
Թրքաց
ծախեր
են։
Վանքի
պղնձեղէններն
եւ
այլ
անօթները
իւրացուցեր
են։
Դեռ
ուխտաւորներ
կը
յաճախեն
Ս.
Տաճարին,
որոց
եկամուտն
ալ
գեղացւոց
իրաւունք
եղած
է։
Օդուռ
գեղջին
մօտ
Փայլէվանք
անուն
վանքի
մը
աւերակ
կայ,
Կիւրէսին
գեղին
մօտ՝
Ս.
Թորոս։
Գասման
գեղին
մօտ
Բագրատուն
անուն
աւեր
եկեղեցի
մը
կայ՝
հին
գերեզմանատունով
մը,
Արակայ՝
Թրքաց
գեղին
մօտ
Ս.
Գրիգոր
Նարեկացւոյ
անուամբ
վանք
մը՝
4
ժամ
հեռի
Տիւրիկէն,
ուր
երբեմն
Սրբոյն
նշխարք
ամփոփեցան
Սենեքերիմ
արքայի
Վասպուրականէն
գաղթելուն,
ողջ
մատուռ
մը
կայ
եւ
քանի
մը
հին
սենեակներ,
բարձր
լեռան
մը
վրայ։
Տիւրիկ
քաղաքի
մէջ
Ս.
Աստուածամայր,
Ս.
Գէորգ,
Խնդրակատար
եւ
Ս.
Սարգիս
եկեղեցեաց
աւերակներ
կան։
Վերջնոյս
տեղը
նախ
պարտէզ
եւ
ապա
արտ
ըրած
է
քաղաքացի
Թուրք
մը,
եւ
այլն,
եւ
այլն։