Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՍԻՆՈՊ ՔԱՂԱՔ
       Քաղ[աքի] կառավ[արութիւն] Գայմագամ[ութիւն] վիլայէթ Գասթամունի։ Եկեղեցի 1. աւեր։ Թիւ Հայոց 17։ Յոյնք…։ Թուրքք…։
       Սինոպի քով Խույլուշի գեղերը։ Եկեղեցի՝ 2., Ս. Աստուածածին եւ Ս. Նշան։ Ծաղկոց՝ Ուսանողք՝ 60 մանկունք։ Ծախք վարժ[արանիս]՝ 1200 ղուրուշ հանգանակութեամբ։ Թիւ Հայոց՝ 712։
       Վերոյգրեալ տեղեկութիւնը Խույլուշցի Հայերէն քաղեցի ’ի Սամսոն։
       Մայիսի Սամսոնէն մեկնեցայ։ Քաղաքէն քառորդ ժամ հեռի մեր ձախ կողմը թողլով Գատի գեղը Յունաց, որ գեղեցիկ շէնքեր եւ ծովահայեաց դիրք մը ունի։ Յառաջանալով Մախմուր տաղի լեռնէն՝ կ’անցնինք անտառներու միջէն եւ ցեխոտ, ջրոտ, աւրուած ուղիէ. երկիւղալից է միանգամայն, այլ կարի ակնապարար եւ զուարճալի անտառաց գարունը. ծառերը բացած են իրենց տերեւները, առուակները զառ ’ի վայր կը խոխոջեն, եւ թռչնոց երամը կը դայլայլէ։ Այս լերան վրայ տեղ-տեղ խաներ կան շինուած՝ գերանէ որմերով։ 6 ժամէն հասանք Չախալի խաները։
       Չախալի՝ գետոյն անունն է, որոյ երկու եզերքը շինուած են խաներ։ Չէրքէզներ կը վխտային հոս եւ արհաւիրք կը թագաւորէր։ Մենք իջեւանեցանք Կեսարացի Կարապետ աղայի խանը։ Երեկոյեան արեւուն, մայիս ամսուն, սաղարթալից մեծ ծառի մը հովանեաց տակ, դալար կանանչներու վրայ գետեզերքը ընկողմնած էինք։ Այծեր ու կովերը իրենց ձագերէն քիչ մը հեռի կը նազէին հոն, ձկունք կը կայտռէին ջրին ծոցը, զուարճութիւնը կատարեալ էր։ Յանկարծ աղաղակ եւ ամբոխ մը, հոն բերին ձգեցին Սեւաստու Բրգնիկ գեղացի Հայ ջորեպան մը, որոյ ձեռքը պատառ-պատառ կտրտուած էր. թրքուհի մը՝ որ կու լար, եւ կանաչ կապած Թուրք մը՝ որ վա՜յ վա՜յ կը կանչէր։ Ասոնք մեր անցած Մախմուր լերան զոհերն էին, որոց վրայ յարձակեր էին աւազակներ, եւ ջորեպանէն երեք ջորի ու 6000 ղուրուշ ստակը, թրքուհիէն, որ այրի մ’էր, իր մեռած էրկան գոյքերու գինը 1000 ղուրուշ ստակը, եւ միւսէն ձին ու 400 ղուրուշը յափշտակած էին, մեզմէ քանի մը ժամ յառաջ։ Սովորական եւ անպակաս է եղեր գրեթէ ամէն օր այս ճանապարհին վրայ այս տեսակ դէպքեր։
       Մայիս 10։ Չախալիէն մեկնեցանք՝ 2 ժամէն հասնելով Ղավախ կամ Գաւաք։ Այս միջոցն է Հաճըլար տաղի լեռը՝ ջրաւէտ եւ անտառոտ. ծառոց արմատներուն քով բուսած բազմատեսակ բոյսեր եւ ծաղիկներ անուշ հոտեր եւ զմայլելի գեղեցկութիւն մը կը սփռեն անցքին։ Հոս տեսայ Ճշնանոր ծաղիկը, Մշոյ լերանց թագուհին, որոյ տեսքը նման է բազմաթերթի բոսոր վարդին, եւ յափշտակուեցայ Տարօնոյ սարերը, ուր շատ գարուններ ողջունած էի պայծառ եւ փափուկ ծաղիկներով։ Հոս ցիր եւ ցան բնակութիւններ կան Չէրքէզներու, եւ թէպէտ անտառները մաքրուած են արջերէ եւ գազաններէ, բայց երկոտանիները անոնց տեղը բռնած են. խիստ երկիւղով կ’անցնի ասկէ կարաւանը։ Կ’երեւան տեղ-տեղ ալ Թրքաց եւ Յունաց գեղերը. ասոնք ալ Չէրքէզութիւն ընողներ են։
       Գաւաք՝ փոքրիկ հովտի մը բերան, հին բերդով մը, ջուրի մը եզերքը շինուած աւան մ’է, ուր Միւտիր կը նստի։ Խաներ, մանր վաճառքի, երկաթագործի, պայտառի, դերձակի եւ վարսավիրայի խանութներ կան ու սրճարաններ։ Հայ բնակիչք՝ 52 անձինք, Յոյնք՝ 48, Թուրքք՝ 340։ Հայք խանութպան եւ արուեստաւոր են, կան նաեւ մօտակայներէն եկած Հայեր, որք տուն չունին հոս։ Ազգապետ անուն կը կրէ Կեսարիոյ Կէմրէկցի Նազար աղան. ոչ եկեղեցի ունին, ոչ քահանայ եւ ոչ վարժարան։ Գաւագէն ’ի Գարատաղ 3 ժամ գնացինք։ Ագ սու տէրէսի ձորէն անցանք՝ մացառոտ, ջրոտ, զուարճալի, ուր կան գիւղորայք Յունաց, Թրքաց, եւ Չէրքէզաց։
       Մայիս 11։ Գարատաղի խաներէն կանուխ մեկնիլ որոշած էինք, որպէս զի նոյն օրը Մարզուան քաղաքը հասնէինք։ Արդէն իրիկուընէ ալ ապահով չէր տեղերնիս. Չէրքէզներ, Յոյներ, Թուրքերը, որք այն կողմի բնակիչներն էին, եւ ոչ իւիք իրարմէ կը զանազանէին։ Ամենքն ալ մէկ տիպ ունէին՝ սոսկականք. ամենքն ալ մէկ անուն կը կրէին՝ գող։ Դի՛ր ասոնց վրայ նաեւ երամ-երամ նոր սեւ թուղթ քաշած զինուորները, որ գաւառներէն կու գային եւ ասոնց փախստականները (ֆիրարները), որք թէ ցերեկները անտառներու մէջը, եւ գիշերները շէներու մէջ զարնելու եւ յափշտակելու համար կը շրջին. եւ որք առջի իրիկուընէ ելեւլէջ կ’ընէին մեր իջեւանները. խանջիներն անգամ աւարողաց ընկերներէն էին։ Ասոնք գիտնալով՝ կարաւանը կարի զգուշութիւններ ըրած էր գիշերը, բայց եւ այնպէս խանի կռնակէն երկու գերանը հաներ եւ հակ մը կարմիր ներկած ընտիր մանած տարեր էին, որ կ’արժէր 24 օսմանեան ոսկի։ Կանխելու հակառակ յապաղեցաւ մեր չուն, եւ կարաւանը կորուստին զբաղեցաւ, մեք մեր ոստիկանով ընթացանք։ Գարատաղ լեռնէն կ’անցնինք, մացառներ եւ անտառներ են մեր երկու կողմն, գիւղորայք Թրքաց եւ Չէրքէզաց, եւ մեր առջեւն ու ետեւը երկիւղ։ Երկիւղ կը կրկնէ եւ կը յեղյեղէ ոստիկանն։
       Բայց ես ձեզի հետ եմ, - կ’ըսէ, - անհոգ կացէք։
       Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ աւազակներ գան։
       –Կարծէք պիտի դիմադրե՞մ անոնց, ինչո՞վ եւ ի՞նչպէս կրնամ կամ ոստիկան լինելէս պիտի ակնածե՞ն. ոչ, ոչ, - նշանացի մը կ’ընեմ, եւ անոնք կը հասկընան։ -Է՛, մենք ալ հասկըցանք, դէ՛ քալէ…։
       Լեռնէն ’ի վայր գեղեցիկ ձորահովիտի մը մէջ կ’իջնանք, ուր Թրքաց գեղեր կան։ Թէրսախան (Խոտոր ջուր) գետակ մը պտոյտ կ’ընէ հովտին մէջը, եւ ուղեւորը յաճախ անց ու դարձ կ’ընէ այդ ջրէն՝ ձորոյն դիրքին համեմատ եզանշռիկ ձեւով ներս ու դուրս պտուտելով։ Կակուղ եւ բարձրացած խոտերուն վրայ, թփոց հովերը, ջրոյն եզրերը իջեւանեցանք հանգչելու, ուր ձկունք վէտ-վէտ կը խայտան, եւ ճիկ վիկ, ճինինի ընելով զմեզ ծաղրելով կը սուզանին եւ կը սրանան ընդ վեր եւ ընդ վայր։ Կրակ մը վառած ենք. մեր ուղեկիցներէն մին սեւ սարեկ մը որսաց, կը խորովենք, բայց այս կրակետղի վրայ որքա՞ն համով պիտի լինէր ձուկն. ահա կու գան Թրքաց լամուկները գոմէշներու նախիրով, կը լեցուին ջուրը, պստիկ հօդաղները մերկուց կպած են գոմէշներու կռնակը. գոմէշները փռնչելով, մըռ մըռ ձայնելով կը թաւալին ի ջուր։ Հօդաղները կը շփեն անոնց խոնջեալ պարանոցը, քրտնած ճակատն ու պոչատակը։ Կ’աղաչենք, ստակ ու շաքար կու տանք լամուկներուն, որք կը հաճին քանի մը ձուկ բռնել։ Անմիջապէս կրակին վրայ կը ձգենք։ Յայնկոյս գետոյն գեղին ոչխարները կը կթուէին։ Ջերմ ու թարմ կաթն բերել կու տանք, եւ այսպէս համադամ կեր մը կ’ուտենք, որոյ համը միայն անոնք գիտեն, որ այսպիսի երջանիկ պատեհի մը պատահեր են։
       Երեք ժամ վայելեցինք այս քաղցրութիւնը, եւ ելանք։ Կը հանդիպինք ուղտերու եւ էշերու բեռնաբարձ կարաւաններուն։ Ուղտերը իրենց երկայն ու բարակ պարանոցները յայս եւ յայն տատանելով հըռ ու մըռ ընելով, որոճալով, եւ էշերը իրենց կարճ պոչերը արագ արագ ճօճելով, միաձայն զռնչականութեանց օբերայ մը կը հանդիսացնեն, որով կարծես Ապողոնի քնարի նախանձը կը շարժեն։ Ի՞նչ էր արդեօք ուղտուց եւ իշոց այս ցոյցքերը, բողո՞ք մի էր մարդոց բռնութեանց ու բեռնաբարձութեանց դէմը, թէ հաճոյք մը՝ մայիսին եւ այն վայրաց դալարներէն ու ծաղիկներէն, զորս առատ սփռած էր գարունը ձորոյս մէջը։
       Ղավղայ աւանը՝ մեր ճանապարհէն քիչ մը վեր յաջակողմն կ’երեւի, ուր հանքային ջրոց բաղանիքներ կան, հիւանդներ եւ զբօսասէրներ կը յաճախեն հոն. շէնքով շնորհվով տուներ եւ խաներ կան։ Յանկարծ սեւ ամպեր սքօղեցին մեր պայծառ արեւը. որոտմունք եւ կայծակունք արագ-արագ կը յաջորդեն իրարու։ Մեր երկու կողմը լեռներ են, եւ կիրճի միջէն Թէրսախանը կը խաղայ. ջրալից անձրեւ մը փոթորիկով մէկտեղ բռնեց մեր վրայ, թափեցաւ, ինկաւ մեր ճաշակած քաղցրութիւնը։ Է՜հ, այսպէս նախանձոտ է երկինք հողածիններուն համար։ Երեկոյեան ժամ 12-ին հասանք Եմպէլ օղլու խանը, բայց խիստ անհանգիստ անցուցինք այս գիշերը. պատուհանները բաց, եւ շէնքը քայքայեալ, Չէրքէզներէն ալ խմբովին ելեւէջ կ’ընէին։
       Մայիս 12։ Դադարած էր մրրիկն ու անձրեւ, պայծառ արեւով մը ճամբայ ելանք։ Այս խանէն մինչեւ Մարզուան 2 1/2 ժամ է։ Ահա կը տարածի մեր առջեւը Մարզուանու դաշտը իր ընդարձակութեամբ եւ գեղեցկութեամբ. հեռուանց կ’երեւի մեզ Մարզուան քաղաքն իր այգեստաններով. դաշտի արտորայք մշակեալ են եւ կանանչներով գեղեցկացեալ։
       Այգեստանեայց միջէն անցնելով՝ բուն քաղաքը կամ թաղերը հասանք, որ բացակայ շինուած են այգիներէն։ Դիրքը յենած է լեռան մը եւ քիչ մը բարձր դաշտէն, օդը՝ խիստ առողջարար, ջրերն՝ առատ եւ պաղորակ։ Իջեւանեցանք Առաջնորդարանը։ Տեղով եւ շէնքով նշանաւոր է Հայոց եկեղեցին ու վարժարանը։ Առաջինը՝ Յակոբոս Պատրիարքի շինել տուածը, երկրորդն՝ Գէորգ եպիսկոպոսին, իրենց Առաջնորդութեան օրով, չափով եւ ձեւով ընդարձակ ու վայելուչ։ Եկեղեցին Պօլսոյ Մայր եկեղեցւոյն նման է, վարժարանն ալ իր արեւելքը պարտէզ մը ունի։ Աւելի նշանաւոր է Ամերիկացի միսիոնարաց նոր շինել տուած Աստուածաբանութեան եւ աղջկանց վարժարանները, ուսման ու բարեկարգութեան մասին համբաւաւոր։ Կայ եւ մի տաճար ու վարժարան Կաթոլիկ Հայոց։ Քաղաքի մէջն է հասարակաց մեծ ժամացոյցի աշտարակն, որոյ զանգի ձայն բնակչաց ամէն կողմը կը հասնի։
       Հայք ջերմեռանդ են իրենց եկեղեցւոյն. ամէն կիրակի առաւօտ եւ երեկոյ քարոզ մտիկ ընել կ’ուզեն եւ ամէն օր եկեղեցի կու գան։ Բազմութիւնը կը լեցուի բուն տաճարը եւ անոր աջ ու ձախ կողմի գաւիթները։ Կիրակի ցերեկներն ալ Ս. Գիրք կը բացատրէր եկեղեցւոյ մէջ Եդեսեան Սրբազանէն նոր ձեռնադրուած Բաղիշեցի Մուշեղ վարդապետ Հայկունին՝ բողոքականաց դրութեան հետեւելով։ Սորա ձեռքի տակ ընկերութիւն մի կայ պատանեկաց եւ երիտասարդաց՝ Պաշտպա՛ն կրօնի եւ ազգութեան անունով։ Յառաջադէմներ, պատանիք, ճառեր կ’արտասանեն բերնով կամ գրով, բարոյականի եւ ազգ[ային] պատմութեան վրայ՝ մէջ ընդ մէջ ալ երգեր երգելով։ Ես չկրցայ հաւանիլ ոչ այս ընկերութեան խոշոր ու անպատշաճ անուան, ոչ վարդապետին եւ ոչ աշակերտաց բանախօսութեանց ձեւոյն, թէպէտ կ’ըսէին. «Մենք այս միջոցով առաջքը կ’առնունք մեր ժողովրդեան երկու սեռին ալ, որ կիրակի օրերը կ’երթան բողոքականաց վարժարանը բան լսելու»։ Աղէ՛կ, բայց դեռ կ’երթային եւ պիտի երթան անոնք, որ ոչ ձեր ըսածէն եւ ոչ բողոքականաց քարոզածէն բան մը չեն հասկանար, եւ անոնք, որ անդին շիտակ բան մը կը հասկընան, իսկ ասդին՝ երբէք։
       Թէպէտ զանգակ մի եւ նոյն ժամուն մի եւ նոյն ձայնիւ կը հնչէ երկու կողմանէ, բայց մի եւ նոյն բաներ չեն, եւ մի եւ նոյն արդիւնքը չունին։ Մեր պատանեակները կը խօսէին իրենցմէ վեր եւ անծանօթ իմաստասիրութիւնները։ Խօսք մը՝ խօսողն չհասկընայ, լսողին ի՞նչպէս հասկըցնէ։ Այն ինչ բողոքականաց խօսողները երէց են կամ քարոզիչ եւ յատուկ ուսումն ունին ու պատրաստութիւն կ’ընեն խօսելու նիւթոյն վրայ։ Պաշտպան լինելէն աւելի ես կը փափաքէի պաշտել գիտնային կրօնքն ու ազգութիւնը. լաւագոյն էր փոխանակ բանիւ եւ ձեւով նմանելու՝ հոգւով եւ գործքով գերազանցէին բողոքականներէն՝ աւելի ոյժ տալով դաստիարակութեան եւ լուսաւորութեան։ Վարդապետն ալ միայն ժամերգութեան ժամուն քարոզութիւն ընէր, բայց շինարար եւ խաղաղարար քարոզութիւն, յայնժամ պէտք չէր մնար մեր կրօնին եւ մեր ազգութեան պաշտպանութիւնը սպասել այդ փոքրիկներէն, խակ պտուղներէն, որոց զգացումն ալ կը վառի ու կը բորբոքուի ատելութեամբ։
       Արդէն այս քաղաքը բողոքականութիւնն ամէն տեղերէ աւելի ճարակ գտած է. արտասուոտ աչօք կը նայի մարդ այս Հայը եւ այն Հայը, այս եղբայր եւ այն եղբայրը, այս զաւակը եւ այն ծնողքը, քացախած իրարու դէմ, արդէն միստիկացած բողոքական Հայն ալ, բուն Հայն ալ։ Աւա՛ղ, շատ քիչեր տեսայ Հայ Քրիստոնեայ… այս մասին երկու կողմն եւս մեղադրելի են։ Միթէ Պօլիս կամ ուրիշ քաղաքներ բողոքականք չկա՞ն։ Այսպէս Մարզուանցի մեր ազգայինք՝ մանաւանդ կանայք, որ աւելի ջերմեռանդ էին ունկնդրութեան, կրօնական մթին երեւոյթներով եւ երեւակայական գաղափարներով պաշարեալ տեսայ։ Հրապարակախօսութեանց եւ առանձնախօսութեանցս մէջը յորդորեցի զիրենք ժամանակիս ոգին ճանչնալ, քաղաքակրթութեան հետեւիլ, ազգային եւ գիտութեան գաղափարաց յարիլ, սիրել Քրիստոս եւ անոր սուրբ Եկեղեցին իրենց առաքինութեամբ փառաւորել՝ հաւատոյ պտուղներով։ Խրախուսեցի այդ ընկերութիւնը, որպէս զի բերել տան եւ ընթեռնուն՝ ուսանելով Ազգաց պատմութիւնները, պարբերական հանդէսներ եւ լրագիրները եւ արուեստից ու գիտութեանց գիրքերը, նախնեաց մատենագրութիւնները եւ այլն, եւ այլն ու ընթերցարան մը բանան հասարակաց համար, որոյ օգուտը մեծ է։
       Ծանրապէս գայթակղեալ գրգռեալ էին Եդեսեան Սրբազանին դէմ. կ’ըսէին՝ Խռովասէր է, ամէն նուիրական իրաց վրայ ’ի դէպս եւ յանդէպս խեղկատակել իրեն հաճոյք համարած է. թէ՝ խիստ անվայել վարմունքներ եւ խօսքեր ունի, թէ՝ եւ այլն, եւ այլն, բայց Եդեսեան Սրբազանը ո՞վ չի ճանչնար։
       Ընկերութիւն մի եւս կար Հայ տիկնայց՝ Ագապեան անունով, որոց պարագլուխն էր տիկին Մ. Պարսամեան, քանի մը տարիէ ’ի վեր կազմեալ եւ բաւական գումար պատրաստած, որոց նպատակն էր Պօլսէն ձեռագործի եւ ուսմանց հմուտ վարժուհի մը հրաւիրել եւ աղջկանց վարժարան մը բանալ։ Ուրախ եմ ըսելու, թէ վերադարձիս տեղեկացայ, որ տարեր եւ սկսեր են։ Ահա արժանի գովութեան գործ եւ գործողք։
       Իմ տեսածս աղջկանց վարժարանն արգելանոց մի էր եկեղեցւոյ դրան հանդէպ, հին եւ անկանոն շէնք մը, որոյ ներքին յարկին մէջը 15-ի չափ խիստ փոքրիկ աղջկունք եւ մանկունք խառն, քերական, հեգարան կ’ընթեռնուին. այր մարդ վարժապետ, ոտքը բոբիկ, փայտ ’ի ձեռին, ֆալախանը մէջտեղ։ Այս՝ իրեն պատրաստեալ վիճակն էր, որուն իմաց տրուած էր կանխաւ մեր այցելութիւնը։ Մանկանց մեծ վարժարանի նախասրահներու մէջն ալ փայտ եւ ֆալախայ տեսայ, եւ այսուհետեւ գրելիքս ամէն տեղերու վարժարանները թէ՛ գրեմ, թէ՛ չգրեմ, պէտք է գիտնալ, թէ այս տանջարանները կան ու կան. եւ ամէն տեղ կ’ստիպուէի ծանր դիտողութիւն ընել վարժապետաց, թէ ի՛նչպէս փայտով դաստիարակեալ մանուկն մարդ չէր լինիր, եւ թէ ի՞նչ էր իրօք կրթութիւն տալու կերպն։ Իսկ վարժապետնե՞րը ով կրթէր։
       Հասարակ ընթերցանութեան դասագրքերը խառն ’ի խուռն էին. մէկը գրաբառ աւետարան, միւսը՝ բողոքականաց աշխարհաբառ աւետարան, սա՝ հին աշխարհագրութիւն մը, նա՝ գրաբառ Ս. Գրոց պատմութիւն մը եւ այլն։ Աշակերտքը դասընկեր ընելու եւ ընթերցարանները միօրինակութեան վերածելու դիտողութիւններ ըրի, զոր ընդունեց հոգաբարձութիւնը եւ յուսացուց գործադրել։ Սոյն վարժարանի տեսուչն էր վերոյիշեալ Մուշեղ վարդապետ. եւ այս մեծ՝ այլ խեղճ վարժարանը ի՞նչ անցեալներ ունեցեր էր…։
       Հայոց ազգ, քեզ երկու թեւ պիտոյ է ազատութեան բարձունքը թռչելու բարձրանալու համար, ՎԱՐԴԱՊԵՏ եւ ՎԱՐԺԱՊԵՏ՝ մեծերը առաջնորդելու, մանուկները դաստիարակելու…։ Ամէն տեղի համար այս երկու պակասը կար։
       Քաղաքի շէնքերը հողաշէն են, քարակերտ քիչ կը գտնուի։ Առեւտուրը յաջողակ է։ Ուրախութեամբ տեսայ, որ գրեթէ ամէն տներ մանիսա կը գործեն եւ օր ըստ օրէ կը յառաջանան՝ ազնիւ տեսակներ արտադրելով։ Արք եւ կանայք կ’զբաղին այս արհեստով, եւ թէ՛ քաղաքացիք, թէ՛ գաւառացիք այս մանիսաներէն կը հագնին։ Յառաջուց ’ի վեր արդէն ծաղկեալ է եղեր հոս այս արհեստը, եւ երբեմն մեծ քանակութեամբ Խրիմ կը տանին, կը վաճառեն եղեր։ Բայց ասոնք գործելու համար դերձանները Եւրոպայէն կը մանուին, կը ներկուին եւ կը բերուին, որ բաւական մեծ գումար մը կը տանի երկրէն։ Տեղական պիտոյից համար ամէն տեսակ արուեստներ կան քաղաքիս մէջ. աւելի նշանաւոր է պղնձագործաց արուեստը։ Բոլոր արուեստաւորք Հայերն են։
       Մարզուանցիք շատ առատ գինի կը հանեն, եւ աղէկ տեսակէն, բայց վաճառելու սովորութիւնը չունին. ամէն տուն իր յատուկ գինետունն ունի ներքնայարկ, ուր զետեղուած են մեծամեծ կարասներ, եւ անպակաս կը մատակարարեն տարուան ամէն օրերը՝ սեղանի բաժակներ ու սափորները, ուր խորովածն աժան է եւ անուանի իր համով, արդէն օդն ու ջուրն ալ ընտիր, ուստի Մարզուանցիք առհասարակ կարմիր երես, կայտառ եւ զուարթ անձինք են։
       Բնակչաց կենցաղավարութիւնը խորին ասիական է. կանայք պինդ-պինդ փաթաթուած գլխէն մինչեւ ոտքը, բազմաց ոտները բոբիկ։ Բոբիկ են եւ արք։ Կանայք մարդոց հետ չեն խօսիր, մարդէ կը խուսեն եւ փողոցը եղած ատեն ճերմակ սաւան մը կամ կիսաքօղ մը կը կրեն, այնպէս որ աչքերնին ալ ծածկէ։ Շրջազգեստ կանանց եւ կարճազգեստ արանց կարի քիչ կայ։ Տուներու մէջ աթոռ, գրասեղան եւ այլն չեն գործածեր, այլ բազմոցներու վրայ կը բազմին, եւ պղնձէ սինիներու շուրջը կը բոլորին ’ի կերակուր։ Առաջնորդարանն իսկ գրասեղան եւ աթոռ չը կար. ամէն ոք իր գիրը ծունկի վրայ կը գրէ։ Հիւրասիրութիւն շատ ունին։ Մեզ համար ամէն օր քանի մը անգամ քանի տուներէ բազմատեսակ կերակուրներ, ե՛ւ կաթ, ե՛ւ սեր, ե՛ւ կարագ, ե՛ւ մեղր, ե՛ւ սափոր-սափոր գինիներ կը ղրկուէին։ Ղրկողներն ալ ներկայ կը գտնուէին հացկերոյթին։ Այս սովորութիւն էր գրեթէ հայաբնակ ամէն գաւառները։
       Եկեղեցւոյ եւ վարժարանին յատկացեալ կալուածները, որոց մեծագոյն մասն ներկայ Թաղ[ական] Խորհրդոյ գովելի ջանից արդիւնքն է, հետեւեալներն են. 16 խանութէ կազմեալ պէզէստուն մը եւ 28 այլ խանութ եւ 3 տուն Մարզուանի մէջ ու խան մը Ղավզայի մէջ։
       Դիտողութիւն պէտք է ընել, որ սոյն կալուածներուն՝ ազգային անհատներէն ոմանց անուան վրայ կալուածագիր շինուած են, եւ ասոնք ապահովագիր անգամ տուած չեն ազգին, թէ եւ իրենք լինին հաւատարիմ անձինք։ Այս կերպին շատ տեղեր հանդիպեցայ։ Պատրիարքարանի Տնտես[ական] Խորհրդոյ գործն է, կարծեմ, ապահովել Ազգային սեպհականութիւնները։
       * ։ Թիւ Հայոց՝ 6496, որոցմէ 481 Մաղագործ (բօշա) են, եւ 481՝ Բողոքական ու Կաթոլիկ, Յոյնք՝ 58, Թուրքք՝ 6874։
       Հայաբնակ աւանք եւ գեօղք Մարզուանու.
       ՂԱՎԶԱՅ Աւան. թիւ Հայոց՝ 75։
       ՍԻՄ-ՀԱՃԻ ԳԵՂ. Աւան. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Յակոբ։ Վարժարան՝ 2. Պարթեւեան եւ Հռիփսիմեան։ Ծախք վարժարանաց՝ 4000 ղուրուշ։ Ուսանողք՝ 160 մանկունք, 60 աղջկունք։ Թիւ հայոց՝ 2317, որոցմէ 62 Բողոքական են։ Թուրքք՝ 6765։
       ԿԻՒՄԻՒՇԻ. իբր Աւան, մօտ Հաճի գեղին, ուր արծաթի հանք կը բանի։ Թիւ Հայոց՝ 107, որոցմէ 25 Բողոքական են։ Յոյնք՝ 1800, Թուրքք՝ 2200։
       ԱԽԼԱՏ ՀԱՃԻ Գեղ. Աւան։ Եկեղեցի՝ 1. Ս. Գէորգ։ Վարժարան՝ Ծախք վարժարանի՝ 1000 ղուրուշ։ Ուսանողք՝ 10 մանկունք, 5 աղջկունք։ Թիւ Հայոց՝ 197, որոցմէ 80 Բողոքական են։ Թուրքք՝ 800։
       ԵԷՆԻՃԷ Գեղ։ Եկեղեցի՝ 1. Ս. Սարգիս։ Վարժարան՝ Ծախք վարժարանի՝ 1000 ղուրուշ։ Ուսանողք՝ 15 մանկունք, 8 աղջկունք։ Թիւ՝ Հայոց 116։
       ԼԻՃ Գիւղ. Տաճկերէն Կէօլ կամ Քէօր քէօյ, ուր վանքն է եկեղեցին։ Վարժարան՝ Ծախք վարժարանի՝ 800 ղուրուշ։ Ուսանողք՝ 12 մանկունք, 8 աղջկունք։ Թիւ Հայոց՝ 92, որոցմէ 10 Բողոքական են։ Թուրքք՝ 71։
       ԼԱԹԻԿ Գիւղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Լուսաւորիչ։ Վարժարան՝ Ծախք վարժարանին՝ 800 ղուրուշ։ Ուսանողք՝ 18 մանկունք, 7 աղջկունք։ Թիւ Հայոց՝ 180։ Թուրքք՝ 1200։
       ԵԱՐԸՄՃԷ եւ ԿԷՉԷԼԻ մանր գիւղեր, մօտ Լաթիկին։ Թիւ Հայոց՝ 59։ Յոյնք՝ 100։
       ՎԷԶԻՐ ՔԷՕԲՐԻՒ Աւան։ Եկեղեցի՝ 1. Ս. Գէորգ։ Վարժարան՝ 1. Ս. Սահակեան։ Ծախք վարժարանի՝ 2000 ղուրուշ։ Ուսանողք՝ 50 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 1280, որոցմէ 125 Բողոքական են, եւ 280 Մաղագործք։ Յոյնք գեղերով հանդերձ՝ 775։ Թուրքք՝ գեղերով հանդերձ 23682։
       Վերոյգրեալ գեղեր եւ աւանները Մարզուանու եւ Ամասիոյ միացեալ Առաջնորդութեան թեմերն են։ Նոյն Առաջնորդութեան թեմն են նաեւ Սամսոնի, Պաֆրայի եւ Սինոպի եւ անոնց գիւղորէից Հայերը, եւ Գասթամօնի, Պօլուի եւ այլն։ Առաջնորդը Մարզուանու մերձ Չարխափան Ս. Աստուածածնի վանքը կը նստի, ուստի մեք, իբր կեդրոն բռնելով զայն, հոս նշանակեցինք այս գեղերը։ Եւ որովհետեւ վիճակիս Հայոց թիւերը ամբողջացնելու համար պէտք էր Գասթամօնի եւ իր մերձակայից Հայ բնակիչքն եւս գրէինք, նամակ գրեցինք յիշեալ քաղաքի Թաղականաց, եւ վիճակագրութեան հարցումներ ուղղեցինք, որ հասցնէին մեզ յԱմասիա. դժբաղդաբար չստացանք։
       Ոչ վանքը եւ ոչ Ամասիոյ Առաջնորդարանը չունէին ցուցակ մը, ինչպէս չունէին նաեւ կանոնաւոր արձանագրութիւններ եւ տումարներ, ուստի մնաց պակաս այս կարեւոր մասն։ Վէզիր Քէօփրիւէն մինչեւ Գասթամօնի կը տարածուին Հայ մաղագործաց բնակութիւնները, եւ իրենց կեդրոն կը համարուի Պօյպատ։ Ասոնք գարնանէ մինչեւ ձմեռն կը սփռուին գեղեր եւ քաղաքները մինչեւ Սեւաստ. միայն ձմեռը իրենց խրճիթները կը քաշուին։ Մաքուր Հայերէն կը խօսին։ Ջերմեռանդ են եկեղեցեաց, եկեղեցականաց եւ եկեղեցւոյ օրինաց. Ս. Երուսաղէմ ուխտի երթալ եւ մըղտըսի լինելը իրենց բարեպաշտութեան լրումն է։ Կարդալ-գրել չգիտեն, բայց բաւական հարուստ են։ Չեն նմանիր այն աղտեղի եւ անարգ գնչուներուն, որ Հայ չեն. շնորհքով հագուստ ու ապրուստ ունեցողներ կան։ Բայց Հայերը ասոնցմէ աղջիկ չեն առնուր ու տար։ Իրենք իրենց մէջ իբրեւ առանձին ցեղ մը կը մնան. ասոր համար անվերջանալի վէճեր ունին աղջիկ նշանելու, եւ մեծամեծ գումարներ կը մսխեն թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ մարմնաւոր ատեանները։ Իրենց մեծ ընծայն, ինչպէս նաեւ օժիտ, խոշոր էշեր եւ ջորիներ են։ Ասոնց ցեղէն եկեղեցական չեն ընծայուիր։ Չգիտեմ՝ եկեղեցի՞ն խտրած է, թէ իրենք զիրենք…։
       Պօյպատու Մաղագործ Հայոց թիւը 6-7000 կը հաշուէին, ’ի բաց առեալ անոնք, որ այլ եւ այլ քաղաքաց եւ գիւղից մէջ բնակութիւն հաստատած էին։