ԽԱՐԲԵՐԴԻ
ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ
ԹԵՄՔ
ԿԱՄ
ՀԱՅԱԲՆԱԿ
ԳԻՒՂՈՐԱՅՔ
ՔԱՂԱՔ
ունի
4
եկեղեցի.
Ա.
Ս.
Յակոբ,
որոյ
տարեկան
հասոյթն
իբր
4000
ղուրուշ
ժողովրդենէն։
Բ.
Ս.
Կարապետ,
հասոյթ՝
5000
ղուրուշ
ժողովրդենէն,
բաղնիքի
մը
չորս
բաժինէն
մէկն
Ս.
եկեղեցւոյս,
երեքն
տաճկաց
է,
որոյ
արդիւնքէն՝
2000
ղուրուշ։
Մէկ
պարապ
տեղ
մը
եւ
մէկ
խանութ
եւս
ունի,
որոցմէ
արդիւնք
չառնուր։
Կալուածագիրք
երկու
հայ
մեծատանց
վրայ
են։
Գ.
Ս.
Ստեփանոս,
հասոյթ՝
1500
ղուրուշ
ժողովրդենէ
եւ
450
ղուրուշ
մէկ
խանութէ։
Դ.
Ս.
Նշան,
հասոյթ՝
1000
ղուրուշ
ժողովրդենէ,
600
ղուրուշ
բաղնիքէ
մը,
600
ղուրուշ
երեք
եւ
կէս
խանութներէ։
Իւրաքանչիւր
եկեղեցւոյ
սրահը
ծաղկոց
մը
կայ
մանր
մանկանց,
որոց
թիւն
էր
150,
եւ
աղջիկ՝
50։
Քաղաքի
մէջն
է
Սմբատեան
ընկերութեան
վարժարանն,
որ
ունէր
աշակերտ
70,
տարեկան
ծախքն
էր
իբր
25
ոսկի՝
ընկերութեան
բաժիններէ
եւ
հանգականութենէ։
Իսկ
միւս
ծաղկոցներու
տարեկան
ծախքը
3850
ղուրուշ,
զորս
կը
հոգային
եկեղեցեաց
հասոյթէն,
թոշակէ,
բարեպաշտօն
ոմանց
նուիրատուութեամբ
եւ
այլն։
ՀԻՒՍԷՅՆԻԿ
գիւղ.
1.
Եկեղեցի՝
Ս.
Վառվառ։
Վարժարան
երկսեռ՝
Հայկեան
եւ
Վառվառեան։
Ծախք
վարժարանին՝
տարեկան
2100
ղուրուշ,
եկեղեցիէն
եւ
Հայկ.
Ընկերութենէն։
Աշակերտք՝
100
մանկունք,
60
աղջիկ։
Տունք
Հայոց՝
418։
ՄԷԶՐԷ
(ՄԱՄՈՒՐԱԹ-ԻՒԼ-ԱԶԻԶ),
որ
է
կառավարութեան
կեդրոն։
2
եկեղեցի՝
Ս.
Աստուածածին
եւ
Ս.
Սարգիս։
Տունք
Հայոց՝
246։
Վարժարան՝
2-3.
կը
բացուին
ու
կը
գոցուին։
Աղջկանց
համար
ալ
կար,
նոյնպէս
բաց
ու
խուփ։
Երկսեռ
աշակերտցուք
200-էն
աւելի,
եւ
եթէ
ծախք
ընէին,
4800
ղուրուշ
որոշեր
էին՝
եկեղեցիներէ
եւ
թոշակներէ։
Վարժարան
չնշանակուած
գեղերէն
ոմանք
ի
ձմերան
կը
ժողվեն
իրենց
տղայք
ախոռներու
մէջ,
կամ
յարմար
տեղ
մը
եւ
կը
կարդացնեն։
Շատերն
այդքան
ալ
չունէին։
Տասն
երեք
գեղերու
Հայք
Բողոքականներ
ունին
իրենց
մէջ,
վեց
գեղեր՝
Կաթոլիկ
կամ
Լատին
ունին։
Թուրք
գրեթէ
ամէն
գեղերու
մէջ
կայ,
իսկ
Ասորին՝
ի
քաղաք,
միւս
տեղերը
աննշան
են։