Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԽԱՐԲԵՐԴԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԹԵՄՔ ԿԱՄ ՀԱՅԱԲՆԱԿ ԳԻՒՂՈՐԱՅՔ
       ՔԱՂԱՔ ունի 4 եկեղեցի. Ա. Ս. Յակոբ, որոյ տարեկան հասոյթն իբր 4000 ղուրուշ ժողովրդենէն։ Բ. Ս. Կարապետ, հասոյթ՝ 5000 ղուրուշ ժողովրդենէն, բաղնիքի մը չորս բաժինէն մէկն Ս. եկեղեցւոյս, երեքն տաճկաց է, որոյ արդիւնքէն՝ 2000 ղուրուշ։ Մէկ պարապ տեղ մը եւ մէկ խանութ եւս ունի, որոցմէ արդիւնք չառնուր։ Կալուածագիրք երկու հայ մեծատանց վրայ են։ Գ. Ս. Ստեփանոս, հասոյթ՝ 1500 ղուրուշ ժողովրդենէ եւ 450 ղուրուշ մէկ խանութէ։ Դ. Ս. Նշան, հասոյթ՝ 1000 ղուրուշ ժողովրդենէ, 600 ղուրուշ բաղնիքէ մը, 600 ղուրուշ երեք եւ կէս խանութներէ։ Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ սրահը ծաղկոց մը կայ մանր մանկանց, որոց թիւն էր 150, եւ աղջիկ՝ 50։ Քաղաքի մէջն է Սմբատեան ընկերութեան վարժարանն, որ ունէր աշակերտ 70, տարեկան ծախքն էր իբր 25 ոսկի՝ ընկերութեան բաժիններէ եւ հանգականութենէ։ Իսկ միւս ծաղկոցներու տարեկան ծախքը 3850 ղուրուշ, զորս կը հոգային եկեղեցեաց հասոյթէն, թոշակէ, բարեպաշտօն ոմանց նուիրատուութեամբ եւ այլն։
       ՀԻՒՍԷՅՆԻԿ գիւղ. 1. Եկեղեցի՝ Ս. Վառվառ։ Վարժարան երկսեռ՝ Հայկեան եւ Վառվառեան։ Ծախք վարժարանին՝ տարեկան 2100 ղուրուշ, եկեղեցիէն եւ Հայկ. Ընկերութենէն։ Աշակերտք՝ 100 մանկունք, 60 աղջիկ։ Տունք Հայոց՝ 418։
       ՄԷԶՐԷ (ՄԱՄՈՒՐԱԹ-ԻՒԼ-ԱԶԻԶ), որ է կառավարութեան կեդրոն։ 2 եկեղեցի՝ Ս. Աստուածածին եւ Ս. Սարգիս։ Տունք Հայոց՝ 246։ Վարժարան՝ 2-3. կը բացուին ու կը գոցուին։ Աղջկանց համար ալ կար, նոյնպէս բաց ու խուփ։ Երկսեռ աշակերտցուք 200-էն աւելի, եւ եթէ ծախք ընէին, 4800 ղուրուշ որոշեր էին՝ եկեղեցիներէ եւ թոշակներէ։
      
       Վարժարան չնշանակուած գեղերէն ոմանք ի ձմերան կը ժողվեն իրենց տղայք ախոռներու մէջ, կամ յարմար տեղ մը եւ կը կարդացնեն։ Շատերն այդքան ալ չունէին։ Տասն երեք գեղերու Հայք Բողոքականներ ունին իրենց մէջ, վեց գեղեր՝ Կաթոլիկ կամ Լատին ունին։ Թուրք գրեթէ ամէն գեղերու մէջ կայ, իսկ Ասորին՝ ի քաղաք, միւս տեղերը աննշան են։