Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ

Երեմիայի վաստակին առջեւ կ՚ընեմ քանի մը աւագ բաժանումներ,

ա) Մարդը եւ գրողը

բ) Պատմողը

գ) Քերթողը ։

Այս բարակրաֆներէն առաջինը զիս քիչ կը զբաղեցնէ, քանի որ ամբողջական աշխատութիւններ . Թորգոմեան, Հ. Ն. Ակինեան, Մ. Սրբազան) տուած են այդ մասին փափաքելի բոլոր մանրամասնութիւնները։ Երեքին մէջ ալ Չէլէպին կը նուաճուի, կը կապուի իրականութեան, մեր գրականութեան մէջ քիչ անունի վիճակուած յստակութեամբ մը գիծերու։

Իմ մասիս, չեմ կենսագրեր զայն։ Բայց պարտաւոր եմ կազմել մարդը որ ի վերջոյ ստեղծիչն է գործին։ Չեմ ալ ընդարձակեր շատ տարազին տարողութիւնը, քանի որ գրագէտի մը անձը եւ գործը թէեւ իրարմէ կախուած, յաճախ իրարու ներհակ երեսները կը թուին աւելի բարձր, երրորդ եղելութեան մը՝ որ գրականութիւնն է այս անգամ։ Ի՞նչ կայ Ներաշխարհ ին մէջ Տիրան Չրաքեան ըսուած խորհրդաւոր, առեղծուածային երեւոյթէն։ Ապահովաբար քիչ բան։ Յետոյ գրական գործի մը մէջ գրագէտին անձը անշուշտ տեղ մը ունի, գործին թափանցումը դիւրացնելու տեսակէտէն, բայց միշտ ալ չէ անհրաժեշտ։ Անշուշտ, վերլուծողը պարտաւոր է, իր հաշւոյն եւ ոչ թէ պատմելու համար ուրիշներու, ճանչնալ իր անձնաւորութիւնը, յատկանշական, նկարող մանրամասնութեանց յորդ դրուագներու մէջ, ըլլալ մօտէն շօշափած, հասկցած ու կշռած անոր ներքին ծալքերը, կարճ՝ զայն իրացուցած, իր բոլոր կողմերուն ու մասնայատկութեանց փաստերուն մէջ, ոչ թէ այդ ամէնը պատմելու, անպատճառ շահագործելու նպատակով կամ պարտքով, այլ իր իսկ ապահովութեան համար։ Երեմիայի հետ այս վերջին պարագան երջանիկ բացառութիւն մըն է բարեբախտաբար, վասնզի Օրագրութեան չորս հարիւր էջերը, բազմահասցէ ուղերձները, երկարաշունչ ողբերը, անհամար յիշատակարանները, բարեդէպ կերպով ազատուած իր բազմաթիւ թուղթերը, նոյն իսկ երորդներու համար չափաբերուած քերթուածները, գրականութեան պատկանելէ առաջ, վկայութիւններ [1] են անձէ մը։ Անիկա Շնորհալիին հետ մեր այն գրողներէն է որոնց կեանքին, գործունէութեան, գրական վաստակին համար մենք ունինք առատ վաւերաթուղթ։

Երեմիա Չէլէպին չի տառապիր ինքզինքը քանի մը անգամ ուրիշներու զաւակ յայտարարելէ։ Անիկա անգամ մը զաւա՜կն է իր հօրը։ Կը գրեմ այսպէս վասնզի այդ պարագան Երեմիային համար չէ առիթ այնքան խանդավառութեան որքան երբ երկրորդ անգամ ինքզինքը զաւակ կը յայտարարէ Ամբակումի մը, մեծահարուստ հայթայթիչ մը կայսերական բանակներուն, հացէ եւ ալիւրէ։ Այս Ամբակումը հաւանաբար գիծէն է այն մարդոց որոնք իրենց բնական ընդունակութիւնները գործի աշխարհէն՝ զարգացուցին քիչ մը շատ դրական իմաստութեամբ, ու գտան ճամբան իշխող տարրին հետ լեզու, հասկացողութիւն ճարելու։ Անշուշտ ուրիշ ծնունդ չունին ամիրաները ։ Երեմիա այս մարդուն տունը ճաշի երթալն իսկ պատմական իրողութեան մը կը բարձրացնէ ու կ՚արձանագրէ իր Օրագրութեան մէջ։ Երրորդ անգամ անիկա զաւակն է իր ուսուցիչ-քահանայ Տէր Յովհաննէսին։ Հոդ չեմ վիրաւորուիր, տրուած ըլլալով սովորութիւնը հոգեւոր որդիութեան որ բարքերու մաս կը կազմէր այդ դարերուն եւ որուն տկար արձագանգը դեռ կարելի է զգալ քահանայական թղթակցութեան մէջ։ Չորրորդ անգամ կարգը կուգայ ըլլալու զաւակը Ապրօ Չէլէպիի ։ Ու որպէսզի ամբողջանայ ցանկը, յաջորդաբար զաւակն է անիկա Եղիազարի, Փիլիպպոսի եւ այլն։

Երեմիա Չէլէպի ընդարձակ յարաբերութեանց մարդ մըն է։ Այդ « ջնջին նոտարը » ինչպէս ինքզինքը կ՚անուանէ տեղ մը, կը ճանչնայ Երուսաղէմը, Էջմիածինը, Խրիմը, Սուրիան, Կրետէն, Րումելին, Պոլսամերձ շրջանները, ոչ զբօսաշրջիկի մը աչքերով, այլ՝ այդ դարերու առաքելութեանց յատուկ դանդաղ բայց նստող տպաւորութեանց ընդմէջէն։ Իմ տեսած կտորներուս մէջ այդ վայրերէն իր մեզի ձգածները անշուշտ անբաւական են մեր արդիական հետաքրքրութիւնները գոհացնելու։ Բայց ատոնք, այդ պտոյտները կազմած են իր գրագէտի փորձառութեանց ամենէն ամուր նախատարրերը։ Իր գործին ընդարձակ զանազանութիւնը սխալ չէ կապել այդ հանգամանքին։ Գրելը ըմբռնելու իր համապարփակ կերպը ԺԹ րդ դարուն միայն ընդհանրացաւ, գլխաւորաբար Վենետիկեան հայրերու միջոցով։ Իր օրերուն օրագրութիւնը ինքնին զբաղում մըն է եւ իբր այդ ինքնաբաւ։ Բայց կ՚ենթադրեմ թէ « Վիպասանութիւնն յԱպրօ Չէլէպին »ը Երեմիայի կերպին [2] նկարագիրը ամենէն հարազատ արտայատող քերթուածն է, որ կը հետեւի, անպայման, իրականութեան մը, ընդհանրապէս եղերական։ Հոն գրողը ինքը իրեն կը ներէ շեղումներ՝ պատմելու ստիպողութենէն, ու նման հին օրերու դիւցազներգութեանց կամ արեւելեան աշուղական յօրինումներու մէջ յաճախուած սովորութեան, կը քերթէ պատահարին դասը ։ Պոլսոյ հրդեհին պատմութեան մէջ անիկա երկու զոհերու (կրակի) դրուագը տալէ յետոյ, անոնց տապանաքարերուն վրայ իր գրած ոտանաւորն ալ կը զետեղէ, քերթողական որոշ շնորհներով, որմէ վերջ անիկա կ՚ենթարկուի ներշնչումի թափին։ Ոտանաւորները կը յաջորդեն ոտանաւորներուն, յաճախ հասարակ, կրօնա-բարոյախօսական այն օրերու ընթացիկ ոգիով, առատ, անսպառ։ Մարդ ցաւով կը համակուի սա զեղծանումին դիմաց երբ անծանօթ է թէ կը գտնուի գրական շատ ընդարձակ, հեռուները իջնող աւանդութեան մը առջեւ։ Այդ ոտանաւորի կաղապարներուն անտանելի միօրինակութիւնը (երբեմն յանգերը հարիւրը, երկու հարիւրը կ՚անցնին՝ եալ, ական, ի, աց …) մեզի կուգայ Նարեկացիին իսկ օրերէն։ Տաղանդաւոր գրագէտներ, Գր. Մագիստրոս եւ Ն. Շնորհալի գիրքեր գրած են հարիւրաւոր էջերով ուր յանգը չորս անգամ կը փոխուի։ Ըսի այս ամէնը վասն զի կ՚ենթադրեմ որ ոտանաւոր գրելն այն օրերուն ալ արհեստ մըն էր ինչպէս հիմա. Ու յարաբերութեանց մեծ ընդարձակիչ մը։ ԺԹ րդ դարուն պատուելին է որ կը կատարէ սա դերը։

Աշխարհը, մարդերը, ու բառերը քիչիկ մը պրկելով՝ հոգեբանութիւնները թափանցել գիտնալը անտարակոյս գրական տուրք մըն է, երբ այսպէս ճարուած մեր փորձառութիւնները պիտի պատմենք թուղթերու վրայ, ինչպէս նոյն այդ կարողութիւնը իրմով օժտուածը կ՚ընէ վարիչ տիպար մը, գործօնական առաքինութեանց ակօսով։ Չէլէպիէն իմ տեսած գիրքերը կուտան տպաւորութիւնը գրագէտին (մի պահանջէք արուեստագէտը որ միշտ բացառիկ շնորհի մը ծնունդն է)։ Երբ կը խօսի Պոլսոյ թաղեցիներէն, անոնց իշխանաւորներէն, անոր բառերը ինքնաբերաբար կը գտնեն լայնք ու զօրութիւն, զարնելու աշխոյժ, փռելու համար մեր առջեւ ներքին, ասիական ապականութիւնները մեղքի, աղտի, աղբիւսի մէջ անասնացած, լպրծուն մեծատուններուն, այնքան տարբեր մեր տեսածներէն, գիտցածներէն։ Անշուշտ պատկերին ուժգնութիւնը անդրադարձն ալ է պատկերողին։ Այդ գարշութիւնները նկարող մարդը, իր կարգին մաքրութեան հերոս մը չէ, զոր ըլլալ չենք պահանջեր մարդոց միջինէն։ Բայց կը զգաս իր տառապանքը, իրական, վարակիչ։ Այդ Սոդոմ-գոմորեան, նինուէական համապատկերներուն [3] դիմաց, կը զգաս որ բառերու վրայ աշխատող չնչին նոտար մը չէ այդ պարսաւին մունետիկը, այլ իր մարդերը մինչեւ իրենց մազերուն ծուծը ճանչցող compère մը։ Յետոյ, օրուան կարիքները զինքը կը դնեն բացառիկ կացութեան մէջ։ Անոր լեզուագիտութիւնը, ճկունութիւնը, հաւանաբար նկարագրի ուրիշ յարմարութիւններ զինքը անհրաժեշտ կ՚ընեն օրուան մեծ հարցերու յարդարման։ Զուր տեղը չէ որ Ապրօ Չէլէպիին հետ կը պտտի աշխարհէ աշխարհ։ Անիկա 18 րդ դարու ամիրաներէն գործածուած պատուելին չեմ գիտեր ինչու կը յիշեցնէ քիչ մը։ Իր ոտանաւորները հաւանաբար կշիռ մը ունէին բարձր դասուն մէջ ուր նանրամտութիւնը չի պակսիր որ եւ է ատեն։ Վարդան վարդապետի մը խնդրանքով կը գրուի Պատմութիւն Ստամպօլոյն ։ Ապրօ Չէլէպին իր ընտանեկան դիւցազներգութիւնը կը հետապնդէ գրի կապել, երբ առջին ձգած խելացի նոտարը, Երեմիան, թուրք բանակներուն ետեւէն իր հնարամիտ կարողութիւնները կը գործածէ արշաւանքներու ամբողջ եղերականութիւնը վերածելու համար կործանած կղզիէ մը եկեղեցի մը շահելու բանակին իր ցեղակից բանւորներուն։ Երեմիայի ուղերձները ընդհանրապէս ծնունդ են օրուան պահանջներուն, ու կը նմանին ԺԹ րդ դարու մեր ընտանի քնարերգութեան նմոյշներուն որոնք մեր բանաստեղծներուն վարկը կը վիրաւորեն այսօր այնքան, երբ կը կարդանք օրինակի մը համար Մ. Պէշիկթաշլեանը որ այս ինչ աբբային տարեդարձին առթիւ հարիւրաւոր տող ոտանաւոր կը թխմէ։ Երեմիայի ողբերը կը հպատակին նոյն ոգիին, մարդուն մէջ թաքուն փառասիրութեանց շահագործումին։ Անիկա ոչ միայն անհրաժեշտութիւն մըն է մարդկային նանրամտութեան գոհացման տեսակէտէն, այլ բաժակի հաճելի ընկեր մը։ Թերեւս այս է պատճառը որ Երեմիայի աշխարհը ըլլայ ամենէն ընդարձակը մեր հին մատենագրութեամբ մեզի հասածներէն։ Մի մոռնաք որ աշխարհական մըն է ան ու ատով իսկ ինքզինքը գիտէ ազատ պատկերացումներու որոնք որոնք պիտի նեղէին մեզ օրինակի մը համար Օձնեցիի մը, Շնորհալիի մը գրչին տակ։ Երեմիան Խրիմ է, անշուշտ կրօնական առաքելութեան մը իբրեւ հետեւորդ։ Օրագրութիւնը հատուած մը ունի նկարագրականէ մը որուն մէջ Երեմիա կը պատմէ ուխտագնացութիւն մը կուսանաց վանքը մը ։ Գոյն, շարժում, բացատրութիւն, զգացումներ, կիրք, ամէն բան կայ երեք էջին մէջ, ժամանակակից գրագէտի մը նախանձը շարժող իրականութեամբ մը։ Բայց այդ չէ որ պիտի ըսէի։ Երեմիա կատղած է որ յիսունի մօտ աղջիկներու պարը վարող նուագածու մը այնքան մօտիկն է անոնց ու կը վայելէ, «յղբանայ ի տեսութիւն զուարթագունեղ գեղեցկութեանց մատաղատունկն տիոց, որպէս ագռաւք ընդ վարդենիք» ։ Այս մարդուն, այս շնծերին (իրն է բառը) հանդէպ տեսէք թէ ինչ զգացումներ ունի. «Ո՜ւր էր թէ իշխանութիւն կալեալ էի զարիւն շնծերին արժանի յերկիր ի նոյն տեղին թափէի» ։ Ասիկա ինքզինքը պատկերելն է ահա, անվերածելի իրականութեամբ։ Գրական առաջնակարգ թէքնիկով մը գործադրուած այդ նկարագրութիւնը ոչ միայն շքեղ նմոյշ մըն է մեր լեզուին ընդունակութիւններէն [4] այլ նոյն ատեն Երեմիան է ամբողջութեամբ. այսինքն մէկը այն տարօրինակ մարդոցմէն որոնք արեւմտահայ գրականութեան վաթսուն, եօթանասուն տարիներու ընթացքին եղան հրաշալի ընդունարանները, «ամանները» սրբազան բառ մը գործածելով, ձեւի, գոյնի, զգացման գեղեցկայարդար համադրութեանց։ Դուրեան, Մեծարենց, Չրաքեան։ Յանդգնութի՞ւն, պոլսական տարփալից [5] հոգեբանութիւն մը հաստատելու փորձը երեմիայի մէջ։ Թերեւս։ Ինծի համար կասկածէ դուրս է սա աշուղ, տարփաւոր, հաճոյապաշտ, տրտում, զգայամոլ, յանգուգն, թափառիկ, անյագուրդ նկարագիրը մարդուն։ Անշուշտ այդ բառերը ընդհանուր են բաւական որպէսզի պատշաճին մեր աս ու ան գրողին։ Բայց կուգան նորէն այս ժողովուրդին անդրագոյն դարերէն։ Խորհած ունի՞ք թէ ինչ ընկերութեան կը պատկանի այդ մարդը։ Տեղը չէ հոս մանրամասն վերլուծման ենթարկել մեր ԺԷ րդ դարը։ Բաւ է յիշադրել միայն որ այդ հասարակութիւնը մեծ աղէտներէ խուճապահար մարդոց ամբոխ մըն է որ գլուխը սեղմելու անկիւն մը հազիւ ճարած, կ՚անդրադառնայ իր վրայ գործադրուած անողորմ պատգամներու եւ ներքնապէս կ՚ըմբոստանայ իրեն սորվածին ու իրեն իբր ճշմարտութիւն մատուցուածին դէմ։ Օրագրութիւնը ունի սարսռազդեցիկ էջեր այդ հոգեբանութիւնը արտայայտող։ Մինակ Տէրտէրի տղայ մը ըլլալուն չէ որ կը խորանարդէ այդ դասակարգին հանդէպ գործադրուած ճիւաղային արարքներուն տարողութիւնը։ Իրական են այդ մարդերը որոնք տէրտէր կը ծեծեն, զանոնք կը պառկեցնեն ժամերու բակին, անոնց ոտքերը կը պայտեն, պատրիարք մը բանտ կը նետեն ու թոյնով կ՚ըսպաննեն։ Միեւնոյն բաները, այդ դարէն, կը պատմէ ուրիշ մը Լեհաստանցի Սիմէոն դպիրը իր Ուղեգրութեան մէջ։ Իր դարուն մեծ հարցերուն հաղորդ է ամէն մարդ։ Գրագէտը այն է որ այդ հարցերը պատմած է իր դարէն վերջ ալ շահեկան հրապոյրով մը, ինքնութիւնը պահող ու մեզ գոհ ձգող։

Թող կանչուի Երեմիա ողբալու կաթողիկոս մը, բնութեան մեծ աղէտ մը, նահատակութիւն մը, անիկա պիտի ընէ այդ պարտքը բացարձակ հարազատութեամբ նախ նիւթին յետոյ ինքը իրեն ու պիտի գտնէ շեշտը, ոգին, ջերմութիւնը, երանգը որոնցմով մեր անձնականութիւնը կ՚անցնի մեզմէ դուրսին, հեռուին ։ Մեր բառերուն մէջէն ստուերի մը նման որ կեանք ունենար։ Գիտէ՞ք թէ քնարերգակ բանաստեղծի մը սահմանը կայ սա կարճ տարազին ետին։

* * *

Երեմիայի անձնաւորութիւնը վերակազմել այս կերպով, հաւասար կուգայ անոր գործին ամբողջական վերլուծումին։ Կա՞յ այս մարդուն ետին այն միւսը որ իր ժողովուրդին տագնապներուն մէջ ինքզինքը կազմած, աշխարհն ու դէպքերը իր կերպով բացատրած, եղելութիւնները դատելու սեպհական կերպ մը ճարած գրագէտին տիպարը յիշեցնէր։ Նման հարցումի մը վճռական պատասխանը, իմ կարծիքով, կարելի է Տարեգրութիւն ի հրատարակումէն վերջը։ Օրագրութիւն ը մատաղ տարիներու վաստակ, Չէլէպիին զգայնութեանը համար արժանահաւատ վկայութիւն մըն է բայց ոչ իմացականութեան ։ Ու գրագէտ մը, առանց այս վերջին շնորհին, պակաս է միշտ իր դերէն։

Արդ, « Պատմութիւն Ստամպօլոյ » իբրեւ քերթուած, բարքերու տախտակ անբաւական վկայութիւն մը թէեւ, բայց իբրեւ արձագանք մը պոլսական ոգիի մը ՝ ունի արժէք ու կուտայ եզրեր բաղդատական արդիւնքներու։ Կարդացէք նոյն այդ Պոլիսը Սիմէոն Դպիրի գրչին տակ, հազիւ կէս դար մը կանխող։ Անուններ պիտի գտնէք եւ ուրիշ քիչ բան։ Չես հասկնար ինչու Հռովմի, Վենետիկի, Եգիպտոսի համար այնքան թանկ դիտողութիւններ նօթող սա Դպիրը ոչինչ ըլլայ հասկցած այդ Պոլիսէն։ Ուրիշ վարդապետ մը, Դարանաղցի Գ. Վարդապետ, այդ Պոլիսը զգացած է աւելի պաշտօնական հաստատութիւն, պատրիարքարան ու վարչական կեդրոն մը, ուրկէ անմենէն աւելի ժամերը, տէրտէրները, պատրիարքները, զբաղեցուցած են իր հետաքրքիր, խորաթափանց դիտողութիւնը։ Բայց երբ կը կարդանք « Պատմութիւն Ստամպօլոյ »ն, ինծի այնպէս կուգայ որ երկու երեք դար առաջ սիպիլեան քերթուած մը ունիմ աչքիս առջեւ, ասոր ծեքծեքանքը, նանրութիւնը տեղ տեղ, մեր ռոմանթիքներուն բառախաղային հեշտանքները ուրիշ տեղ, ու երբեմն ալ սուր դիտողութիւնը մեր իրապաշտներուն։ Առանց իրարմէ պարտուելու կրնան դէմ դէմի դրուիլ Չրաքեանին Նկարը ն եւ Երեմիայի Ղրիմը, համապատիւ զուգահեռութեամբ. մարդը կը դժուարի իր գնահատումը մասնաւորելու, այնքան երկուքին մօտ ալ իրական են սա զաղփաղփուն գերեցկութիւնները ձեւէ, գոյնէ, զգայութենէ։ Յետոյ, մեր հին դպրութեան մէջ ոչ մէկ աշուղ, տաղասաց, ուղեգիր, երգահան մեր մէջ չ՚արթնցներ մասնակի անձնական այս գիծէ զգացումներ։ Ամենէն օժտուածին, Քուչակին մօտ տարտամ է սա անձնականութիւնը չըսելու համար անգոյ։ Գրողը հալած է իր նիւթին մէջ։ Եթէ ասիկա մեծ արուեստագէտին ամենէն բարձր ստորոգելիներէն մէկն է, նոյն ատեն բանասիրական  պրպտումներու, մանաւանդ գրականութեան պատմութեան մէջ անբաւարարութիւն։ Երեմիայի մօտ սա մասնակի երանգը կրնամ որակել պոլսական, այդ քաղաքին մէջ միայն կարելի  զգայնութեան մը փաստը։ Ինչո՞վ պէտք է տարբերէին իրարմէ Վանի եւ Պոլսոյ բարբառները, երբ ի յառաջագունէ գիտէինք թէ այդ Պոլիսը կազմուած էր համադրումով մեր ժողովուրդին բոլոր մասնիկներուն։ Բայց այդ տարբերութիւնը աւելի քան իրական էր ոչ միայն բարբառէ այլ մանաւանդ ոգիէ։ Բայց այդ տարբերութիւնը, աւելի քան իրական էր ոչ միայն բարբառէ այլ մանաւանդ ոգիէ։ Կարդացէք ժամանակակից երկու գրողներ, Զօհրապ ու Թլկատինցի ։ Ի՛նչ որ կը զատէ այդ մարդերը, բառե­րուն աւելի կամ նուազ փայլը կամ կոշտութիւնը չէ նոյն լեզուէն, այլ աշխարհը տեսնելու, զգալու կերպը։ Ուրեմն, Երեմիայի գործը սկզբնատիպ ( original ) Պոլսականն է մեր գրականութեան մէջ։ Անով է որ Պոլսահայ տարրը (հիմա յստակ է տարազին տարողութիւնը որ կ՚ընդգրկէ ամբողջ մեր ժողովուրդը, գէթ այդ դարուն համար) նիւթը կուտայ գրականութեան մը։ Այս հաստատումը կ՚առաջնորդէ բարոյական ալ նկարագիրներու տողումին։ Գիտէք բաւական։ Կը շարունակեմ։

Այդ դարերուն, կրօնական շատ խորունկ զգայութիւն մը պիտի չզարմացնէ մեզ այսօր, այդ մարդուն վրայ։ Միւս կողմէն նկատի ունեցէք անոր գործունէութեան կարեւոր կեդրոնները։ Ազգային, պետական, օտար բարձրագոյն շրջանակներու մէջ մուտք ունի անիկա (դեսպաններուն ուղղուած գիրեր կը վերագրուին իրեն)։ Եւ ունի անշուշտ այդ մուտքը իբրեւ գրող, գործիչ, ներկայացուցչական մարդ։ Այս ամէնը տիպարին մը ճարեն լրջութիւն, առնուազն պատկառանք։ Բայց ի՞նչպէս հասկնալ այս պայմաններուն դիմաց տիրացուն որ շապիկ հագնիլը, հագնելէ դադրած ըլլալը, ուրիշներու ստիպումովը նորէն հագնիլը իր Օրագրութեան մէջ կ՚արձանագրէ նոյն լրջութեամբ որով արդար էր որ արձանագրուէին իր միւս խորհրդածութիւնները մեր բարքերուն անկումին շուրջ։ Կրօնական ոգիի սա խաթարուն արտայայտութիւնը դժուար է բացատրել ընտանեկան միջավայրին ազդեցութեամբ։ Կ՚ընդունիմ որ քահանայական աւանդութիւններու մէջ ապրած ընտանիք մը, ու երկու սերունդ բոլորանուէր սպաս մը ունի մեր եկեղեցիին, ըլլայ յաճախուած կրօնազգած հոգեբանութեամբ մը։ Անոր Ողբերը, Գաձերը, Թուղթերը, Օրագրութեան ամենէն իրաւ, անկեղծ մասերը այս հոգեբանութեան յայտարար փաստեր են։ Զուր տեղը չէ որ մարդ Արեւելք կը ծնի։ Բայց, կը կրկնեմ, ի՞նչպէս բացատրել Տիրացուն որ գործին մէկ ծայրէն միւսը ինքզինքը կը պարտադրէ։ Անիկա Յայսմաւուրք կը կարդայ ժամուն մէջ, Եկեսցէի կարգ կը կատարէ։  Առտուները ժամ կ՚երթայ։ Բոլորը պիտի գրէ իր Օրագրութեան մէջ։ Պոլսեցի մը միայն սա լրջութեամբ պիտի արժէւորէր սա իրողութիւնները։ Դպրաց դասը առաջին ուժով կազմակերպութիւններէն մէկն էր այդ Պոլսին։ Զայն որակել թեթեւութիւն, հոսհոսութիւն, այսօր, մոռնալ կը նշանակէ շատ մը խորունկ բաներ։ Բարեբախտաբար Երեմիա ըրած է ուրիշ շատ աւելի կարեւոր բաներ։ Անիկա ազգային տիրական զգայնութիւնը կը սեւեռէ, երբ այդ տղայաբանութեանց քով տեղ կուտայ նահատակութեանց դրուագումին, որուն զուսպ, վկայաբանական խռովքը մեզ կը յուզէ անդիմադրելի կերպով։ Ինչպէս մեր մեր բոլոր պատմագիրներուն, քերթողներուն, իր ալ մօտը այդ ազգային զգայնութեան արտայայտութիւնը կուգայ կրօնական բարեխառնութեամբ մը, ու մեծ կղեր մը ըլլալու հարկ չի կայ, հասկնալու համար սա պարզ, խոր ճշմարտութիւնն ալ։

Իր Թուղթերէն մէկուն մէջ անիկա կը գգանգատի որ իրմէ հեղինակուած Գանձերը արգելքի կը հանդիպին եկեղեցիին մէջ երգուելու համար։ Անշուշտ կարեւոր ալ է պատճառը սա սանձումին։ Երեմիայի համար ամէն պարագայ, գիրք, նամակ, պատմում, նկարագրում առիթ է քնարական զեղումներ տեղաւորելու։ Ոչ միայն կը դնէ ոտանաւորը, այլեւ անոր կարելի եղանակը, օրուան ծանօթ, ամենէն երգուած մէկ երգին անունը քշելով իր ոտանաւորին կողքին։ Բան մը կ՚արթնցնէ՞ այս յիշատակութիւնը ձեր մտքին մէջ, քաղաքէ մը ուր շապիկ հագնիլը պատուական եղելութիւն էր։ Գանձ գրելը՝ հաւանաբար աւելի բարձրարժէք փառք մը։ Իսկ այդ գանձը երգելու ատօնուիլը՝ ուղիղ ապօթէօս ։ Երեմիայի մէջ վրիպած եկեղեցական մը կ՚ապրի։ Գիտենք ատիկա իր Օրագրութենէն ։ Եկեղեցական սպասի կարգեր ալ առած է (մինչեւ դպրութեան չորս աստիճան)։ Գիտենք ղեւտական նկարագիրն ալ իր տունին։ Տէրտէր է հայրը։ Տէրտէր՝ երկու եղբայրները որոնցմէ մէկը համբաւաւոր Տէր Կոմիտասը, նահատակ, որ վերջերս սրբացաւ լատին եկեղեցիին կողմէ։ Վարդապետ՝ իր մէկ զաւակը։ Ու մոռնալու չէք միւս իրողութիւնը. կրօնականները մեր ժողովուրդին իմացական եւ յարաբերական շնորհներոuն տնկարանը եղան դարերով։

Երեմիա Պոլսեցի է պետական շրջանակներու մէջ իր վայելած վարկովը, աշխարհիկ որքան իմացական։ Անիկա լայն բարերար յարաբերութեանց մարդ էր ազգային գետնի վրայ։ Պետականին մէջ այս ընդունակութիւնը իր բոլոր արժէքը կը գտնէ երբ ընդունիք պատմական իրողութիւնը ուր պարտուող ժողովուրդի մը ներկայացուցիչը յաղթականին մօտ այդ դարերուն ամէն բան էր։ Թուրքերը իրենց վստահելի մարդերը ունէին այդ դերին համար։ Կը հետեւի թէ ինչ սխրալի կամ հակառակէն ահաւոր դերեր կը կատարեն այդ վստահութիւնը ներշնչողները։ Ընդհանրապէս տիպարը մութ է, խարդախ, եսամոլ, բռնակալ, անգութ։ Թուրքերը կ՚ախորժին այս ամենէն։ Քիչ անգամ խիղճ, խելք, նկարագիր այդ տիպարը պիտի բախտաւորեն։ Երեմիա անպայման ասոնցմէ է։ Անոր բնաւորութեան կակուղ, քաղցր կողմերը կը պաշտպանուին բանաստեղծական շնորհներէ որոնք բոլոր բռնակալները գիտեն շահագրգռել։ Վիրգիլիոս, Որատիոս միշտ օգոստոսներու կողմէ կը փնտռուին։ Երեմիա հաւասար դիւրութեամբ կը գործածէ տիրող ազգին լեզուն։ Ու հաւանաբար մեծ թիւ մը քերթուածներու, աս ու ան իշխանաւորին փառքին, կորսուած է այսօր իրմէն։ Սայեաթ–Նովայէն գիտենք որ սիրերգները կը գրուէին երեք լեզուներով որոնցմէ պահուածները հայերէնները եղան։ Ուշադրութիւն սակայն. պետական լեզուի հմտութիւն մը դիւանական սպասի մը համար, դուրս պիտի մնար մեզ շահագրգռելէ։ Երեմիա ենթակայ է անշուշտ այդ դիւանական jargon ին ճնշումին։ Իր նամակները, այդ լեզուով, չեն կարդացուիր։ Բայց իր ողբերը կը գտնեն մեր սիրտը։ Ինչ սրտառուչ է իր աղջկանը Սողոմէի բերնով մօրը ուղղուած դիմառնական ողբը, թուրքերէն, ուր աշուղական պարզութիւն, զգացական խոր անկեղծութիւն, արտայայտման թարմութիւն աչքի կը զարնեն, շատ բնական թափով մը քալող տողերուն ընդմէջէն եւ ուր հայերէն ողբերուն ձգձգուն ու անտանելի պայմանադրականութիւնը ատեն չէ գտած միջամտելու։ Աղեքսանդր Մեծի Կենսագրութիւնը, զոր կը գրէ թէ հայերէնի է թարգմանած, կէս դիւցազներգակ պատմումն է այդ դարու թուրքերէն  պատմիչներուն, կերպով մը վեր անոնց անհանդուրժելի հռետորութենէն, քանի որ մեռած եւ օտար աշխարհակալի մը վրայ գրիչ մը ստիպուած չէր թաթախելու ինքզինքը տաճկական քիթապէթին շողոմին մէջ։ Պէտք է հաւատալ տակաւին թէ ըլլայ գրած լատիներէն, յունարէն եւ ուրիշ եւրոպական լեզուներ, ինչպէս կը ձգտին թելադրել իր կենսագրողները, Տ. Թորգոմեան եւ ուրիշներ։

Երեմիա անցած է կեանքին տաքէն ու պաղէն։ Իր սիրտը զարկած են մարդոց քիչերուն վիճակուած ցաւեր։ Անիկա իր թոռնիկին Յովսէփիկին (որ կը կրկնէ անունը անոր մեռած մէկ զաւկին) ձեռքէն բռնած կ՚երթայ անոր մօրը դամբարանը։ Ձեզի կը ձգեմ շինել տեսարանը։ Բաներ կան որ չեն պատմուիր։ Բայց ամէն մարդ գիտէ զանոնք, սորված ըլլալով անհուն գինով մը։

Մինչեւ իր մահը անիկա ձեռքէն չէ ձգած գրիչը։

Գրողն ու մարդը, մեր մէջ քիչ անգամ այսքան սերտ եղերականութեամբ մը իրարու պիտի մնային հաւատարիմ։

* * *

Պատմո՞ղը, սա մարդուն մէջ։

Կը խոստովանիմ թէ անլրջութիւն է գրագէտի մը տիրական գործը չտեսած գրական որոշ սեռէ մը, այդ սեռին մէջ անոր նկարագիրը հանել փորձել երկրորդական գործերէ տպաւորութիւններով։ Երեմիայի համար պարագան այս է դժբախտաբար։

Չունինք իր Տարեգրութիւնը ։ «Շողակաթ» հայագիտական հաւաքածոյին մէջ Մեսրոպ Սրբազանի վարկածը թէ տարեգրութիւնը շատ մօտիկէն կ՚ընթանայ Օրագրութեան բնագրին հետ, ընդունելի ըլլալուն չափ, անբաւական է մեզի տալու իրաւունք Օրագրութեան վրայէն սեւեռել պատմողը Երեմիայի մէջ։ Անշուշտ այդ վերջինը կը պարունակէ տարրեր տաղանդէն բայց չի կրնար ներկայացնել այդ տաղանդը իր լիութեան մէջ։ Ու պատմելը, երբ վկայել չէ, շատ աւելի մեծ շնորհներ կը պահանջէ որոնցմէ անձնական ստացումը, դէպքերուն հետ շփուած ըլլալու հանգամանքը կուգան առաջին գիծի։ Օրագրութիւնը չի հասնիր նոյնիսկ Երեմիայի առաջին երեսունին ։ Երկրորդ երեսո՞ւնը՝ հասունցած, ինքզինքը գտած մարդուն։ Ատիկա Տարեգրութիւնն էր։ Հ. Մ. Չամչեանէ Օրագրութեան նիւթը այդ Տարեգրութենէն կորսնցուցած է իր նկարագիրը, վաստակաւոր պատմիչէն անբաժանելի կերպով մը իւրացուած ըլլալուն։ Հոս ու հոն անկէ երեւցած պատառիկները (գլխաւորաբար Տ. Թորգոմեանի կողմէ) չեն կրնար մեզի թելադրել այդ միջակ մեծութեամբ հինգ հարիւրի մօտ էջերուն ամբողջական տարողութիւնը։ Կը մնայ բաւարարուիլ առձեռն նիւթով։

Խօսեցայ բաւական Օրագրութենէն ։

Տեսած եմ իր համառօտ Պատմութիւն Օսմանցւոցը որ վարժապետական ճիղճ տետրակ մըն է, առանց գրական որեւէ տարողութեան։

Տեսած եմ իր Պատմութիւն Աղեքսանդրին ։ Բնագրի մուտքին, քանի մը տողնոց ծանօթութեան մէջ, գրուած կարմիր մելանով, Երեմիա մը յայտնէ թէ թարգմանած է զայն հայերէնէ ։ Որո՞ւնն է հայերէն բնագիրը։ Շահեկան հարց մըն է ասիկա, անոր համար որ գործը հայ գրականութեան վաղածանօթ ոչ մէկ կաղապար կ՚օգտագործէ։ Անիկա վիպական յօրինում մըն է, Հազար ու մէկ գիշերներու բանաստեղծական պատմումը յիշեցնող։ Իմ տղայութեանս, Պրուսա, ես կը յիշեմ կարդացած ըլլալ վիմագիր թուրքերէն հատորներ, ուր այս գիծէ արեւելեան, ընդհանրապէս հնդկական ու պարսկական թագաւորներու կեանքեր կը պատմուէին, դեւերու, հուրիներու, երկնքի եւ դժոխքի տարրերով համեմուած։ Ընթերցումը իրական զգլխանք մըն էր ու հակառակ հնաձեւ, գրեթէ անճանաչելի ըլլալու չափ մաշած գիրերուն տաժանքին, գերեզմանատան մը նոճիին ներքեւ իմ կիրակիներս կ՚անցնէին այդ կախարդական հատորներուն վրայ։ Պէտք է խոստովանիմ որ նոյն զգայութիւններն արթնցան իմ մէջ այդ ձեռագրին վրայ։ Թարգմանութիւն մը սակայն որ մօտ է Երեմիայի ուրիշ պատմուածքներուն ընդհանուր ոգիին։ Անիկա տաղաչափուած չէ, ինչպէս կը կարծեն ոմանք։ Կշռաւոր արձակ մըն է, թուրքերու դիւցազնաշունչ դարերուն կնիքովը, երբ այս ժողովուրդը իր յաղթանակները կը բարեխառնէր հէքեաթով ու իբր այդ կը պատմէր եղելութիւնները։ Հոն կան ոտանաւոր մասեր, ինչպէս է սովորութիւնը Երեմիային երբ պարզ պատմումը կեցուցած, վիճակներ, պահեր, տագնապներ կը ներկայացնէ այն օրերու յատուկ ոգիով մը, երկարաձիգ կրկնութիւններով ծանրաբեռն, մանաւանդ բառերով խղդուած։ Այս պարագան իրաւունք կուտա՞յ ենթադրելու թէ բնագիրն ալ ըլլայ իր գործը։ Կը վարանիմ։ Այն պարագային երբ բնագիր ու թարգմանութիւն սեպհականութիւնը դառնան Երեմիային, հայ գրականութիւնը կ՚ունենայ վիպողական պատմումի, հիները կ՚ըսէին քերթողական պատմումի, միակ ու մեծ գործը։ Գիրքը կը կարդացուի աշխարհին հեքեաթունակ տարտամութեամբը, հերոսներուն կիսաստուածին հրապոյրին, դէպքերուն դիւցազներգական շահեկանութեանը համար։ Առաջնակարգ գրական գործ մը, որ պատմութիւն չըլլայ սակայն։ Պէտք է փնտռտուքներ կատարել հայերէն բնագրին շուրջ։

Տեսած եմ Պոլսոյ հրակիզման պատմութիւնը, Ս. Յակոբայ ձեռագրաց մատենադարանի թիւ 892ը։

Պատմութիւն մը չէ անիկա, ինչպէս կը հասկնանք բառը մենք, պարզ մահկանացուներս։ Իրողութիւն է անշուշտ անոր նիւթը, հրդեհ մը որ Օրագրութեան մէջ արձանագրուած է։

«Իսկ ի հասանել ԺԴ Յուլիս Շաբաթի աւուր եղեւ կրակն մեծ ի Ստամպօլ. բարով չէր եղեր». ( Օրագրութիւն 1660 էջ 356)։

Ձեռագիրը կուտայ ժամանակին բոլոր գահակալներուն անունները, գործածուած տոմարական թուականները։ Կ՚առնեմ հատ մը։ « Եւ ի մարդեղութենէ բանին Աստուծոյ առ փրկութիւն մեզ, հազարերորդի, վեց հարիւրերորդի եւ վաթսներորդի (1660)

97 միջակ մեծութեամբ թուղթեր (194 էջ) կը պատմեն աղէտը։

«Արդ, ի սկիզբն յառաջարկութեան (յ)իրիս եւ հրակիզութենէ մեծի արքայական քաղաքիս եւ մեծահամբաւ ծովահայեաց Կոստանդնաշէն Պօլսոյս, մեծաթաղծ ոգով, եւ սրտաբեկ հեծութեամբ, բարձրակական ողբովք, տատանիմ առաջի րաբունական (յ)երամոց, երջանկակրօն մաքրանուէր ժառանգաւորաց սրբոյ եկեղեցւոյ եւ մանկանց նորածնելոց՝ խոհեմազարդ աշակերտելոց՝ եւ որոց պատահեցինն գրոցս նորակերտի որ ըստ անուանն իւրոյ Հրակիզման յորջորջի. ճահաւորեցայ ըստ ձեր սիրոյ խոհականութեան տրամախոհել զներկայիս ընթացս կէտի, ըստ ենթադրութեան կերպի. եւ դուք որպէս անարգամեծար լուսերանգ իմաստուք ներգահապէս մատուսջիք զունկն ձեր ի լուր, զի եւ սա՛ երկրպագութեամբ ձերդ ականակիտ մտաց զպատճառն բանի ի դէմս բեր. եւ զի թէպէտ պարտ էր իմաստնոյն խրատու զչափ անձին գիտելով հրաժար լինել այսպիսեաց ըստ մարգարէին. Ոչ գնալով ընդ մեծամեծ եւ ոչ ընդ այնոսիկ որ սքանչելիք են՝ առ սակի անդէպ նուաստութեանս տհասի, եւ շփոթապատ ժամանակիս բերմանց անյարմարապէս երեւեալ զրոյցք, սակայն զբաղձակայն իմ ժտելով աղերսեցից առաջի ձերդ իմաստութեան զի զկարէն պահանջելով անքամահ կալջիք զի ընդ իմում խոստովանութեանս ի գտանելն յայս թերի եւ անյարմար»։

Այսպէս կը սկսի յառաջաբանութիւնը այս հրդեհին։ Մէջբերումը աւելորդ կ՚ընծայէ որեւէ մեկնութիւն։ Մեր հին մատենագրութեան ամենէն յա՜րգի ոճն է ասիկա։

Ու կրակը.

«Եղեւ յանկարծակի թնդիւն ահեղ, որպէս զի հրաձգութիւն գոլ ի տեղւոջս յայսմիկ ուստի ի կրպակէ առն փանաքի սանտխճոյ միոջ հուր կայծեալ որ է ի հիւսուսոյ կոյս առ ի յեզրէ ծովուն Պոնտոսի՝ որոյ անուն տեղւոյն Այասմայ Ղափի յորջորջի զոր վառեալ հրոյն անտանօր սաստիկ արծարծմամբ եւ իսկոյն կէտի յարեաւ հողմ յուժգին առ ի յօժանդակութիւն հրոյն վասնորոյ վերացեալ յոդս բոցն բարկութեան եւ եռայր որպէս զճարպով լցեալ եւ տոչորէր զշէնս ներքուստ սահմանացն եւ պայթեալ զպարսպօքն արտաքոյ եւ մրեղէն բոցով ներքուստ եւ արտաքուստ եւ զշինուածս վաճառուց կրպակաց պախալովք, եւ պազարճովք, քերեստէճովք, ղաբուճովք եւ թուֆէքճովք. եւ այլ արհեստաւորաց քեարկեահովք եւ գործատեղօք ի վայրկեան ժամանակի դաշտեցուցանէր եւ ի ներքուստ վազեալ որ առ ի վերայ քաղաքին կծկծեալ բարձրացեալ երկուց բազմաց կուսիւ եւ իսկոյն զօճախ եէնկիչէրւոցն որ Աղա Ղափուսի  կոչիւր համայն շրջապատ փայտիւքն գետնացուցանէր. եւ ոչ կարացին այնքան զօրք դրանն այնմիկ եւ կամ յայլուստ հաւաքեալքն մասն ինչ փայտի փրկել եւ շինուց ինչ օգնել եւ կամ բռնակալքն իշխանօք հանդերձ ոչ կարացին պարտել զառաջդիմութիւն հրոյն կամ մերձենալ կարել»։

Կրակը կը հասնի Օճաղ աղասի.

«Անդր եւ լինէին կալանաւորս արանց վեցից համազգի նոցունց ( եէնիչէրիներուն ) զորս վասն վնասու իմիք եդեալ ՚ի բանդի եւ յորում ժամու գայ հուրն ՚ի վերայ ապարանին այնմիկ։ Եւ նոցա տեսեալ աղաղակէին ազատելով եւ ոչ լուան որք ՚ի դրան անդ էին։ Որք եւ բողոք բարձեալ որպէս ՚ի միջոցէ բերանոյ եւ ասէին

«զկաֆայս յաղագս դրեանն ողբոց»։

Ահաւասիկ այդ կաֆան.

 

«Դուք հանց անօրէն ազգ էք.
Պիղծ բընէ ՚ւ անիրաւ եղեալ.
Մեղք ձեր ՚ի յերկինս եհաս.
Զրկելոցն բողոքն բարձրացեալ։
Թէպէտ վնաս ինչ գտայք,
Եւ կալայք զմեզ բանտարկեալ.
Ձեր գլխոյն սէքաթ արէք.
Ձեր հոգւոյն համար զմեզ փրկել։
Կարծր եւ անողորմ եղայք.
Որ պատիժ ձեր կայ արդ սպասել.
Ըզմեզ ի հուրս խորովէք.
Հուրն անշէջ եւ ձեզ պահել»։

 

Այսպէս կը քերթեն բանտարկեալները եւ աւելորդ է ըսել կ՚եփին։

Ահա պատմումին գնացքը։ Ամէն էջ պատմումի կը լրանայ կաֆաներով որոնք իբր թէ կ՚ըսուին բնակիչներէն, Երեմիայէն (որ մօտ յիսուն անգամ ինքզինքը կը դնէ աղէտեալներուն փոխանորդ ու անոնց ողբերը կ՚ողբայ) ձիերէն, թռչուններէն, տղոցմէն, մարդոցմէն, ծովէն (քանի մը անգամ ծովն ու մարդերը կաֆաներով կը խօսին) հովէն, ու շարունակելը մեզմէ։

Այսպէս կը քալէ այս պատմումը։

Կրակին գործունէութիւնը միշտ մէկ, զոհերուն դժբախտութիւնը՝ միշտ նոյն, տեսարաններուն նկարագիրը գրեթէ անփոփոխ ըլլալու պայմանով՝ էջերը կը դառնան։ Փողոցի, թաղի, հրապարակի, շուկայի, խաներու մեծ մզկիթներու, յիշատակարաններու, ապրանքներու անուններ իրարու կը յաջորդեն, բոցէն ակնթարթի մը մէջ լզուելու, մաքրուելու, « դաշտանալու » ճակատագրով։ Կը հասկցուի թէ ինչ անտանելի միօրինակութիւն կը ճնշէ այս թոհուբոհին պատկերացման վրայ։ Մարդկային տարրը, իբր խորովուած ապրանք չի պակսիր։ Դժբախտութիւնը հոն է որ այս խորապէս յուզիչ դրուագները չեն առաջնորդուիր իրենց կարելի մշակումին։ Իշխանուհիներ կը փախցուին գերուհիներու ծոցով, մայրեր իրենց զաւակները կ՚ուզեն կրակէն, արքայազուններ անկէ հալածական կուլան անմխիթար ու այր ու կին մը կը մեռնին (որոնց շիրմաքարին վրայ իր ոտանաւորները չէ մոռցած հիւրընկալել գիրքին մէջ) եղերական պայմաններու մէջ։ Եւ սակայն ամէն ինչ կը մնայ խորասոյզ կրակին ծուխին մէջ կարծես։ Երեմիա շուարած է կրակին արագութենէն որ գրիչէն շատ աւելի ուժ ունի անշուշտ, ու չի կրնար ուղեգիծ մը պահել։ Կուտայ խառնակ, քաոսային պատկերը այդ ամէնուն բայց կ՚անճրկի յստակ պահեր, տեսարաններ կազմելու։ Ամէն էջի ընդհատւող պատմումը անգամ մըն ալ կը տկարանայ յուսահատօրեն իրարու նմանող ողբերուն չհատնող գուբղաներովը։ Ումարդ կը հարցնէ տրտմութեամբ

Ի՞նչ է իմաստը այս բառերուն։

Քերթողական զառածումի սա շքեղ նմոյշին մէջ, բախտ է որ հոս ու հոն ապրած ըլլան մէկ երկու իսկապէս յուզիչ դրուագներ ալ։ Ասոնցմէ մէկն է Ս. Աստուածածին եկեղեցիին ազատման դէպքը։ Գերազանցապէս դրուագային աղէտ մը։ Դժբախտութիւն է որ ըլլայ խղդուած հռետորական ընդլայնումի ողբայլի մոլուցքի մը մէջ։ Գիրքին հարիւրէ աւելի էջերը յատկացուած են կաֆաներու, որոնց մէջ սիրուն, յաջողած կտորներ չեն պակսիր, բայց որոնց ամբողջութիւնը անհանդուրժելի հեղեղ մըն է, որուն նկարագիրը առաջին էջերուն մէջ կը պարզուի եւ կը սպառի։ Մնացեալ իննըսուն էջերուն վրայ կրակը պիտի քալէ բանաստեղծօրէն, ըսել կ՚ուզեմ՝ բառերով կարելի պատկերներու քաոսին մէջէն, սուգ ու ողբ առնելով ու տալով։

Երեմիայի արձակը անարդարութիւն պիտի ըլլար կապել այս կատաղի հռետորութեան։

Ո՞ւր փնտռել սակայն պատմողը, արձակագիրը, քանի որ տրամադրելի աղբիւրները անբաւարար կամ գէշ վկայութիւն կուտան անկէ։

Փորձուեցայ Թուղթերը վերլուծել։ Ասոնցմէ ոմանք գրական էջեր են, ինչպէս կը հասկնային գրականութիւնը մարդիկ, այդ օրերուն։ Խօսեցայ իր տղուն մահուան առթիւ (Գրիգորիս վարդապետ) իր նամակներէն, որոնք արձակ ողբեր են, ու կու գան մարդկային ոգիի խորագոյն ակէն։ Գրագէտին բոլոր անհեթեթութիւնները չեն յաջողիր տապալել սա զգացման անկեղծութիւնը։ Երեմիա ողբերգակ ծնած է։ Այդ զգայնութիւնը քիչ անգամ այդ խտութեամբ ինծի տրուած է հաստատել մեր հին մատենագրութեան գործերուն մէջ։ Ամբողջ երկրի մը կործանումը կ՚ողբայ Թովմա Արծրունին ու չի հասնիր մեզ յուզելու։ Ու Արծրունին ոճի վարպետն է Երեմիային։ Աւելի վար շրջաններէն, Եղիշէն նմանապէս անկարող է մեր սիրտը գտնելու, բացի վերջաբանի հռչակաւոր գլուխէն։ Երեմիա սեւ պատահարներու հանդէպ բացառիկ ընկալչութեամբ գիտէ տրամադրել ինքզինքը։ Իր զաւկին, թոռան մահերը իրեն ներշնչած են սրտագրաւ էջեր։ Բայց ահա Շաթըր անունով երէցի մը տղան է որ կը մեռնի։ Առիթը կ՚օգտագործէ Երեմիա եւ  Եղիազար կաթողիկոսին կը գրէ նամակ մը (438-442, Օրագրութիւն ) որուն մէջ ճշմարիտ ողբերգակ բանաստեղծ մը ինքնաբերաբար երեւան կ՚ելլէ։ Ինքզինքը կը դնէ մեռնողին տեղը եւ կը բանայ բերանը անոր մահուան ազդեցութիւնները փնտռելու։ Քիչ ետքը նոյն դիւրութեամբ կ՚ըլլայ անոր ծնողքը եւ դուք կ՚ունենաք դասական պատկերները զաւակի սիրոյն։

«… Վա՜յ ծնօղիս եղկութեան, զի գալարի լեարդ իմ ի գուժ որդեկին իմոյ, թալիթլի աղիք իմ հրով բոցոյ ի վերայ ղարիպ անդրանկին իմոյ մեռելոյ։ Ո՞վ տայր զգլուխ իմ ծով առնուլ եւ զաչերս աղբիւրս արտասուաց։ Արդ չորասցի արգանդ իմ, զի ոչ կարեմ եւս զայնպիսի զաւակ ծնանել. գօսասցի ծառն, զի ոչ եւս կարէ զայնպիսի ոստս վայելուչս արձակել. խլեսցի յարմատոյ որթս, զի ոչ եւս կարէ զնոյնպիսի բերել բարունակ ողկուզաբեր…» ու նարեկական թաւալումով այս մտածումը ինքզինքը կը բազմապատկէ ու խօսքը կ՚ըլլայ մօրը որ իր կարգին կը պատմէ իրեն սրտին մօտիկ ամենէն անուշ յիշատակները. օրօրանէն սկսեալ մինչեւ հարսնիքին երազը, մինչեւ քահանայական պսակը…։ Մայրն է որ կ՚ըսէ «…ոսկեծի՞լ շար մանտիլօք զնծայս զարդ պարանոցիդ տարածեցից. կարմրաներկ մատա՞մբս կալեալ զվարսասփիւռ տիպ քո համբուրից թէ ընդ ազգատոհմ իմ ի պարս կաքաւեալ ցնծացայց…» ու կը թաւալի միշտ նարեկեան շունչով սա մտապատկերներու շարքը փեսայական արարողութեանց, շարականներով եւ երգերով։ Երեմիա չի ձգեր մայրը։ Իր զաւկէն (որ պանդխտութեան մէջ, հաւանաբար Էջմիածին մեռած է) անիկա լուրեր կը մուրայ Սկիւտարէն մինչեւ Կարին, միշտ Արարատին յառած՝ որպէսզի սպասումէն խոցուած սրտին դեղ մը գտնէ, պանդոկէ պանդոկ լուր մուրալով։ Ու սեւով լեցուած թուղթ մը…։  Մայրը նորեն կը բանայ իր բերանը «որդեակ իմ Ոհան… միթէ պատանօք պատեցա՞ւ անձն քո վայելչահասակ. միթէ ի դագաղ մահու բարձա՞ւ կիպարաբաղդատ քո դի. միթէ փշրեցա՞ւ աղեղնանման եւ կամարայար ուներ քո. միթէ հողով կափուցա՞ւ այդ ծով ծով աչեր քո. միթէ փակեցա՞ւ ճոխութիւնք աղվոր բերանոյ քո. միթէ լռեցա՞ն քաղցրանուագ բարբառ քո. միթէ խցա՞ւ անուշասփիւռ ձայն եղանակի քո. միթէ հարա՞ւ ի կարկտէ ծաղկեալ նռնենիդ միթէ ընդ երկրաւ գերեզմանի՞ ամփոփեցաւ տիպդ վարդահոտ …»։ Ինչպէս կը տեսնուի, ասիկա այնքան նամակ է, այն ալ կաթողիկոսի մը ուղղուած, ժառանգաւորի մը մահուան առիթով, որքան Պատմութիւն հրակիզմանը ՝ պատմութիւնը հրդեհի մը։

Զեղչելով այդ թուղթերէն մեր ներելի, արդար ակնկալութիւնները, զեղչելով նմանապէս բառակուտական մեղքերը, կ՚ունենանք մեր ձեռքին տակ մարդու մը հոգին դարձեալ, որ հայր է, քրիստոնեայ է, բանաստեղծ է ։ Երեմիայի թուղթերը արձակ քերթուածներ են, քանի մը հարիւր տարի առաջ, մօտաւոր ընտանութեամբ է այն վրիպած գրելու կերպին որ արեւմտահայ գրականութեան մէջ այնքան շքեղ ոսկեդար մը ապրեցաւ, մինչեւ պատերազմ ու դեռ քիչ մըն ալ ասդին, արձակ քերթուած յաւակնոտ պիտակին տակ, ստերջ որքան յետադարձ նկարագիրներով, որուն մէջ կը համերաշխին իրարու անհաշտ ալ հոգեբանութիւններ ինչպէս հանգանակներ։ Ալիշանի Եւայի հարսնիքը եւ Յ. Գ. Մրմրեանի Նէհարին երազը վիրաւոր են այն անլրջութեամբ որ Երեմիայի թուղթերը կը վերածէ ազատ քերթումին։ Ո՞ւրկէ եւ ի՞նչու։

Եւ սակայն հակառակ լեզուական խոշոր անհարթութեանց, անխնամութեան, քերականական տարրական որքան կոշտ սխալներուն («զոր» հայցական տէր բային այսօրուան տղոց մեղքը չէ միայն, այլեւ եռամեծ քերթողներուն), բառախաղական ձգտումներուն (Երեմիային ոճը ամենէն շատ կը յիշեցնէ Գ. Նարեկացին) [6], մեր լեզուին համաձայնութեան ոգիին դէմ ամէն տողի ամբարձող սխալներուն (շատ քիչ անգամ, մանաւանդ չափաբերեալ էջերուն մէջ, տէր բայի մը օրինաւոր բայի մը կը պատկանի), ու այն ահաւոր բառակոյտին որ կէս տողնոց մտածում մը կը փռէ կէս էջի ծանծաղուտին, Երեմիայի արձակը ունի կողմեր որոնք զիս կ՚ընեն զինաթափ, եթէ ոչ խանդավառ։ Թերեւս չեմ սխալիր երբ ըսեմ թէ անոր գործէն կուգայ շեշտը անձնաւորութեան, աւելի ճիշդ՝ անձնականութեան մը որ բացառիկ է անանձն, մանկունակ, նախնական միայն միացած մեր հին մատենագրութեան համար։ Թուղթեր [7] շատ, անշուշտ։ Բայց անոնց արժէքը համեմատական է բարքերու հասկածողութեան իրենց բերած նպաստին։ Օձնեցիին, Շնորհալիին հայրապետական եւ դաւանաբանական (Օձնեցին գրած է աղանդաւորներու դէմ) թուղթերը այդ անձնաւորութիւնը չեն յայտնաբերեր։ Մեր քրոնիկագիրներուն ժլատ, անբաւական, ուրուագրային [8] արտայատութեան դէմ անոպ նորութիւնը՝ հակադիր շնորհն է առատութեան, յաճախ իր առաջադրութիւնը զանցող։ Զուսպ, ցամաք խօսքին դէմ սա առատաբան զեղումը, ինչ որ ալ ըսենք, մեզ չի նեղեր այսօր այնքան որքան սեպագրութեան մը նմանող արձանագրութիւնները մեր պատմիչներուն որոնք ահաւոր տարողութեամբ պատահարներ, հսկայական յեղաշրջումներ, նահանգներու եւ քաղաքներու կործանումներ մեզի մը կտակեն երբեմն կէս էջի մէջ, իբր թէ մագաղաթ ու գրիչ չըլլային հնարուած [9] ։ Երկու մեղքերէն նուազագոյնը դեռ Տարտուղիանոսի օրերէն, կը համարուէր շատ ըսողինը։

Երեմիայի մէջ խօսքի սա առատութիւնը անշուշտ մեզ կը նեղէ այն պարզ պատճառով որ եղելութեանց համապատասխան ճոխութեամբ մը չէ պաշտպանուած։ Բայց, այնպէս, ինչպէս է անիկա, իր գործին մեզի ծանօթ մասին մէջ, դարձեալ կը փրկէ, կը քաւէ ինքզինքը։ Ի վերջոյ Օրագրութեան մէջ գոյ է աշխարհ մը, կը վխտան մարդեր, կ՚ուրուանան հոգեկան վիճակներ. Սեւեռուած է մտայնութիւն մը, թէեւ միշտ պակասաւոր։ Բայց այսքանն ալ կը գոհացնէ [10] մեզ այսօր։ Չեմ փորձուիր արդարացնել Երեմիայի մահացու մեղքը. որկրամոլութիւն ը բառերէ։ Բայց հաճոյք մըն է կարդալ իր պատմումը, քանի որ այդ շատախօսութեան գինով է որ անպէտին հետ պուտ մը կարեւոր ալ պիտի մտնեն գիրքին մէջ։ Չեմ դառնար ետ յիշեցնելու համար, այս ուղղութեամբ արժէքը Օրագրութեան որ Պոլիսն է. իր տարօրինակ հոգեբանութեամբը, անհանդարտ միտքովը, չար, դաժան, ստորին բնազդներովը, մեծ ու պզտիկ կիրքերովը, ինչպէս քաղցր, բարի շնորհներովը։ Այս է պատճառը թերեւս որպէսզի մենք զգանք որոշ երախտագիտութիւն մը հանդէպ մարդու մը որ կը մտածէ իր շրջապատը, արտաքին ազդակները, ներքին զսպաանակները, մարդոց մութ, յիմար մղումները ( impulsion ) փոխադրել իր էջերուն, փոխանակ մնալու ստրուկ արձանագրիչը այս ամենէն ինչպէս են գրողները իրմէ առաջ։

Այս ամենէն յետոյ, դիւրի՞ն, դասական տիպարը պատմիչին, հաստատել Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանի մէջ, անկախ հայ գրականութեամբ ընդհանրացած յղացքէն։

Չեմ կարծեր։

Բայց մնալով մեր գրականութեան յաջողութեանց միջինին վրայ, Երեմիա կը ներկայանայ շահեկան դէմք մը։ Անոր գործէն որոշ մասեր անփոխարինելի են։ Անոր թերութիւնները ժամանակին հետ մեռած են արդէն։ Բայց անոր արժանիքները կը շարունակեն աճիլ։ Պոլսահայ գաղութին պատմութեան մէջ անիկա անկիւնաքարէ աւելին է։

Երեմիայի դէմքին սա ուրուագիծը կ՚ամբողջանայ երբ վերլուծման իյնայ անոր քերթողական վաստակը։

Ամենէն առաջ, իբր թելադրանք ու քերթողական շնորհներու ցոլարան, կը խոստովանիմ թէ Վիպասանութիւն յԱպրօ Չէլէպին կուգայ առաջին գիծի։ Մնալով նախանիւթին [11] իբր արժէք ներկայացուցած ծանրութեան, ու այն ողորմելի ոտանաւորներուն փաստին առջեւ որոնք անկէ քաղուած են, մարդ կը զարմանայ սա մարդուն տարօրինակ անհաւասարութեան վրայ։

Ձեռագիրներէն կարդացի Աղեքսանդրի պատմութիւն ը [12], Պատմութիւն Հրէի աղջկան ը, Յաղագս Դերաքրիստոսին ը, Հրակիզութիւն Կոստանդնուպոլսոյ ն, Վասն էքմէքճի առնաւուտ Տիմոյի ումեմն որ սիրեաց զաղջիկ մի հրէի Մրգատա անուն ը։ Ունինք Օրագրութեան յաւելուածը, Պատմութիւն Ստամպօլոյ ն։ Դուրսը քիչ բան կը մնայ ուրեմն Երեմիայի քերթողական գործէն։

Ներելի՞ է այս արդիւնքը գնահատել այսօրուան հասկացողութեամբ, [13] ինչպէս ըրած են Շնորհալի ին, Նարեկացի ին, Քուչակին, Սայեաթ-Նովային համար։

Դժուար։

Ու ազատելու համար սա վերապահումին կշիռէն, պէտք կը զգամ թափելու, անմիջապէս, ամբողջ դառնութիւնը զոր այդ ընթերցումը արժեց ինծի։

Ահա քանի մը ծանր դիտողութիւններ։

Անիկա անլուրջ է, աճապարար է, ինքնագով ու սուտակասպաս գրեթէ իր բոլոր ուղերձներուն մէջ։ Ընթերցողը կը ղրկեմ Յաւելուածին։ Թող մաղէ այդ դժբախտ տաղերը [14], գտնելու համար յարդին մէջ ենթադրելի ցորենի հատիկը։ Գտածը ուրիշ բան է։

Անիկա գրական է, վարդապետական, տիրացուական, անանձնական իր ողբերուն եւ գանձերուն մէջ որոնք հաւանաբար կը հպատակին թաքուն ազդակներու, մեզմէ դժուար ըմբռնելի։ Չեն անոնք, գէթ մեծ մասով, իր ըսածին ետին կեցող մարդու խօսքեր։ Այս հաստատումը անով աւելի տխուր կը դառնայ, վասնզի մայր, հայր, զաւակ կը կազմեն նիւթը այդ ողբերուն։ Ու մեզմէ ոչ մէկը անտարբեր չէր կրնար մնալ այդ բառերով թելադրելի յուզումներուն։ Երեմիա հարիւրաւոր տողեր կը նուիրէ ասոնցմէ ամէն մէկուն ու չի յուզեր մեզ։ Մեղադրել սա արդիւնքին համար իր ոճը, իր ահաւոր լեզուն, չի լուծեր առեղծուածը։ Ճապաղանքը, անիմաստ շատաբանումը, ձգձգումը, նիւթը ընդլայնելու պատրանքով կաղապար փոխելու իր միամտութիւնը, այդ ողբերուն նոյն իսկ եղանակ ճարելու իր նանրամտութիւնը աստիճան մը աւելի կը ծանրանան, երբ գիտնանք որ այդ ամէնը կամաւոր մոլորանք մըն է իր մէջ։ Անիկա իր անձնական ցաւը այդպէս տափակցնելէն վերջը, մեծաւորներու ձօնուած ողբերուն մէջ պիտի տառապի աւելի անքաւելի տրտմտութիւններով։ Տեսէք ինչպէս կը սկսի Ապրօ Չէլէպիի պզտիկ աղջկան մահուան վրայ իր ողբը։

Գովեստ մը, մուտք։

Ահա քանի մի տող։

 

Յերգս բարեյօդս յոքնադրուատ ձայնս բարձրագոչ,
Առ ի պատիւս վեհազանից սիրտ ի յոգւոջ։

Երջանկացեալ գերագունից վեհից դասէ,
Թէեւ արփի վառվառ յաստեղս ոք առակէ։

Րամից հոյլից բազմասութեանց գերազանցեալ,
Առ յարալույս ի կաճառս յայնց միշտ հռչակեալ։

Երփնորակ բաստ ի քեզ տեսեալ յար զարդարէ,
Բարձրահրաւէր արփիափայլ հրաշակերտէ։

Մեծահանճարդ ըստ նոյն բախտի կաս հիւսակապ,
Ըստ ներքին մարդոյն եւ արտաքնոյն եւս անպարապ։

…………………… (Օրագրութիւն, էջ 589)

 

ու այս բառամարտը պիտի շարունակուի սա անզգացութեամբ, անիմաստութեամբ, անգթութեամբ, ամբողջ տասնըեօթը էջերու հասակին։ Ի զուր, ինքն իսկ նեղուած իր բառերուն աղմուկէն, պիտի փոխէ անիկա ոտանաւորին կաղապարը ( այլ իմն եղանակ, նոր գոյն Արդիւնքը կը մնայ նոյնը։ Այդ բառերու հրախաղութիւնը կ՚անցնի մեր գլխուն վերեւէն առանց մեզ յուզելու։ Մի զարմանաք։ Տարօրինակ բան է բանաստեղծութիւն անունին տակ մեր դրածը, գրածը։ Թերեւս ըլլաք լսած Հուկոն Ֆոսգոլա յորջորջուած քերթողի մը մասին։ Ու աչքէ անցուցած անոր գերեզմաններու շուրջ քերթուածը զոր երեք տարբեր բանաստեղծներ թարգմանած են գրաբարի։ Այս պաշտամունքը, հիացական ու մանկունակ, միայն չի սահմաներ թարգմանիչներուն հասկացողութիւնը, այլ փաստ մըն է աւելի մեծ իրողութեան։ Մարդիկ, 1860ին մեր մէջ, բանաստեղծութիւնը կ՚ըմբռնէին իբր բառերու սիսթեմ։ Երեմիային ժամանակը ուրիշ ըլլալու չէր։ Անոնք որ հետաքրքրութիւնը կը ներեն իրենց, « Բազմավէպ » հանդէսը թղթատելու, սանկ 1860էն վար, դէպ ետ, կրնա՞ն, հոն յոխորտագին բազմած քերթուածները, նոյնիսկ ամենէն ամուր, յարգի ստորագրութիւններով պաշտպանուածները, այսօր աւելի արժեւորել քան Երեմիայի մէկ ուրիշ ողբը, ըսուած Ջուղայեցի կաթողիկոսին վրայ։ Չեմ կարծեր։ Բացէք Մ. Պէշիկթաշլեանի տաղարանը ու կարդացէք այս ինչ աբբահօր տարեդարձին ձօնուած խորդաձայն քերթուածը։ Բացէք Նուագք ը ու տասնով, քսանով, հարիւրով կարդացէք Բնունի էն, Տէրունի էն, Տխրունի էն քերթուածներ։ Ձեր գտածը բառ է միայն։ Բառեր, բառեր, բառե՜ր։ Երեմիան իբրեւ քերթող դատապարտելէ առաջ, խորհեցէք սա մութ, դժուար ալ վարկածին, «թէ ճշմարիտ բանաստեղծը շատ բացառիկ երեւոյթ է սա մե աշխարհին համար։ Թէ մենք կամաւոր մեղսակցութեամբ մը կը փոխանակենք իրարու հետ իրարմէ անդունդով բաժնուած երկու վիճակներ բանաստեղծութիւն եւ տաղաչափութիւն ։ Թէ հարիւր տարին չէ բաւած արեւելահայերուն մօտ սա պատրանքը թօթափելու, ու գտնելու հարազատ բանաստեղծութիւնը…»։

« Ստամպօլոյ պատմութիւն »ը ոտանաւոր խօսք է։ Պարկեշտ մարդ մը սրամիտ քրոնիկ մը կը հանէր այդ պտոյտէն։ Երեմիա, հերարձակ քերթող, կատաղի տաղաչափ, իրեն անվայել կը նկատէ սովորական, արձակ պատմումը եւ կը նետուի Պեգասոսի քամակին։ Արշաւդ բարի՛։

Այդպէս չէ սակայն Սիրավէպը որ կը պատմէ ալպան հացագործի աշկերտին եւ հրէուհի Մրգատային սիրահարութիւնը։ Թէեւ Պոլսոյ մէջ այդ դարերուն արաբա-պարսիկ ծագումով նման փոքր վիպումներ մեծ վարկ կը վայելէին, բայց հայ մատենագրութիւնը խնամքով գոցած էր իր դռները այդ աշխարհիկ, վրան բաց նիւթերուն։ Երեմիա, որ գիտէ պարսկերէն ու կը սիրէ հէքեաթը, չէ վախցած նիւթէն (աշխարհական իր հանգամանքը նպաստ մըն է անշուշտ իրեն)։ Աւելի կոկուած, աւելի խնամքով մշակուած, անիկա պիտի ունենար ԺԹ րդ դարու պօէմայ ի մը արժանիքները։ Երեմիա ինքնածին, կեանքէն յարդարուած գրող մըն է։ Գիտէք թէ իր դպրոցը հաց ծախողին կրպակը եղաւ։ Անոր անծանօթ էին օտար գրականութեան նման գործերը։ Այնպէս, ինչպէս է այդ սիրավէպը ձեռագրին մէջ, քերթողական պատմումի հաճելի, աղուաշ նմոյշ մըն է։ Շատ մի տեսնէք հոն փորձուած հաստութիւնները, գռեհկութիւնները։ Փոխարէն կեցէք յուզումով այն տողերուն առջեւ, ուր աղջկան մայրը կ՚ողբայ իր զաւկին փախուստը սիրածն հետ։ Զգացում, պատմութիւնը դարձնելու շնորհ, ոճի աշխոյժ ու իրապաշտ պատկերացում այսօր ալ կը պահեն իրենց համը, թարմութիւնը։ Այդ սիրավէպէն երկու հարիւր տարի վերջը գիրի առնուած Շուշանն Շաւարշանայ պոէման, զոր մշակած են Ալիշան եւ Նար-Պէյ, աւելի բախտաւոր չէ, քանի որ կը կրկնէ Երեմիային թերութիւնները, անարդի, խակ, գրքունակ, բառական յօրինումներուն բեռը չհակակշռելով ոչ իսկ Երեմիայի միամտութեամբը որ արուեստին համար թանկ է այնքան։ ԺԹ րդ դարու մեծահամբաւ երկու այդ քնարերգակներուն վիպումը զերծ է անշուշտ Երեմիային քերականական սխալներէն ու քիչ կը մեղանչէ տաղաչափական սահմանադրութեան դէմ։ Ասկէ դուրս, միշտ կշիռը (ստեղծագործութիւն, պատմում, գործողութեան զգայարանք, յուզում, շրջանակ, բարք, իրականութիւն, մարդեր, մտայնութիւն, թռիչք) նոյնն է երեքին համար ալ, Երեմիայի մօտ պուտ մը աւելի շահեկանութեամբ, քանի որ ասիկա իր մարդերը տուած է կարելի պարզութեամբ եւ թեթեւութեամբ։ Ալիշանի Սանդուխտ ը հէքեաթի աղջիկ մըն է, զոր երկինքն ու երկիրը կը միանան յօրինելու, բայց կը դնեն մեջտեղ պատկեր մը անհեթեթ ըսուելու չափ անիրական։ Երեսուն քառասուն տող Ալիշան իրար կը խառնէ տիեզերքը, անկէ ճարելու համար այդ աղջկան գոյները, մարմինը։ Ու ձեր առջեւ կեցողը, այս ամէնէն վերջ, անկարելի աղջիկ մըն է, ճիշդ ու ճիշդ Բագրատունիի Հայկանոյշին նման ( Հայկ Դիւցազն

Հիմա, այս մեծ անուններուն վրայ արդի զգացումներուն սա փաստէն վերջ, բարի եղէք կարդալու

Նոր գերապանծ փառօք բերկրեալ ցընծայ հարսն անեղին.
Ահա նորոգ գովեստ յարմար. զի քէն սքանչիցն նորածին։
Զի թէ արփին  խեթիւ  դիտեաց. զգենո՞ւս միթէ զսեաւ տխրալին.
Ահա անդրէն ի դարձ ելեալ. ընդ առաջեալ քո եղբօր որդին։

 

ԱՂԵՐՍ ՀԱՐՍԻՆ

Յառնելըն քո առ ՚ի խընդիր. ի հրապարակս ընդ փողոցին.
Ահա նա իմ եղբօր որդին. միթէ տեսէ՞ք արք հանդիսին։

Եղբօր որդին իմ անց զինեւ. եւ ոգի իմ ել ընդ բանին.
Ահա՜ նա աչք իմ լից ցօղով. միթէ տեսէ՞ք զիմ բաղձալին։

Ո՞ւր ընթացաւ եւ ո՞ւր գտայց. եւ ո՞ւր դիտէ զլոյս արեւին.
Ահա՛ նա ընթացս իմ տոչորիմ. միթէ տեսէք զիմ անծկալին։

Աչք նորա է իբր զաղաւնիս. լուացեալ կաթամբ ջուրց բազմալի.
Եւ ձեռք նորա ոսկի մաքրեալ. լըցեալ ակամբ շափիւղայի։

Շրթունք նորա շուշանք բուրեն. ծնօտք նորա տաշտ կընդրըկի.
Կոկորդ նորա լի քաղցրութեամբ, ամենեւիմբ յոյժ ցանկալի

 

Տեսիլ նորա իբրեւ իբրեւ զընտիր եղեւնափայտ Լիբանանի.
Ահա՛ այն եղբօր որդին. այն մերձաւոր ՚ւ իմ սիրելի։

 

Օն եւ օն ձեզ իմ օրիորդք. եթէ տեսէք ազդեցէք ինձ.
Մինչեւ կալայց եւ ոչ թողից. համբուրեցից զիմ ցանկալի։

 

՚Ի կողկողելդ առ ՚ի հարցմունս. որոնել քո արտասուագին.
Ահա՛ նա գայ լերանց բարձանց. սաստիկ սիրով ի քեզ մերձին։

 

(Թիւ 892, ձեռ. Պտմ. Հրակիզութեան, էջ 218-219)։

 

Այսպէս կը սկսի խորհրդապաշտ [15] այն քերթուածը, ուր, Անեղին հարսը, Եկեղեցին, կրակէն իր անվնաս ազատելուն առիթով, երկնաւոր փեսային իր սէրը կը յայտնէ, ճիշդուճիշդ Սողոմոնեան թէքնիկով եւ զգայնութեամբ։ Անիկա հարազատ գոհար մըն է, Երեմիայի քերթողական տաղանդին գլուխ-գործոցը [16], ինչպէս մէկը մեր հին ու նոր գրականութեանը անառարկելի փառքերէն։

Այդ քերթուածը կը լեցնեն հարսը, անոր եղբօր որդին, օրիորդները։ Նոր չէ թեման։ Գիտենք ատիկա։ Երգ երգոցի մեկնութիւն մը, գործ Դ. դարու յոյն հայրապետի մը, թարգմանուած է Գ. Նարեկացիէ։ Պարսիկ, թուրք գուսանային յօրինումներ հաւանաբար թատերական ներկայացման մը դերը կը կատարէին դարերով, այդ ամէնէն զուրկ ժողովուրդներու մէջ։ Մեր ժողովրդական հէքեաթները յաճախ բարեփոխուած են երգերով երկասացական կամ խմբական, որոնք հէքեաթին ընկղմումէն յետոյ կ՚ապրին, եղանակին օգնութեամբը յիշողութեանց մէջ։ Երեմիա որ պտտած է մերձաւոր արեւելքը, աշուղի մը հոգիով զգացած է այդ դժբախտ հողերուն վրայ բաբախող յաւիտենական տագնապը մարդոց սիրտերուն։ Արեան մէջ, մահուան մէջ մենք աւելի մօտ ենք ստեղծումին։

« Յարասացմամբ յեղանակն » տարօրինակ թելադրանք մըն է, հաւանաբար Երգ երգոցի « Սեաւ եմ ես եւ գեղեցիկ »ը յիշեցնող։ Պարական գնացքով բայց հանդարտ կշռոյթովը այդ գեղօնը, աննշան նուազումներով սկիզբէն մինչեւ վերջը կը պահէ իր դաշնաթաւալ թափը, մեղմ, տաքուկ, մէկ անգամէն սիրտը հասնող հաղորդականութեամբ մը։ Բառերը, ամենէն փափուկներէն, երփներանգներէն, կայծկլտուններէն մեր լեզուին, բացաշիկ բախտով մը իմաստ, վիճակ, պատկեր, զգայութիւն կը սեղմեն շատ մօտէն ու կ՚ըլլան անվերծանելի տարբեր, քերթուածէն բխող ոչ թէ  Երեմիայէն որ չի միջամտեր կարծես։ Գոյներուն սա թարմութիւնը որ կեանքին գերագոյն փաստն է մանաւանդ արուեստին մէջ, երեք հարիւր տարի է ահա որ չ՚աղօտնար։ Կարծես ըլլային անոնք երէկուան ձայնական շքեղ համադրումներ.

 

«Ողկոյզ ծաղկեալ եղբօր որդին, բուրեալ նարդոսն ընդ ստաշխին …»

«Ահա ձմեռն անձրեւ անցին, ծաղկունք յերկրի գունագեղին »

«Որթք մեր ծաղկեալ զհոտըն բուրեն եւ լուր եղեւ ձայն տատրակին »

 

այնքան տարբեր աճպարարական [17] իր միւս իրագործումներէն, անոր մէջ երեւան կը բերեն ճշմարիտ գուսանը որ գիտէ բառերուն հնչական երկարաձգումը մեր հոգիներեն ներս, պատկերներու թեւովը. ու կը շինէ իր տողը իբրեւ հնչում, թրթռում ու նոյն ատեն իմաստ։ Բայց ասոնցմէ աւելի ուշագրաւ է զգացական տարրին գերակշիռ թափը, աստուածաշնչական իրապաշտութեամբ մը ու աշխարհիկ բարեխառնութեամբ բայց պահուած զգաստ պատշաճութեան մէջ։ Այս տարրը քերթուածին կը ճարէ անմահ այն ոլորտը, ոգեղէն դրութիւնը, որոնցմով տաղաւորուած՝ բիւրեղակերպ՝ բայց ողջ, մեզի կը հասնին մեզմէ դարեր առաջուան ուրիշ վիճակներ։ Մարդիկ իրար կ՚արժեն սիրոյ եւ ցաւի, արցունքի ու վայելքի մէջ, Սողոմոնէն մինչեւ Դուրեան։ Զգացական սա հարստութիւնը միս մինակը կ՚երաշխաւորէ արդէն առաջնակարգ բանաստեղծ մը ու Երեմիայի բոլոր սնապարծ հաւակնութիւնները կը նետէ անդին։ Բաղդատեցէք, եթէ կը հաճիք, սա տողերուն մարդկայնութիւնը

 

«Որովայն քո շեղջ ցորենոյ, շուշան ծաղկօք լըցեալ փակի(ն) »

 

Ալիշանի Շուշան ին (Սրբուհի Սանդուխտ) երեսուն, քառասուն տողերու վրայ երկարաձիգ բայց միշտ ալ աննուաճ պատկերին, պայմանադրական, կեղծ, անկարելի ըսուելու չափ անմարդկային

 

Սպիտակ սառերն յայնոր տես
Հալին, լինին կարմրերես,
Ծառք ու ծաղկունք տան պպլուկ,
Խօսի ամէն պըլպըլուկ.
Նարկիզ աչեր բիւր հանէ
Ուր որ Սանդուխտ անցանէ.
Յայնոր շընչէն հաւասար
Ծածկեն ծաղկով ձոր ու սար։
Յայնոր աչացըն կամար
Ցած գայ երկիրս եւ խոնարհ.
Երկինք ասէ՝ իմ գահի
Սանդուխտ պիտէր թագուհի.
Ծով՝ իմ ծըփանացըս ծիրան
Սանդուխտ ասէ տայր հրաման

(Շուշանն Շաւարշանայ, Ալիշան, Նուագք )

 

Այս մերձեցումը բաւ է բացատրելու խորհրդաւոր այն իրողութիւնը, որուն համեմատ միեւնոյն մարդը [18], երբ, բանաստեղծ է, պարզ, առանց տիտղոսի, երբ՝ եռամեծ քերթող, մեր հին գիրքերուն մէջ այնքան ընթացիկ պատուանշան, հաւանաբար աս ու ան բառախաղը պսակող։

Երեմիայի մէջ իսկական բանաստեղծը գտայ ուրիշ ալ տեղ մը։ Աղէտը նկարագրելու պատ­րուակին տակ, իր ահաւոր ունայնամտութեան լայնօրէն կաֆաներով [19] յագուրդ տալ փորձելէ յետոյ, այս մարդը կարծես կը զղջայ որ գիրքը մօտեցուցած է իր վախճանին, քանի որ հրդեհը ալ չունի լափելիք գետին, ու երեմիան ալ՝ առիթ նոր կաֆաներ քշելու մեզի։ Ցաւած սրտով, Մարգարէութեանց Երեմիային նման անիկա կը նստի կրակէն «դաշտացած» համա­պատ­կերին դիմաց ու կը բանայ բերանը, վերջին անգամ մըն ալ «սգալու» մոխրաստանը որ կը փռուի իր աչքերուն։ Զանազան բաժիններով, այս 17 ու աւելի էջեր գրաւող պոռթկումը, դժբախ­տաբար չունի ազատուող տաճարէն ( Ս. Աստուածածին ) ընծայաբերուած օրհնասա­ցու­թեան ոչ չափաւո­րութիւնը, ոչ ալ զգացական թարմութիւնը։ Ինծի կուգայ թէ նիւթին ընտանու­թիւնը (Պոլիսն է անիկա) ու աղէտին ընդարձակութիւնը պատճառներ են որ Երեմիա քշուի բառերէն։ Ու կշռոյթով եւ յանգերով ամէն էջի փոխուող բայց խորքին մէջ միշտ նոյնը մնացող այդ կաֆաները հազիւ քանի մը ընտիր գուբղաներ կը բերեն մեր ապշահար, յոգնած, հետզհետէ զայրացկոտ չկամութեան դիմաց։ Բայց, երբ անիկա կը մտադրէ վերակազմել այրեացաւեր քաղաքը իր հնադրոշմ պերճութեան մէջ, չես գիտեր ինչպէս, կը գտնէ Ուիթմանեան շունչ մը, հզօր, կենա­գործող։ Կ՚անցնին ձեր առջեւէն այդ օրերու մեծահռչակ ոստանները, Արեւելքին հէքեա­թունակ աշխարհները, Հնդկաստանն ու Թուրքէստանը, Չինն ու Կղզիները, Այրարատն ու Վասպու­րականը, իւրաքանչիւրը իր բերքերուն համովն ու փառքերովը։ Սրտազեղում, զի Պոլսեցին է անիկա, իր մէջ զգացող այդ քաղաքին տարօրինակ գրաւչութիւնը, արիւնէ, մահէ, ոճիրէ ու անգթութենէ հիւսուած, յօրինուած անոր հոգին։ Անկեղծ թախիծ, որ միայն հայ գրականութեան նկարագիրը չէ այդ քաղաքէն, այլեւ բոլոր անոնց որոնք անոր ոլորտին մէջ ստեղծումներ ըրին (բիւզանդական հին քրոնիկագիրները Առաքել Դաւրիժեցիին չափ տխուր են)։ Ու թռիչք ։ Հպարտութիւն, հոսհոսութիւն պիտի գրէի, եթէ չվախնայի։ Երբեմն արտակարգ յանդգնութիւն պատկերներու։ Ձեւական վայելչութիւն։ Գեղեցկութիւն ։ Մեղք որ այս պատառիկները ըլլան խղդուած շեղջին տակը Երեմիայի անսրբագրելի, ընդոծին թերութեանց, շաղփաղփութեան, երգահանութեան, յուսահատօրէն միօրինակ բառակոյտին, սնոտաբան, տղայամիտ նազանքներուն։ Անոր Պոլիսը, ըսի անգամ մը, հեռուէն թելադիրն է Սիպիլներու, Աճէմեաններու, Փանոսեաններու ոտանաւորին։

Աւելորդ է զբաղիլ քերթողական թէքնիկով մը, իր մօտ, վասնզի իր յաջողակ կտորները ոչինչ կը պարտին այդ թէքնիկին, ընդհակառակն անկէ զերծումով մէն է թերեւս որ կը շահին իրենց այդ նիհար շնորհները։ Իր Կաֆան ոտանաւորի չափ մըն ալ չէ, ինչպէս է այդ բառին թելադրանքը (Կաֆայեցի Մարտիրոս վարդապետի մը կողմէ գործածուած ոտք մըն է ինչպէս գաղիացիներուն Աղեքսանդրեանը Աղեքսանդր անունով եպիսկոպոսի մը կողմէ գործածուած առաջին անգամ ու ժառանգած անոր անունը), այլ ոտանաւորը, իր ընդհանուր առումին մէջ։ Երեմիա զգայարանքը չունի ձայնային արժէքին ։ Անոր ուղերձները գրուած են անիշխանական չափով, խորքին իրենց դատարկութիւնը անգամ մըն ալ ծանրացնելով ձեւին թափթփածութեամբը։ Իր գանձերը, ողբերը սանկունանկ չափուած խօսքեր են որոնց ետին կը պակսի ձայներու ճանաչողութիւն, բառերուն յարդարումը տիրապետող գիտութիւն։

Իր արձակը կ՚արժէ աւելի քան իր չափաբերեալ տողը։

Պէ՞տք կայ յիշեցնելու որ քիչ անգամ անիկա ըլլայ յարգած մեր քերականութիւնը։ Անոր մօտ լեզուական զառածումը արդիւնք է չէ սակայն անբաւականութեան, աղքատութեան։ Հակառակն է թերեւս ճիշդը։ Զարդարուն ոճի նմոյշներ անիկա շատ ունի Հրակիզութեան մէջ ու ասով կը յիշեցնէ Նարեկացիին զանցումները։

 


 



[1]        Անտարակոյս գրողի մը անձին նախատարերքը, տարտղնուած՝ գոյ է իր գործին մէջ։ Մեթոտ մըն է մարդ մը յօրինել, գործէն շարժումի գիծեր հաւաքելով որոնց ամբողջութիւնը յաճախ պիտի յանգի վաղածանօթ կենսա­գրումին։ Ուրիշ մեթոտ՝ միշտ մարդ մը յօրինելու, գտնել այն տողերը, անցքերը, էջերը ուր գրողին նկարագիրը ինքզինքը կը մատնէ, ու անոնցմով կազմել այս անգամ անձնաւորութիւն մը, որ հոգեբանօրէն մեզ կը շահագրգռէ, քանի որ անհատին շարժումները միշտ անհատին չեն պատկանիր, կապ ունենալով աւելի ընդար­ձակ, ուրիշ, արտաքին մղումներու հետ, մինչ նկարագրին փաստերը անյեղլի, անձնական ու մեզմէ կախեալ հոգեկան իրողութիւններ են։ Երեմիա անհաշիւ շռայլած է ինքզինքը, վտանգելու չափ գրողի մը համար անհրաժեշտ լրջութիւն մը, բառէ ու գործէ։

Թուղթերուն մէջ, որոնք ուրիշներու մօտ լաւագոյն գետիններն են նկարագիրներու պարզումին, Երեմիա մեզի կ՚երեւայ խճող, անկայուն, պատեհապաշտ։ Օրուան իշխանաւոր մը, եկեղեցական կամ աշխարհիկ, անոր համար անհրաժեշտ պաշտպանութիւն մըն է։ Ասոնց սպասը անիկա կատարած է օրինակելի հաւատարմութեամբ մը։ Ճիշդ է որ Եղիազար կաթողիկոսի անջատողական քաղաքականութիւնը համարձակած է քննադատել, բայց ըրած է ատիկա իբրեւ պատուիրակ, իր ետին զգալով ամբողջ հայութեան ուժն ու համակրանքը, ու վշտացուցած զօրաւոր Այնթապցին (Եղիազար կաթողիկոս) բայց աւելի յետոյ երկիւղածութեամբ իր զղջումը մատուցած է նոյն Այնթապցիին երբ անիկա կը բազմի հայոց հայրապետութեան Աթոռին։ Աւելի տրտում է այս անկայուն հոգեկանութեան միւս փաստը որ մեզի կուգայ նորէն այդ թուղթերէն։ Երեմիան, դարուն ամենէն հզօր հայազգի իշանաւորին պաշտպանեալն է, անոր տան տղան, անոր կնոջը նոր որդի մը, ինչպէս չէ վարանած գրելու իր մէկ քերթուածին մէջ ( Վիպասանութիւն յԱպրօ Չէլէպի ), անոր շնորհիւ մտած ընդարձակ շրջանակներու ծանօթացման, մանաւանդ տաճկական բարձր պաշտօնատարներու հէքեաթունակ աշխարհին. անոր հետ պտտած է Կրետէ, Էդիրնէ, այսինքն բանակային, պատերազմական մեծ արարքներու ճամբէն ու, կը հասկցուի՝ փառաբանած է անոր ամենազօր անձը, անոր մահուան յաջորդ օրն իսկ Եղիազար կաթողիկոսին գրելու համար փոքրոգի գիր մը ուր կ՚ուրախանայ բռնակալին սատակումէն ։ Ինչ որ ալ ըլլայ շարժառիթը այս թերեւս արդար ալ արտայայտութեան, Երեմիա կը մնայ իր արարքին փոքրութեան տակ, թելադրելով մեզի իրմէն աւելի ընդարձակ ուրիշ պատկեր մը։ Ատիկա նկարագիր մըն է, ընդարձակ տարողութեամբ մը, դարէ մը ու հոգեբանութենէ մը։ Տարածե՞լ զայն իր վրայով իր ժողովուրդին։ Թերեւս անտեղի բայց ոչ անկարելի։ Երեմիայի թուղթերն ու ուղերձները մեր մէջ կը յօրինեն պատկեր մը մարդէ մը որ թեթեւ է ու տխուր, անհաստատ ու լուրջ, խոհուն բայց ոչ-խոր. Քիչիկ մը լագէ (ականջը խօսի արեւելահայ մարկսիստներուն), քիչիկ մը ֆանֆարոն, հաճո­յա­պաշտ բայց պարկեշտ, տոկուն բայց ճակատագրապաշտ. բոլորը՝ կողմեր ու գիծեր որոնք այնքան յաճախ իրարու հետ կ՚երեւան Պոլսահայ քաղքենիին վրայ, անոր միջին տիպարին, քանի որ ուզենք չուզենք, պարտաւոր ենք այդ քաղաքը ընդունիլ այն վերջին հնոցը ուրկէ նորակերտ դուրս է եկել մեր ժողովուրդին վերջին դարերուն յատկանիշ համադրական իր պատկերը, հայ քաղքենին, իր առաւելութեանց ու թերութեանց հանդէսովը։ Ամիրաներու, իշխաններու ուրիշ ալ կարգ մը կայ անշուշտ, միշտ այդ քաղաքին մէջ, թերեւս ապացուցանելու համար վարկածը։ Այս վերջինները անտեղի չէ ընդունիլ ցեղին ազնուական, մարտական, գործօնական բնազդներուն արտայայտութիւնը (կրնաք դարերը պեղել, հաստատելու համար վարկածը հայ կայսրերու, զօրապետներու, օտարներու սպասին մէջ մեծ անուններու վրայ)։ Պոլսահայը քաղքենի բնազդներու զարգա­ցումն է, հաւանաբար, բայց ահաւոր միջավայրի մը մէջ, երբ ցեղին մեծ պաշտպաններէն հողը, փառքը դաւած են իրեն, բայց լեզուն, կրօնքը, պարտութեան կսկիծն ու յիշատակը կը շարունակեն մնալ հաւատարիմ։ Թուրքը անգիտակից կաղապարողն է այս նկարագրին ։ Անոր բռնութեան տակն է որ հայ ժողովուրդի բարդ complex ը (Երեմիայի դարէն 6-7 դար առաջ թուրք ազդակը ի զօրու է մեր վրայ)։ Ու հակազդեցութեան մութ ճամբաներով՝ ցեղը իր հոգեկան դրութիւնը դրած է նոր հաւասարակշռութեան մը մէջ, երբ խոհական, ճարտար, համակեր­պական, débrouillard ուրիշ բնազդներ կը կերպաւորուին դար առ դար։ Անշուշտ չէ դադրած հայ ժողովուրդը, իր վայրավատին, ամէն չարիքի համար յարդարուած գոյութիւնը չես գիտեր ինչ հրաշքով պահպանելով, թրքութեան ծովուն մէջ։ Անոր այն մասը որ քաղաքները պիտի ապաստանի, թերեւս կ՚ընէր փորձը այն յարմա­րացման զոր պատերազմէն վերջ տեսանք մեր աչքերով։ Այն մասը որ հողին պիտի կապուէր, գլխաւորաբար արեւմտեան նահանգներու մէջ, կը շարունակէ իր հայրենիքին աւանդութիւնները։ Գիւղ թէ քաղաք Պոլիսին համար եղան անսպառ մթերք մը ուժի, արիւնի, քանի որ մայրաքաղաքին լափող պայմաններուն դէմ հին աւիշին այս անդադրում նպաստը մեծագոյն ազդակ մըն էր։ Զրկեցէք այդ փրկարար պատուաստը ու դուք կ՚ունենաք, այդ Պոլիսէն, հաւանաբար ահաւոր, այն դասակարգը որուն նմոյշները իրենց վերջին կեպարանափոխութիւնը գտան ԺԹ րդ դարուն, Չէլէպիներու տակաւ ապազգայնացած գերդաստաններուն անփա­ռունակ մնացորդները, որոնք հայերէնը ատելը իրենց պարտքերուն առաջինը պիտի սեպեն որպէսզի իրենց զաւակները աւելի հարազատ կերպով կարենան կրել իրենց նորոգ ազնուականութեան levantain տիտղոսները։ Ցեղային տարրէն պարպուած այս դասակարգը մեզամօտ ժամանակներու մէջ չունեցաւ ցեղին զարգացման վրայ աղիտաբեր ազդեցութիւն մը, քանի որ աւելի արդիական ազդակներ, գիր գրականութիւն, դպրոց կը մտնեն կրկէս։ Երեմիայի ժամանակ Պոլսահայ յղացքը, ինչպէս անիկա կը պարզուի ձեր մտքին մէջ Երեմիայի գործերէն, դեռ չէ բիւրեղացած։ Անոր Օրագրութեան մեծ հերոսները երեք տէրտէրներ են գրեթէ, համանուն, Թըլթըլ, Քէօր, Պարմախսուզ պիտակներով իրարմէ զանազանող իրենց անունը, Աստուածատուր։ Աւելցուցէք ճիհէննէմ մերտիվէնի մըն ալ. աս ալ երէց. ու կ՚ունենանք պատկերը հասարակութեան մը ուր այս մարդերը կացութեան բանալիները կը ներկայանան, Թուրքերու պալատներուն դռները բացող որպէսզի անոնցմէ գան հրամաններ…։ Ամբողջ հատոր մը անբաւական է նկարագիրները հանելու համար այդ տարօրինակ համայնքին։ ԺԷ րդ դարը կեդրոնական այն շրջանն է ուր հոգեբանական սա chimie ն կը գործէ, ինքնագլուխ, պղտոր, այսօր անհաւատալի իր օրէնքներով։ ԺԸ րդ դարուն Վենետիկի հրատարակութիւնները կը նպաստեն ոչ թէ փոխելու այդ պատկերը, այլ զայն հասկնալու։ Ահա թէ ինչո՛ւ վերջին դարերու բոլոր ձեռագիրները միշտ կշիռ մը ունին քանի որ մեծ կամ պզտիկ նպաստ մը կը բերեն պոլսահայ յղացքին սկզբնական նկարագիրը պարզելու մեր մտքին մէջ։ Կը ծանրանամ հարցին վրայ, վստահ ըլլալով որ մեր ձեռագիրներուն ստուար մասը գործ է այդ դարերուն։

[2]        Պատմութիւն Կ. Պոլսոյ հրկիզմանը (ձեռագիր) այդ կերպի մասնակի լուսաւոր յիշատակարան մըն է։ Գիրքը կը կռթնի, ամրօրէն, իրականութեան, (ուրիշ խնդիր՝ այդ իրականութիւնը ձեւազեղծող անոր հռետորական մեղքերը) ու անոր կողքին, երեւան կը բերէ եղերգակ բանաստեղծը որ խորունկ հաճոյքն ունի պատմումը կեցնե­լու. ու դրուագէն ներշնչուած՝ քերթելու, ողբագին կամ պարսաւական, իրարու խառնելով երկինքն ու երկիրը։ Այս կերպը, արձակ պատմումի մը մէջ, հաւանաբար արեւելեան ժողովրդական կառոյցներուն (Աշուղ Ղարիպը, Լէյլա եւ Մեճնուն, Տիւնեա կիւզելի) արձագանգն է իր մօտ ։ Կը յիշեմ թէ ինչ հիացումով կը բոլորէինք աշուղները որոնք կը պատմէին Աշուղ Ղարիպին տագնապները, անմիջապէս անցնելու համար քնարական արտայայտութեան, ոտանաւոր երգելով սազին վրայ սիրահարին սիրտը բզկտող ցաւերը։ Երկու դար առաջ, Արեւելքի մէջ գրականութիւնը աշուղներուն սազին վրայով կը պտտէր, ինչպէս թատրոնը՝ Գարակէօզի փողոցայարդար ներկայացումներով։

[3]        Մեր հին մատենագիրներուն համար մեր բարքերուն պատկերացումը կուգայ Ս. Գիրքէն որ մասնաւոր ժողովուրդի մը պատմութիւնը չէ անոնց աչքին, այլ կարելի մարդկութեան մը հանդիսասրահը։ Անշուշտ այն ամէնը որոնք զայրոյթի եւ սարսափի կը հանեն մեր քրոնիկագիրները, գոյ էին, են ամէն տեղ, ամէն ժամանակի համար։ Սակայն կան շրջաններ ուր մեծ աղէտներու ճնշումին տակ մարդիկ կը կորսնցնեն իրենց հոգեկան հաւասարակշռութիւնը ու կը կոտրեն սանձերը ։ Նման ժամանակ մըն է ԺԷ րդ դարը։ Ճէլալիներուն սարսափ­ներէն, Շահաբասեան բռնութիւններէն վտարական մեր ժողովուրդը «իբրեւ երամ հալածական» տրտղնուած է արեւմտեան Անատոլու, Թրքական Եւրոպա։ Ու զարհուրանքէն աչքերը դեռ դողահար, կ՚ընէ վերաքաղը դէպքերուն ու մեղքերուն։ Պոլսոյ մէջ անիկա այդ դարուն երկրորդ կիսուն ձեռք է ձգած բաղդատական ապահովութիւն. Իր ճարպիկ ձեռքերը հացը կը ճարեն գոնէ։ Ու ահա ծայր կուտայ հոգեկան կործանումը, երկար ատեն զսպուած դրութեան  մը իբրեւ հակազդեցութիւն։ Երեմիա այդ վիճակին նկարագիրը կ՚ընէ ու կը հասկցուի թէ այդ վիճակը հեռուի պատմում մը, թուղթի վկայութիւն մը չէ անոր համար, այլ ամբողջութիւն մը ուրկէ իր մատը ունի Ապրօ Չէլէպիէն սկսեալ մինչեւ յետին տէրտէրը, մեծերու դասէն։ Ու պարսաւը ինքնաբերաբար կը վերածուի մարգարէական թոնին։

[4]        Սովորութիւն է դատապարտութեան խօսքեր միայն արտասանել մեր մէջ այն գրողներուն որոնք կանոնաւոր քերականութեան մը չեն ենթարկեր իրենց լեզուն։ Վիէննացիները անհեթեթութիւն ստեղծեցին իրենց անխառն ոսկեդարեան գրաբար ին հէքեաթովը։ Արդ, լեզուն գործիք մըն է։ Կ՚ընդունիմ թէ փաստ մըն է, մշակոյթէ մը, նոյն ատեն, բայց ի վերջոյ գործիք մը։ Գրականութեան մը արժէքը, ներքին արժէքը իր նիւթն է ոչ թէ այդ նիւթը ձեւադրող գործիքը։ Ու երբ կը հանդիպինք մարդոց որոնք իրենց լեզուական անբաւարարութիւնը կրկնապէս կ՚ընեն դատապարտելի նիւթին ալ խեղճութեամբը, արդար է մեր զայրոյթը։ Բայց մեր մեծ գրագէտները, բացի հինգերորդ դարու պարզիմաց ու պարզիմաստ թարգմանիչներէն, միշտ կը տառապին արտայայտութեան տագնապէ մը։ Կորիւնը դեռ Ե. դարէն ախտանշան մըն է։ Ամենուս ծանօթ է յունաբան դպրոցը իր լեզուական անհեթեթութիւններով։ Բայց Քռթենաւոր մը փաստ է շատ տարբեր, շատ բարձր ձգտումի մը։ Պատկերներով մտածող գրագէտ մըն է ան, ու իբր այդ, կը դարբնէ իր ահաւոր բառերը որոնք մեզի կը թուին հրեշակազմ, բայց գրողին համար քանի մը պատկեր մէկ բառի մէջ զետեղելու յանդուգն դարձեր են։ Երեմիայի այս էջը շատ դիւրութեամբ կը պատմէ մեզի մեր լեզուին ճկուն ու սլացիկ շնորհներէն։ Ծայրէ ի ծայր շարժական ոճ մը, առանց թերեւս հեղինակին ալ գիտութեան, կը հետեւի պարող աղջիկներուն շրջանառութեանց ու կ՚ողողուի լոյսով, ստուերով, ջերմութեամբ ու կիրքով, ինչպէս է արդէն իրականութիւնը տեսարանին։ Կիրքին, զգացման ճնշու­մին տակ սա զեղծանումը կանոնաւոր արտայայտութենէ, հաւանաբար ներքին մղումի մը հպատակելով է որ կ՚ընեն գրողները։ Ատոր հզօր օրինակը ունինք Նարեկացիէն։ Չրաքեանին զանցումները՝ ուրիշ, աւելի նոր օրինակ։ Երեմիան գիտէ իր լեզուն. ոչ՝ անշուշտ հինգերորդ դարու վարպետի մը ձեռնհասութեամբ. ոչ ալ ԺԹ րդ դարու Մխիթարեանի մը ճշգրտապաշտ ուղղափառութեամբ։ Ինչ փոյթ ուրեմն իր մեղքերը, երբ հակառակ ասոնց, անիկա գաղտնիքը ունի զիս գրաւելու։ Դժուար պիտի չըլլար պարզել անոր ֆրազը։ Այն ատեն պիտի գտնէք իւրաքանչիւր նախադասութեան տակ ապրումին վկայութիւնը։ Չեմ խօսիր հոս ու հոն պոռպռացող pedant ներէն որոնք օրէնքներ կը ձեւեն մեր գլխուն երբ կէս դար գրիչ շարժելէ վերջ չեն յաջողիր կենդանի էջ մը ստո­րագրել։ Քերականները պէտք է սփոփուին, իրենց դժբախտութեանը փաստը ոչ թէ տարածելով, փռելով, այլ լռելով, դիտելով ուրիշները որոնք գէշ աղէկ կ՚ըստեղծեն ։ Չենք հանդուրժած գրել չկրցող քննադատութիւնը։ Կը մնանք անտարբեր գրել սորվցնել ձգտող պատուելիութեան առջեւ։

[5]        Ինչ մեծ տարբերութիւն արեւելահայ սիրային քնարերգութեան եւ արեւմտահայ պոլսահայ սիրերգութեանց մէջտեղը։ Կ՚արժէ կենալ ու խորհրդածել։

[6]        Այս նմանութիւնը չի սահմանափակուիր միայն բառակազմական, շարադասական մասնայատկութեանց, որոնք նախադասութեանց նիւթական կազմը կը շահագրգռեն։ Նմանութիւնը աւելի խոր է եւ հեռահայեաց։ Երեմիա մտածման ընդլայնումը սորված է  Աղօթամատեանին մէջ երբ մէկ պատկերի մը առջեւ կեցած, անդադար ասկէ արձակուած փոսփորափայլութիւններով նորեր կը կազմէ. իրարմէ բխող, իրար շարունակող, երբեմն աւելորդ (որովհետեւ ոչ նոր), աւելի շատ տպաւորիչ՝ որովհետեւ երանգ ու ասոր շնորհիւ իբր նորութիւն կը մատուցուին մեզի։ Տեսաք նամակին մէջ իր դիւրութիւնը վիճակներու ստորաբաժանման որ իմացական եղանակ մը չէ այլ զուտ զգացական, բանաստեղծէ յայտարարող։ Օրագրութեան մէջ իր հայրագրին, Մղտեսի Ամբակումին հոգեւար­քը, մահուան մահիճը Նարեկեան ոգիով կը թրթռայ։ Իր վարդապետ տղուն մահը ողբացող նամակ­ներուն մէջ ընթացիկ իմաստութիւնը երբ զեղչենք, մնացածը ապշեցուցիչ առատութեամբ հոսանք մըն է զգայութեանց, զգացումներու։ Կը խորհիմ Վիպասանութիւն յ՚Ապրօ Չէլէպի ն Շնորհալիէն ներշնչուած ( Յիսուս Որդի ) ըլլալուն չափովը ( տաղաչափում, գիրքերու բաժանում, գործին կաղապարը ), կուգայ « Պատմութիւն Խաչին Ապարանից »էն . Նարեկացի)։ Ձեւական, բառական ըլլալէ աւելի, այս հանգիտութիւնը ապահովաբար կը բխի խառնուածքէ ։ Այս հաստատումը Երեմիան կը վերածէ առաջին գիծի բանաստեղծի մը, որ դժբախտութեան տակն է ամենէն գռեհիկ, քերթողական ստեղծումը վտանգող շրջանի մը մէջ ապրելուն։ Վերցու­ցէք Երեմիան իր  աշխարհահանդէս թափառումներէն, տիրացուական զբաղումներէն, ուրիշին գործին, փառքին կառուցման սպասէն, ու դրէք զայն Հայաստանեան ներքնախոյս, կոյս գիւղի մը կամ վանքի մը ծոցը։ Հաւա­նաբար կ՚ունենայիք եթէ ոչ « Աղօթամատեան »ը գոնէ շատ աւելի արժող բան մը քան Յիսուս Որդի կամ Եդեսիոյ Ողբը ( Շնորհալի Իր առաւելութեանց ինչպէս թերութեանց մէջ Երեմիան կը գտնէ հաւասարակից դիրք մը մէկ կողմէն վաւերական բանաստեղծներու ( Նարեկացի, Շնորհալի ) միւս կողմէն գիրքի առնէտ հմուտներու, բառախաղի ասպետներուն . Մագիստրոս) միջեւ։

[7]        Մագիստրոս, Շնորհալի, Լամբրոնացի առանձնապէս ունին անոնցմէ, եթէ նկատի չառնենք պատմիչներուն մօտ իբր թէ վաւերագրական նպատակներու ենթակայ թխումները, բոլորն ալ հնարովի ու ատով անլուրջ։ Ինծի կուգայ թէ սա Նամականի ն այդ օրերու բարքերուն մաս կը կազմէր ինչպէս Երեմիայի ժամանակ՝ հէքիաթին մէջ կաֆա ըսելը։ Ինչ որ ալ ըլլայ վերապահութեան չափը, Երեմիայի Թուղթերը կը փրկեն իրենց գրուելուն ծանրութիւնը, քանի որ առնուազն կը խօսին գրողէն, թէեւ պիտի սիրէինք որ քիչ ըլլար այս բաժինը ու աւելի՝ դուրսիններունը, միւսներունը։

[8]        ԺԷ րդ դարու մեր քրոնիկները կը տարբերին կանխող դարերու նման գործերէն հասարակաց քանի մը  յատկանիշներով։ Անոնք լայն են, կարելի չափով՝ մանրամասն, կեանքին վրայ ձեւուած, ու անկէ ոչ շատ պակաս ։ Տակաւին՝ իրաւ, հրաշալիէն քիչ տառապող, աստուածաբանական յիշատակութենէ խոյս տուած ։ Կը զգաս որ կը գրուին ոչ թէ Սաղմոսին կամ Մարգարէութեանց կամ Առաքելոց թուղթերուն աս ու ան համարին ապացուցումին, այլ երկիրը դղրդող իրադարձութեանց արձանագրութեան համար։ Ու ասիկա ահագին տարողութեամբ քայլ մըն է։ Դրէք սա ըմբռնումը մեր միջին դարու քրոնիկագիրներուն միտքին մէջ։ Դուք այսօր կ՚ունենայիք ճշմարիտ հայոց աշխարհ մը ու ժողովուրդ մը ոչ՝ այն չոր, վերացեալ երկիրը զոր արեւմտահայ միտքը արդէն մոռցեր էր երբ կ՚իջներ գրական կրկես ու կը ստեղծէր մեր նոր գրականութիւնը։։ Կարդացէք Դաւրիժեցին (ԺԷ դար), իսկոյն կը զգաք որ բան մը փոխուած է մեր չոր, օրացուցային, անգոյն քրոնիկին մէջ։ Դէպքերու եղերականութիւնը չէ հեղինակը այս հրաշքին։ Հայոց աշխարհը անհուն, անվախճան եղերապատում մըն է դեռ հինգերորդ դարէն։ Ու մեծ մատենագիր Եղիշէն դիւցազներգութեան մը վայել նիւթ մը վկայաբա­նական պատմումի բռնաշապիկովը տուած է մեզի։ Ուրուագրային կերպին դէմ, Դաւրիժեցին կարկառ ու միս կը սիրէ դնել էջերուն վրայ։ Դէպքերը կը կազմուին, կը զարգանան, կը դիմէն իրենց լուծումին, արուեստի հիմնական պահանջումի մը հպատակ։ Դերակատարները կը մասնաւորուին, կ՚անձնանան, աս ու ան անունին ներկայացուցիչն ըլլալէ դարերով առաջին անգամ։ Ու իրենց արարքներուն հետ իրենց աղերսը վերջապէս հասկնալի կը դառնայ։ Շահ Աբաս մը Յազկերտ մը չէ իր մօտ։ Ու առաջին անգամն է որ ոչ–կրօնական հարցի մը շուրջ, գրող մը, էջերով նկարող տարր, մանրամասնութիւն կը դիզէ։ Ու Առաքել վարդապետ մինակ չէ այս տպաւորութիւնը մեզի թելադրող. Դարանաղցի Գ. Վարդապետի Ժամանակագրութիւն ը դարձեալ այդ դարու գործ, ուրիշ վկայութիւն։

[9]        Երէկ էր. Բարեկամ մը Թ. Արծրունիէ կը կարդար մէկուկէս էջ ուր արապ ոստիկանը լեռնահայաստանի իշխանները մէկիկ մէկիկ կը բռնէր, կը ղրկէր Սամարա (Պաղտատի մօտ խալիֆայութեան կեդրոն մը)։ Գերեալներուն ազատումը կ՚ընէին չբռնուած իշխաններ, յարձակելով յեղակարծ որոնք իրենց կարգին կրկին գերի կ՚իյնային ու կը ղրկուէին Սամարա, հոն ուրանալով ազատուելու կամ նահատակուելու համար։ Հռովմէացի պատմիչ մը անմահ գեղեկութեամբ recit մը պիտի հաներ այս անհուն խտութեամբ պատահարներէն որոնք մարդկային կեանքին գերագոյն զգայութիւնները ունին իրենց համար զսպանակ։ Դաշտէն պտուղ հաւաքելն իսկ տեւողութիւն մը կ՚ենթադրէ։ Հայոց իշխանները (որոնց ամէն մէկուն անունն ալ կուտայ երանելի Թուման) այդքանն ալ չեն արժեր պատմիչին աչքին։ Այս թերութիւնը գրական չէ միայն։ Այս ամէնուն դէմ այնքան ժուժկալ այդ մարդը երբ կը բանայ բերանը այս կամ այն վարդապետական հարցի վրայ, հանգչիլ չի գիտեր, վասնզի հոս իր ընելիքը զինքը կանխողներուն բառերը եւ միտքերը մեզի քշելն է։ Այսպէս է որ պահուած է այս ժողովուրդին պատմութիւնը։ Չեմ պահանջեր որ պատմողը պաշտպանուի վիպողէ մըն ալ։ Բայց կը պահանջեմ որ մեր ժողովուրդին կեանքը գէթ մեզի մատուցուի։ Ու ասիկա կեցած տեղը, ինքնիրեն կատարուելիք հրաշք մը չէ անշուշտ։ Այս աշխատութեան նախապայմանը հաւաքումն է մեր անցեալի բոլոր նշխարներուն։

[10]      ԺԷ րդ դարու մեր քրոնիկները լայն տարբերութիւններ ունին կանխող դարերու նման գործերէն։ Անոնք թեթեւակի շեղում մըն են արդեն, երբ սահմանափակ շրջանի մը առջեւ կը դնեն իրենք զիրենք, վտարելով հիներուն այլանդակ յաւակնութիւնները, նախարարի մը տունը մինչեւ Նոյ եթէ ոչ մինչեւ Ադամ իջեցնելու մանկամտու­թեամբ ու իրենց գործը կը սկսին դրախտէն։ Սա սահմանափակումը՝ նիւթին նպաստ մըն է ինքնին, քանի որ կը խնայէ աւելորդ սպառում։ Յետոյ, երկարութեան յղացքը տեղի կուտայ լայնքի նախասիրութեան մը։ Թովմային պատմած վերի պատկերը Առաքել Դաւրիժեցին կը վերածէ ամբողջական տեսարանի մը, երկկողմանի ճշդումներով։ Յարակից վիճակներու շահագործմամբ ու կը բարձրանայ արուեստի։ Անպէտին, անկարեւորին զգայութիւնը որ հիմնովին բացակայ է կանխողներու մօտ, այդ դարուն գոնէ քանի մը գրիչներու մէջ պատճառ է զեղչելու թարմատար տարրերուն քանակը, այնքան յորդ մեր բոլոր պատմիչներուն մօտ. ու կերպով մը յամենալու, եթե ոչ խորանալու իրաւ, կենդանի մանրամասնութեանց դրուագումին։ Չոր, օրացուցային քրոնի­կին մէջ բան մը փոխուած է այդ դարուն։ Առաջին անգամ է որ կրօնական մը, պատմական գոյնի, կեանքի զգայութեան մը սիրոյն էջերով ոչ-վարդապետական մանրամասնութիւն կը դիզէ որուն նպաստը առնուազն կենդանութիւն բերելն է պատմումին։ Ուրիշ չէ պարագան Դարանաղցի վարդապետին որու մասին խօսածս չեմ կրկներ հոս. բայց կը պաշտպանեմ ուրիշներու հետ հանգիտութեան մը շահովը։ Նոյնիսկ աւելի համեստ, պարզ դպիր Լեհաստանցի Սիմոնը դուրս չէ շարժումէն։ Երեմիան միջին մին է այս  արժանիքներուն ընդմէջ։ Չեմ կրնար առաջին երկուքին հանդարտ, կշռադատող, հիմնականը զատող դիտողութիւնը իրեն ալ շնորհել ( Տարեգրութեան վկայութիւնը վճռական պիտի ըլլար այս գետնին վրայ)։ Բայց անոնց մտայնութեան օտար մը չէ ինքը։ Այսպէս է որ իմ մէջ կազմուած է յղացքը ձգտումի մը ՝ պատմելու, հաւաքելու, իրականութիւնը նուաճելու, առանց վարդապետական բարձր փառասիրութեանց։ Անոնց գործերուն մէջ անշուշտ սա ձգտումը չէ ազատագրուած բոլորովին ու չի նորոգուիր անձէ անձ, արուեստի ձեւ մը  թելադրելու աստիճան։ Բայց երբ կը մօտենանք մեր պատմիչներուն, յիշելու ենք ուրիշ ալ իրողութիւններ։ Քիչեր գիտեն թէ Խօսք ի վէպս ազգացը (Պոսիւէ) այդ դարուն է գրուած ու կը նկատուի գլուխ-գործոց մը ֆրանսական դասական արձակէն, մինչ ոճի կորովէն, լրջութենէն դուրս, իբրեւ միտք, տրամաբանութիւն, պատմական հասկացողութիւն գրեթէ կը մնայ հաւասար մեր քրոնիկներուն մէջ գործածուան խելքին։ Ու ասիկա անշուշտ բան մը ապացուցանելէն աւելի է։ Եւրոպական մեծ գրականութեանց մէջ, պատմութիւնը ԺԹ րդ դարուն է որ պիտի ազատագրէ ինքզինքը։ Ու պիտի ընէ այդ աշխատութիւնը միշտ բնագիրներու, վաւերաթուղթերու ուսումնասիրութեամբը ոչ թէ ընդօրինակու­թեամբը (Վենետիկեան դպրոց) կամ պատմա-բանասիրական մասնակի խորասուզումներով (Վիեննական դպրոց)։ Գրագէ՛տը, ամենէն առաջ, որպէսզի դիւաններուն հոգին արձակուի իր բանտէն եւ Ժիւլ Միշլէ գրէ իր Ֆրանսայի պատմութիւնը, Օ. Թիէռի վերակազմէ միջին դարը եւայլն։

[11]      Հաւանական շատախօսութիւնը որ կ՚ենթադրուի Հ. Ակինեանին անկէ տուած ամփոփոյքէն ( Երեմիա Չէլէպի, էջ 96-102) ու ապսպրանքին մեղքը որ ամէն դարուն ալ նոյնը կը մնայ, չեն կրնար խորտակել պատահարին ողբեր­գական հարստութիւնը։ Ե. Հատուածին մէջ, ըստ այդ ամփոփոյքին, Երեմիա կ՚ողբայ Կրետէի մայրաքաղաքին կործանումը ։ Դժուար չէ երեւակայել ահաւոր օրը, կատարածը, զմեծութիւն աւերածոյն, որոնք թուրքերուն շքեղ շնորհները կազմեցին, յաղթանակի ինչպէս պարտութեան դարերուն։ Կը խորհիմ թէ « Պատմութիւն Հրակիզման Ստամպօլոյ »ն ստուերի մէջ կը մնայ այդ կոտորածին ու հրդեհումին առջեւ։ Ի՞նչ է հանած Երեմիան այդ պատահարէն։ Հ. Ակինեան չի տար ճաշակ մը, ինք որ ձեռագիրը ուսումնասիրած է խնամքով։

[12]      Ըստ անոր բնագրական տեսակէտով ներկայացուցած շահեկանութիւնը։ Ատկէ անկախաբար Երեմիայի թուրքերէնը (իբրեւ բանաստեղծութեան գործիք) աւելի է քան իր օրերուն ընտանի քիթապեթը (դիւանական լեզու), որուն ձախորդ ազդեցութիւնը զգալի է այնքան իր արձակին վրայ։ Չափաբերուած տողերուն մէջ Երեմիա գտած է միջին նկարագիր մը, լեզուի՝ որքան զգայնութեան։ Այդ կտորները իբրեւ խորք կը մեկնին օրուան ամենամօտ իրականութենէն, իբրեւ արտայայտութիւն՝ կը կենան ժողովրդական պարզութեան ուժով կնիքին տակ։ Ասկէ՝ գրական ու ժողովրդական յաջող ու հաճելի խառնուրդ մը։ Թուրք բանաստեղծութեան դժբախտու­թիւնը կը ճանչնան անոնք որ ուսումնասիրած են անոր անհուն շատախօսութիւնները պատմա-կրօնա-բարո­յական թեմաներու վրայ, ուր բառը, հոմանիշը, վերադիրը, մուգաֆֆան կը խղդեն քերթողական զգայութիւ­նը։ Արաբ եւ պարսիկ բառարաններուն բոլոր շինծու ծաղիկները։ Ու խորդացող ոճը ապսպրուած, բռնի ուզուած փառաբանումին։ Բայց նոյն այդ բանաստեղծութիւնը, իր ժողովրդական արտայայտութեան մէջ արժանիքներ կը պարզէ խոր ու անկեղծ զգայնութեան, անփոխարինելի թարմութեան եւ ընդարձակ յուզումի, տարրեր որոնք այնքան բարձր արժէք մը կը ճարեն մեր ալ ժողովրդական յօրինումներուն։ Չեմ բանար յիմար, յաւակնոտ վէճը որով թուրքերը կը կարծեն ազգայնացնել մեր աշուղները իրենց հաշւոյն։ Սայաթ-Նովան ալ թո՜ւրք էր անշուշտ, քանի որ անոնց լեզուով է գրած մէկ մասը իր երգերուն։ Ու մեր բոլոր աշուղները ունին յօրինած թուրքերէն քերթուածներ։ Այս յիմարաբանութիւններէն վեր է իրականութիւնը սակայն։ Ատիկա մտայնութիւնն է նոյն հողին վրայ ապրող մարդոց ։ Ու իբր այդ, այդ լեզուով կամ ուրիշով արտայայտութիւն մը շատ շատ թերու­թիւններու կշիռ մը կ՚ըլլայ, արժանիքներու բացարձակութիւնը ազատ պահելով աս ու ան սեպհականացումէն։ Երեմիայի ողբը իր Սողոմէ աղջկանը վրայ ունի թուրքերէն մաս մը, որ այլապէս յուզիչ է, իրաւ, անկեղծ ու կը զարմացնէ հայերէնին անտանելի ըսուելու չափ անհամ տափակութեանը դէմ։ Եթէ կայ՝ ատիկա ապահովաբար ի նպաստ թուրքերէնին պիտի չը խօսի։ Ի՞նչն է պատճառ որպէսզի անտանելի վրիպանք ըլլայ դարձեալ Երեմիայի ողբը Ապրօ Չէլէպիին երկու վաղամեռ աղջիկներուն վրայ։ Միտքէ մի անցընէք ճակատագիրը ապսպրուած քեթողութեան։ Սա աղջիկները իր զաւկին պէս կը սիրէր այդ մարդը, քանի որ Չէլէպիի ապարանքին ամէնօրեայ հիւրն էր, ինչպէս կը խոստովանի։ Ու վեց տարեկան կամ քիչ մը աւելի մեծ աղջիկներու մահը, ծանր անմեղութեամբ մը կրկնապէս սրտառուչ, բաւ էր զայն խորապէս խռովելու։ Կարդացէք գանձը որ Օրագրութեան 17 էջերը կը գրաւէ (589-605), համոզուելու համար թէ ինչ մեղքեր կը միջամտեն որոնք մեր գիրը ներսէն կը թունաւորեն, շողոմ, զարդ, լեզուական խաղարկութիւն, բառախաղ, չափախաղ (եթէ կը ներէք), անհուն կու­տակում, անխոնջ կրկնութիւն, հետեւակութիւն։ Դժբախտութիւնը հոն է որ ճշմարիտ գոհարներ ալ ըլլան խառնուած այս անհեթեթ բառակոյտին, բայց խղդուած, անկարող իրենք զիրենք ազատելու այդ score էն։ Պատմութիւն Աղեքսանդրի ն տանելի, նոյնիսկ որոշ շահեկանութեամբ քերթուած մըն է։ Զգոյշ եմ իր մասին, վախին տակը հաւանական թարգմանութեան մը, երկրորդ հեղինակէ մը։ Բայց լեզուական իր զգաստութիւնը, որոշ առաձգականութիւնը (թուրքերէնը այդպէս գրելու համար պէտք է ենթադրել անոր յարաբերութեանց մեծութիւնը։ Կը ճանչնայ աւագանին ու անոնց նախասիրած պարսիկ բանաստեղծներն ալ։ Հաֆըզը յիշած է քանի մը հեղ)։ Այն պարագային երբ այդ թարգմանութեան բնագիրը երեւան գար իբրեւ իրը, հայ գրականութիւնը կ՚ունենար իր առաջին դիւցազներգութիւնը ։

[13]      Ճշմարիտ բանաստեղծութիւնը զերծ է ժամանակէն ։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ ամէն վիճակ, խորապէս իրաւ, երբ կ՚արտայայտուի խորագոյն ալ ճշդութեամբ, կ՚ազատագրէ ինքզինքը։ Գիտենք ասիկա մեր ինչպէս օտարներու մատենագրութեան պատմութիւնէն։ Այդ է պատճառը որ գրական նորոյթը ըլլայ նման միւս նորոյթներուն։ 1860ին արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը, կապկող նմանութեան մը մէջ ինքզինքը կը պատռէ, de pair քալելու համար Բագրատունիին։ Ու կ՚ունենանք Ալիշանի Նուագներուն անտանելի pastche ը, Խրիմեանի Հրաւիրակները, Խաչատուր Միսաքեանի (Պուէտ) ոտանաւորները, Պէշիկթաշլեանի ուղերձագրական չափաբերումները եւ որ ի կարգին։ Քսան տարի վերջ հովը կը փչէ ուրիշ ուղղութեամբ։ Այս անգամ ալ զեփիւռ-լուսին-սէր մարգան է որ բանուկ է հրապարակին համար։ Ուրիշ քսան տարի մը, ուրիշ նոր թեմաներ։ 1940ին մարդիկ, այդ արեւմտահայ լեզուով ունին ուրիշ տագնապներու պատմութիւն։ Բոլորին համար ալ այս կիսաերանգային նկարագիրներուն, կ՚ենթադրեմ թէ մէկ է վախճանական ճակատագիրը. այն շատ պարզ մահը որուն մէջ արդարօրէն ընկղմած է Երեմիայի քերթողութեան ստուարագոյն մասը։ Վասնզի այն ու այս քերթողութիւնը գործն էր ժամանակին ։ Բայց չեն կործանիր Երկնէր երկինը, Ո տայր ինձ ը, Նորահրաշ պսակաւոր ը, Ի գիլ գայր սայլիկն ի գիլ ը, Մայր սուրբ սքանչելի լուսոյն ը, Քուչակեան տաղերէն տասնըհինգ քսան քառեակ, Սայեաթ-Նովայէն հինգ-վեց տաղ, Առ զեփիւռն Ալէմտաղի ն, Լճակ ը, յիշելու քանի մը յատկանշական իրագործումներ որոնք անշուշտ ժամանակի մը մէջ երկնուած, բայց բախտովը ծնան այդ ժամանակէն զերծ ըլլալու։ Ու ընդարձակելով հարցը կը կենամ գրական զգայարանքի մը շրջափոխութիւնը թելադրող մտածումին առջեւ որ անիմաստ յղացք մը պիտի ըլլար ապահովաբար գործերու խորքին համար, մինչ այնքան իրաւ է ասոնց շուրջին համար։ Ի՞նչն է որ կը միջամտէ որպէսզի միջնադարեան մեր աշուղներուն տաղերը պարունակեն ոսկին ու պղինձը, անհասկանալի համեմատութեամբը անազնիւին առատութեան, Նորահրաշը յօրինող իսկապէս նորահրաշ արուեստագէտը, Ներսէս Կլայեցի (Շնորհալի), ըլլայ նոյն ատեն հեղինակը Յիսուս Որդի անունով անհանդուրժելի տաղաչա­փութեան։ Անշամանդաղ գեղեցկութիւն է Վարդանանց շարականը։ Ու Եդեսիոյ ողբը (Շնորհալի) հասարակ պատմում։ Ամէն անգամ որ արուեստի գործ մը ամբողջ է ինք իր մէջ (հատոր մը վերլուծում չի կրնար սպառել այս քանի մը բառերուն թելադրած իմաստները), պիտի պահէ իր այս նկարագիրը, հազիւ ազդուելով ժամա­նակէն։ Այսօր իմ մէջ արթնցող խռովքը աւելի իրաւ է քան ան զոր զգաց հաւանաբար, անծանօթ քերթողը Լեառն վիմածին հրաշահիւս մեծացուսցէին։ Այս ոտանաւորը, իր ծնունդին, արարք մըն էր հոգեղէն կրակի։ Վկայութիւն մը որ պոռթկաց երգիչին բերնով եւ բիւրեղացաւ ։ Տեւողութեան մէջ անիկա թերեւս աղօտեցաւ, քիչիկ մը տժգունեցաւ երկայնութենէն, բայց անաղարտ պահեց իր երկրայնութիւնը, մարդկայնութիւնը։ Կարելի է էջերով երկարել այս օրինակները։ Իրողութիւնը չի դադրիր ինքզինքը պարտադրելէ։ Առջի օր էր որ ֆրանսացի հեղինակ մը կը պաշտպանէր նոյն տեսակէտը երբ ֆրանսական բանաստեղծութեան համար 15-16րդ դարերը կը նկատէր ճշմարիտ ստեղծումի շրջան մը ու կը յիշեր Տը Պելլէէն հնչեակ մը որ չորս հարիւր տարիի ծանրութեան դիմացեր էր, յովտ մը չկորսնցնելով իր արժէքէն։ Երեմիայի մէջ չեն պակսիր այս կարգի վճռական յա­ջողուածքներ։ Մի մոռնաք Ս. Գիրքին խորհրդաւոր պատմումը Սոդոմի եւ Գոմորի կործանումին շուրջը։ Դժբախտ քաղաքները քանդուեցան որովհետեւ հազարներու մէջէն հինգ արդար չմեղմեցին Եհովային սրտմտութիւնը։ Երեմիա ունի մէկէ աւելի յաջող ոտանաւորներ, որոնք այսօր ալ մեզ կը հրապուրեն։ Մարդերուն մեղքը անոնց գերեզմանին հողն է կ՚ըսեն եւ ունին իրաւունք։

[14]      Իբրեւ գրական ձախողուածք, անոնք որքան ալ ըլլան տխուր, կը մեղմեն իրենց վրիպանքը բարքերէ, ճաշակներէ, մարդերէ իրենց վկայութիւններով, առօրեային այն հրապոյրովը որով մեր գործը կը հաւնուի մեզմէ դուրս, մեզ խաբելու գինով։ Երեմիայի ուղերձները անոր նկարագրին ալ վկայութիւնները կ՚ըլլան ու զինքը ճանչնալու համար թանկագին վաւերաթուղթ։ Թեթեւսոլիկ, աճպարար, բառախաղաց Պոլսեցին է այդ տողերուն տակ գուշակելի մարդը, սպրիկ, քիչիկ մը հացկատակ, միշտ ուրիշին գովեստին մէջ հաճոյացող։

[15]      Այս բառին տալ իր կրօնական տարողութիւնը, ինչպէս կ՚ընենք հին գրականութիւններէ վերցուած գործերէն ոմանց համար։ Յայտնութիւնը, Երգ երգոցը խորհրդապաշտ քերթուածներ են։ Առանց ազդուելու բնագրային յաւակնոտ վերլուծումներէն որոնք դեր մը չունին յաճախ հեղինակին մտադրութեանցը ետին, հոս կրնանք մնալ պարզագոյն իրողութեանց առջեւ։ Երեմիայի քերթուածը իբրեւ կաղապար կ՚օգտագործէ Սողոմոնի ծանօթ քերթուածը, որ փոփոխակներով կ՚երեւայ արաբ-պարսիկ քերթողուեան մէջ, ու ատով թափանցած է թրքական ալ բանաստեղծութեան մէջ։ Բայց կայ աւելին։ Օրիորդներու խումբը որ քերթուածին մէջ կը գովէ, փոխնիփոխ՝ հարսը կամ փեսան, ինծի կը յիշեցնէ մեր բարքերէն սրտառուչ դրուագ մը, հարսանեկան հանդէսներէ։ Անիկա պահն է հարսին զգեստաւորման (որմէ վերջ օրհնութիւնը հալաւին)։ Մէկ կողմէն հինայուած հարսնացուն կը զարդարեն, միւս կողմէն անոր զգեստները մէկմէկ ձեռքերնին բռնած, կը գովեն թէ՛ կերպասը, թէ՛ մարմինը որ պիտի հարսնանայ։ Գովքը քառեակներէ կը բաղկանայ, որոնց մէջ ժողովրդական զգայնութիւնը անմահ գեղեցկութիւններ գիտէ զետեղել։ Կուլան, կը խնդան, կը գորովին ու հարսը զարդարելէ վերջ կը մտնեն պարի, նախ տրտում, ընդքարշ, ծանր, բայց հետզհետէ ոգեւորւող. Մինչեւ որ հարսը իր կարգին տարուի, թափէ իր վերպահումները ու հագնի պարին կրակը, բարակ ու մշտավառ թրթռո՛ւմ, վերջին պարը ազատ աղջկնութեան որ կը բաժնուի իրմէն ալ անվերադարձ։ Այս արարողութիւնը իր բլաստիք մասէն աւելի երգեցիկ յուզումներովը գերազանցապէս բանաստեղծական նկարագիր մը կուտայ այդ քառեակներուն։ Վառ, ողբական, եղանա՛կը պարին մէջ կ՚ըլլայ նուաղուն թռիչ։ Ու ան որ քառեակին առաջին տողը կուտայ, որպէսզի կրկնեն ուրիշներ, ամենէն ձէնուկ աղջիկն է թաղին, ան ալ մատաղցու մը։ Երեմիայի ժամանակ մեր բարքերը Պոլիս կը պահէին սկզբնական իրենց բոլոր պայծառութիւնը, օտար ազդեցութիւններու դիմացող։

[16]      Տեսնել քերթուածը ամբողջ «Սիոն»ի 1939ի Դեկտեմբերի թիւին մէջ։

[17]      Acrostiche ի իր մոլութիւնը. Էջերով երկարաձիգ իր յանգերուն նոյնութիւնը, միեւնոյն գիրով սկսող բառերով (տ. փ. ն) քերթուած յօրինելու իր անհեթեթ յաւակնութիւնները դիւրաւ կը յանձնուին Երեմիայի ժամանակին եւ աշուղական կարելի մրցանքներուն սայլակը, քանի որ իր դարուն տիտղոսաւոր բանաստեղծն է անիկա եւ իբր այդ, հարկին տակը՝ այդ դարը ամբողջութեամբ հագնելու ։ Ու մենք գիտենք թէ որքան խոր է գրական ունայնամտութիւնը ոչ միայն. M. Jourdain ի մօտ այլեւ Ապրօ Չէլէպիին, Եղիազար կաթողիկոսին …։

[18]      Բարեբախտաբար Ալիշանի քերթողական ընդարձակ վաստակին մէջ կան մէկ քանի իսկապէս զգացուած էջեր, առաւելապէս արձակ, երբ ովեկոչական հզօր շուչով մը մեր պատմութիւնը կը կենսաւորէ, հոգ չէ թէ ի վնաս պատմական ճշմարտութեան, քերթողի գործ կատարելով։ « Այրարատ »ը, « Սիսուան »ը, « Նուագք »էն Հայրունի ին որոշ քերթուածները, Յուշիկներ ը։

[19]      Կաֆաները երգուելու սահմանուած քերթուածներ են, հեղինակին համար որ երբեմն եղանակներն ալ կը յիշեցնէ, երգախառն վիպումի սա դարուն, Երեմիա մեր մէջ կը փորձէ ինչ որ Լեյլա եւ Մեջնունը, Աշուղ Ղարիպը եւ նման ժողովրդական յօրինումներ կ՚ընեէին զանգուածներուն մէջ Դանուբէն մինչեւ Ինդոս։