Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԲԱԼՈՒԱՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱԲՆԱԿ ԳԻՒՂՈՐԱՅՔ
       ԲԱԼՈՒ քաղաք (գայմագամ. ՝ Արղնի Մատէնի միւթէսարիֆութեան տակ), Առաջնորդանիստ։ Եկեղեցիք Հայոց Ս. Սահակ, Ս. Լուսաւորիչ, Ս. Աստուածածին, Ս. Կիրակոս։ Եկեղեցիք ունին կալուածք, 12 խանութ եւ 4 մաղազայ։ Կալուածագրեր Տ. Գէորգեան Մ. Յովհաննէսին, Արփաճեան Մ. Կիրակոսին եւ Թիւթիւնճեան Համբարձումի անուններովն էին։ Ասոնցմէ զատ կան նաեւ 2 աղբիւր, 1 ջաղաց եւ 2 խանութ եւս Ազգային կալուած։ Վարժարանք՝ 4, աշակերտ՝ 200 մանկունք եւ 20 աղջիկ։ Տունք Հայոց՝ 550։
      
       Վանքեր։ Երկու վանք ունի Բալու՝ Հաւաւոյ վանք կամ Քաղցրահայեաց Ս. Աստուածածին եւ Պաղինու կամ Ս. Խաչի վանք։ Երկոցունց մէջն ալ միաբան ոչ ոք, միայն առաջնոյն մէջ վանահայր մը կար՝ Մանուէլ վարդապետ։ Հողերը թափու ըրած չեն, իբր թէ ֆէրման ունենային։ Հաւաւոյ վանքին 30 քիլայ սերմամուտ արտեր կան (1 քիլան 400 օխա է), մարաբաներով կը մշակեն։ Ունի նաեւ 1 ջաղաց եւ 3 այգի շէն, 3 այգի աւեր եւ մաս մը անտառ։ Վանքին հասոյթն է 10 քիլայ ցորեան իր արտերէն (ամբողջ չմշակեր), եւ 30 քիլայ ցորեն ու գարի՝ թեմերէն պտղի։ 60 օխա բամբակ իր արտերէն եւ 60 օխա բամբակ պտղի։ Իր հողային սահմանն ու անտառը կը շրջապատէ երկու ժամով։ Թեմական գիւղ՝ 34 եւ քաղաքը։ Իսկ Ս. Խաչի վանքն ունի ութ քիլայի սերմամուտ արտեր, 1 այգի եւ 1 ջաղաց։ Հասոյթն է 10 քիլայ ցորեն եւ 60 օխա բամբակ իր արտերէն, զորս կը մշակէ վանքն իր լուծքերով եւ մշակներով, 6 քիլայ ցորեն եւ 300 ղուրուշ պտղի, թեմական գիւղ՝ Հողային սահմանի շրջապատն է մէկ ժամ։
       Մարդ կը զարմանայ, թէ ինչո՞ւ Առաջնորդն տրտունջ կ’ընէ իր ապրուստին, երբ պսակադրամին եւ հոգեբաժնին հետ այս վանքերու հասոյթն ալ Առաջնորդարանին յատկանան, զի շէնքերու ծախք չունին, բոլորովին աւերակ են երկու վանքի շէնքերն ալ՝ բաց ’ի տաճարներէն, կամ ինչո՞ւ գաւառական տնտեսական խորհուրդը, գանձելով ասոնք, չկրնար մատակարարել չափաւորապէս Առաջնորդի եւ Առաջնորդարանի ծախքը։
       Մեսրովբեան ընկերութիւն մի կար ’ի քաղաք, որ կը նպաստէր վարժարանին, եւ Բարեսիրաց ընկերութիւն մը, որոյ նպատակն էր թաղին աղքատ ազգայնոց գլխահարկը վճարել։ Ունէին 4 խանութ կալուած եւ 40. 000 ղուրուշ դրամագլուխ, որոնցմէ շահ ու տոկոս կը գոյանար տարեկան իբր 7000 ղուրուշ, եւ գանձապետն էր Ուզունեան Աւետիս։ Ահա մի միայն գեղեցիկ գործ Բալուայ քաղաքացւոց։
       Ժողովուրդը մաքուր հայերէն կը խօսին, եւ տեղական պիտոյից ամէն արուեստները գիտեն թէ՛ քաղքցիք եւ թէ՛ գեղացիք։ Շատ ալ աղքատ չունին։ Գաւառին ներքին բերքերն են ցորեն, գարի, բամբակ, շուշմայ, կտաւատ, ոսպ, սիսեռ, կանեփ, խաղող, գինի, պանիր, իւղ, մեղր, ընտանի անասուններ, դուրսեր կը ղրկէ խէժ, շրէզ, ոչխարի եւ այծի մորթ, բուրդ, մեղրամոմ, նուշ, սորս (խօյուն պօյա կամ աշի պօյասի, որ հանքային հող է), բամբակ, կուզ, աղուէսենի եւ այլն։ Լերանց մէջ կան պղնձի եւ արծաթի հանքեր, Հաւաւոյ եւ Նոր գեղի մօտերն ալ՝ հանքածուխ։ Երկու հովիտ ունի Բալահովիտն 6 ժամ երկայն եւ 3 ժամ լայն, իսկ Աշմուշատն՝ Սամուսատայ հովիտն 3 ժամ երկայն եւ 1 ժամ լայն է։
       Հողերը պէյերու եւ աղաներու սեպհականութիւն են բոլորովին գրեթէ եւ անոնց վրայ թափու եղած։ Առանց թափուի հողեր ալ շատ կան պէյերուն եւ աղաներուն, յորս քուրդեր կը բնակին եւ իճարէ կը վճարեն։ Բնակիչք՝ Հայ եւ Քուրդք, յաճախ ջանքեր ըրած են, խնդիր մատուցած են կառավարութեան, սակայն չեն կրցած յաջողիլ պէյերէն իրենց վրայ դարձունելու հողերը։ Հարիւրէն մէկը հազիւ Հայոց սեպհականութիւն կայ, զորս մասն առ մասն գնած են, բայց հոս տուն եւ այգին գեղացւոյն սեփհականութիւնն է։
       Ամբողջ Բալուն 460 գեղ է, յորմէ 30-ն վագըֆ է, եւ անոնց հողն ու տասանորդը յատկացեալ է շէխերու կամ ճամիներու։ Պէյերու մէջ ամէնէն գլխաւորն է Սատըգ պէյն, որ քաղաքակրթութիւն ալ գիտէ, եւ ընդհանրապէս Բալուայ պէյեր Չարսանճագի պէյերու չափ անագորոյն չեն, եւ ոչ ժողովուրդն՝ անոնց չափ ստրուկ, թէպէտ հոս ալ հողային տուրքը գեղացին կուտայ, այնինչ հողին տէրը պէյն է. գեղացին իր եզներով, իր սերմով եւ իր աշխատանքով կը վարէ, ցանէ եւ կը հնձէ եւ, տասանորդը արդիւնքէն տալէն զկնի, մէկ բաժին իրեն, մէկուկէս բաժին պէյին կուտայ։ Տեղ-տեղ ալ կայ, որ տասնէն ութն ինքն կ’առնու եւ երկուք աղային կուտայ։
       Հողատէր աղաներէն եւ պէյերէն զատ են Պուլանըքի եւ Կօքտարայ նահիէի Զազայ Քրդեր. Իզօլ, Ղռան, Շատէ, Չաքան աշիրաթներ եւ Քուրումցիք, Մաղարացիք, Ուզովցիք, Փայանտցիք, Այրանիխէրեցիք, Կօզէրեցիք, Փիադացիք, Քարօրցիք, Թօթիկցիք, Աղմէզրէցիք, Քասաքօփրուցիք, Ալխատեցիք, Բալխայեցիք, Ոշինցիք եւ այլն։
       Թէ՛ Հայոց հետ խառն եւ թէ՛ առանձին բնակող այլ ազգերն են Թուրք Կորմանջի Քուրդ եւ Զազայ Քուրդ։ Վերջիններ աւելի բազմաթիւ են, որք Տէրսիմցոց լեզուն եւ կրօնքն ունին։
       Մշոյ Եփրատն կամ Արածանին անցնելով՝ Բալուէն Աշմուշատ եւ Մարզռուտ նահիաներու մէջ բրինձի մշակութեան կ’օժանդակէ, եւ իր վրան նաւակներ ու քալակներ կը բանցունեն։ Գաւառին ճանապարհները լեռնոտ եւ խանգարեալ են։ Միայն դէպ ’ի Խարբերդ դիւր է, որ կը տեւէ 12 ժամ։ Ունի դիւրութիւն կառուղի շինելու, որ Աշմուշատի միջով կ’երթայ, կը խառնուի Բաղդատի մեծ պողոտային Խարբերդի եւ Արղընի միջոց, Կօլճուկին քովեր։