Կարմիր գիրքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

***

Ո՜վ է ցայգին մէջ աղջիկն այս տրտում,
Որ խենթի մը պէս կ՚երթայ անդադրում,
Դիակէ՜ դիակ։ Ի՜նչ է այս հառաչ։
Ո՞վ է դիտապաստն այս՝ որու առաջ
Հէգը կանգնեցաւ։ Ճի՛չ մը…։ Ու ահա՛
Վիրաւորն ելլել կ՚ուզէ, կը դողայ.
Բազուկներ իրար կը գալարուին քար…։
Ու լուսնակին տակ, սէրէ՛ն խելագար՝
Արիւնո՛տ, փրփրո՛տ՝ լա՜յն բերանը տաք
— Բիւր-ժանիք վիհի մը պէս անյատա՜կ  —
Խոր հռնդիւնով հոգեվարքը արդ
Կպցուց սիրուհւոյն բերնին վըրայ վարդ…։

Ահե՛ղ շրջանակ։ Չորս կողմը մեռել,
Մէջտեղը Սէր. մո՜ւթ արահետ անել։
… Զէնքս կրակե՛ցի. գանկերն հակեցան։
Մօտեցայ իրենց. ըսի բարձրաձայն

Հօլա՜, ընկերնե՜ր,
Ինչո՞ւ էք լռեր.
Ձեզ շա՜տ ալելո՜ւ։
Դրախտ երթալու
Ո՞րն է կարճ ճամբան.
Ա՜յ, ո՜րն է ճամբան…։