Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԵՐԶՆԿԱՅ
       Մայիս 16-ին քաղաքէս մեկնեցանք յԵրզնկայ։ Անմիջապէս սկսանք ել մը, որ կը հանէր Մուսալլայ անունով բարձր լեռ մը։ Որքա՞ն զով է օդ, եւ ի՞նչ պաղ-պաղ ջրերէ կը խմենք։ Լեռան գանգի տարածութեան վրայ լճակ մը կը տեսնանք, որոյ մէջն ու եզերքները երամ թռչնոց կը ճըռուողեն եւ կը թռչտին, ուղեկիցներս կը բացատրեն, թէ Այգըռ գօլու կ’ըսուի այս լճակը, եւ թէ հրեղէն ձիեր ունի իր մէջը։
       Խիստ մօտէն կ’երեւին Շ. Գարահիսարու լեռներ։ Ահա Գաւուր տաղին։ Իսկ մեր միւս կողմէն կը ցուցնեն իրենց գլուխները Բաբերդու լեռներ, որ կամարաձեւ կը հակին դէպի Երզնկայ՝ երկու գօտիներն եւս ձիւնապատ, կլոր շրջանակի մը կամ լուսեղէն ձիւնեղէն պսակի ձեւով։ Կը պատահինք կապաններու, անտառներու միջով կը կտրենք կ’անցնինք, շատ մը գեղեր կան մեր շրջապատը, կ’իջնանք Տօղսան տօլաշմայէն, որ եզան շռիկի պէս պտուտաւոր եւ նեղ ուղիով զառիվայր մի է, եւ ահա խորունկ ձոր մը անտառալից, ուր լի են բնութեան գեղեցկութիւնք եւ հաւուց գեղն ու գեղգեղանք, Մշոյ ճշնանօր ծաղիկն եւ Վարագայ գիներբուկն…։ Ո՞ր հովն է բերեր արդեօք։ Ֆընտըխլի տէրէ կ’ըսուի այս ձորը։ Սակայն այսքան զմայլմանց մէջ աւազակաց սարսափը կը դառնացնէ մեր ամէն ճաշակը, ձիոց ոտնատրոփներ կը լսուին քիչ մը հեռուստ, եւ մեր կարաւանը արագօրէն կ’ընթանայ։ Արդէն ըսած էին մեզ, թէ ահալից է այդ ճանապարհը, բայց ես չէի ուզեր վախնալ։ Քիչ մը եւս, եւ ահա ձորը լայնցաւ մեր առջեւ։ Ապահով եղանք, զի հասած էինք Թուրքի մեծ գեղի մը բերան։ Գեղին ուռենեաց ներքեւ՝ վճիտ եւ սառն ջրոյ մը եզերքը, իջանք հանգչելու։ Առուին քովերը մանկտին եւ հորթիկը կը խաղան անմեղութեամբ ցատկրտելով, եւ մի ալեւոր ծերունի Թուրք բազմեալ կը դիտէ զանոնք հաճոյալիր աչօք եւ քաղցր ժպիտով։ Ահմէտ բաբան (այս էր ծերունւոյն անունը) պահ մը թողուց այն տեսարանի երջանկութիւնը եւ մեզի դարձաւ։ Ո՜րքան բաներ կը խօսի, դարու մը կամ ալ աւելի օրերու կենդանի պատմութիւնն էր։ Կը պատմէր քաղաքական նշանաւոր անցքեր եւ անձինքները, կը պատմէր, թէ ինքն գտնուած է անձամբ շատ դէպքերու մէջ եւ կը պատմէր կանոնաւոր ու առանց չափազանցնելու, իսկ իրեն համար կ’ըսէր՝ 150 տարեկան եմ։
       Ելնելով այդ յիշատակեալ տեղէն` կը շարունակենք մեր ուղին։ Կը հատնի ձորն ու անտառը, եւ իրիկուան մեր իջեւանը եղաւ Փիքոն գեղ Թրքաբնակ՝ իբր 150 տնէ բաղկացեալ։ Գեղին ամէնէն երեւելին՝ ալէփառ Շէրիֆ էֆէնտի, հիւրընկալեց զմեզ իր ընդարձակ սենեակը, որոյ կէսն բարձրայարկ էր եւ գորգերով փռուած, պատուհանները լեցուն գրքեր շարուած։ Այս մասն սենեկին յատկացեալ էր աղօթելու, ուր Ղուրանը՝ փոքր գրքակալի մը վրայ դրած բաց, կ’ընթեռնուին, իսկ վարի մասն՝ բուխէրիկը մշտավառ, քովը փռած ու բազմած էր ինքն Շէրիֆ էֆէնտին, գիրք մը երկու ձեռքով բռնուած, երերմամբ անձին կը վերծանէր լռին։ Մեծարանօք բարեւեցինք զինքն։ Ինքն աւելի յարգանօք ընդունեց. կրակի միւս կողմն փռել տուաւ մեր տեղը, այնինչ մեր սուրճն ու թէյը կ’ուզէինք պատրաստել, խստութեամբ յանդիմանեց զմեզ, եւ, խփելով գիրքը, ինքն իր ձեռքով բովեց, ծեծեց, եփեց եւ հրամցուց մեզ նոր խահուէ։ «Այս իմ պարտքս էր, - ըսաւ, - այսուհետեւ ինչ կ’ուզէք, խմեցէք»։ Ընթրիքն ալ մաքուր եւ պատուական պատրաստուած էր։ Մեր հանգստութեան համար արգիլեց նոյն իրիկուն գեղացիներուն, որ չժողվուին հոն, ուր սովոր էին կրօնի եւ հասարակաց խնդիրներով զբաղիլ։ Հանգիստ քնացանք։ Իսկ առաւօտ գրեթէ ամբողջ գեղացին, որոց մեծ մասն այրի կիներ էին եւ աղքատ պառաւները, մերկ մանուկներ, աղմկալից լեցուեցան սենեակը։ Ոստիկաններ եկած էին գեղը՝ ոչխարի տուրք՝ աղնամ, եւ այլ մնացորդ տուրքեր ժողվելու, գիշերը տնէ տուն շրջելով, որոնք կարողութիւն չունին եղեր դրամ տալու, եւ ահա պաշտպանուելու կուգային Շէրիֆ էֆէնտիէն։ Նա կուլար սրտին ցաւէն ու կ’ըսէր. «Ի՞նչ ընեմ, այս կանանց շատերուն էրիկն կամ եղբայր, կամ տղան պատերազմի մէջ մեռած են կամ գերի գնացած։ Որբեր ու այրիներ ամէն ունեցածնին ծախեցին կերան. մէկ այծով կամ կովով մը իրենց դառն ոգեպահիկը կ’ընեն, զայն եւս չեն թողուր։ Անշուշտ եմ, որ բարեխնամ կայսրն, իմանալով ասոնց վիճակը, պիտի գթայ եւ թոշակ իսկ սահմանէ այս խղճալեաց»։ Անողոքելի կը մնային հարկահանները, եւ այդ ողորմելեաց խումբ մը ճամբայ հանին՝ գաւառագլուխը տանելու։ Իսկ մնացելոց համար դիւրութիւն մը գտած էին. հարկահաւաքաց հետ անասուն գնող ջէլէբ եկած էր, որ գրաւեալ անասունները կը գնէր, եւ այն գումարէն հարկի բաժինը կը հանէին, թէ աւելնար, տիրոջ կուտային։ Մեր մեկնելու ժամն հասած էր։ Շնորհակալ եղանք Շէրիֆ էֆէնտիէն եւ, մորմոքելով այս սրտաճմլիկ տեսարանէն, ճամբայ ելանք։
       Մայիս 17։ Այս աւուր մեր ուղին հանգիստ է եւ զուարճալի. հովիտ մ’է, որոյ միջով կ’անցնի Գայլ գետ, եւ գաւառն կ’անուանի Քէլ-քիւդ։ Հովտին մէջտեղը՝ գեղին մօտ, շինուած է Չիվդլիկ մեծ գեղն կամ Աւան, որ ունի 230 տուն Քիւրդ եւ Թուրք բնակիչ։ 20 տուն Հայք Կիւմիւշհանէէն եկած էին հոս եւ կ’աշխատէին դարբնութեամբ, դերձակութեամբ եւ այլ արուեստներով։ Ոչ քահանայ ունէին եւ ոչ եկեղեցի, ամենախեղճ ստրուկներու վիճակ մ’ունէին, որոց կրածները, զորս կը պատմէին, եթէ ստոյգ է, չէր արժեր իրենց ապրիլն ու շահուիլն։ Ցայս վայր Կիւմիւշհանէի գաւառն է, բայց իշխանութիւնը գրեթէ անուանական եւ եթ է։ Իսկ ասկէ անդին Երզնկայի կը վերաբերի։ Անհանգիստ հանգիստ մը առինք ’ի Չիվդլիկ եւ ելանք մեր ուղին։ Խիտ առ խիտ գեղորայք են մեր աջն ու ձախը եւ արտորայք մշակեալք։ Գայլ-գետը կ’ոռոգէ այս ձորը եւ օղակ-օղակ, օձի պէս պտոյտներով կ’ընթանայ։ Վերջապէս սպառեցաւ ձորն, եւ ահա լեռ մը, որոյ գոգէն կը բղխին Գայլ-գետի աղբերակունք։ Մեր իջեւանն եղաւ Գալօր գիւղը Թրքաբնակ։ Հեռի չէր ասկէ Սատաղ գեղն, որ նշանաւոր է իւր աւերակաց մէջէն գտնուած հնութիւններով, որք են զանազան դրամներ, թերափներ, արծաթեայ զարդեր, ոսկիէ կուռք, եւ դեռ որոնողներ կը գտնեն։ Աղ-տաղ, կամ Սպիտակ լեռն. այս է Գայլ-գետի ականց եւ Սատաղի լեռան անունը, որոյ միւս երեսը կը հայի Երզնկայու ընդարձակ դաշտին։ Աղբերաց շրթներէն կը քաղենք շուշան եւ գիներբուկն, լերան կողերէն՝ գաբն ու խաւարծիլ։ Հասած ենք ’ի գագաթն։ Այդ լայնածաւալ հովիտն, Երզնկայու քաղաքն, բազմաթիւ գիւղորայքն ’ի դաշտին, պղտոր Եփրատն, Տէրսիմի բարձր լերինք եւ ամբածրար սրբազանն Սեպուհ դպան աչքիս, դպան սրտիս։ Դարեր ետեւէ ետեւ շրջանով կը ներկայանան յիշողութեանս. անպատմելի տպաւորութեան ներքեւ ու յափշտակութեանց մէջ կը գտնուիմ…։
       * , ուր ’ի մէջ այնքան շքեղափառ հանդիսաւորութեանց, Տրդատայ ծառայն, Քրիստոսի ծառայն, խաչին լուսով կը ճառագայթէ, իր աչքն երկինքն է, Սեպուհն է, փառաւորեալ եւ պերճացեալ նշանաւ խաչին ’ի հանդէս կը մտանէ։ Սէգն Տրդատ, իւր ահեղ բանակն եւ նախարարք կ’սպառնան, կ’ողոքեն, կը չարչարեն։ Նա միայնակ կը նահատակի, արիւնէ արիւն, մահէ մահ, երկաթէ յերկաթ, վիրապէ ’ի վիրապ փոխուելով՝ կ’ուժովնայ, կը փայլի, կը զօրանայ, կը յաղթէ եւ օր մը այդ տեսարանը կը փոխէ ’ի հակառակն, Առիւծն Տրդատ Աստուծոյ գառն կը դարձունէ, Անահտայ դաշտը՝ եկեղեցւոյ հովիտ, լեռներ ու բլուրները խաչին պսակաւ կը զարդարէ, Սեպուհն երկնից կը հաւասարէ եւ անոր անդնդային խորերը երկնից կամար կը յօրինէ, Սերովբէից դասուք ձորերը կը լեցնէ։
       Երզնկայ դաշտային քաղաք է՝ դիւր եւ արձականիստ։ Իւր ամէն կողմերը խիտ առ խիտ գիւղորայք են՝ ծառաւէտ, ջրաւէտ եւ մշակեալ արտորէիւք։ Դաշտը կը ձգի յարեւելից յարեւմուտս՝ երկու ծայրերը հակեալ ընդ հիւսիս եւ հարաւ։ Ունի իւր մէջ ճախին վայրեր՝ ապականուած հանքային ջրերով, մաս մի եւս շօրաղ եւ մաս մը՝ աւազալից. անգործածելի ըրած են իրենց բռնած երկիրը։ Դաշտի արեւելեան ծայրը կը սկսի այն լեռներէն, որոյ միւս երեսն է Դերջանու գեղեցիկ գաւառն, ուստի Եփրատն կուգայ եւ նեղ անցքէ մը կը մտնայ Երզնկայի լայն արգանդը, իսկ արեւմտեան ծայրն է Սեպուհ լեռն, որոյ կողէն կուշտէն ճամբաներ կան Կամախ երթալու, բայց բուն սպառուածքը կը շօշափէ Կէրջանիսի գաւառն, որ կիյնայ Գէլ-գետի, Շապին Գարահիսարի, Արմտանի եւ Կամախի միջեւ։ Եփրատը գօտիի մը պէս ձգուած է Երզնկայու դաշտի մէջքին եւ պորտին վրայ, տեղ-տեղ՝ բոնթեր յօրինած։ Գրեթէ չորս կողմէն խոշոր լեռներով շրջապատեալ կը տեսնուի այս դաշտը, յորս աւելի վեհ դիրք եւ ձեւ մը ունի Տէրսիմն։ Զանազան ձորերէ ջրեր կը հոսեն եւ, բնակչաց ծառայելէն զկնի, կը թափին Եփրատ։ Վանքերը ամէնէն գեղեցիկ դիրքը գրաւած են լերանց բազկաց, լանջաց եւ ստորոտներուն վրայ։ Եկեղեաց աշխարհ, եթէ «Եկեղէ» բառը առանձին նշանակութիւն մը չունի, արդարեւ Եկեղեցեաց գաւառ ըսուելու յարմար է։ Բայց միթէ «եկեղեցին» հայերէ՞ն էր քրիստոնէութենէն յառաջ, եւ միթէ գաւառիս մերձակայ գտնուած «Վերին Կեղի, Ներքին Կեղի» անունով գաւառնե՞րն այլ եկեղեց կամ եկեղեցեաց գաւա՞ռ կը նշանակեն, գուցէ «Կեղի, Էկեղի» կոչումն առած լինին իրենց դիրքէն, կամ անտառուտ եղած են ’ի հնումն, որոց հետք կան ցայսօր իսկ, եւ Կեղի, որ կը գրուի նաեւ «Քեղի» լինի տեսակ մը անտառի փայտերու անունը, յորմէ նաւեր կը շինուին, զի քեղի «նաւի ղեկ» կը նշանակէ։ Արդէն իր մօտի լեռներ անտառալից են, եւ ցայսօր մեծ առուտուր կ’ընէ Երզնկայ Կէրջանիսի փայտերովը, որ կը վաճառէ այլ գաւառաց, կամ այլ պատճառաւ մը, որ հետազօտելի է, ինչպէս Արմուտան գաւառակ Տանձենիքէն կոչուած է, ուր ցարդ կայ «Տանձիկ» անուն գեղ մը, եւ այս բնական ու սովորական է։ Կայ նաեւ «Կեղիս» անուն գեղ մի ’ի Խիզան։
       Երզնկայ ’ի նախնիս կը գրուէր Երէզ աւան, Երիզա, յետոյ յորջորջուած է Երզնկայ։ Ուրիշ առթիւ դիտել տուած եմ ընթերցողաց, թէ ԿԱՅ կը նշանակէ կայան, տուն, Օթեւան, աւան, կրնանք ըսել նաեւ ապաստանարան, ամրոց, ինչպէս ցոյց տուած ենք Մուշեղ-կայ, Բեն-կայ, Բենիկի տուն կամ ամրոց, որ ցայսօր իւր դիրքը կը պահէ, Աշոտ-կայ եւ այլն։ Եկեղեաց մէջ Երէզնաւանը կար, բայց քաղաք չէր։ Քաղաք ձեւանալէն զկնի եղեր ԵՐԶՆԿԱՅ, իսկ թէ Երէզն բառ մարդո՞յ անուն է, թէ դիցական կոչումն, շա՛տ հին է, զոր չենք ուզեր կրկտել։
       Երզնկայ պատմական քաղաք է, եւ ինչպէս կրօնական ճոխութեամբ նշանաւոր, առաւել եւս բարբարոսաց եւ օտարաց ոտնակոխութեամբ եւ երկրաշարժէ յաճախ կործանմամբ անցեալ մը ունի։ Մեր ժամանակները սակայն յամ յամէ կը բարգաւաճի՝ շնորհիւ Օսմ. մեր վեհափառ կայսերութեան, որ, հաստատելով բանակատեղի այս քաղաքը, զօրաց եւ զօրապետաց ներկայութեամբ ապահոված է եւ աւերակներ գեղեցկացած է շքեղ շէնքերով, առեւտուրով, արուեստներով եւ քաղաքակրթութեամբ։ Հաղորդակցութեան մէջ կը գտնուի Սեբաստիոյ, Խարբերդի, բոլոր Տէրսիմի, Կարնոյ եւ Տրապիզոնի կուսակալութեանց ու գաւառաց հետ, յորոց կ’օգտուին Երզնկացիք։ Բաղդաւորութիւն է իրենց համար չորրորդ բանակին սպարապետ Վսեմ. Նաֆըզ փաշան, որ երկրագործութեան եւ արուեստից քաջալերիչ է, ճանապարհաշինութեանց հզօր հսկող, գիտութեան եւ ճարտարապետութեան ծաղկեցուցիչ, եւ որ մեծն է՝ ամէնու հետ հայրաբար գիտէ վարուիլ եւ յառաջադիմութեան ու կենցաղագիտութեան հոգի ներշնչել, աշխատասէր եւ խաղաղ պահել մեծն ու փոքրը, զօրաւորն ու տկարը։
       Մխիթարական էր տեսնել մեր Ազգայնոց մէջ մանիսայի եւ այլ տարազուց գործարաններ եւ գործողներ, ուրախալի էր տեսնել վարժարանաց համար ունեցած այնքան եռանդն ու արդիւնքն։ Պատուաբեր երիտասարդութիւն մը կար այդ քաղաքին մէջը, որոց մի խումբը հիմնած եւ ցարդ կը կառավարէ Ընկերական վարժարանն կանոնաւոր եւ արդիւնաւոր ընթացքով։ Պատիւն էր Երզնկայի օրիորդաց Քրիստինեան վարժարանը եւ Կեդրոնական ուսումնարանն տղայոց։ Բերկրութեամբ կը տեսնուին եւ նախակրթարանք փոքր մանկանց եւ կրթութեան նպատակով հիմնուած ընկերութիւնք։ Գիշերօթիկն չկար մեր առաջին գնալուն, փլած տեսանք զայն հետ երկու տարւոյ, եւ այժմ չկայ այլ եւս։ Ափսո՛ս, որ ասուպի մը պէս երեւցաւ եւ անցաւ անհետ։
       Մեծին Ներսիսի Պարթեւ Հայրապետին Ս. շիրիմն եւ սրբազնագործ Աջն համբուրելու երջանկութեամբ լցայ։ Ափսոս, որ չժամանեցի Չարչարանաց Լուսաւորչին կամ Տատասկի վանքն երթալու, որ ’ի դուռն Տաւրոսի, Մէրջան պօղազին կառուցուած է։ Գնացինք նաեւ Սուրբ Նիկողոս վանքն, որ հիանալի օդ եւ տեսարան ունի։ Մեծին Ներսիսի Աջը քաղքի Ս. Սարգիս եկեղեցին կը գտնուէր, ուր կային նաեւ հատընտիր մասունքներ, որոց վրայ գրուած են մեր հաւաքած յիշատակարանաց կարգին, ինչպէս նաեւ տեսածս ձեռագիր մատեաններու վրայ։ Ս. Ներսիսի վանքն ալ, շիրիմն ալ անշուք էր։ Ընդհանրապէս շքեղ շէնքեր չեն Երզնկայի վանքերը, յորս կը բնակին քահանայ վանահարք իրենց ընտանեօք, եւ վանքն է իրենց իբրեւ տուն կամ ագարակ, լի անասուններ, անմաքրութիւններ, եւ տաճարն խիստ քիչ խնամեալ։
       Քաղաքի Ս. Նշան եկեղեցին՝ առաջնորդական Աթոռոյն տակ, յեցեալ ’ի սիւն, գտայ իւր ժամանակին, եւ Հայոց եկեղեցւոյն նշանաւոր սոփեստոս, աստուածախօսն եւ երգախօսն Յօհան Պլուզ վարդապետ Ծործորեցին։ Աւա՜ղ, որ զՍեպուհն գերազանց նուագեր էր եւ Հայաստանեայց եկեղեցին քան զարեւն ’ի վեր բարձրացուցեր եւ փայլեցուցեր էր, ինքն ինկեր էր նոյն եկեղեցւոյ աթոռոյն ոտից տակ՝ նսեմ, անտես եւ անյիշելի, որոյ վրայ ամենայն անտարբերութեամբ կը բազմէր Սրբազանն եւ ոտները կը կախէր։ Յիշեցուցի՜ որոց անկ էր։
       Դեռ Գեր. Հմայեակ Սրբազանն Պօլիսէն նոր Առաջնորդ պիտի գար։ Երզնկայի ժողովուրդը քանի մը հազար ոսկի պատրաստած էր նոր գերեզմանատուն մը գնելու եւ շինելու, վարժարանաց վիճակը բարձրացնելու, թատրոն եւ Առաջնորդարան կառուցանելու, զորս լրացուցած եւ կը վայելեն այժմ։ Արդարեւ, Երզնկան կենդանի եւ յառաջադիմելու շաւղին մէջ տեսնալով՝ բերկրեցայ ’ի հոգի. կարող էր օրինակելի քաղաք լինել մեր գաւառաց շատ մը քաղաքաց։
       Երզնկայի մանրամասն տեղագրութիւն եւ վիճակագրութիւն գրուած են քանիցս եւ հրատարակուած լրագիրներէն։ Աւելի ընդարձակն կ’ընթեռնունք «յԱրեւելեան Մամուլն», զոր գրած է Ընկերական վարժարանի առաջին ուսուցիչ Պ. Ս. Ամատեան՝ ուսումնական եւ բնական տեսութեամբ։