Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՐՂԸՆ ԿԱՄ ԱՐԿԸՆԻ
       Մեկնելով Բալուէն՝ դժուարին զառ ’ի վեր ճանապարհաւ մը կ’երթանք լեռնակողմն Կապան, եւ տեղ-տեղ խիստ քարուտ, որ կը յիշեցնեն մեզ Ակնայ ուղիներ։ Բալուայ Եփրատն քովերնէս կը սահի, երբեմն կ’երգէ, երբեմն կը հեծէ, երբեմն կը սրտմտի, երբեմն կ’արտասուէ, կը նեղնայ, կը լայննայ, միշտ կը խօսի, ինչե՜ր կը խօսի։ «Գրէ՛, - կ’ըսէ, - թող կարդան զիս Հայեր… թող յիշեն զիս… սիրեն զիս…»։ Բայց, ո՞ ջուր ցանկալի, որո՞ւ համար գրեմ. մեր Վոսբորացիք այժմ Վոսբորն ու Ոսկեղջիւրն կ’երգեն, մեր Տէլէմաքները Մարմարայի ափերն ու կղզիները կը յածին, Դանուբն, Նեղոս, Սէն, Թէյմզ, Նէվան կը պաշտեն, Լուտաս կը ճաշակեն եւ անոնց շէն, հանգիստ, զուարճալի բերկրանաց ու գեղեցկութեանց կը փարին։ Բազումք իրենց հաճոյքն ու քնարը այն վայրերուն նուիրած են։ Դու գեղջուկ ես, կ’ըսեն, տխուր ու ողորմուկ ես, լաց ու արցունք չեն ախորժիր այժմ։ Դու թշուառ ես։ Երբ զարդարուիս, երբ զուարթանաս, յայնժամ զքեզ պիտի սիրեն…։ «Իրենցմով, իրենցմով, - գոռացին ջրեր, - պիտի բերկրիմ զարդարուիմ եւ զուարթանամ ես»։
       Աշմուշատայ դաշտն ենք։ Կը տեսնենք իր աւերակները, եւ իր հովիտին մէկ մասը ողողեր էր գետն։ Մեծ գեղն՝ Պաղին, կը յիշեցնէ, թէ Պաղնատուն գաւառի մէջ կը գտնուինք։ Ահա Թիլ գեղն, որոյ կից է Ս. Խաչի վանքն։ Մենք իջեւանեցանք Թրխի գիւղը։
       Հետեւեալ օրուան ուղին նոյնքան դժուարին է, լեռնոտ եւ քարուտ։ Առատ անձրեւ ալ կը տեղայ, եւ Արղընու հովիտն, որոյ մէկ ծայրը կը հասնի մինչեւ Տիգրանակերտը, անհուն տարածութեամբ կը պարզուի մեր աչաց առջեւ։ Երեկոյեան ժամերգութիւնն աւարտած էր։ Մտանք Բարձրահայեաց Ս. Աստուածածնի վանքը, որ շինուած է ապառաժ ահագին բարձրութեան մը վրայ, որ կը կոչուի Արկնոյ բերդ։ Եւ արդարեւ, բերդին պարսպի բեկորներ եւ ողջ մնացած մասեր կան։ Վանքին թէ՛ Ս. տաճարն եւ թէ՛ միւս շէնքերը քարաշէն են։ Թէպէտ հոյակապ շէնք չունի, բայց նայելով երկրին այլ շինուածոց, իբրեւ նշանաւոր հռչակուած է։ Բազմաթիւ, այլ խառն ի խուռն սենեակներ ունի, աղբիւր չկայ, ուստի երկու մեծ սառնիճ ունի ջրալից։ Առաջնորդարանին դարպասը ամէնէն շքեղ շէնքն է՝ ընդարձակ եւ կոկիկ։ Իր ճակատն եւ մէկ կողմն շինուած են գրադարանները, յորս զետեղուած են տպեալ եւ ձեռագիր բազմաթիւ մատեանները՝ բաւական խնամքով պահպանուած։ Ձեռագիրներու ցանկն տես ’ի յիշատակարանս։
       Գրադարանաց անկիւնը փոքրիկ դուռ մը կայ՝ վրան նկարուած Երիքովէն ողկոյզ կրողաց պատկեր մը, այս դռնէն ներս՝ փոքրիկ սենեակ մը յախճապակիով, եւ մէջը՝ հազուագիւտ եւ թանկագին անօթներ, սափորներ եւ այլ։ Երկու դարակաց դուռն կը ծածկեն երկու ահաւոր պատկերներ Պօղոս եւ Պետրոս առաքելոց, մէկն՝ բանալին ’ի ձեռին, միւսն՝ սուր։ Սենեակը կը կոչեն ջանադ օտասի՝ արքայութեան օթեւան։ Մեծ դարպասին Արեւմտեան ճակատը շինողին անունը գրած է, եւ ասկէ կը բացուի դուռ մը վանահօր առանձնասենեակը, ուստի կը մտնեն մառանն ու շտեմարանը անօթոց եւ ’ի տուն գինւոյ։
       Ս. Տաճարն գմբէթաւոր է, բարձր, քառակուսի, ամուր քարուկիր։ Դրան ճակատը գրուած. «Աւժանդակութեամբ Աստուծոյ եւ հրամանաւ Աւթման Շահին կանգնեցաւ խորան Ս. վերադիտողութեամբ Նգշ. Մկրտիչ եպիս. թվ. Պ. Գ. »։
       Ս. Տաճարին մէջը յախճապակիով է մինչեւ կամարները։ Ունի մէկ խորան՝ յանուն Ս. Աստուածածնի… սեղանոյն վրայի Տիրամօր պատկերը հռչակաւոր է, զոր Յոյնք եւս կը պատուեն՝ աւանդելով, թէ Ս. Ղուկաս Աւետարանչի ձեռանկարն է։ Մենք շօշափելով տեսանք, որ նուրբ կաճի պէս նիւթով մը ծեփուած է, եւ այդ նիւթոյն վրայ նկարուած էր Ս. Աստուածածին՝ Քրիստոս մանուկն ’ի գիրկն, արծաթ շրջանակի մէջ առնուած, եւ շրջանակին վրայ յունարէն տառերով թուական՝ 1786, իսկ Քրիստոսի կուրծքին վրայ հայերէն գրուած. «Յշտկ է Մատանու գահանից իշխանաց եւ համօրէն ժողովրդոցն աւուրըն Սասընցի Կարապետ վարդապետին. թվ. հայոց (էջ 174-ից) մարտ ժե»։ Տախտակէ պատուանդանին վրայ, ուր կը հանգչի պատկերն, սպիտակ գրերով գրուած. «Նկարեցաւ պատկերս ի Ղալաթիա, յիշատակ Եղիազար վարդապետին. ’ի դուռն Բարձրահայեաց Ս. Աստուածածնին թվ. Ռ. Ճ. Դ. »։ Ս. սեղանոյն ետեւ՝ աջակողմն, գրուած է. «Եօթն բեռ սրբոց մասանց, ’ի մատուրնս»։ Արդէն յայտնի է, որ վանքիս շինողն է Նագաշ Մկրտիչ եպիսկոպոս, եւ աւելի բարեզարդած է Եղիազար Անթապցին՝ պատրիարք եւ կաթողիկոս, անուանին իբր դար մը առաջ։ Նագաշն Մուֆարղինէն, որ է Նփրկերտ կամ Մարտիրոսաց քաղաք, Շմաւոն եպիսկոպոսի զետեղած բիւր մարտիրոսաց նշխարներէն մեծ մասն փոխադրած է այս տեղ եւ շատ մ’ալ Մշոյ Ս. Կարապետ եւ Տարօնոյ միւս վանքերը, բայց յաւանդութենէ կ’ըսեն, թէ Նագաշէն յառաջ մատուռ կար այստեղ՝ Թադէոս առաքեալէն հիմնուած։
       Ս. Տաճարին մէջը ճրագ մը տեսանք՝ վրան արծաթ, մէջը՝ հողէ, զոր կը վառեն կայծակի օրերը եւ կ’անուանեն «Արնէ ճրագ, կայծակի ճրագ»։ Վանքն իր դիրքով յաճախ ենթակայ է կայծակի։ Այդ ճրագի արծաթին վրայ գրուած. «Յիշատակ է ճրագս արնէ ’ի տաճարն Բարձրահայեաց Ս. Աստուածածնայ, ’ի նորին Առաջնորդ Աճէմեան Կարապետ վարդապետէն, որ է ինքն շաղեալ արեամբ մարտիրոսաց, ’ի յապահովութիւն տեղւոյս միաբանիցն ի կայծական, ’ի Ռ. Մ. Զ. »։
       Այդ ճրագի ձեւով շինուած հողէ ճրագ մը հետս բերի եւ դրած եմ Ղալաթիոյ մատենադարանը։
       Մի այլ յիշատակագիր շէնքերու նորոգութեանց. «Շնորհիւ տեառն վերստին նորոգեցաւ Ս. Վանքիս բոլոր խցերն, Կոստանդնու Գրիգոր Պատրիարքի փոխանորդի Սասնցի Կարապետ վարդապետի ձեռամբ, եւ նորին աջորդ Պօղոս վարդապետին, թվ. Ռ. Մ. Ժ. Գ. ին»։ Սոյն Կարապետ վարդապետին, ինչպէս եւ այլ Առաջնորդաց գերեզմանք Ս. տաճարի դրան կից են։ Ահա երկու տապանագիր.
       Ա. «Աստ ամփոփի նշխար ’ի դիր, Կարապետու արհի պետին, սրբոյ ուխտիս արի դիտին, եւ մեծագործ… զի համայն շէնք թէ արտաքին, միանգամայն եւ թէ ներքին, արհւոյս ջանիւք կերտել յանգին»։
       Բ. «Սահակ արհի մեծ րաբունիս, տեսուչ համթայ եւ սուրբ ուխտիս,
       Ծնեալ յԱմիթ, սնեալ յաստիս, ննջեալ յայժմիկ ’ի տապանիս,
       Մանկութենէ հասեալ յալիս, հոգայր պիտոյս մենաստանիս,
       Զարդրք եւ շինուածք եւ կարասիս, ընդ նոր մատրանս կազմեաց արհիս,
       Բուրման խնկոց միշտ արժանիս, վարձ իւր հայցէ տալ զողորմիս,
       Դուք, որ ունիք զայս տան բարիս, եւ կամ որ գայք ուխտ տաճարիս։
       Կցեալ հազարն երկհարիւրիս, յեօթանասնին, որ Հայիս,
       Համ տեսչութեան քսան եօթնիս, թիւ կենացն վաթսուն հնգիս»։
       Վանքէն վեր՝ ապառաժին բուն գագաթը, կը գտնուի Տաճկաց Թէքքէն՝ զիլֆի փէղամբար անունով, ուր շիրիմ մը կայ զարդարուած։ Քանի մը կարդացողներ կը նստին հոն։ Ունի ուխտաւորներ։ Վսեմ. Աբէդին փաշան, վանքը մէկ գիշեր օթելով, իրեն հետ առիթ ունեցանք Թէքքէն երթալու եւ Գերեզմանը տեսնալու։ Պատմութիւնն մեզ կ’ըսէ, թէ այս ապառաժն էր Հարբիկ իշխանին բերդ, յորում սպանաւ նենգութեամբ, եւ թէ՝ այդ գերեզմանն լինի այն քաջ՝ այլ դժբաղդ Հարբիկին շիրիմը, որ եղաւ նախատինք Յունաց (Մատթ. Ուռհ.
       Վանքիս Ս. անօթներ եւ Ս. զգեստներ մեծ հռչակ ունէին, զորս դժբախտաբար չի կրցինք տեսնել, զի պատերազմի օրերէն ’ի դարանի կը պահուէին։ Այսպիսի ամայի տեղ մը զգուշութիւն եւ փորձառութիւն թելադրած էր զիրենք ընել այդ բանը, եւ մի նոր պարսպի պէս պատ մը շարած էին վանքին արեւմտեան ժայռերու վրայ, ուստի աւազակներ մտած էին քանիցս, եւ ’ի վերջոյ, այնտեղը կենալով, քարկոծեր էին վանքը։ Այստեղի անօթներ եւ մատեաններ եւ զանազան հազուագիւտ նիւթերը գաւառիս մէջ գտնուած վանքերու եւ եկեղեցեաց աւերմանէն յետոյ հետզհետէ ժողվուեր էին, իբրեւ ամուր եւ ապահով վայր, եւ զորս այնքան խնամօք ու արթնութեամբ պահպանել ներկայ վանահայր Յովհաննէս ծերունի ու առաքինի վարդապետին շնորհքն էր. արդարեւ սուրբի պէս մարդ մը՝ իւր մաքուր եւ անբասիր վարքով, հեզ ու քաղցր բնաւորութեամբ, շէնարարութեամբ եւ տնտեսագիտութեամբ աննման, համբոյր եւ սպիտակ ալեօք, որ կ’արժէր հազար ցուցամոլ եւ պոռոտախօս, բայց անարդիւնք վարդապետ եւ եպիսկոպոս։ Սակայն եւ այնպէս Հրաշագործի հրաշքներուն քանիցս հանդիպած էր, եւ վանքին կարգադրութիւնները խախտելէն ու զանազան կորուստներ պատճառելէն զկնի, անգամ մը եւս յաջողած էր պատրել զպատրիարքարանն եւ վանուցս տեսչութիւնն ստանալ՝ խոստանալով, որ գիշերօթիկ վարժարան եւ տպարան հաստատէր վանքը։ Մինչեւ ե՞րբ խաբուի ազգն այսպիսի գեղեցիկ, այլ պատիր խոստումներէն։ Դժբախտաբար միայնակ չէ Հրաշագործն այս հրապուրիչ արհեստը գործածող։ Վանահօր մեծ պակասութիւնն էր կանոնաւոր տոմար եւ արձանագրութիւն չունենալ, որոյ համար հրահանգեցինք զինքն։
       Թեմական Հայք, ուխտաւորք եւ շրջակայ այլ ազգք գրեթէ կը պաշտեն այս արժանաւոր անձն, որ թէպէտ այնքան ուսեալ մէկը չէ, բայց բարեմիտ եւ բարեգործ է, եւ այս շատ հազուագիւտ բան է մեր այժմեան կրօնաւորաց մէջ։ Վանքն ունի երեք վարդապետ եւս, որք վանական կարգով կը պաշտեն ’ի Ս. տաճարին սաղմոսիւք, ժամերգութեամբ եւ պատարագաւ եւ կը շրջին թեմերը՝ այցելութեամբ ու, ժողովրդոց հոգեւոր գործեր նայելէն զկնի, անոնց նուէրներ կը բերեն վանքը։ Թեմերէն վեց որբ տղայք եւ եօթն սպասաւոր երիտասարդք կային վանքը, ուր կը ծառայէին եւ կը կարդային։ Այգիներ եւ արտերը կը տարածուէին լեռան ստորոտը։ 38 կտոր արտ ունէր, 5 խանութ՝ Մատէնի մէջ, 2 խանութ՝ Ջերմուկի մէջ, 4 տուն Տիգրանակերտը, 1 տուն՝ Արղնի։ Մշակութիւն մարաբաներով էր, թափուն՝ «Մարիամ դուստր Յովակիմայ» անուամբ։ Կալուածներու եկամուտէն զատ, իբր 100 ոսկի, եւ երթեւեկաց բազմութիւն ու անոնց համար մսխանքը մեծ տեղ մը կը բռնէր։ Պարտք երբէք չունէր։