Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԴ. ԴԱՍ
ՊԱՏՈՒԵԼԻՆ ՈՒ ՀՐԱՉԵԱՅԻ ՊԱՏԻԺԸ
(ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԷ)

Պատուելին [1] յաղթահասակ մարդ մ՚էր. վաթսուն տարեկան կար այն ատեն: Երբ աղօթքներու ժամանակ գլուխը կը բանար, գանկը` հերազուրկ՝ կը փալփլէր արծաթանման, ու քթանի պէս ճերմակ էին գլխուն շուրջը մնացած մազերը: Կեանքը ակօսներ գծած էր ճակտին վրայ, եւ միշտ քերծուած [2] մաքուր երեսին վրայ խորշոմներ կային ձեւացած։ Բայց հակառակ ծերութեան այս անհերքելի նշաններուն, Պատուելին առոյգ ու կորովալից երեւոյթ ունէր, եւ տակաւին երկար ասպարէզ [3] մը չափել կը խոստանար: Իր այտերը առողջ կարմրութեամբ մը երգունուած [4] էին գրեթէ միշտ, խոշոր աչքերը մշտավառ հուր /51/ մը կը ցոլացնէին, եւ իր պերճ կլափը [5], որ իր ծնօտին տակ կը սոնքար [6], միանալով թանձրամիս ուռուցիկ ծոծրակին եւ ընդհանուր արծուային [7] դիմագծութեան, ֆիզիքական ու բարոյական պատկառելի ոյժ մը կը շեշտէր: Քալուածքը՝ ուղիղ եւ սէգ, գլուխը՝ բարձր ու կանգուն, ձայնը շաչուն ու ուժգին էր։ Երկար սաքօ [8] մը կը հագնէր սեւ չուխայէ, փայլուն ու ճռնչուն կօշիկներ. միշտ խոզանակուած էր իր հագուստը, ո՛չ երբեք փոշի մը իր կօշիկներուն վրայ. մաքրութեան ծայրայեղ նախանձախնդիր մարդ մը: Իր սովորական մէկ շարժումն էր, մեքենաբար, արագ արագ թօթուել իր քղանցքները` իբր անոնց փոշին թօթափելու համար, որմէ զերծ էին սակայն։ Քիթը սրբելու համար կարմիր մեծ թաշկինակ մը կը հանէր, խաւ խաւ ծալլուած, բռնչիւնով կը խնջէր, եւ յետոյ դարձեալ մի եւ նոյն ձեւով ու զգուշութեամբ կը ծալլէր` բազմիցս մաքրելէ ու չորցընելէ յետոյ ռնգունքն ու պեխերը:

Շուկայէն ու աշխարհքէն անցնելով մտած էր դպրոց։ Տիրացու-Վարժապետի [9] խոնարհ ու երկչոտ երեւոյթը չունէր բնաւ, ընդհակառակն ամիրայի [10] պերճ ու հպարտ տեսիլը։ Չէլէպի [11] կը կոչէին զինքը, եւ երբ թաղականները պատուելի [12] բառը կ՚արտասանէին անոր համար, համոզումի շեշտ մը կար իրենց ձայնին մէջ։ Ճէզայիրլեան Ամիրայի [13] մաքսային գործերուն մէջ պաշտօնավարած ու հազարաւոր ոսկիներու հետ խաղացած էր: Արմաշու վանքին [14] կալուածներուն ալ վերատեսուչն [15] ու մատակարարը եղած էր: Կ՚ըսէին թէ իտալերէն գիտցած էր ժամանակաւ, բայց հայերէնն, ամէնէն խրթին գրաբարը, ապահովապէս գաղտնիք չունէր իրեն համար: Հ. Արսէնի [16], Հ. Եդուարդի [17] տաղաչափեալ երկասիրութիւններէն շատ բան ի բերան ուսած էր, եւ կ՚արտասանէր յաճախ իրեն յատուկ պերճահունչ առոգանութեամբ ու վեհաշարժ ձեւերով, այնպէս որ, թէեւ այն ատեն շատ բան չէինք հասկնար, կը զգայինք թէ խորին էր Պատուելիին հմտութիւնը, ու այդ տողերուն իմաստը՝ կարի [18] բարձր, երբ կը տեսնէինք զինքը համակ ոգեւորուած ու ոտքով ձեռքով օդին մէջ շարժուն ու ճoճուն, իր արտասանած տողերուն բոլոր մեծութեամբը սոնքացած ու ա՛լ աւելի հսկայակերպ հասակ մը ստացած փոքրերուս ապշած աչքերուն առջեւ։ «Գազա՜նը», այս էր իր սովորական բացագանչութիւնը, երբ ուզէր գերազանց ուժի մ՚առջեւ բարոյական թէ ֆիզիքական իր հիացումը պոռթկալ: Հայր Արսէն Բագրատունւոյն անունը, իբր հայերէն լեզուի ու բանաստեղծութեան գերազանց «գազան»ին, «հրէ՜շ»ին [19], օրը /52/ մէկ քանի անգամ կու գար իր շրթանց վրայ, միշտ զարմանալից ու պատկառոտ շեշտով մը: Ինքն եւս կը տաղաչափէր ու բանաստեղծ էր իր ժամերուն. յատկութիւն՝ զոր պահեց շատ ուշ, եւ որոյ արդիւնքները վայելելու բախտը կ՚ունենային մանաւանդ անոնք որք Պատուելիին քիմքը պարարող նուէրներով անոր խանդը կը բորբոքէին:

(Պատուելին օր մը, առանց որոշ պատճառի, սխալ ենթադրութեամբ մը կը պատժէ Հրաչեայ անունով ուսանող մը, որ կը համակերպի սոսկալի պատիժին` այդ օրերու սարսափ Ֆալախային, ու կուլայ դառնօրէն…):

Քիչ մը յետոյ, ճաշի զանգակը կը հնչէ, տղայք կ՚աղօթեն ու ճաշարան կ՚իջնեն։ Հրաչեայ կը մնայ Սրահին մէջ իր տեղը: Արդէն չիջներ ան ճաշարան, իր ցերեկուան ճաշի համար հետը բերած կարմրցած հացի երկու չոր շերտերը, զորս թաշկինակի մը մէջ փաթթած է, ճաշարանին մէջ ծաղրելի կամ արգահատելի պիտի երեւէին. չափազանց հպարտ էր այդ ծաղրին կամ արգահատանքին ենթարկուիլ ուզելու, ինչպէս նաեւ ուրիշներու տակառին առ գթութեան [20] առաջարկուած մասնակցութիւն մը յանձն առնելու համար: Ուստի, այդ օր ալ, վերը կը մնար, առանձին ու անտես, իր աշտուճ [21] հացը ծամելու համար: Պատուելին իր ամպիոնին վրայ էր. տնտեսն [22] իր առջեւ բերաւ իր ճաշին համար թաղական [23] կամ հոգաբարձու հարուստ աղայի [24] մը տունէն ըստ կարգի ղրկուած լայն ափսէն, ուր կ՚երեւէին մէկէ աւելի պղնձեայ անագափայլ պնակներ, կափարիչներով գոցուած, որոցմէ քմահրապոյր [25], բուրումներ ծաւալեցան սրահին մէջ, երբ Պատուելին զանոնք իրարու ետեւէ բացաւ՝ անոնց պարունակութեան վրայ կանխաւ ամբողջական գաղափար մը կազմելու եւ իր ախորժակը պատրաստելու համար: Մինչ նա իրեն մեծարուած կերակուրները կը ճաշակէր յայտնի հեշտանքով, անդին՝ Հրաչեայ, իր դարակին առջեւ ծռած, մէկ կողմէն կուլար (իր չարագան [26] խեղճ ոտքերուն ցաւը զինքը կը տառապեցնէր), միւս կողմէն իր ցամաք հացը կը խածնէր ու միեւնոյն ատեն՝ գիրքը բացած՝ դաս կը սերտէր:

Այս տեսարանը չվրիպեցաւ Պատուելիին աչքերէն, կ՚երեւի թէ ցնցում մզգաց իր հոգւոյն մէջ, խղճի խայթ մը, զղջում մը, ո՞ գիտէ, թերեւս արցունքի կաթիլ մը, հակառակ իր ստոյիկութեան [27], աչքէն ինկաւ իր առջեւ ունեցած պնակին մէջ. շատ կարելի է որ այն օր չկրցաւ կուշտուկուռ ուտել իր ճաշը, ըմբոշխնել [28] լիովին իւրաքանչիւր կերակրոյ համն ու հոտը: Ամէն պարագայի մէջ, երբ ճաշարանէն վեր ելան տղայք, երբ զբօ/53/սանքը լմնցաւ, ու դարձեալ, դասերու վերսկսումէն յառաջ, սովորական աղօթքը երգուեցաւ, Պատուելին Հրաչեային ջերմ ու զգածեալ մէկ գովեստն ըրաւ ի լուր աշակերտաց, ու անկէ յետոյ ան իր սիրական «գազան»ն էր։

 

(Դպրոց եւ Դպրութիւն)

ՌԷԹէՈՍ Յ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ [29]

 

/54/

  ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

 

1. Պատուելիին կենդանագիրը.

Ա) Ֆիզիքական (գիծ, գոյն, մասնաւոր կողմեր)

Բ) Բարոյական (բնաւորութիւն, խառնուածք, միտք, մասնակի երանգներ)։

2. Վաթսունական թուականներ.

Ա) Ուսուցման նկարագիր

Բ) Բարքեր

Գ) Մարդեր։

3. Ուսանողը.

Ա) Աղքատ

Բ) Ընդունակ

Գ) Ուսում եւ ծեծ:

4. Ինչո՞ւ յաջող կը գտնէք պատուելիին նկարագիրը: Ո՞րչափով իրականութիւնը, օր մը ապրուածը կը միջամտեն այս արդիւնքին։

/55/ 5. Ինչո՞ւ տարտամ, բաղդատաբար տժգոյն են գիծերը ուսանողին:

6. Գործողութեան հարց։ Այսքանով պատմուածք մը կը կենա՞յ ոտքի: Ինչո՞վ փոխարինուած է շարժումին պակասը:

7. Լեզուն (չմոռնալ որ 1880ին Պէրպէրեան կը գրէ գրաբարախառն աշխարհաբար մը։ Այս կտորը ինչո՞ւ զերծ է այդ թերութենէն)։

8. Այս տողերուն հեղինակը պատմող մը կ՚ընդունի՞ք։

9. Կա՞յ կապ մը պատուելիին նախասիրութեանց եւ Պէրպէրեանի գրական կազմութեան մէջ:

10. Անձնականին բաժինը:

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Առաջին ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻՆ

 

1. Ան՝ որ մանկապարտէզին մէջ առաջին անգամ բռնած է ձեր թաթիկէն ու ներս առած։

2. Կենդանագիր (ծանրանալ ֆիզիքին ինչպէս բարոյականին: Հասակ, դէմք, խօսքեր, բնաւորութիւն)։

3. Մասնակի կողմեր։

4. Իրմէն ձեզի մնացած տպաւորութիւններ:

5. Պատիժ, ուրախութիւն, սէր, հակակրանք:

6. Քանի մը գիծերով հետեւել այդ կեանքին մինչեւ սա տողերուն գրուիլը:

Շարադրութիւնը կը շահի երբ տրուի թեթեւ։ Զգուշանալ մանրամասն նկարագրումէն։ Տալ գիծերը շարժումով ու կեանքի մէջէն, մանաւանդ առանց յաւակնութեան։ Այնքան շատ են ձեր տպաւորութիւնները անկէ, որ, պզտիկ դասաւորում մը բաւ պիտի ըլլար մեզի բերելու քանի մը էջ, անկեղծ ու շահեկան, քանի որ մարդկային կեանքին հետ է որ գործ ունիք:



[1]       Պատուելի Թէոդորոս Զօրայեան, որ վաթսունական թուականներուն, իբրեւ տնօրէն-դաստիարակ, կը պաշտօնավարէր Խասգիւղի Ս. Ներսիսեան վարժարանին մէջ։

[2]       Քերծուած = ածելիով մաքրուած։ Մօտեցնել՝ քերթել, գրել ձեւերուն:

[3]       Ասպարէզ չափել = պարսկական բառ մըն է ասպարէզ որ կը նշանակէր ձիու կտրելիք ճամբան։ Պարսիկ կայսրութեան մէջ հաղորդակցութիւնները կը կատարուէին ձիով, կայանէ կայան փոխուող։ Բառը այսօր կորսնցուցած է ծագումին իմաստը ու կը նշանակէ աշխատանքի շրջան մը, զբաղում մը որ մարդու մը կեանքը կը լեցնէ։

[4]       Երգունել = գոյներով զարդարել։

[5]       Կլափ = բերան, երախ:

[6]       Սոնքալ = հպարտանալ, ամբարհաւաճիլ:

[7]       Արծուային = արծուի կտուցին կորութեամբը:

[8]       Սաքo = վերարկու:

[9]       Տիրացու = երկու սերունդ առաջ ուսուցիչը ժամերգութիւն ընող մարդն էր եկեղեցիին։ Ընդհանրապէս քահանայութիւնը կը պսակէր այդ կեանքը։ Ատկէ՝ տիրացու, տէրտէրցու։

[10]     Ամիրա = ԺԸ-ԺԹ դարու հայ աւագանին՝ Պոլիս։ Որոնք պետական անձնաւորութիւններու հետ ընկերակցաբար գործելով կը դիզէին մեծ հարստութիւն ու հեղինակութիւն՝ ազգային հարցերու վրայ։ Ամիրայութեան եւ արհեստաւոր դասակարգին պայքարը մեծագոյն երեւոյթն է ԺԹ. դարու առաջին կիսուն: Այդ պայքարը պիտի յանգէր Ազգային Սահմանադրութեան հաստատումին:

[11]     Չէլէպի = թուրք ծագումով բառ մը, կուգայ ճէլէպէն: Ճալապ կը կոչուէին այն մարդերը որոնք Արեւմտեան Անատոլուէն կը մեկնէին մինչեւ Թուրքիստան, բերելով արջառի հօտեր: Ուժով, անձնեայ, գեղադէմ էին բոլորն ալ, վասնզի բաց օդի մէջ կ՚ապրէին, ասկէ՝ չէլէպի բառը որ գեղեցիկ կը նշանակէ։ Հիմա մոռցուած է ծագման երանգը։ Առաւելապէս տանուտէրի իմաստ մը կը ծածկէր իր մէջ։

[12]     Պատուելի = յարգանքի, պատուելու արժանի: Ատեն մը փառքի տիտղոս՝ ուսուցիչներուն: Յետոյ զառածում՝ հեգնական գիծէ մը։ Բողոքական քարոզիչները հիմա կը գործածեն զայն իբր կրօնական տիտղոս:

[13]     Ճէզայիրլեան Ամիրա (Մկրտիչ) = 1850ի ամէնէն ազդեցիկ ամիրաներէն, որ քաջալերած է շրջանին մտաւորականները: Իր կեանքին վերջաւորութիւնը ողբերգական պարագաներ կը ներկայացնէ։

[14]     Արմաշու վանք = Պոլսէն երկու երեք օր հեռաւորութեամբ հռչակաւոր վանք: Ուր ԺԹ. դարուն վերջը Դպրեվանքը նշանաւոր եղաւ, տալով մեր եկեղեցիին քանի մը նոր, մեծ անուններ։

[15]     Վերատեսուչ = կալուածներու մատակարար։ Հին ատեն բառը աւելի փոքր էր իմաստով։

[16]     Հ. Արսէն = Բագրատունին, Վենետիկեան Մխիթարեան, թարգ մանած է գրաբար դասական գրականութեան մեծ գործերէն։ Ինքնագիր քերթուածներէն համբաւաւոր է «Հայկ Դիւցազն» դիւցազներգութիւնը (գրաբար)։

[17]     Հ. Եդուարդ Հիւրմիւզ = Վենետիկեան Մխիթարեան, զբաղած է  թարգմանութիւններով (միշտ գրաբար):

[18]     Կարի = չափազանց։

[19]     Հրէ՜շ = փաղաքշական է հոս ինչպէս գազանը։

[20]     Առ գթութեան = գթութեան համար:

[21]     Աշտուճ = չոր։

[22]     Տնտես = հոս՝ դպրոցի սպասաւոր։ Հինին մէջ՝ վերատեսուչ։

[23]     Թաղական = թաղային գործերը (եկեղեցի, դպրոց) վարող ընտրովի մարմին:

[24]     Աղա = թուրքերէն, տանուտէր:

[25]     Քմահրապոյր = քիմքը հրապուրող

[26]     Չարագան = չար + գան։ Վերջինը՝ ծեծ կը նշանակէ։

[27]     Ստոյիկութիւն = հնութեան իմաստասիրական դպրոցներէն մէկը: Ցաւի ինչպէս վայելքի հանդէպ համբերութիւն, չարքաշութիւն։

[28]     Ըմբոշխնել = վայելել:

[29]     ՌԷԹԷՈՍ Յ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ։ Դաստիարակ եւ գրագէտ։ Հիմնադիրն է Պէրպէրեան վարժարանին որ մեր մտաւոր զարգացումին նպաստած է կարեւոր չափով մը: Իր գրականութիւնը՝ կրթիչ ձգտումով, եղած է տեղ տեղ արուեստին։ Ունի ոտանաւորներ (ինքնագիր թէ թարգմանածոյ), հրապարակագրական լուրջ էջեր։ Պէրպէրեան երկար ատեն գործածեց լեզու մը որ 1885ի մարդոց կողմէ բռնադրուեցաւ մեր գրականութեան։ Վերի կտորին մէջ, Պէրպէրեան հրաժարած է այդ խառնուրդ լեզուէն: