Ա.
Սրբոց
Յակոբեանց
տպարանը,
«Դուրեան
մատենադարան»
ի
շարքէն
այս
տարի
հրատարակեց
ուշագրաւ
հատոր
մը,
Օրագրութիւն
(Երեմիա
Չէլէպի
Քէօմիւրճեանի),
ԺԷ.
րդ
դարու
բազմարդիւն
հեղինակի
մը
ձեռագիրներէն։
Գիրքը
կը
բացուի
Թորգոմ
Սրբազանի
հակիրճ
բայց
այնքան
ալ
թելադրիչ
մէկ
ընծայական
ովը,
գործածելու
համար
այնքան
իմաստալից,
իրաւ
եւ
սակայն
այսօր
գահազուրկ
բառ
մը։
Անոր
մէջ,
լուսահոգի
Պատրիարքը
որ
պատմա–բանասիրական,
իր
կարծիքով,
շատ
հաստատ
զբաղումներու
բարձր
դերին
վրայ
երբեք
չթուլցաւ
իր
հաւատքէն,
միջոցը
գտած
է,
ըսելո՛ւ՝
իր
սրտին
սիրելի
շատ
մը
փափաքներ
ու
իր
միտքը
խանդավառող
մտածումներ,
մեր
գրականութիւնը՝
ընդհանրապէս,
մեր
պատմագրութիւնը
մասնաւորապէս՝
շահագրգռող
հարցերու,
ու
ասոնց
օգուտով
ուսումնասիրութեան,
լուծումին
համար
անհրաժեշտ
ձեռնարկներում
մասին։
Սրտայոյզ
ու
տրտում,
սա
կտա՛կը,
մեծ
բաներու
ձգտող
սա
մարդէն,
կրկնապէս
որբ,
անտերունչ
(այսօր՝
աւելի
քան
երբեք)
մտակրթանքի
մը
մասին,
որ
շուրջ
երկու
դար
մեր
կրօնական
հաստատութիւններուն
անձանձիր
խղճմտութիւնը,
պրպտումները,
նախանձայոյզ
աշխատանքը
ունեցավ
իրեն
զօրավիգ,
եւ
որ,
այսօր,
ցեղային
նահանջի
ընդհանուր
թափին
մէջ,
մեր
արժէքներուն
նուաղումին
ակօսովը
կը
թուի
ընկրկիլ,
ինք
իր
մէջ,
ու
իր
ճառագայթումին
մէջ։
Անդէնէն
երկարաձգւող
մերամաղձոտկոչ
մը
ըլլար
կարծես
այդ
երկիջեայ
յառաջաբանը,
որով
Սրբազանը
կը
շարունակէ
փառաբանել
պատմա–բանասիրական
աշխատանքին
վրայ
իր
անմար
հաւատքը,
ինչպէս
անյագուրդ
ցանկութիւնները։
Ու
սրտառուչ
ալ
է
այդ
հուսկ–բանքը,
երբ
կորով,
կարողութիւն,
Անեղին
Աջին
հովանին
կը
հայցէ
հատորը
մէջտեղ
բերող
Լուսարարապետ
Մեսրոպ
Արք.
Նշանեանին
ու
այդ
առիթով,
բոլոր
անոնց՝
որոնք
Սրբոց
Յակոբեանց
«
Գրչագրաց
Մատենադարանի
հարուստ
գանձերէն
»
կեանքի
պիտի
արժեցնէին
«
նմանօրինակ
յիշատակարաններ
»։
Պա՞րզ՝
դասը։
Չեմ
տարակուսիր։
Բայց
թախծագին
է
շեշտը
պատգամին
ու
քիչեր
պիտի
զգային
ատիկա։
Ամփոփ,
լուրջ,
քիչիկ
մը
բեկուած,
այդ
ընծայականը
ծրագիր
մըն
է
ինքնին։
Թող
ներուի
ինծի
հոս
գրել
թէ,
երիտասարդ
աբեղայ
Թորգոմ
Գուշակեան
Արմաշի
մէջ
տարբեր
չէր
խօսած
իր
աշակերտներուն…։
Ընծայականին
կը
յաջորդէ
Ներածութիւն
մը,
144
էջ,
զոր
խմբագրած
է
ձեռագրին
հրատարակման
տաժանքը
ստանձնող
(ուրիշ
պատմութիւն,
տագնապ
սա
պարզուկ
բառին
ետին)
Մեսրոպ
Արք.
Նշանեան։
Կանխող
ծանօթութեան
մէջ,
ես
տուի
մտածումիս
հիմնական
մասը
այդ
ներածութեան
արժէքէն։
Կ՚աւելցընեմ
հոս
մտածումներու
ուրիշ
բաժին
մը։
Կ՚ենթադրեմ
թէ
(ատկէ
աւելի
չեմ
ներեր
ինծի
գետնի
մը
վրայ
որուն
սահմանները
դուրս
կը
մնան
իմ
ձեռնհասութիւնէս)
Երեմիայի
Ներածութիւնը
պիտի
շահէր
այլապէս,
երբ
իրագործէր
շրջանին
լիակատար
վերարտադրումը,
նուաճելով
շատ
ծփուն,
խառնակ
պատկերները
այդ
մարդոց
ու
տալով
մեզի
վճռական
համապատկեր
մը
մեր
մերձաւոր
պատմութեան
սա
շատ
յատկանշական
դարէն,
որուն
ուսումնասիրութիւնը
անկարելի
դժուարութիւններ
չի
յարուցաներ
քանի
որ
Պոլսոյ,
Երուսաղէմի
դիւանները
ունին
անհրաժեշտ
նախանիւթը։
Չմոռնալ
Էջմիածինը
ուր
ձեռագիրներու
ճոխ
հաւաքածոն,
հայրապետական
դիւան
մը,
ու
մեր
պատմութեան
համար
անգնահատելի
արժէքով
աղբիւրներ
կը
սպասեն
զիրենք
օգտագործող
ուժերու։
Երեմիայի
առթիւ
նման
պահանջ
մը
ծանր
չէ
ինքնին,
որքան
ալ
կը
թուի
ըլլալ
առաջին
ակնարկով,
քանի
որ
ատոր
կեպով
մը
դիմաւորումը
կ՚ընեն
առանձին
աշխատանքներ։
Յետոյ
պատմաբան
–
գրողի
մը
դէմքը
(որպիսին
է
իրականին
Երեմիա
Չէլէպի)
յարմարագոյն
առիթ
մըն
է
արդէն
վերակազմելու
այդ
դարուն
լիակատար
դիմագծութիւնը,
միշտ
չիյնալով
բանասիրական
ծանծաղուտին
մէջ
ու
պահելով
համադրական
կառուցումներուն
հեռապատկերը
իբր
կէտ
յանգումի։
Այնպէս
ինչպէս
որ
կը
ներկայանայ,
այդ
Ներածութիւնը
կը
լրացնէ
ցարդ
ըսուածները
Չէլէպիի
կեանքէն,
կը
պարզէ,
ուրիշ
ձեռագիր
յիշատակարաններու
օգտագործումով
երեսներ,
կողմեր
որոնք
առաջին
անգամ
կ՚երեւան
ու
ատով
կ՚արդարացնէ
վարկը,
այնքան
գեղեցիկ
կերպով
շնորհուած
անոր
հեղինակին,
Դարանաղցիի
հրատարակման
առիթով։
Գիրքին
ամենէն
լաւ
կազմուած
մասն
է
անիկա
։
Եթէ
այս
հաստատումը
Օրագրութեան
վրայ
ստուեր
մը
կը
թուի
տարածել,
ատոր
մէջ
ոչ
ոք
է
մեղաւոր,
բացի
Երեմիայէն։
Արշակ
Չօպանեան
շքեղ
ներածութիւն
մը
հանած
է
Քուչակի
տաղերէն
որոնք
չեն
տժգուներ
սակայն
Չօպանեանի
շնորհներուն
դիմաց։
Գէորգ
Ահվէրտեան
(պատուական
բժիշկ
մը,
արեւելահայ
որ
հարիւր
տարի
առաջ
գրական–բանասիրական
անդրանիկ
աշխատութիւնը
ստորագրած
է
յառաջաբանելով
Սայեաթ-Նովայի
տաղերը)
արեւելահայ
մեծ
աշուղին,
Սայաթ-Նովայի
գործին
եւ
կեանքին
նուիրած
ներածութեան
մէջ
ըսած
է
զօրաւոր
բաներ։
Այս
երկու
անունները
կը
պաշտպանեն
իրենցմով
զբաղողները։
Երեմիան
այս
տեսակով
նուազ
բախտաւոր
է
ծնած։
Ասկէ
անկախաբար
Ներածութիւն
ը
տեսակ
մը
հրապոյր
կը
հայթայթէ
հատորին,
բաւական
դիմացող,
մինչեւ
հարիւր
մը
էջ,
ուրկէ
անդին
Չէլէպին
կը
մնայ
միայնակ,
ինքնիր
հետ,
ապագային
դէմ։
Ներածութենէն
յետոյ
Օրագրութիւնը
(1648-1662)։
Դժուար
է
անոր
տալ
վերադիր
մը
որ
պատշաճ
կերպով
տարազէր
զինքը։
Անիկա
մեր
պատմիչներուն
ընթացիկ
կաղապարէն
հեռու
է
բոլորովին
երբ
դէպքերը
կուտայ,
թէեւ
անոնց
շուրջը
իր
մեկնողականը
կը
յիշեցնէ
դպրոցը։
Քրոնի՞կ։
Բայց
ինչպէս
անուանել
նման
փառքով
մը
Երեմիայի
Օրագրութիւնը
լեցնող
չնչին,
հասարակ,
օրացոյց
էջերը
որոնք
գիրքին
գրեթէ
կէսը
կը
լեցնեն.
«Եւ
Եշի
(23
Ապրիլ
ասի
եւ
Խտրէլլէզ
տաճկի
բառով,
զոր
իշատակ
է
Սրբոյն
Գէորքայ
զօրավարին»։
ուրիշ
մը
«Կիրակի
(31
Յունուար)
Բարեկենդան
Սուրբ
Սարգսի»։
ուրիշ
մը
«Պատրիկն
Երուսաղէմի
Յունաց
եկն
ի
ԺԹ
Հոկտեմբերի,
յետ
երից
աւուրց
գնացաք
Չէլէպիւն
(Ապրօ)
ու
նա»։
Այս
անիմաստ
տողերուն
քով
երկարաշունչ
պատմումներ,
օրուան
ընդհանուր
իրադարձութեանց
շուրջ,
քաղաքի
մը
մէջ
ուր
կեանքը
չէ
դադրած
եղերական
բեռ
մը
ըլլալէ
գրեթէ
ամէնուն,
յաղթողներուն
ինչպէս
պարտուածներուն
համար
որոնց
գլուխները
կը
թռցուին,
պալատի
պատուհաններէն
դուրս
կը
նետուին
ու
կ՚ամբառնան
ցիցերու
ծայրը
որպէսզի
փողոցէ
փողոց
պտտին։
Պէ՞տք
կայ
ըսելու
թէ
այդ
թուքի
մէջ
խղդուած
թշուառ
բաները
օր
մը
առաջ
կը
փառաւորէին,
կ՚երջանկացնէին
իրենց
ներկայութեան
լոկ
զիջումովը
հազարներու
աչքն
ու
սիրտերը
քանի
որ
եպարքոսներու,
զօրավարներու
ուսերուն
վրայ
երկրին
խելքը,
ահը,
ուժը
կը
խորհրդանշէին։
Այն
տասնըչորս
տարիները
որոնց
մասին
յիշատակներ
կը
պարունակէ
Օրագրութիւնը,
Օսմանցիներուն
կայսրութեան
ամենէն
բնորոշ
մէկ
շրջանին
կը
զուգատիպին։
Մշտական
վերելքը
անոնց
բանակներուն
վերածուած
է
թեթեւ
նահանջի
մը,
տակաւին
անորոշ,
քիչերէ
միայն
ըմբռնելի։
Հունգարիան
կորսուած
է
թուրքերուն
համար
բայց
դեռ
անոնց
բանակները
ահարկու
են
բաւական։
Մեծ
եպարքոս
Քէօփրիւլիւ
Մէհմէտ
փաշան
Վիէննայի
պարիսպներուն
առջեւն
է
երկրորդ
ու
վերջին
անգամի
մը
համար։
Մայրաքաղաքը
գազան
կամ
յիմար
վեհապետներու
բռնութեան
տակ
չի
գիտեր
ինչ
ընել,
ապրիլ
կարենալու
համար։
Փատիշահները
ծպտուած
փողոցները
կը
թափառին
որպէսզի
ծխախոտի
արգելքին
դէմ
անսաստողները
սպաննեն։
Եէնիչէրիները
կացութեան
վրայ
ահարկու
իրենց
պեխերը,
խանչէր
ները
կը
դողացնեն
ու
հսկայ
կայսրութեան
մը
իմացական,
զինուորական,
մշակութային
կեանքը
կը
վերածեն
անհուն
կատակերգութեան։
Երեմիա
գիտէ
անունները
Սուլթաններուն
եւ
եպարքոսներուն,
եէնիչէրի
աղասի
ներուն
եւ
Միւֆթի
ներուն.
կուտայ
անոնց
ելլելն
ու
իջնալը։
Բայց
չի
կրնար
լսուածէն
անդին
հետաքրքրութիւններ
ներել
իրեն,
հետաքրքրութիւններ
որոնք
ի
ծնէ
պատմիչը,
դատողը,
համադրողը
կը
յատկանշեն
(աւելի
անդին
պատմիչը
կը
վեր
լուծուի
բաւարար
լայնքով)։
Օրագրութեան
մթնոլորտը
յօրինող
այս
կեանքին
քովն
ի
վեր,
Երեմիա
առաւելապէս
զբաղած
է
իր
ժողովուրդին
անցքերովը,
որոնց
կարեւոր
կեդրոններն
են
Պոլիս,
Երուսաղէմ,
Էջմիածին։
Այս
մայր-կեդրոններուն
շուրջ
գոյ
բոլոր
հարցերը
նօթագրուած
են
աւելի
կամ
նուազ
երբեմն
բնաւ
շահեկան
դրուագներու
հանդէսով
մը։
Կը
գուշակէք
թէ
ինչ
հսկայ
շահագրգռութիւն
կարող
են
արթնցնել
մեր
կեանքին
սա
ծալքերուն
պարզումները,
ոչ
միայն
իբր
քաղաքական
դէպքերու
յեռում,
այլ
մանաւանդ
իբր
պատկերացում
մեր
մօտիկ
անցեալին
որ
բառ
է
յաճախ
ու
երբեք
թանձրացած
իրողութիւն։
Պետական
անցուդարձեր
(հարկ
չեմ
տեսներ
տարազին
տակ
թելադրելու
աշխարհի
ամենէն
հզօր
մէկ
պալատին
տռամաները,
երբ
կիներ,
մանչեր,
արկածախնդիրներ,
մէկ
օրէն
միւսը
այդ
օրերու
մեծագոյն
կայսրութեան
ղեկը
ձեռք
կ՚առնեն
ու
կը
քշեն
պետութեան
նաւը,
առանց
հաւատալու
բախտին
որ
զիրենք
դրած
է
այդ
փառքին
ու
աղէտին),
քաղաքական
յեղաշրջումներ
(մէկ
օրէն
միւսը
եպարքոսի
մը
պալատը
աւերակոյտի
մը
կը
վերածուի),
ազգային
բախումներ
(որոնք
տէրտէրի,
թաղականի,
եպիկոպոսի,
կաթողիկոսի
մրցակցութեանց
դիւցազներգութիւնն
են
աւելի
քան
թէ
պատմութիւնը
մեր
խելքին),
ընկերային,
ընտանեկան
պայմաններ,
բաւական
կոկիկ
թիւ
մը
յատկանշական
անձնաւորութեանց,
բոլորը
իրարու
խառնուած,
անաւարտ՝
իբրեւ
ձեւ
ու
պակասաւոր
իբր
խորհուրդ.
Օրը
օրին
տոմարական
արձանագրութեամբ,
հազիւ
պահելով
պատմումին
անհրաժեշտ
թոնը։
Կը
հետեւի
թէ
Օրագրութիւնը
թերի
է,
ծրագրային։
Բայց,
մեր
բախտէն
նորէն,
այդ
ուրուագրային
հանգամանքին
իսկ
հակառակ,
Օրագրութիւնը
անփոխարինելի
շտեմարան
մըն
է
դէպքերու,
որոնք ,
առանց
անոր,
պիտի
պակսէին
մեր
պատմութեան։
Ու,
հում
նիւթով,
առօրեայ
իրականութեամբ,
ականատեսի
վկայութիւններով
այնքան
նիհար՝
իրական,
մանր,
առօրեայ
ապրումին
պատկերացման
մէջ
այնքան
ապաբախտ
մեր
ազգային
տարեգրութեանց
(annales)
համար
ինչ
թանկագին
նպաստ,
սա
Օրագրութիւնը
թէկուզ
քանի
մը
պատիկ
ալ
ըլլար
վրիպած
արուեստի
արժէքներէն։
Փոխադրեցէք
1650ը
1000ի,
500ի։
Ու
պիտի
զգաք
թէ
ինչ
պայծառութիւն,
գոյն,
շահեկանութիւն
պիտի
ստանային
Ասողիկ
ի
պատմածները,
նոյնիսկ
Սքանչելի
նկատուած
Կորիւնին
Ս.
Մեսրոպի
վարքը,
որոնք
չես
կրնար
ճշդել
թէ
որ
ժողովուրդին
կը
պատկանին,
հակառակ
անոր
որ
մեր
կեանքին
խորհուրդովը
գերյագ
(saturé)
գործեր
են։
Օրագրութիւնը
արուեստի
գործ
մը
չէ,
բայց
կը
գնէ
ինքզինքը
սուղ
արժէքներովը
ուրիշ
գիծէ
մանրամասնութեանց։
Մի՛
կարդաք
անոր
տղայական
արձանագրութիւնները,
բայց
կեցէք
զմայլուն
այն
էջերուն
առջեւ
ուր
անիկա
կը
պատկերէ
օրինակի
մը
համար
թրքական
բանակի
մը
Պոլսէն
բաժանումը
դէպի
պատերազմ.
ձեր
մտքի
աչքերուն
պարզուածը
դիւցազներգութեան
վայել
թաւալում
մըն
է
պատկերներու,
որոնց
պատմական
ստուգութիւնը
ուրիշ
արժանիք։
Կարդացէք
մեր
տէրտէրներուն
կռիւները,
բառ
առ
բառ
ճիշդ,
մինչեւ
երէկ,
Բերայի
Երրորդութեան
ջոջ
քահանաներուն
շրջանակը
ոգեկոչող։
Օրագրութիւնը
ունի
երկրորդ
բաժին
մը։
Հաւաքում
մըն
է
անիկա
Երեմիա
Չէլէպիի
գրչի
արդիւնքներէն։
Այս
անջատ
յաւելուածը
հատորին
կը
բերէ
գրական
որոշ
տարողութիւն։
Յաջորդ
կամ
վրիպած,
այս
կարգի
կտորներ
մանաւանդ
բանաստեղծական
կաղապարէ,
միշտ
յաւակնութիւն
կը
թելադրեն։
Ու
գրականութիւնը
դարէ
դար
ինքզինքը
չի
նորոգեր
անշուշտ,
բայց
իր
միջոցները
կ՚ենթարկուին
որոշ
փոփոխութեանց։
Ամենէն
խեղճ
ֆրանսացի
բանաստեղծը
այսօր
պիտի
չփորձուէր
ոտանաւոր
գրել
Հիւկոյի
թէքնիկով։
Մեսրոպ
Սրբազան
Ս.
Աթոռոյ
«Ձեռագրաց
Մատենադարան»էն
Երեմիայի
անունով
գոյ
բոլոր
մանր
այդ
կտորները,
քերթուած,
թուղթ,
ողբ,
ուղերձ,
գանձ
հիւրընկալած
է
Օրագրութեն
էն
ներս։
Ու
անշուշտ
լաւ
է
ըրած։
Նկատի
չունում
այդ
թղթեղէնին
այսօրուան
արժէքը։
Ի
վերջոյ
մօտ
երեք
հարիւր
տարիներ
մեզ
կը
բաժնեն
այդ
ոտանաւոր
շաղփաղփութեանց
օրերէն,
ինչպէս
կը
թուին
անոնք
այսօր
մեզի։
Բայց
ունի՞ք
ալ
մտածած
թէ
մեր
օրերէն
երեք
հարիւր
տարի
վերջը
ի՛նչ
որակում
պիտի
արժեւորեն
մեր
նոր
քերթողութեան
մեծ,
կոթողակերպ
փառքերը։
Փաստեր
կան
այդ
որակումը
անուղղակի
ձեւակերպող
սակայն։
Ահաւոր
է
մաշումը
սա
մեր
աշխարհին
վրայ։
Մեծափառ
գործ
մը,
Վենետիկեան
մեր
հայրերուն
գրաբար
քերթողութիւնը,
իր
սրբազան
որքան
աշխարհիկ
մշակներուն
վաւերական,
երբեմն
մեծ
տաղանդին
հակառակ,
այսօր
գունաթափ
է
հիմնովին
ու,
զիս
կը
տպաւորէ
ճիշդ
ու
ճիշդ
քանի
մը
հարիւր
տարի
առաջուան
տաղարաններուն
նման։
Ոչ
ոք
թող
փորձէ
ընդվզիլ
սա
ճակատագրական
իրողութեան
դէմ։
Օրագրութեան
երկրորդ
մասը
կը
կազմեն
ա)
–
Թուղթեր
(որ
այդ
ու
աւելի
հին
դարերու
գրականութեանց
մէջ
հոմանիշ
է
այսօրուան
նամականիին),
ուղղուած
զանազաններու։
Ասոնց
պարունակութիւնը
դժբախտաբար
չի
պսակեր
մեր
ակնկալութիւնը,
ըլլալուն՝
շատ
թեթեւ,
ապրուած
իրականութենէն.
ու,
դէպքերու,
եղելութիւններու,
հարազատ
վկայութիւններու
փոխարէն
(որոնք
նամակները
կ՚ընեն
այնքան
թանկ
խոստովանութիւն
շրջանի
մը
ճաշակէն,
հոգեբանութենէն,
տագնապներէն),
ընդհանուր
խօսքեր,
աստուածաբանական
յիշատակութիւններ
(բնագրերու,
սովորաբար
Կտակարաններէն),
ողբասացական
ճոռոմ
ընդլայնումներ,
բացագանչութիւններ
մեզ
շնորհելուն։
Մարդ
կը
զարմանայ
մտայնութեան
մը
առջեւ
որով
մէկը
կը
ներէ
իրեն
գրել
նոյն
էջին
վրայ
տող
մը
թուրքերէն,
երեք
տող
հայերէն.
յետոյ
շարունակել
փոխն
ի
փոխ,
երկու
լեզուներով
միեւնոյն
քարոզը
որ
մեզ
կը
նեղէ
ոչ
միայն
իր
անտեղութեամբը,
այլ
եւ
հասարակութեամբը։
Ո՛ւր
դնել,
միւս
կողմէն
անխուսափելի,
ահաւոր
զարդարանքը
–
հայ
հին
մատենագրութեան
ամենէն
մահացու
մեղքերէն
մէկը,
–
քերթողական
զառածումը
որ
երկու
բառի
տեղ
երկու
տասը
կը
սիրէ
գործածել։
Երեմիա
հիմնականին
զգայարանքէն
զուրկ
է
ծնած
ու
գրական
իր
օրերու
նանրամտութիւնն
ալ
հագած
է
իբրեւ
պատմուճան։
Այն
ատէ՞ն։
Մի՛
աճապարէք։
Նոյն
մեղքերը
որոնք
կը
վիրաւորէն
Օրագրութիւն
ը,
տիրական
նաեւ
Թուղթեր
ուն
մէջ,
չեն
կրնար
խորտակել
վաւերագրական
արժէք
մը
որ
միշտ
կ՚ենթադրուի
թէ
կայ
ձեռագրի
մը
ետին։
Եղիազար
կաթողիկոսին
Պրուսա
գտնուած
միջոցին
ուղղուած
քսան
եւ
չորս
բաժինով
նամակը
(
Գ.
Թուղթ,
Օրագրութիւն
)
կը
քաւէ
բոլոր
մեղքերը
միւսներուն։
Յովսէփիկին
մահուան
առթիւ
իր
տղուն
Գրիգորիս
վարդապետին
ուղղուած
Թուղթին
մէջ
ճշմարիտ
գորւվ
մը,
ցաւ
մը
կը
գտնեն
մեր
համակրութիւնը։
Վարդապետ
տղուն
մահը
անոր
քանի
մը
նամակները
կը
վերածէ
արձակ,
այդ
օրերուն
այդ
ձեւով
միայն
գրուելիք
քերթուածի
մը։
Թուղթերը,
մանրամասն
վերածումէ
անցնելով
պիտի
շահէին,
ինչպէս
շահած
է
Օրագրութիւնը
Ներածութեամբ։
բ)
–
Ուղերձներ,
չափածոյ,
զանազաններու
ուղղուած։
Մը
զբաղիմ
միայն
մէկ
հատով
որ
270
տողնոց
տասնոտեան
քերթուած
մըն
է,
Լեհաստանի
ազգային
հերոս
Յովհաննէս
Սոպիէսքիի
ձօնուած։
Վիէննան
թուրքերուն
պաշարումէն
ազատող
եւ
թուրք
ուժը
Եւրոպայի
կեդրոնական
մասին
մէջ
վճռապէս
խորտակող
այդ
թագաւորը
դիւցազներգութեան
ճշմարիտ
տիպար
մըն
էր։
Ինչ
սքանչելի
առիթ,
որպէսզի
իր
ցեղին
խորագոյն
անարգանքը
Երեմիա
փորձէր
թօթափել,
թէեւ
անուղղակի,
բայց
վերջապէս
քրիստոնեայ
թագաւորի
մը
յաղթական
փառքին
մէջ,
քանի
որ
թուրքերը
Դանուբ
թափող
թագաւորը
օժտուած
էր
ասպետական
բարձրագոյն
առաքինութիւններով
ու
կը
կազմէր
յապաղած
նմոյշ
մը
մեծհոգի
հին
իշխաններէն
որոնք
յանուն
բարձր
կիրքերու,
գաղափարներու
կ՚անցնէին
բանակներու
գլուխը
եւ
կը
թափէին
իրենց
արիւնը…։
Երեմիայի
գրչին
տակ
Աւստրիոյ
ազատարար
թագաւորը
կը
վերածուի
սուրբ-գրական
ճիղճ
արքայիկի
մը
Դաւիթի,
Սողոմոնի
կաղապարէն
որոնց
զինուորական
արժանիքները
չեն
որ
թրքական
գրոհը
պիտի
կասէցնէին
դէպի
Արեւմուտք։
Այս
վրիպանքը
աւելի
քան
ցաւալի
է
քանի
որ
քերթուածը
ոչ
ինչ
կը
պարունակէ
գէթ
այդ
օրերու
հզօր
գաղութ
լեհական
հայերու
բարքերէն,
զգացումներէն։
Մնացեալ
ուղերձներ
ը,
իրենց
կարգին,
ուղղուած
են
Չէլէպիներերու,
Թէքիրտաղցի
մտերիմներու,
երէցներու,
կաթողիկոսներու,
իշխաններու,
խոճաներու,
երաժիշտներու
եւ
այլն։
Ուղերձ
մը
թուղթ
մը
չէ։
Կը
հետեւի
թէ
որքան
քիչ
բան
կը
պատմեն
անոնք
շրջանէն։
գ)
–
Գանձեր,
Ողբեր,
միշտ
չափաբերուած,
զանազան
երեւելի
մահ
երու
վրայ։
Բնագրական
սա
աշխատանքը
ինչ
տաժանք
արժած
է
հրատարակչին.
–
դուրս
է
մեր
նիւթէն
անով
զբաղիլը,
թէեւ
քիչեր
միայն
գիտեն
թէ
բառ
մը
կարդալու,
ճշդելու
համար,
ձեռագրէ
մը,
երբեմն
օրերու
պրպտում
է
հարկաւոր։
Ձեռագիր
ըսուած
անհեթեթ
բանին
հետ
գործ
ունեցողները
միայն
ճշդիւ
կը
գնահատեն
տարողութիւնը
սա
հատորին
վրայ
վատնուած
կորովին։
Աւելցուցէք
երկու
ալ
Ցանկ
ա)
–
Յատուկ
անուններու
բ)
–
Օտար
եւ
ռամկական
բառերու
։
Ու,
պատմա–բանասիրական
հրատարակութեանց
այնքան
անհրաժեշտ
ծանօթութիւններ,
բաղդատութեանց
արդիւնքը,
ձեռագրի
նմանատպութիւններ
(fac-simile),
ձեռագրային
մանրանկարներէն
լուսանկար
արտատպումներ.
կարճ՝
ամէն
ինչ
որ
անհրաժեշտ
էր
նման
հրատարակութիւն
մը
ընելու
կատարելապէս
արդիական։
Հիները,
սերունդ
մը
երկուք
առաջ,
սրտագին
պիտի
ողջունէին
ձեռնարկին
ծանր
բայց
գեղեցիկ
յաջողուածքը
ու
պիտի
ըսէին.
–
Տէրը
ըլլայ
վարձահատոյց,
Սրբազան։
Նորերը,
տպաւորուելով
հանդերձ
աշխատանքին
լրջութենէն,
տարողութենէն,
սիրելով
նոյն
ատեն
այդ
անշահախնդիր
հետաքրքրութիւնները
որոնց
գինն
է
միշտ
ժողովուրդի
մը
մշակոյթը,
վարանոտ
պիտի
հարցընեն
իրենք
իրենց.
–
Չէլէպին
կ՚արժէ՞ր
սա
վաստակը։
Ծանօթ
է
իմ
կեցուածքը
«
ձեռագիր
»
երեւոյթին
առջեւ։
Ատկէ
անկախաբար,
հետագայ
վերլուծումը
փորձ
մըն
է
պատասխանի
այդ
հարցումին։