Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՍԵՒԱՍՏ ՔԱՂԱՔ
       Յունիս Չկրնալով ջորեպան գտնել՝ հարկ եղաւ սուրհանդակի հետ երթալ։ Ժամ 51/2-ին մեկնեցինք Թօքադէն։
       Լերան ճանապարհով գնացինք։ Կը բարձրանանք ու կը բարձրանանք։ Երթացող-եկող իշոց կարաւաններու յաճախ կը հանդիպինք, որք Թօքադէն կեռաս կը տանին ի Սեւաստ ու կը դառնան։ Պաղորակ ջրեր կը խմենք։ Զովագին է օդ։ Տեղ-տեղ ճամբուն վրայ գերեզմաններ կան սպանելոց. երկիւղալից են այս տեղեր։ Չէրքէզներ կը վխտան, որոցմէ Ուզուն Միրզէ անունով Չէրքէզն հեծեալ եւ սպառազէն ընկերացաւ մեզ. ամայի վայրերէ կ’ընթանանք։ Ուզուն Միրզէն պատմութիւններ կ’ընէ Կարսի պատերազմին, ուր ինքն ալ գտնուած է։ Կը պախարակէ Թուրք զօրավարաց շուայտ եւ զեղխ կեանքը, արտասուօք կը յիշատակէ Չէրքէզաց ողորմելի կոտորածն եւ մեղքը Թուրք զօրավարաց վրայ կը դնէ. սոսկալի նկարագրութիւն այն կոտորածին, եւ խեղճութիւն զինուորաց։ Իրենց անձնուիրութիւն եւ դիւցազնութիւնը կը գովէ, եւ այլն, եւ այլն։ Իրենց նախկին հայրենիքը եւ հոն ունեցած երջանիկ կեանքն ու վայրերը կը նկարագրէ։ Իրենց կրօնական ջերմեռանդութենէ շարժեալ՝ Իսլամի երկիրը գալու համար թողած ու զոհած են եղեր իրենց վայելքն ու հայրենիքը։ Դժգոհութիւն կը յայտնէր Պետութեան կառավարիչներէն, թէ «Մենք երկրագործ, արուեստագէտ եւ ժրաջան ժողովուրդ ենք, բայց երկար տարիներ մեզի բնակարան եւ երկիր չյատկացուելուն համար թափառական մնացինք։ Անօթիներ աւազակութեան ձեռք զարկին, եւ այսօր այնպէս ճանչցուած է, թէ ո՛վ որ Չէրքէզ է, աւազակ է, մարդասպան։ Ո՛չ, ո՛չ. սրիկան ամէն ժողովրդեան մէջ կը գտնուի, բայց մեր մէջ ազնիւ ու պարկեշտ մարդիկ շատ կան։ Կը ցաւիմ, կը ցաւիմ, կ’ըսէ, երբ կը տեսնեմ, որ ամէն մարդ մեզմէ կը վախնայ, կը փախչի, իբրեւ թէ մենք գազան եղած լինէինք եւ ոչ մարդ։ Կը ցաւիմ, երբ ամէն տեղ պատահած գողութիւններ ու սպանութիւններ Չէրքէզաց վրայ կը դնեն։ Մենք աւազակներ գիտենք, որ բնիկ են, բայց, Չէրքէզի հագուստ եւ զէնք կրելով, կը յարձակին կարաւանի կամ գեղերու վրայ, կը խլեն, կ’սպաննեն, եւ տեսնողներ կ’երթան, կը վկայէն, թէ Չէրքէզներ էին։ Եւ ահա ոստիկաններ կու գան, մեր օձիքէն կը բռնեն։ Որո՞ւն հաւատացնենք, թէ մենք չենք։ Եւ որովետեւ չենք կրնար մեր անմեղութիւնը պաշտպանել, ընենք-չընենք՝ գող ենք, կ’ըսեն մեր Չէրքէզներ, ու իրօք ալ կ’սկսին», եւ այլն, եւ այլն։ Արդարեւ, ես ուրիշներէ ալ լսած էի, թէ բնիկ Յոյն եւ Թուրք սրիկաներ կ’երթան Չէրքէզներէն հանդերձ կ’առնուն եւ անոնց զէնքեր, կ’երթան ճամբաներու վրայ գողութիւն կ’ընեն։
       Մացառներէ կ’անցնինք։ Ջրե՜ր դրախտային։ Ձորերէ կը բարձրանանք, ձիւներու վրայ կը քալենք։ Մայրի անտառներ կան, նորածիլ դալարներ։ Այս վայրաց գարունն դեռ այսօր է։ Եւ ահա աղբիւր մը՝ ՔՕՌ-ՕՂԼՈՒ ԱՂԲԻՒՐ։ Տեղւոյս դիրքը, ջրերը, անտառն, արօտն, օդն եւ Քօռ-օղլի անունն խոր տպաւորութիւն մը կը ներգործեն, ամենայն ինչ բանաստեղծական։ Կը յիշէ մարդ Քօռ-օղլու վէպն ու խաղը, եւ արժանի կը գտնէ այս հիանալի վայրին։
       Մեր ձիավար Մանուկն ընչացքներ ոլորած, գդակը մէկ քովին դրած, ձին մտրակեց, ատրճանակը կրակեց։ Կրկնեցինք ես եւ Մարտիրոս մեր ատրճանակները։ Եւ ահա Մանուկի աշխոյժը վառուեցաւ. քաղցր եւ ահեղ ձայնով մը սկսաւ. «Հա՛յ հա՛յ, բաբամ հա՛յ հա՛յ»։ Քօռ-օղլուի խաղի նաքարաթը։
       Իջանք այս խորհրդաւոր աղբիւրին վրայ, ճաշեցինք, եւ խմեցինք մուսայից եւ դիւցազանց ջրէն, որմէ կարելի չէր յագենալ։ Հեծանք եւ շարունակեցինք մեր ուղին։ Ուզուն Միրզէն անբաժան է քովէս։ Կարի քաղաքավարութեամբ եւ ազնուականութեամբ է իւր վարմունքն ու խօսուածքը։ Ծանօթութիւններ կու տայ մեզ այդ տեղերուն վրայ, կը ցուցնէ քովի անտառները, մարգերը, որ իրենց գեղին կը պատկանին, եւ ահա գեղը՝ ԲԱԹՄԱՆ ԴԱՇ։ Բաթման դաշ զուտ Չէրքէզի գեղ է՝ նոր շինուած, լերան ուսին վրայ, կոկիկ տներով։ Սքանչելի է օդն, հողն ու ջուրը, միայն ձմեռն՝ խիստ։ Շքեղ ապարանք մը կը ցուցընէ գիւղին մէկ ծայրը՝ բլրակի մը վրայ, առանձին, եւ կ’ըսէ, թէ Չէրքէզ Մուսա փաշայի տունն է՝ բոլորովին եւրոպական ճաշակով շինուած, քարուկիր, ապակեայ մեծ լուսամուտներով, առջեւն ալ՝ փոքր մզկիթ մը։ Չէրքէզուհիք գեղին առջեւէն անցնող ջրոյն եզերքը ցորեն կը լուանան եւ կը չորցնեն։ Ուզուն Միրզէ, զանոնք ցուցնելով, հառաչանօք կ’ըսէ. «Ա՜հ, այս գեղէն կռիւի գացողներէն միայն ես եւ ուրիշ մը ապրեցանք. ամենքն ալ շէիտ եղան։ Գեղը միայն կիներ եւ տղաքներ կը տեսնէք»։ Զմեզ իւր տունը կը հրաւիրէ։ Շնորհակալ կը լինինք։ Խիստ մարդավարի կերպով կ’ուղեւորէ զմեզ եւ կը խնդրէ՝ եթէ վերադառնանք, իրեն հիւր մնանք եւ չմոռնանք զինքն։ Ուզուն Միրզէն Ռուսաց մէջ պաշտօնատար եղած է՝ դեռ այս կողմերը չգաղթած։ 58 տարեկան էր, այլ՝ աշխոյժ եւ միանգամայն կիրթ անձն։
       Սրարշաւ կ’ընթանան մեր ձիերը, եւ ահա վեց հեծեալ եւ զինեալ Չէրքէզներու կը հասնինք, որ Սեւաստ կ’երթան։ Ոչ պակաս քաղաքավար եւ ազնուական են ասոնք Ուզուն Միրզէէն։ Ժամ մը ’ի միասին ընկերանալով, խօսակցելով՝ մենք յառաջ կ’անցնինք՝ մեր ետեւ ձգելով Բաթման դաշի գեղաբերան գեղեցիկ արտեր եւ վայրեր, անտառներ եւ ջրեր, մեզ հետ առնլով պահականոցէն ոստիկանները։ Չմոռնանք ըսել, թէ այս Բաղդադի մեծ ճամբուն վրայ եւ լեռնային ուղին, ուր որ աւազակաց երկիւղ եւ ձմեռուան խստութենէն վտանգներ պատահելու տեղեր կան, պահականոցներ շինուած են, եւ պահապան ոստիկաններ դրուած, թէպէտ շատն ամայացած եւ վտանգներ անպակաս։
       Ղարղինի լեռնադաշտն իջանք։ Վեհափառ Եըլտըզ լեռն, որ ձեւով կը նմանի Մասիսին, շքեղ կ’երեւի մեզ յանդիման։ Ճիշդ իւր ստորոտն շինուած է Ղարղին գեղը։ Ցուրտէն կը դողանք։ Ժամ 12 է։ Ոչխարաց բազմաթիւ հօտեր, հաչող ու վազող գամբռ շուներ, բացօթեայ իջեւանած կարաւաններ, արածող իշոց եւ ձիոց զանգերու զընգզընգոց, անդաստանաց գեղատեսիլ կանանչ գեղը, եւ դաշտէն ու լեռնէն վերադարձող շինականաց ու վաստակաւոր հեզիկ եզանց երամն, երեկոյեան շքեղութիւններն են երջանիկ կենաց եւ վայրաց։ Հասանք մենք ալ մեր իջեւանը։ Գեղիս բնակիչքը ամբողջ Թուրք են։
       Պատուական Թուրք մի էր մեր ասպնջականն, շնորհքով սենեակ մը պատրաստ, մեծ պուխէրիկ (պատին մէջ բացուած օճախ)՝ առատ փայտերով անդադար կը վառի։ Քանի՜ սիրուն է բոցը։ Մեր շուրջ բոլորեցան գեղի Աղսախալիք , պատուաւորներ, անվերջ հետաքրքրութեամբ հարցումներ կ’ընեն, փափաք եւ մաղթանք պատերազմի վերջանալուն։ Այսպէս ամէն Թուրք եւ Գըզըլպաշ գեղերը արտասուօք եւ մորմոքանօք կը խօսին պատերազմի վրայ, որոյ աղէտը կարի ծանրացած էր իրենց՝ տանելով իրենց զաւակները մահու ասպարէզը։ Շատ տներ թափուր մնացեր էին, եւ երկրագործութիւնը՝ խափանեալ։ Կ’ողբային՝ յիշելով իրենցմէ պահանջուած չափազանց իանէներ, ծանր տուրքեր, ձրի ծառայութիւններ, եւ անագորոյն պաշտօնատարաց խիստ վարմունքներէն կրած զրկանքները, եւ այլն եւ այլն։ Պատրաստուեցաւ մեր սեղանն՝ թարմիկ հաց, նոր պանիր, ջերմիկ կաթ, կարագ, սեր, մածուն եւ ձաւարէ փըլաւ։ Ի վերջոյ մենք ալ թէյ հրամցուցինք ամէնուն եւ շաքար բաժնեցինք կանդուկլուզ պստիկ լամուկներուն, որ շատ բարեկամ եղան մեզ եւ արագ-արագ կը վազէին ու կը դառնային իրենց մայրերուն քով, որ դրան ծակերէն ու երդիքներէն կը նայէին։
       Յունիս Ղարղինէն մեկնեցանք։ Լեռնահովիտ է մեր ուղին։ Գետակի մը ափէն կ’ընթանանք։ Հերկողներ, նախրորդներ, երթեւեկներ կան, գոգաւոր տեղ մը, ամայի Թէքքէ մը, եւ անոր մօտ գերեզմաններ, տեղ-տեղ գեղեր կ’երեւին, եւ Սեւաստու քանի մը բարձր լեռներ։ Կը հանդիպինք խումբ մը Կիւրինցի զինեալ կտրիճ Հայոց, Ինճէ սու ըսուած աղբերակի մը վրայ։ Քանի՜ քաղցրահամ եւ սառն է այս ջուրը։ Եւ ահա Մէյրէգումն ենք, որ ընդարձակ լեռնադաշտ մի է՝ անջուր, անմշակ եւ անբնակ։ Կը տեւէ 21/2 ժամ։ Հեռու-հեռու հազիւ կը տեսնենք լեռնադաշտին եզերքները մի քանի վարողներ՝ Բրգնիք գեղացի։ Աւազակներէ սպանելոց եւ ձմեռն բքախեղդ եղողներու գերեզմաններ կան տեղ-տեղ։ Աննկարագրելի փոթորիկներ տեղի կ’ունենան եղեր Մէյրէգումին վրայ։ Քարակարկառներ կան շարուած՝ ճամբան չմոլորելու համար։ Ահա աւերակ խան մը, եւ զառ ’ի վայրէ մը կ’իջնենք ձորահովտի մը մէջ։ Մեր անցած լերանց ջրերը, գետակ մ‏ը կազմելով, այս ձորէն կ’ընթանան Սեւաստու քաղաքը։ Դալարաւէտ արօտներով լի է ձորը, ուր խուռներամ անդեայք եւ իշան խրախճան կը կազմէին։ Մեր իջած դարին տակ աղբիւր մը կը հոսի՝ կաթի պէս սպիտակ եւ համեղ, ձիւնի պէս ջինջ եւ սառն։ Կը յառաջանանք, եւ ահա ջաղացքներ, ուռենիք, դալարներ, կանանչ արտեր, ճիւղ-ճիւղ բաժնուած ջրոց առուներ, տեղ-տեղ կանգնած վրաններ։ Դուրս կ’ելլենք ձորէն։ Մեր աջ կողմն է ԴԱՎՐԱ գեղեցիկ գեղ Հայոց, որոյ հանդէպ եւ հուպ՝ բարձր դիրքի վրայ, կայ վկայարանի ձեւով փոքրաշէն նոր տաճար մը Ս. Յակոբայ անունով եւ քարայր մը՝ Ս. Վառվառէ, զոր քոյր Ս. Յակոբայ է, կ’ըսեն։ Դավրայէն վեր խիստ մօտ է Ս. Նշանի վանքն՝ գմբէթայարկ, պարսպապատ եւ դրախտազարդ, յորմէ անդր եւս, իբր կէս ժամու միջոց, Սեւաստու քաղաքն է։ Ուղղակի Ս. Նշանի վանքն իջանք։ Դեռ կէս օր չէր։
       Յունիս 10։ Վանքը շրջեցանք, ուխտ եւ երկրպագութիւն ըրինք, ու հանգստացանք։ Քաղաքէն քանի մը ազգայիններ տեսութեան եկան։
       Յունիս 11։ Կիրակի առաւօտ, Առաջնորդ Ս. Հօր հրաւիրանօք կանուխ քաղաքի մայր եկեղեցին իջանք։ Այն ահագին եւ հոյակապ եկեղեցւոյ մէջ խուռն բազմութեամբ լեցուած էր ժողովուրդն, ողջունեցինք զիրենք, աւետաւորեցինք, եւ իրենց ընելիքներ յիշեցուցինք։ Նոյն երեկոյ, որ Հռիփսիմեանց կուսանաց նախատօնակն էր, իգական սեռի կրթութեան վրայ խօսեցայ։ Այսօր մինչեւ երեկոյ այցելութիւններ վայելեցի ազգայնոց գրեթէ ամէն կարգէն, երեւելիներ, ուսումնականներ, պաշտօնական մարմիններ, ընկերութիւնք, երիտասարդք, քահանայք եւ այլն։ Շատ մխիթարուեցայ եւ յուսով լցայ՝ տեսնալով հոս կենդանի Հայեր։
       Մինչեւ յունիս 25 ’ի Սեւաստ անցուցինք՝ մերթ ’ի վանք, մերթ ’ի քաղաք։ Բռնադատեալ թէ՛ ազգայնոց թախանձանքէն եւ թէ՛ Առաջնորդ Ս. հօրէն, Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօնի կիւրակին պատարագեցինք ’ի Մայր եկեղեցին, աւուր պատկերը գեղեցիկ առիթ կ’ընծայէր Հայ ազգիս եւ Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ նախկին փառքը նկարագրելու, Տրդատն եւ իւր օրեր, Լուսաւորիչն եւ Շողակաթ, Ազգիս նոր նորոգութիւնն, լուսաւորութիւնն, նոր Շողակաթն, նոր լոյս եւ այլն, եւ այլն։ Նոյն երեկոյ Ս. Սարգիս եկեղեցին գնացինք եւ քարոզեցինք Մովսէսի եւ Դաւթի աստուածպաշտութիւնն, Վարդանանց, Ղեւոնդեանց եւ այլ այսպիսեաց Հայ-Քրիստոնէութիւնն։ Եռաց ժողովրդեան սիրտն, եւ ոգեւորուեցան ու մխիթարուեցան հոգեւորապէս։
       Վարժարանները մի առ մի շրջեցայ։ 12 յարկի կամ մասի բաժանեալ է՝ զատ-զատ թաղերու մէջ, յորոց երեքն աղջկանց են։ Մեծ Ուսումնարանն՝ Թարգմանչաց անուամբ, Մայր եկեղեցւոյ մօտ է։ Զարմանալի էր տեսնել Սեւաստու Հայոց մանկանց բազմաթուութիւնը։ Աստուծոյ «Աճեցէք եւ բազմացարուք» օրհնութեամբ խիտ-խիտ, կայտառ, կարմիր, սիրուն, սփռուած են վարժարանաց բակը, սրահն ու սենեակը՝ իբրեւ ծաղկունք ի մարգ։ Սովորական կարեւոր ուսմունքներէն զատ՝ կար նաեւ գաղղիերէն եւ տաճկերէն լեզու։ Աղէկ ուսուցիչներու պէտք ունէին։ Աւագ վարժապետն էր Թադէոս պատուելին, զոր Թուրքեր կը կոչէին Աշըղ եւ Մօլլա, թէպէտ երկու աչօք անտես, այլ մտօք կորովի։ Սա կ’ուսուցանէր բարձր կարգին ճարտասանութիւն, տրամաբանութիւն, գրագիտութիւն, պատմութիւն, կրօնագիտութիւն, բանաստեղծութիւն եւ գաղղիերէն։ Ուսած էր նաեւ Պարսկերէն, գիտէր քնար եւ ջութակ հարկանել, խաղ կանչել, յանպատրաստից տաղ եւ խաղ հնարել, եկեղեցւոյ շարականներ եւ երգեր նուագել, ճաշու գիրքերը բերան ընթեռնուլ, գրաբառ շարադրութիւն յօրինել՝ արձակ եւ ոտանաւոր, կրօնական եւ բանասիրական քննադատութիւններ ընել եւ այլն եւ այլն։
       Ուսումնարանի այցելութեանս ժամուն, ուր մանկտիք ճառեր եւ ոտանաւորներ ընթերցան, երգեցին եւ ապա մեր դիտողութիւններ, յորդորներ եւ խրախոյսներ խօսեցանք։ Խօսեցանք եւ յուզուեցաւ սիրտս… որում ’ի պատասխանի ճարտար բանիւ փոխարինեց նա եւ մատոյց ինձ հետեւեալ ձօնը, զոր իբրեւ ճաշակ մը կը դնեմ այստեղ՝ հրաժարելով առ իս եղած ակնարկներէն…
       Ժամանակ համագոյիցս մայր քանի չքնաղ ծնար օր,
       Քանի՛ օն բարեբաստիկ ծագեցեր մեզ այգ այսօր.
       Բերելով զարուսեակն ի մեր աշխարհ մշտագիշեր,
       Զարեգին ազատութեան ընկճեալ ազգիս աւետաբեր։
       Հոգիդ կենարար մահկանացուաց ու անմահից,
       Կաթեա յիս աւիւն անմահ ոգել ինձ տաղ աշխուժալից։
       ………………………………………………………………
       ………………………………………………………………
       Ցանկալի է ինձ, Հայրիկ, յափշտակիչ սրտիս քերթող,
       Որ յուշիկ գողանայ զսիրտ մարդկան իբրեւ զգող։
       Զգող ում մարդ շնորհապարտ ցմահ զանձն իւր դաւանի,
       Այնու զի յափշտակեաց զնա ’ի դրախտն աղենի.
       Եւ պարզեաց առաջի նորա զբնութիւն եւ զԱստուած,
       Յորոց ’ի գեղ զմայլի մարդ տրոփէ իւր սիրտ հողազանգուած։
       Քերթո՜ղ սոխակ բանաւոր զսէր երգէ եւ զգեղ անմահ,
       Քերթո՜ղ հրեշտակ երկրաւոր զԱստուած երգէ երգովք ’ի ճահ.
       Քերթո՜ղ քնար Աստուծոյ որ յաւիւն զմեզ լնու,
       Յաշխոյժ երկնազդեցիկ անմահ գործէ զմարդ մահացու։
       Քերթողի ճշմարտութեան սկզբանց քաջիկ հմտացելոյ,
       Եւ ’ի խանդ երկնազդեցիկ ’ի հրեշտակ փոխարկելոյ,
       Պարտին ազգ մարդկան զիւրեանց արդի բարգաւաճանս,
       Ի հրահանգս քաղաքական մարզից եւ յայլ ուսմանց կրթանս։
       Քերթող ոք այդպիսի տեսեալ իմ զքեզ Հայրիկ,
       Եւ յոգւոյդ ի զոշոտիչ հարեալ ի գեղ անանցիկ,
       Ընդ խուն խայրիս մտացըս քեզ ձօնեմ զիմս անկեղծ սէր,
       Ձօն թէպէտ թեթեւ եւ դոյզըն սակայն եւ անձնանուէր։
       Այլ ա՜ւշ թէեւ քո սիրտ զիս իսպառ չառնէր անտես,
       Ա՜ւշ եթէ եւ ինձ ի քէն պաշտէս քո սէր ում պասքիմ ես։
       14 Յունիս 1878
       Թադէոս Կեղիւրեան
       Թադէոս պատուելին գրական մասնաւոր գործ մը ունէր յօրինած հրատարակութեան համար, սակայն այսքան առաւելութեամբ հանդերձ, անպատշաճ էր այսպիսի մէկը վարժապետութեան։ Պատճառը, կարծեմ, ոչ ոք հարկ կ’զգայ հարցնելու, թէպէտ եւ սա իւր այնքան պիտանի ջանից եւ տքնութեանց արժանեօք իրաւունք ունէր ազգէն իւր սնունդն եւ ապրուստն ստանալու։
       Արժանաւոր երաժիշտ էր Պ. Յակոբ Մեսիաեան, որ եւ դաստիարակ Ուսումնարանին։ Երկրորդական դասատուք կրնային յառաջանալ եւ կատարելագործել իրենց պաշտօնը, եթէ լինէր մանկավարժական կամ նոր ու իրական գրութեամբ վարժարանները բարեկարգել գիտցող տեսուչ մը։ Վարժարանաց նիւթական եւ ուսումնական հոգը ստանձնած է Սենեքերիմեան ընկերութիւնն եւ տնօրէն անուամբ մէկը կարգած է իր կողմէն՝ իբրեւ հսկող։ Աղջկանց վարժարանները վարձեալ տներ էին՝ անձեւ եւ անյարմար։ Ուսմունք չկար. ձեռագործ սկսած էին, այլ գործելու նիւթ չկար։ Օր մը յատկապէս տիկնանց քարոզ խօսեցայ՝ իրենց սեռի կարեւորութիւնը, դաստիարակեալ մարց ամենամեծ օգուտը ազգին համար բացատրելով. «Արասցուք դմա ՕԳՆԱԿԱՆ ըստ դմա» թէ ինչպէս մարդ մը, նոյնպէս ազգ մը առանց կանանց օգնականութեան բան մը չեն, եւ թէ իրենք ոչ միայն կին են, այլ եւ օգնական, այլ եւ մայր, թէ ի՞նչ է իրենց մայրական պարտաւորութիւնը, թէ ի՞նչպէս կարելի է զիրենք իրենց ունեցած ուրուական վիճակէն փոխել եւ իրական կեանքը ձեռք բերել։ Մասնաւորապէս Սեւաստու տիկնայք, որք մարդէ կը հալածուին, անտեսանելի եւ անբարբառ են, հետեւաբար եւ՝ անգաղափար եւ անզգայ մարդկային, ազգային, տնական եւ քրիստոնէական կեանքին եւ կոչման, հարէմներէն աւելի հարէմ, ինչպէս են նաեւ Ասիոյ կամ Հայաստանի քաղաքաց Հայ տիկնայք, որք սակայն պերճ կը հագուին, եւ մարգարիտն ու ոսկին կը կախեն՝ փոխանակ Գրակքոսեանց մօր նման ոսկին ու գոհարը մսխելու, եւ իրենց ուստերքն ու դստերք ուսմամբ եւ կրթութեամբ ոսկի գոհար դարձնելու, անոնցմով զարդարուելու եւ պարծենալու։ Յորդորեցի զիրենք, որ խնամակալութիւն մը կազմեն, եւ իրենց աղջկանց մտաց ու մատանց նիւթ հայթայթեն, եւ այլն, բայց ասոնք իրականացնել տեղւոյս։ Առաջնորդին գործն էր եւ Ուսումնական խորհրդոյն, որ չկար։ Թէ՛ ուսումնարանն եւ թէ՛ ծաղկոցներ լոյս եւ օդ առնելու պէտք ունէին. Ս. Սարգսի նորաշէն վարժարանի վերին սրահն այս մասին լաւ էր, բայց հոն ալ գրասեղան չկար։ Գրասեղան միայն Թարգմանչաց ուսումնարանը կար. ծաղկոցներու մանկունք եւ աղջկունք քանի մը տեղ բոլորովին հողոյ վրայ նստած էին։ Զարմանալի՜ հայրեր եւ մայրեր, երբէ՜ք չեն այցելեր իրենց զաւակաց։ Այնքան ցաւօք ծնած եւ տառապանօք մեծցուցած որդիք կը ձգեն այնպէս անխնամ, չը գիտեն թէ բան կ’ուսանի՞ն, կամ ի՞նչպէս է տեղերնին, կեցութիւննին։ Ասոնց այսպէս անփոյթ լինելուն պատճառն ինձ կը թուի, թէ ձրի վարժարան ունենալն է. պէտք է թոշակ տան, որպէս զի ստակին շնորհիւ իրենց զաւակաց ալ հոգ տանին, հաշիւ առնուն, աղէկ վարժապետ եւ վարժուհի ունենալու փոյթ տանին։ Ծաղկոցներու եւ աղջկանց վարժարանաց մէջ մի միայն է ուսուցիչն, վարիչն եւ ամենայն ինչ։ Սենեքերիմեան ընկերութեան Պօլսոյ անդամներ մտադիր են եղեր ընտիր ուսուցիչ մը եւ վարժուհի մը ղրկել։ Բայց հոս դիտողներ կան եղեր, որ կը կարծեն, թէ իրենց ներկայ վարժարաններէն լաւագոյն վիճակ ունեցող վարժարան չլինիր. ամէնէն կարեւոր եւ բարձրագոյն դիրք ունեցող անձ մի եւս այս կարծիքէն էր դժբաղդաբար։
       Դեռ աշակերտ կամ վարժարանէս նոր ելած պատանիք, Դեմոսթէնական խրոխտ ճառախօսութեանց եւ Հիւկօական բանախօսութեանց մէջ կը խիզախէին. փոքրիկ սոփեստէսներ եւ պուէտեսներ, որ զիրենք շատ բարձր գիտնոց կարգին դրած են։
       Բաւական բազմաթիւ են ընկերութիւններ, որոցմէ մի քանին միայն պիտի գրեմ.
       1. Սենեքերիմեան ընկերութիւն, որ Սեւաստացւոց պարծանք եւ բազմաց օրինակ լինելու արժանի է, իբր 32 տարիէ ’ի վեր հիմնեալ Պօլիս գտնուած պանդուխտ Սեւաստացիներէ, քանիցս դադարած եւ վերասկսած, վերջին անգամ 1877-ին աւելի կանոնաւորուեր եւ արդիւնաւոր վիճակի մը մէջ դրուեր է։ Իր բաժանորդական հասոյթներով թէ՛ վարժարանաց նպաստած է եւ թէ՛ այսօր երկու խան ունի քաղաքիս մէջ՝ Արամեան խան՝ 25 տարի յառաջ շինած, Սենեքերիմեան խան, որ դեռ նոր լրացած էր։ Երկուքն ունին 71 սենեակ կրկնայարկ եւ 15 խանութ, որք տարին 30000 ղրշ. էն աւելի վարձք կը բերեն՝ ամբողջապէս նուիրուած վարժարանաց։
       2. Անձնուէր ընկերութիւն, որ յառաջ աւելի համբաւ եւ արդիւնք ունեցեր է։ Հասակաւորաց ձրի դաս կու տայ կիրակի օրերը։ Բաւական գրեանք ունի, թանգարանէ Պէկեան Պ. Ճանօյի ձեռքն էր։
       3. Լուսաբեր ընկերութիւն, որ կարօտ ուսանողաց ուսումնական եւ նիւթական պէտքեր կը մատակարարէ։
       4. Օժանդակ ընկերութիւն, որ դասագիրք բերել կու տայ Պօլսէն, աղքատաց ձրի եւ կարողաց դիւրագին կ’ընձեռնէ՝ ընթերցանութիւնը տարածելու նպատակաւ։
       5. Համալսարանական ընկերութիւն, որ բացած ունի երկսեռ վարժարան, ուր կարեւոր ուսմանց հետ կ’աւանդուի նաեւ տաճկերէն եւ գաղղիերէն լեզու եւ բնական գիտութեան դաս։ Աղջկունք կ’ուսանին մանել եւ գործել գունաւոր շալ, մանիսա, երեսի սրբիչ, թաշկինակ, եւ այլն, որոց համար յատուկ վարպետ կին մը կայ եւ վարժարանի մէկ կողմն գործարան ըրած է, մանկանց համար ալ՝ իրենց վերաբերեալ գործեր։ Սոյն ընկերութիւնը կիրակի ցերեկներն ալ կենցաղագիտական, պատմական, արուեստական, տնտեսական եւ բարոյական բանախօսութիւններ կ’ընէ։ Ցաւալի էր, որ ոմանք գայթակղութեամբ կը խօսէին այս ընկերութեան վրայ, եւ այս յառաջ եկած էր բանախօսաց խիստ քննադատական լեզու գործածելէն. եւ երբեմն չափազանց եռանդով յառաջդիմութեան ու անոր արգելքներու վրայ խօսելէն, գուցէ երբեմն ալ անզգոյշ կարծիքներ յայտնելէ։ Իրենց ծրագրին մէջ տեսայ կրօնագիտութեան դաս։ Ըսին, թէ քանիցս դասատու խնդրած ենք, բայց տուած չեն։ Ասոնց պէտք եղածը՝ ասոնց եւ բամբասողաց պէտք եղածը բամբասողաց խօսելով՝ քաջալերութեան արժանի գտայ սոյն անձնանուէր երիտասարդաց օգտաբեր ձեռնարկն։
       Կան այլ եւ այլ ընկերութիւնք եւս, որք կը բանախօսեն, կը դասախօսեն եւ այլն։ Վերջապէս խօսելու, լսելու եւ գործելու մեծ փոյթ ու եռանդ ունին Սեւաստու ազգայինք։ Եթէ այս ցրուեալ մարմինները իրարու մօտեցնելու եւ օգտակար ու կարեւորագոյն պէտքերու ծառայեցնելու առաջնորդող մը լինի, Սեւաստ շատ եւ շատ կը յառաջադիմէ։ Պէտք չէ, որ ընկերութիւն ընկերութեան հակառակի եւ զանի անուանարկէ։ Մոռնալու չէ, թէ ամենայն ընկերութեանց նպատակը ազգին շահն է այլ եւ այլ ճանապարհով։ Բանն այն է՝ իրար համոզել, թէ ո՞ր միջոցն է առաջին եւ շինարար, ու միացնել իրենց զօրութիւնը այն զօրութեան։
       Գլխաւորաբար երկուքի բաժնուած էր Սեւաստցւոց ընթացքն ու նպատակը. Դաստիարակութիւն՝ լուսաւոր մտօք, եւ Բարեպաշտութիւն՝ առանց լուսաւորութեան։ Դաստիարակութիւնն կ’ընդունի, թէ Աստուծոյ խնամքն ու պատուիրանք մարդոյ համար է, երկրի բարիքն ու երկնից արքայութիւնը մարդոյ համար է, եւ մարդը թէ՛ մարդոյ եւ թէ՛ Աստուծոյ համար է։ Իսկ Սեւաստացւոց բարեպաշտութիւնը կը հասկնայ, թէ երկրիս վրայ խնամք, բարիք, ընկեր, ազգ, հայրենիք եւ նոյն իսկ իրենց անձինք իրենց համար չկան. ամենայն ինչ Աստուծոյ նուիրուած են։ Օրինակ, խումբ մը Ճգնաւորներ անունով անձինք կային, որք թողած էին իրենց ծնողքը, իրենց տունն, իրենց արուեստը, կ’ատէին ամուսնութիւն, կը փախչէին մարդոց ընկերութենէն, կ’առանձնանային վանքերը, լեռները։ Իրենց համար ամառն ու ձմեռն չկար. չորակեր, խոտակեր, մերկածածկոյթ մը միայն կամ ցնցոտի հագնիլ, աղօթել, Սուրբ գիրք ընթեռնուլ, վիճաբանել, տեսիլներով յափշտակուիլ, ծոմ պահել, առաքինութիւն համարած էին, ինչպէս նաեւ՝ անձնաչարչար լինել, հիւանդանալ, եւ մե՜ծ երանութիւն՝ այս պատճառներով մեռնիլ, որպէս զի զԱստուած ժառանգեն։ Իրենց սկզբունքն էր՝ «Որ ոչ ատեայ զհայր իւր եւ զմայր եւ զկին եւ զորդիս եւ զեղբարս եւ զքորս նաեւ զանձն եւս իւր, ոչ կարէ իմ աշակերտ լինել» Քրիստոսի խօսքը։ Բայց միթէ նոյն իսկ ասոնց հայր, մայր, կին, որդիք, եղբարք, քորք, եւ իրենց անձինք Քրիստոսը սիրող եւ Քրիստոսի ետեւէն գացող, Քրիստոսին աշակերտ, Քրիստոնեայներ չէի՞ն։
       Ահա տգիտութեան արդիւնք, կարեկցութեան արժանի հոգիք։ Բարեբաղդաբար, մեր տեսած օրերը ասոնց կարեւորութիւնը ինկած էր. քանի մը հոգի հազիւ կ’երեւային, թէպէտ մահուան հիւծման, եւ զանազան ախտից ծանր զոհեր տալէն զկնի։ Ասոնցմէ ոմանք ցրուեալ տեսայ վանքերու մէջը։ Ուրիշ բարեպաշտ ընկերութիւններ ալ, ստակ հանգանակելով, շինած էին Ս. Յակոբայ տաճարը։ Կը շինէին Անապատի տաճարը, պատած էին Ս. Քառսուն մանկունքի գերեզմանատունը, շէնցընել կ’ուզէին Խունրկտուր վանքը, որուն 3 կտոր արտ գնած էին եւ այլն։ Ասոնք ամէնը ստակով յառաջ կուգար, եւ ժողովուրդն յօժարութեամբ կու տար այսպիսի նեղ տարի մը։ Բայց ա՛լ ժամանակն է, որ հասկընանք, թէ քարէ տաճարէն շատ գերազանց է Աստուծոյ բուն տաճարը շինել ՄԱՐԴ, պատրաստել թէ՛ Աստուծոյ փառաց եւ թէ՛ ազգի պարծանաց համար ՄԱՐԴ, տալ մեր դրամները մեր զաւակաց կրթութեան եւ գիտնականութեան եւ լաւ դաստիարակաց ձեռքով շինել զանոնք ժամանակի ՄԱՐԴ։ Տաճարն ինքնին կը պայծառանայ, եթէ ժողովուրդ նախ լուսաւորուի, Աստուած չհաճիր, որ ձեր զաւակները անգէտ եւ անկիրթ մեծնան, ձեզ անէծք ժառանգեն, եւ դուք կարծէք, թէ ձեր շինած քարերը զձեզ արքայութիւն պիտի տանին, այնինչ ձեր զաւակները կը կորսուին, եւ ձեզ դատախազ պիտի կանգնին։
       Աղքատասիրաց ընկերութիւն, իբր 18 տարիէ հետէ կազմեալ, ունի 2 խանութ, որոցմէ կ’առնու տարին 2000 ղրշ. եւ ժողովրդէն կը հանգանակէ 15000 ղրշ. ի չափ, զորս ամ յամէ կը մատակարարէ ի պէտս աղքատաց։
       Քաղաքիս ազգային խորհուրդներ եւ ժողովները թէպէտ կազմուած են ըստ Սահմանադրութեան, բայց կանոնաւոր նիստ եւ արձանագրութիւն չունէին, ոչ քարտուղար եւ ոչ դիւանատուն։ Առաջնորդն, Ս. Նշանի վանքը նստելով, կտոր-մըտոր արձանագրութիւններ եւ պաշտօնական թղթերը վանքի մէջ կը պահէ տոպրակներով։ Եթէ հարկ լինի խնդրոյ մը համար ժողովք կազմել կամ տեղեկագրութիւն պատրաստել, տոպրակներու արուեստահանդէս մը կը բացուի. 4-5 անձինք կ’զբաղին քրքրել, աչքէ անցընել գրերը եւ զատ-զատ շարել բազմոցներուն եւ բարձերուն վրայ։ Տաժանելի՛ աշխատութիւն. գրասեղան չկայ, ծունկի վրայ կը գրեն, եւ գրագիրն է Առաջնորդ հայր սուրբի փոքրաւորն։ Վերջապէս դանդաղութիւն, ժամավաճառութիւն, գործ տեսնալու դժուարութիւն եւ անկանոնութիւն մե՜ծ։ Առաջնորդն կարի զբաղեալ է կառավարութեան վերաբերեալ խնդիրներով, ոչ միայն իւր վիճակի ազգայնոց, այլ իբրեւ վիլայէթի կեդրոն, շրջակայ վիճակաց ազգայնոց խնդիրներն ալ կը ծանրանայ իւր վրայ։ Ինքն արի մէկը չէ, բայց զարմանալի երկայնամտութիւն եւ տոկունութիւն ունի, մանաւանդ տեղացի լինելովն, երկար ժամանակ այս պաշտօնին մէջ գտնուելով՝ ամէն մարդ կը ճանչնայ, խնդիրները կը հասկնայ, ամենայնի կը լսէ, ամենեցուն կը պատասխանէ, կը խոստանայ, շատերու գործոց համար կառավարութեան անձամբ կ’երթայ։ Մարդ մ’է միայն, որոյ վրայ է վանքերու կառավարութիւնը, ժողովոց նախագահութիւնը, քաղաքին եւ բազմաթիւ գիւղերու ներքին ու արտաքին հոգերը եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն։ Մէկ մարդ, եւ ա՜յսքան գործ։
       Քաղաքիս մայր եկեղեցին՝ սուրբ Աստուածածնի անուամբ, հոյակապ եւ գեղեցկաշէն, մեծ, քարուկիր, շատ տեղերը մարմարիոնով եւ քանդակներով զարդարուած։ Ս. Եկեղեցւոյս բակին մէջն է Առաջնորդարանի շէնք։ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին՝ երկրորդ կը համարուի մայր եկեղեցւոյն, որոյ տաճարի աջակողմեան դասին ետեւն է մարմարեայ տապանաքարով դամբարան Տ. Ներսէս կաթողիկոսին Սսոյ, որոյ շրջապատը գրուած է «Փոխումն սուրբ հայրապետիս կաթուղիկոս Տ. Ներսէս (ՌՂ. Իսկ նորոգումն գերեզմանիս ՌՄՂ. արդեամբ ազնիւ Յարութիւնի Ղըռխլիկեան մրգածախի»։
       Ս. Մինաս, Ս. Յակոբ եւ Ս. Փրկիչ փոքրիկ եկեղեցիներ են։ Ս. Փրկիչը նորոգած են։ Գմբէթարդ, սիրուն տաճար մի է։ Բակին մէջը քանի մը տուն Հայք կը բնակին։
       ՍԵՒ ՀՈՂԵՐ քաղաքիս մէջ ամէնէն նուիրական եւ սրտաճմլիկ վայրն է, ուր Լէնկ-Թէմուր Հայոց կաթնկեր մանկտին ցիրեւցան փռեց եւ կոխան ըրաւ իւր գազանասիրտ զօրաց՝ ճմլելով այն սիրուն ողկոյզները կատաղի ձիոց սմբակաց ներքեւ։ Ո՜ արիւն արդար, մարմինք անմեղ, ծնողք կիսամեռ, կական երկնադղորդ, տեսիլ սրտակէզ, հո՛ղ անիծեալ եւ երանեալ, տեղի սարսռելի եւ սխրալի…։ Հայոց գերեզմանատուն է ՍԵՒ ՀՈՂԵՐԸ։ Թուի, թէ ուխտիւ ընտրած են մայրեր իրենց սրտի հատորներու արիւնաշաղաղ հողոյն մէջ թաղուիլ եւ զովացնել իրենց զաւակաց կսկծանաց բոցով այրեցեալ ոսկորները։ ՍԵՒ ՀՈՂԵՐ. այսպէս կը կոչեն ցայսօր Սեւաստու Հայեր, որ շրջապատուած է որմով եւ իր մէջն ունի Ս. Գէորգի մատուռ մը։ Գերեզմանատանս շրջակայքը Հայոց եւ Թուրքաց բնակութեան թաղեր են, իսկ Ս. Գէորգի մատուռը Յունաց ձեռքն էր։ Յոյները խիստ սակաւաթիւ են քաղաքիս մէջ։ Իրենց յատուկ եկեղեցի եւ գերեզմանատուն չունենալով՝ Հայոց թոյլտուութեամբ հոս թաղեր են իրենց ննջեցեալները եւ սոյն մատրան մէջ աղօթեր ու պատարագեր են։ Ի վերջոյ ելած ամբողջ գերեզմանատուն եւ մատուռը տիրեր են, մեծ վէճեր ու ծեծկւուքներ տեղի ունեցեր են երկուստեք։ Պօլսոյ Պատրիարքարաններ միջամտեր են, մեծ գումարներ մսխուեր են։ Վերջապէս կառավարութիւնն արգիլեր է երկու ազգաց ալ հոն մեռել թաղելը, բայց մատուռը Յունաց ձեռքն է մինչեւ այսօր։ Հազարաւոր գերեզմաններու քարեր՝ Հայոց գրերով, եւ ննջեցելոց տէրերը կ’երթան գերեզման օրհնել տալու, որոց հողը դատի տակ էր։ Մտածողներ կային, թէ՝ կիսենք Յունաց հետ եւ վերջացնենք բանը։ Սեւ հողերը ոչ միայն պատմութեամբ եւ նուիրականութեամբ Հայոցս համար ամենաթանգ տեղ է, այլ իւր դիրքով ալ սքանչելի է, անոր մէկ կողմը կարելի է շինել վարժարան։
       ՔԱՌՍՈՒՆ ՄԱՆՈՒԿ. Քաղաքի արեւմտեան ծայրը՝ Գայսէրի դրան մօտ, ընդարձակ գերեզմանատուն է Հայոց՝ երկու կողմն որմնապատ։ Գերեզմանատանս մէջ աւերակի թումբ մի կայ՝ խաչքարերով եւ կոտրած սիւներով։ Այս տեղի է շիրիմ եւ հոյակապ տաճար սրբոց Մանկանց քառասնից, զոր կործաներ է Լէնկթիմուրն եւ հոս 4000 հոգի Սեւաստցի ողջ-ողջ թաղեր։ Այս աւերակին վրայ կու գան, խունկ եւ մոմ կը վառեն բարեպաշտ անձինք, եւ երբեմն վրանով պատարագ կը մատուցանեն։ Հոս է գերեզման Ս. Ստեփաննոսի եպիսկոպոսին Սեւաստու եւ երկու աբեղայից՝ նահատակեալ 1387-ին, որոց ուխտ կու գան։ Բայց այս քաղաք ոչ մէկ եւ ոչ հազար ու մէկ են նահատակք, այլ բոլոր հողերը խառնուած են Հայ-քրիստոնէի արիւնով, եւ չորս կողմը գերեզմանք են մարտիրոսաց։ Սոյն գերեզմանատան մէջը քանի մը երկար, մութ եւ լերջ քարեր կը ցուցնէին առանց խաչի եւ յիշատակագրի, զորս կ’անուանէին ՔԱՋԱՑ ԳԵՐԵԶՄԱՆՔ եւ անոնցմէ քանիսը՝ ԺԱՄՈՒ ՇԵՄԵՐ։
       ԼԻՃ, ուր քառասուն մանկունք ձգուեցան, գրեթէ կից է յիշեալ գերեզմանատան։ Լիճը չկայ այժմ, այլ տարածեալ ճահիճ մ’է, բայց ակն մի կայ, ուստի ջուր կը բղխի՝ վրան քարաշէն ծածկած։ Վարէն աչք մը թողած են միայն, ուր Հայք ուխտի կ’երթան, իսկ Տաճիկ կանայք լաթ կը լուանան։ Լեղի է ջուրն, լուացուեցանք մենք ալ այդ սրբազան ջրով եւ ափ մը խմեցինք։ Աստի տարուած է Ս. Նշանի վանքը ԻՋՄԱՆ ՔԱՐ. այսպէս կ’անուանեն՝ առեալ շարականէ. «Այսօր Սեբաստիա եղեւ երկրորդ Յորդանան, իջմամբ Որդւոյն Աստուծոյ…»։
       Այս ջրոյն մօտ կը ցուցընեն Տաճկի մը տուն, ուր կորստական բաղնիքի տեղն է եղեր։
       Ս. Վլասիոսի գերեզմանը քաղաքին մէջն է՝ Թուրքաց թաղը, Թուրքի մը տան մէջ։ Թուրք կնիկ մը անոր լուսարարն է. մշտավառ կանթեղ մը կը վառէ, եւ բանալին իրեն քովն է։ Հողաշէն նսեմ յարկի մը ներքեւ կը ննջէ Սուրբն, վրայի տապանաքարը նոր է, բայց գլխուն կողմէն կլոր քարէ կիսասիւն մը կայ տնկուած, փոս, որոյ մէջ ջուր կը լեցնեն խմեն ուխտաւորք։ Կ’աւանդեն, թէ Սրբոյն բժշկական դեղորայք մանրելու անկանն է եղեր։ Իւր յատուկ ուխտաւորներն են թէ՛ Հայ եւ թէ՛ Թուրք՝ փորացաւ եւ աչքի ցաւ ունեցողներ, եւ անոնք՝ որոց կոկորդը ոսկոր խրած լինի։
       Քաղաքիս Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մօտ կայ հնաշէն փոքրիկ մզկիթ մը, զոր Հայք Ս. Լուսաւորիչ կը կոչեն։ Արդարեւ դիրքն յարեւելս է, եւ գմբէթ վեղարաձեւ ի գագաթան։ Կ’աւանդեն, թէ շինուած է եղեր սա յաւուրց եւ ’ի յիշատակ գալստեան Ս. Լուսաւորչին ի Սեբաստիա, բայց Տաճկաց բռնաւորութեան օրերը, երբ Տաճիկ մը համարձակ էր մտնել տները, եկեղեցիները, ուզածն ընել, ուզածը տանել, - ո՜հ օրեր, որոց հետքը չէ անհետացեր տակաւին տեղ-տեղ մինչեւ իսկ մեր օրերը, - ներս կը մտնէ Մօլլայ մը Ս. Պատարագի ժամուն եւ, սեղանն ելլելով, եզան կը կանչէ, ու կը յայտարարէ, թէ այս վայրկենէս ալ բան չունի հոս Քրիստոնեայն, որովհետեւ մզկիթ եղաւ ասիկայ. բայց մեծ շնորհ մը կ’ընէ՝ թոյլ տալով տէրտէրին եկեղեցական գրեանքն եւ սպասքն առնլու եւ մեկնելու։ Եւ ահա նոյն օրէն Ս. Լուսաւորիչը կը տաճկցընեն։ Իսկ Ներսէս կաթողիկոսն Սսոյ, զոր վերը յիշատակեցինք, Սեւաստ կը գտնուի. Օսմ. արքայն՝ Սուլթան Մուրատ Դ-ին, կը դիմաւորէ անոր Բաղդադէն վերադարձին՝ եկեղեցական հանդիսիւ, օրհնութեամբ եւ ընծաներով։ Հաճութեան եւ մեծարանաց կ’արժանանայ մեր Հոգեւոր տէրն (այսպէս կ’անուանեն մինչեւ այսօր այս ժողովրդասէր Հայրապետն)։ Սուլթանն կը հրամայէ. «Ուզէ՛, ի՛նչ կ’ուզես»։ «Ապրած կենաս, Թագաւոր», - կը պատասխանէ Հոգեւոր տէրն եւ կը պատմէ Ս. Լուսաւորչին դէպքը ու կը խնդրէ, որ իրեն շնորհուի։ «Փոխանակ այս մէկին, եօթն եկեղեցի շինելու շնորհը կ’ընեմ քեզ», - կ’ըսէ Սուլթանն։ Եւ ահա այն օր կը շինուի անոր մօտ արդի Ս. Սարգիս եկեղեցին։ Այս առթիւ թաղուած էր սոյն եկեղեցւոյ մէջ Հոգեւոր տէր Ներսէսն, իսկ վեց եկեղեցիքն գեղերու մէջ շինուած են, ամենքն ալ Ս. Սարգիս անունով։
       ՀՈՂԴԱՐ անունով առանձին թաղ մը կայ Հայոց, որ մօտ է Ս. Նշանի վանքին՝ քանի մը արտերով միայն անջրպետուած քաղքէն։ Այս արտերէն մէկը Քահանայապետի արտ կ’ըսուի։ Կ’աւանդեն, թէ այս է Մխիթար Աբբայի ծնած ու սնած տեղը։ Հողդարին մօտ՝ ապառաժի մը վրայ, կը բարձրանայ մինարէով շէնք մը, որոյ շուրջ կան եւ քանի մը Թուրքաց տներ։ Ալդըլ Վահապ Ղազի կը կոչեն այս մզկիթը Թուրքեր, իսկ Հայք՝ Ս. Յօհաննէս, եւ կ’ըսեն, թէ վանք կամ վկայարան է եղած։ Քաղաքի մէջ եւ շուրջը բազմաթիւ նուիրական շիրիմներ կան Թուրքաց պաշտելի, որոցմէ մէկն է Էյէրլի բաբա , որ ամէն գիշեր ձի կը հեծնէ օգնութեան կը հասնի նեղելոց, պատերազմի կ’երթայ, եւ այլն։ Ուրիշ նոր Էվլիաի մը շիրիմ կը շինէին, որ յայտնուած էր տեսլեամբ Առնավուտ տէրվիշի մը։ Քաղքի բերան ընդարձակ տեղ մը գրաւած է Թուրքաց գերեզմանատուն, ուր Հայոց ննջեցեալներ կը թաղուին եղեր նախ։ Դեռ կը գտնուին յարեւելս ուղղեալ գերեզմաններ եւ վրան պառկեցուցած օրօրոցաձեւ քարեր, որք եւ ուխտատեղի են Հայոց եւ Թուրքաց։
       Գայսէրի գափուսուէն իբր ժամ մը բացակայ կ’երեւի Շէհնէ գումբէթի ըսուած շէնք մը, ուր ձմեռները անցորդք կ’ապաստանին եւ աւազակաց որջ է, եւ որոյ գագաթը գանձ կայ զետեղուած, կը կարծեն։
       Հայոց թաղերէն կայ, որ առանձին են, կայ, որ՝ Թուրքաց հետ խառն։
       Սեւաստ ’ի հնումն եւ ’ի նորումս միշտ հռչակաւոր քաղաք եղած է, բայց աւելի նշանաւոր շէնքեր չունի։ Իբրեւ հնութիւն կը համարուի Վերին բերդ՝ քիչ մը բարձր բլրաձեւ դիրքի վրայ, որոյ գագաթը նոր շինուած է հասարակաց ժամացուցի աշտարակ մը, դեռ կան քանի մ’ալ տուներ։ Իսկ ներքին բերդը քակուած է բոլորովին, եւ տեղը՝ տուներ շինուած։ Վերին բերդի ստորոտը նշանաւոր շէնք մը կայ՝ ամբողջ մարմարիոնէ, կրկին մինարէներով, արտաքուստ խիստ շքեղ քանդակազարդ, մանաւանդ դրան ճակատը, ուր կայ իննգլխեան երկու վիշապ, քանդակեալ եւ արուեստակեալ ծաղկունք եւ այլն։ Իսկ ներսը շքեղ չէ։ Կէօք մէտրէսէ կ’անուանեն զայս, զոր Հայք կը համարին պալատ Սենեքերիմայ։ Շէնքը, քանդակներ եւ գրուածքներ նմանութիւն ունին Թօքատի եւ Ամասիոյ մէջ եղածներուն։ Արդեօք կրնա՞յ կարծուիլ, թէ մինարէք եւ գրերը ետքէն աւելցուցած լինին։ Այս շէնքի ներսը կը շրջէինք եւ ահա երկու կանանչագլուխ իւլէմաներ տեսանք՝ ընկողմանած շատրաւանին ափը, ընդ հովանեաւ հին կաղամախի մը։ Այս երկուքը ունէին երեք աչք։ Բարեւելէն զկնի հարցուցինք, թէ կրնա՞ն տեղեկութիւն տալ մեզ այս շէնքի հնութեան մասին։ Անոնցմէ մէկը «Այո, - ըսաւ, - շատ հին շէնք է, Կոստանդիանոսի շինածն է…»։ «Հասկըցա՛նք, հասկըցա՛նք, շնորհակալ ենք։ Ձեր պաշտօնն ի՞նչ է»։ «Մեծ վարժապետ ենք», - ըսին։ Անշուշտ, եւ անոր համար իբրեւ պատմագէտ խօսեցան…
       Ներքին բերդի մէկ մասին մէջ կան երկու մէտրէսէներ՝ դէմ առ դէմ կառուցեալ, մէկ մի եւս քիչ մը բացակայ, որոց դրանց ճակատներ նմանօրինակ մանր քանդակներով զարդարուած են։ Ասոնցմէ միոյն մէջ՝ գմբէթաւոր յարկի մը տակ, ինն շիրիմք կան, որոցմէ մէկն մեծ եւ յախճապակով բռեալ։ Հայք կ’ըսեն, թէ Սենեքերիմի գերեզմանն է այն, ուստի յետոյ մարմինը փոխադրեցին Վան՝ Վարագը։
       Քաղաքիս փողոցներ, շուկաներ եւ խաներ անձեւ շինուածք են՝ ամբողջովին կաւակերտ, թէպէտ ներքուստ բաւական շնորհքով։ Ամառն թոյնի պէս ժահահոտութիւն կը բուրէ փողոցաց մէջ տեղ-տեղ լճացած ու նեխած ջրերէն, աղբերու ապականութենէն։ Անկարելի է մանաւանդ Թրքաց թաղերէն առանց քիթը բռնելու անցնիլ, այլ սակայն իրենք կը ծծեն ախորժանօք այդ հոտաւէտ օդը։ Ջուրը խիստ առատ կը վազէ ամէն կողմն, թէ՛ առուներով եւ թէ՛ աղբիւրներով։ Գրեթէ տուն մը չկայ, որ իւր բակի մէջն աղբիւր չունենայ։ Իրօք, բակերու հողն ու քարն անգամ ամէն օր կ’ողողեն մաքրեն, իսկ փողոցի դռնէն դուրս տղմոտ եւ աղբոտ կը պահեն։ Քարայատակ չունին փողոցներ. անցորդն պատիւ ունի ամառները աղտոտ փոշիներ կլլելու, իսկ ձմեռն աղբ եւ կաւ շաղախելու։ Աննկարագրելի է հրապարակաց աղտոտութիւնը, ուր ամէն առաւօտ գեղերէն բեռնաւորեալ սայլերը եւ գրաստները կը լեցուին՝ Բազար ընելու համար։ Երեւակայելու է այս տեղերը եղած ամբոխին ժխորն ու աղաղակը, որ կը բաղկանան Թրքաց, Հայոց, Քրդաց եւ Չէրքէզաց բազմութենէն, որոց մեծ առուտուրն է ցորեն, անասուններ եւ այլն, զորս կը փոխարինեն՝ քաղաքէն զանազան ապրանքներ գնելով։ Սեւաստ յաջողակ առեւտրականութիւն կայ, մասնաւորապէս, մեծ քանակութեամբ ցորեն եւ մեծ քանակութեամբ ոչխար, ձի եւ արջառ կը վաճառէ։ Արուեստները տեղական պիտոյից համար ամէն տեսակը կը գտնուի, աւելի յաջողակ են երկաթագործք եւ զինագործք, որք Եւրոպիոյ րէվօլվըր եւ նոր հրացաններ ու անոնց փամփուշտներ կը շինէին։ Տեղացի բաւական թուով Հայ բժիշկներ կային՝ թէ՛ քաղաքիս մէջ եւ թէ՛ մերձակայ քաղաքները ցրուած, որք քաջ վիրաբուժութիւն սորված էին Ամերիկացի Տօքթէօր Ուիսդէն, եւ վիրաբուժական ամենանուրբ գործիքները տեղացի երկաթագործները ճարտարած էին։ Իբրեւ բարերար իրենց քաղաքին կը յիշատակէին յիշեալ Տօքթէօրը, յորմէ շատ մը առողջապահական սկզբունքներ ուսած էին. ասոր աշակերտները մասնաւոր ճարտարութեամբ գիտէին աղեաց մէջ գոյացած քարը հանել, ախտ մը, որոյ շատ ենթակայ է Սեւաստցին։ Արդեօք ջրերէ՞ն է…։
       Արուեստաւորք ընդհանրապէս Հայք են։ Կարեւոր թիւ եւ դիրք մը ունին մորթողներ (ղասապ), որք նոյնպէս ամբողջ Հայք են։ Զգեստուց նորաձեւութիւն դեռ մտած չէ այս քաղաքը, բայց կանանց հագուստը շնորհալի չէ։
       Զարմանալի է տեսնալ Սեւաստցիները այնքան կայտառ եւ սիրուն։ Անշուշտ օդին եւ ջրոյն շնորհիւն է, ասոնց շնորհիւն է, որ այնքան անմաքրութեանց հակառակ՝ քաջառողջ են եւ կարմրերես։ Ուտելու մասին շռայլ են. օղի եւ գինի բաւական առատ կը գործածեն, առատ ալ միրգեր կ’ուտեն, որք թէպէտ ոչ մէկն իր գաւառէն կ’ելնէ, բայց եղած տեղէն աւելին եւ ընտիրն հոս կը բերուի։ Կը զարմանայինք՝ տեսնելով այն, ինչ բժիշկներ եւ Բէլէտիէի ժողովք կար այս քաղաքի մէջը։ Ինչո՞ւ պէտք էր այսքան խանգարեալ եւ ապականեալ մնար այս քաղաքը. պատասխանեցին՝ Այո՛, տարին 30000 ղրշ. էն աւելի հասոյթ կայ Բէլէտիէին՝ խանութներէ, մորթողներէ, կշիռքէ եւ այլ եւ այլ հրապարակային վաճառքներէ, եւ այլն, բայց հասարակաց համար ոչինչ ըրած, ոչինչ շինած է։ Ի՞նչ կ’ընէին ուրեմն գոյացեալ հասոյթները։ Եթէ հաւատալ պէտք է, մզկիթներու նորոգութեան եւ քանի մը երազ եկած Տաճիկ Էվլիաներու շիրմաց շինութեան եւ այլ այսպիսեաց համար կը ծախսէ, անշուշտ ժողովոյն պաշտօնէից ամսականներն ալ կը վճարէ։ Երբ ստակ տուողն հաշիւ չպահանջէ, երբ քաղաքացին իւր պաշտօնեայն իրեն տէր ճանաչէ եւ իւր պէտքերուն անփոյթ գտնուի, միթէ ամօթ կամ մեղք համարող կա՞յ անոր ստակն ուտել եւ զինքն անբանի տեղ դնել…։
       Մեզ ցոյց կու տային քաղաքի մէջ այնպիսի Հայեր, որ մուրացկանի ձեւով հագուած էին, բայց քանի մը հազար ոսկւոյ տէր էին. այնքան զօրացած է բռնաւորաց երկիւղն այս ողորմելեաց վրայ, որ չեն համարձակիր իրենց հարուստ լինելը ցոյց տալ։ Գաղտուկ-մաղտուկ գործեր կ’ընեն, ցած եւ հին տներու մէջ կը բնակին, ստակնին կը թաղեն. վասն զի եթէ յայտնուի իրենց ունեւոր լինելը, կը վախնան, թէ խլեն ձեռուըներէն։ Մասամբ մի ընդհանուր է այս, վասն զի կարի հազուագիւտ են լաւ հագնող, լաւ տուն ունեցող, ձի եւ ծառայ գործածող։ Գրեթէ քաղաքական հրապարակի վրայ պայծառ եւ փայլուն Հայ մը չունի Սեւաստ։ Քաղաքիս Թուրքաց մոլեռանդութիւնը եւ աններողութիւնն այնչափ է, որ կրնան Հայ մը ձիէն վար առնել, շուկայի եւ փողոցներու մէջ անտեղի պատճառով մը, կամ, ի՞նչ պէտք է պատճառ, միթէ Հայ լինելն բաւական պատճառ չէ՞, կը քաշեն կը գանակոծեն։ Եթէ Թուրք մը բան գնած է Հայէ մը, իրաւունք չունի Հայն ստակ պահանջելու. եթէ վճարէ Թուրքն, շնորհ մ’է, եթէ ոչ, իւր իրաւունքն է։ Անկիրթ եւ սրիկայ անձինք շատ կան։ Ասոնց ծայրայեղ կրից քանի՜ քանի անմեղ զոհեր կ’իյնան Հայ ընտանիքներէ եւ պատանիներէն։ Այս ախտը մաս մը Հայ սրիկաներու մէջն ալ ճարակած է։ Գառնուկ մանուկներ եւ մատղաշ աղջիկները տերեւի պէս կը դողան դուրս ելած, վարժարան կամ եկեղեցի գնացած ու դարձած միջոցին. եղեր են օրեր, որ յանդգներ են մինչեւ վարժարանի դռներ պաշարեր եւ տղայ յափշտակեր են։ Առաջնորդէն մինչեւ գեղացի քահանայն չեն կրնար փողոցներէ անցնիլ՝ առանց Տաճիկ տղաքներէն «Քէշի՛շ, օ՛շ, օ՛շ, Քէշի՛շ, օ՛շ, օ՛շ» լսելու։ Հասակաւոր Թուրքերն ալ կը զուարճանան, մանաւանդ թէ իրենք կը թելադրեն։ Սոքա, իբրեւ ամենօրեայ սովորութիւն, կը հայհոյեն Հայուն խաչ ու հաւատքը, եւ Հայք, իրենց խոհեմագոյն գլուխները կախելով, չլսելու պէս կ’անցնին։ Բայց կան նորահասներ ալ, որ չհանդուրժելով կը փոխարինեն կամ կը հալածեն այդ բզէզները։
       Քաղաքիս զբօսավայրեր եւ ուխտատեղիք գրեթէ մի եւ նոյն նշանակութիւն ունին եւ բաւական շատ են։ Անոնցմէ քանիները միայն պիտի գրեմ՝ թողլով Ս. Նշանի եւ Հրեշտակապետի վանքը առանձին ստորագրել։
       ԱՆԱՊԱՏ, փոքրիկ վանք մ’է՝ Ս. Նշանին մօտիկ, քաղաքէն կէս ժամ հեռի, կից Դավրա գեղին։ Ունի քանի մը սենեակներ, պարտէզ, բակին մէջ՝ ընտիր ջուրը մը, պարսպի տակէն կ’անցնի գետակ մը եւ մեծ առու մը՝ ուռիներով եւ ուրիշ ծառերով զարդարուած, օդը խիստ ընտիր, իւր քովերը քանի մը քարայրներ կան, զորս կը համարեն ճգնաւորաց ճգնարան, եւ մեծամեծ քարերով հին գերեզմանատուն մը։ Անապատիս տաճարը կը նորոգէին ’ի հիմանց քարուկիր՝ բաւական մեծածախ, ’ի զո՜ւր։ Իբրեւ հիւանդանոց համարուած է այս վանքը, ուր ամիսներով կու գան կը կենան ուխտաւորք։ Հոս գրեթէ ամէն օր երամ-երամ կանայք կու գան քաղաքէն՝ ուխտի նպատակաւ։ Հոս կու գան նաեւ անպարկեշտ անձինք Հայ եւ Թուրք, հոս կու գան ճգնաւորաց խումբը։ Բայց, իրօք, կրնայ յարմար հիւանդանոցի մը վերածուիլ, որում շատ պէտք ունի այսպիսի մեծ քաղաք մը։
       Ս. ՅԱԿՈԲ, զոր կանխաւ յիշեցինք, Անապատէն կէս ժամ անդին է։ Միայն տաճար մի է՝ առանց սենեակ ունենալու։ Անուշ ջուր մը ունի, եւ սքանչելի է դիրքն ու օդը։ Քանի մը ուռիներ տնկած են, որոց հովանեաց տակ կը հանգչին ուխտաւորք եւ զբօսասէրք։ Տաճարը, որ նոր շինուած էր, խախտեալ էր, դրան ետեւը գանձանակ մը դրած, ժամկոչ մը կ’սպասէր հոն, պատին վրայ՝ Ս. Յակոբայ պատկերը եւ ձեռագիր քարտէզ մը, անճոռնի եւ սխալմամբ լի գրուած մը, որ այսպէս կ’սկսի «Յիսուսի Քրիստոսի ծառայ զտէր Ս. Յակոբ Մծպնայ հայրապետ…»։ Ի շարս բազում եւ անլուր հրաշից կը դնեն մի նորալուր հրաշք եւս, զոր ամէն մարդ գիտէ, թէ որո՞ւ սուտ հրաշքէն քաղած են, այս է. «…Թօթափեաց Սուրբն զվերարկուն իւր եւ անկան ’ի նմանէ 12 կաթիլս եւ բուսան 12 արմաւենիք եւ ետուն պտուղս» եւ այլն, եւ այլն։ Կանո՞ն էր, կոնդա՞կ էր, յորդորա՞կ էր, խառնափնթոր բան մը, զոր ստորագրած էին քանի մը խառնափնթոր անձինք։
       ԽՈՆԸՐԿՏՈՒՐ վանք՝ աւերակ, ժամ ու կէս հեռի է քաղաքէն։ Տաճար մը միայն ունի Ս. Աստուածածին անուամբ, որոյ հողերը Տաճկաց ձեռքն են։ Այս վանքը Խնդրակատար կ’անուանեն ոմանք՝ իբր թէ ուղղելով Խոնըրկտուրն։ Բայց կ’երեւի, թէ կը սխալին. նա ուրիշ նշանակութիւն ունենալու է, ինչպէս որ Տաճիկներն ալ կ’անուանեն Խույ քէսէն քիլիսէ։
       ԴԱՎՐԱ. որ ամէնէն մօտ գեղն է Սեւաստու, ամէնէն ալ գեղեցիկն է իր առատ ջրերով, գետակին շուրթն՝ զառ ’ի կող փոքր ձորոյն, բազմաթիւ ջաղացքներով, հովանազարդ ուռենիներով, վայր սխրալի բոլոր Սեւաստացւոց, ուր կու գան օրերով զբօսնելու եւ զուարճանալու։ Ընտիր է Քէփէնէկ սույի ըսուած ջուրը, զոր խողովակներով քաղաքը տարած են։
       Կտրիճ եւ հաստակուռ երիտասարդներ կան հոս։ Կայտառ եւ քաջառոյգ են ուստերք ու կանայք։ Բոլոր բնակիչքը Հայ են, եւ մեծաւ մասամբ ջաղացպանութեամբ կ’զբաղին։ Ունին քարաշէն պայծառ եկեղեցի մը եւ նորաշէն վարժարան մը։ Եկեղեցւոյն կից՝ կակուղ ժայռերու մէջ, քարայրներ կան, որոց վրայ շատ բաներ կը պատմէին կռապաշտութեան ժամանակներէ։ Սոյն ժայռի մէկ ճակտին վրայ երկու մեծ պատուհանի ձեւով դուռներ կան, կ’երեւի յատկապէս փորուած, նոյն քարէ սիւնակով մը բաժանեալ։ Չաթալ Ս. Սարգիսն է, ըսաւ Տէրտէրն, սանդուխ մը ցոյց տուաւ ժայռի վրայէն փորուած, որ կը հանէր Չաթալ Ս. Սարգիս, ուր սեղան մը կայ, ըսաւ, պատարագելու եւ գեղի կանայք ու մանկունք հոն խունկ ու մոմ կը վառեն կիրակամուտ իրիկունները։ Շատ մը մանր խաչեր կային քանդակուած սոյն քարերուն վրայ։ Քարայրները՝ ճգնաւորաց տեղեր են եղած, կ’ըսէր Տէրտէրն, եւ Չաթալ Ս. Սարգիսն իրենց համար՝ պատարագի խորան, Հայոց նոր քրիստոնէութեան սկսած հալածանաց օրերը։ Սոյն ժայռերու ներքեւ կային հին գերեզմաններ՝ վաղ օրերէ մնացեալ։
       Աւերակ վանքերէն կը յիշատակուին Դէվէկրէի Ս. Գէորգ։ Առաքելոց վանք՝ Դուզասարին վրայ։ Սոխկերոյ կամ Սոխակերաց վանք, ուր կ’աւանդեն, թէ ճգնաւորներ եղեր են, որք միայն սոխ եւ հաց կը ճաշակեն ամբողջ տարին, քաղաքէն երեք ժամ հեռի սենեկաձեւ փորուած քարայր մի է։ Գլխտեղ, Ս. Սեւերիանոսի գլխատութեան վայրը, եւ այլն։
       Սեւաստու քաղաքը անշուք տեսք մը ունի՝ շինուած հովտի մը մէջ, անծառ եւ անայգի։ Գծուծ եւ հին շէնք մի էր նոյն իսկ կառավարութեան պալատը, անկանոն իւր ատենատուներ եւ բանտերը։ Քաղաքին մէկ կողմն է Ալիս գետ (Գըզըլ ըրմագ), կէս ժամ հեռի, որ հարաւային եւ արեւմտեան սահմանէն կ’անցնի՝ իւր վրայ ունենալով կամարակապ քարաշէն կամուրջ մը, զոր կ’աւանդեն, թէ Սենեքերիմայ արքայադուստրն շինած է։ Կան այլ եւ այլ մանր վտակներ ալ, բայց մասնաւորապէս Ալիսի վրայ գործարաններ շինելով՝ մեծամեծ օգուտներ կրնան ձեռք բերել։ Ալիս կը բղխի Արեւելեան հիւսիսէն, Հապէշ լեռներէն, որ մայրի, կաղնի, եւ այլն, անտառներով հարուստ է, եւ շէնքի ու վառելիքի փայտեր կը բերէ այս լեռնէն քաղաքացւոց ի պէտս, եւ պէս-պէս ձուկեր կը մատակարարէ։ Հապէշէն զկնի Սեւաստու նշանաւոր լերինքն են Աստղիկ (Եըլտըզ տաղին), Գուռլավիկ, որ նոյնպէս անտառոտ է, Չամլը պէլ, Սախուր եւ Սպիտակ սարեր (Աղ տաղի)։ Իրիս կամ Թօքաթ սույին ալ Սեւաստու լեռներէն կը բղխի։
       Երկրիս գլխաւոր բերքերն են՝ վաճառականութեան համար ցորեն, գարի, ճէհրի, գազի խէժ, տորոն, սալէպ, աղուէսենի, սամոյր, գայլենի, այծու եւ ոչխարի բուրդ եւ մորթ, եղ, մեղր, պանիր եւ այլն։ Ընտիր եւ առատ աղի աղբիւրներու լիճեր կան, մեծ քանակութեամբ աղ կը վաճառեն բոլոր շրջակայ գաւառաց։ Աղէկ կարպետ (քիլիմ) եւ Քիւրդի գորգ (խալի) կը գործեն։ Հանքեր կան գաճի (ալչի), բորակի (կիւվէրչիլէ), ընտիր մարմարի, կարմիր, եւ սպիտակ քարակաւ, եւ այլն։ Ունի նաեւ երկու ջերմուկ՝ տաք եւ պաղ հանքաջուր, ուր յաճախ կ’երթան Սեւաստցիք՝ թէ՛ առողջութեան եւ թէ՛ զուարճութեան համար։
       Երկրիս հողերը մեծաւ մասամբ Թուրքաց սեպհական են, թափու եղած, արգաւանդ եւ բարեբեր են ընդհանրապէս։ Գրեթէ դաշտի մեծ մասն, լերանց ստորոտները եւ բլուրները կրային եւ աղային են, սպիտակ գունով հողեր։ Բազմաթիւ բլուրներ կան այսպէս, զորս տեղացիք կ’անուանեն Փուռ։ Լեռները, սկսեալ Ամասիայէն ցայսր, մետաղի, պաղլեղի եւ այլ հանքերու գանձարան են։ Գիւղերու մէջ երկրագործութիւն խիստ ծաղկեալ է, եւ բնակիչք՝ առոյգ, հսկայ եւ աշխատասէր, այսու ամենայնիւ, ծանր-ծանր զրկանաց եւ հարստահարութեանց ենթակայ, զորս կը կրեն Չէրքէզներէ, Քիւրդերէ, քաղաքացի Թուրքերէ զօրքերէ, աւազակներէ, մէկ խօսքով՝ տեղական կառավարութեան անհոգութենէն ու անարդարութենէն։ Ճանապարհն է մեծ պողոտայն Բաղդատի, որ Դէլիքլի Դաշէն անցնելով, Տիվրիկէն քիչ մը հեռու ուղիղ կ’երթայ Մալաթիա։ Միւս արահետն է Կարնոյ ուղին՝ Երզնկայի վրայով, լեռնոտ։
       Սեւաստու մէջ տեսայ Կիւրինցի Հայեր, որք կը պատմէին իրենց եկեղեցւոյ կողոպտուիլը, այս երկու տարուան մէջ Թուրքերէն կրած անտանելի զրկանք, բռնութիւն եւ հարստահարութիւն, Արաբեանի տանը քանի մը ամիսէ ’ի վեր ամէն գիշերը պաշարուիլ եւ քարկոծուիլը, Իսթինթագ քէթիպի Զիա պէյին անիրաւութիւնքը եւ անոր՝ Թուրք սրիկայից տուած քաջալերը, իրենց Առաջնորդին՝ Մանճըլըխու Զաքարիա եպիսկոպոսին անզգայութիւն եւ անպիտանութիւնը, որ այս ձիրքերուն հետ ունի նաեւ ծերութիւն եւ հիւանդութիւն, սիրտ եւ միտք չունեցող անձն, որ պառկեր է վանքը։ Ասոր համար կ’ըսեն, թէ քաջ ձի նստել գիտէ եղեր, եւ միայն այն արժանեաց վրայ եղած է եպիսկոպոս Սսոյ Աթոռէն։ Սա վանքի արտեր եւ ջաղացքներ իրեն անուան վրայ կալուածագրել տուած է՝ իբրեւ իւր սեպհական, որպէս զի ժողովուրդ չկրնայ հրաժարեցնել զինքը առաջնորդութենէ (Անմտի բա՞ն է այս)։ Թէ՛ ասոր եւ թէ՛ իրենց ցաւոց համար Պատրիարքարան յաճախ բողոքած են, այլ անլսելի մնացեր է եւ այլն, եւ այլն։
       Գրեթէ ամէն օր գեղերէն կը դիմէին Հայք Առաջնորդին եւ կառավարութեան, թէ՝ Քիւրդեր ու Չէրքէզներ մեր եզները քշեցին տարան, թէ եզները քերթեցին, կաշին տարան, թէ լեռը փայտի համար գնացողները ծեծեցին ու կողոպտեցին։ Միայն մէկ գիւղէն 18 ձի եւ 12 եզն տարեր էին նոյն օրը Չէրքէզներ, եւ Հայոց թափու ըրած արտերուն տիրեր էին՝ ընդ պաշտպանութեամբ քաղաքի հռչակաւոր Մէհմէտ Ալի էֆէնտիին։ Ասոր բարեխնամ հովանեաց ներքեւ ապաստանեալ են ամենայն վնասակար անձինք Սեւաստու քաղաքին եւ բոլոր երկրին, որոնց ամէնէն նշանաւորն է Քիւրդ Ալիշան պէյն, եւ այլն, եւ այլն։
       Սեւաստու Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Առաջնորդարանը նստած գտանք հրաշագործ Տիգրանեան Մկրտիչ եպիսկոպոսը, ուր եկած էր ութն ամիսէ ’ի վեր…։ Ի՞նչ ըսենք այս մարդու համար, զոր ոչ ոք կայ չճանչցող…։ Հազիւ շարժեցաւ տեղէն Թօքադ գնալու, եւ անտի Ամասիա։ Ինչո՞ւ կը շրջի, ի՞նչ կ’ընէ, միթէ պէ՞տք է հարցընել։
       Փափաքելի էր այս տեղի Հայոց ներքին կեանքի, տնական եւ ընկերական սովորութեանց, աւանդութեանց, լեզուին, ոճոյն, վէպերուն եւ խաղերուն վրայ տեղեկութիւն գրել, վասն զի իսկապէս Հայկական հին կեանք կայ ասոնց մէջը։ Բայց ասոր համար հարկ էր բաւական օրեր անցունել հոն եւ գեղերը շրջիլ, որ շատ ցանկալի էր ինձ, այլ պաշտօնս կը փութացնէր զիս մեկնիլ։ Սովորութեանց եւ արարողութեանց մասին շատ նման էին Վասպուրականցւոյն, ուստի գաղթեալ են։ Բայց լեզուն շատ տարբեր կը խօսին, գրեթէ մեծաւ մասամբ Պօլսեցւոյ նման։ Անշուշտ գիտենք, որ Սենեքերիմէն յառաջ շատ յառաջ Հայեր կային այս կողմերը։
       Ուրիշ առթի կամ ուրիշներու թողլով հետաքրքիր լինել եւ գրել այս մասերը՝ կը փութամ վերջ տալ Սեւաստու տեղեկագրութեանս՝ անվերջ ունենալով յուշիս մէջ իրենցմէ՝ ազնիւ եւ զգայուն անձանց անոյշ յիշատակը, եւ բոլորին համար յառաջադիմելու եւ նորոգուելու քաղցր յոյս։
       Քաղաքիս Հայոց եկեղեցիքն են 5, որոցմէ երեքն՝ փոքրիկ։ Վարժարաններն են՝ 1 ուսումնարան եւ 1 ծաղկոց՝ Թարգմանչաց անուամբ։ Ծաղկոց 7. Ներսիսեան, Արամեան, Թորգոմեան, Ս. Սահակեան, Ս. Մինասեան, եւ երկուքն անանուն։ Վարժարան 3. աղջկանց՝ Հռիփսիմեան, Լուսինեան եւ Պեղիքեան։ Ծախք վարժարանաց տարեկան 52000 ղրշ., որոց 47000 ղրշ. ը Սենեքերիմեան ընկերութիւն կը հոգայ երկու խաներու արդիւնքներով եւ ընկերաց բաժանորդագնով, մնացեալը՝ մասնաւոր ընկերութենէ մը՝ Ս. Մինաս եկեղեցիէն, եւ մաս մը՝ աշակերտներէ։ Թիւ ուսանողաց՝ 1422 մանկունք, 494 աղջկունք։ Թիւ Հայոց՝ 13200։ Կաթոլիկ եւ Բողոքական Հայք՝ 72։ Յոյնք՝ 330։ Թուրքք՝ 18437։ Ապտիէան՝ Թուրք բօշայ՝ 200։
       Հայաբնակ գիւղորայք։
       ԲՐԳՆԻԿ գեղ. ամբողջ Հայ Կաթոլիկ. թիւ նոցա՝ 1800։ Ունին եկեղեցի եւ վարժարան։
       ԴԱՎՐԱՅ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Աստուածածին։ Վարժարան՝ 1. Դաւթեան։ Ուսանողք՝ 100 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 880։
       ՍԱՐԸ ՀԱՍԱՆ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Գէորգ։ Թիւ Հայոց՝ 96։
       ՊՕՐԱԶԻԴ գեղ…… Թիւ Հայոց՝ 50։ Թուրքք՝ 30։
       ՆՈՐ ԽԱՆ Աւան. գայմագամութիւն։ Եկեղեցի՝ 1. Ս. Խաչ։ Վարժարան՝ 1. Սենեքերիմեան։ Ուսանողք՝ 100 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 682։ Թուրքք՝ 720։
       ՇԸՆՔՈՒՐԱԿ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Սարգիս։ Թիւ Հայոց՝ 28։ Թուրքք՝ 110։
       ՂԱԼԴԸ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Սարգիս։ Թիւ Հայոց՝ 256։
       ԻՇԽԱՆԻ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Նիկողոս։ Վարժարան՝ 1. Բագրատունեան։ Ուսանողք՝ 60 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 408։
       ԴԸԴՄԱՃ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Սարգիս։ Վարժարան՝ 1. Ղեւոնդեանց։ Ուսանողք՝ 50 մանկունք. Թիւ Հայոց՝ 411։
       ԲԻՆ-ԿԷՕԼ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Մինաս։ Վարժարան՝ 1. Ս. Սեւերիանոսեան։ Ուսանողք՝ 60 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 615։
       ՊԵՏՐՈՍԻ կամ ՂՕՉՀԻՍԱՐ գեղ. գայմագամութիւն։ Եկեղեցի՝ 1. Ս. Յակոբ։ Վարժարան՝ 1. Պետրոսեան։ Ուսանողք՝ 110 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 706։ Թուրքք՝ 470։
       ԵԷՆԻՃԷ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Յակոբ։ Վարժարան՝ 1. Աբգարեան։ Թիւ Հայոց՝ 157։
       ԽԱՆՁԱՌ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Սարգիս։ Վարժարան՝ 1. Աթանագինեան։ Ուսանողք՝ 60 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 467։
       ՂԱՎՐԱԶ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Փրկիչ։ Վարժարան՝ 1. Վռամշապուհեան։ Ուսանողք՝ 40 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 261։
       ԽՈՐԱՍԱՆ գեղ. Եկեղեցի՝ 2. Ս. Աստուածածին եւ Ս. Սարգիս։ Վարժարան՝ 1. Արշակունեան։ Ուսանողք՝ 103 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 618։
       ԱՂՏՔ կամ ԴՈՒԶԱՍԱՐ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Կարապետ։ Վարժարան՝ 1. Հրեշտակապետեան։ Ուսանողք՝ 200 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 1631։
       ԴԱՎՇԱՆԼՈՒ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Թորոս։ Թիւ Հայոց՝ 83։ Թուրքք՝ 420։
       ԳԱՎՐԱ կամ ԳԱԲԵՐԱ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Սարգիս։ Վարժարան՝ 1. Ս. Մեսրոբեան։ Ուսանողք՝ 50 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 438։
       ԿԱՄԻՍ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Թորոս։ Վարժարան՝ 1. Ս. Սահակեան։ Ուսանողք՝ 80 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 827։ Թուրքք՝ 75։
       ՇԸԺՂԵՆԻԿ կամ ԵԱՐ-ՀԻՍԱՐ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Սարգիս։ Վարժարան՝ 1. Պարթեւեան։ Ուսանողք՝ 75 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 827։ Թուրքք՝ 300։
       ԻՍԴԱՆՕԶ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Թորոս։ Վարժարան՝ 1. Սիւնեաց։ Ուսանողք՝ 60 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 498։ Թուրքք՝ 128։
       ՃԱՆՃԻ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Խաչ։ Թիւ Հայոց՝ 138։ Թուրքք՝ 310։
       ԹՈԴՈՐԱԿ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Յակոբ։ Վարժարան՝ 1. Տաճատեան։ Ուսանողք՝ 50 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 500։ Թուրքք՝ 370։
       ԿՈՎՏՈՒՆ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Աստուածածին։ Վարժարան՝ 1. Վարդպատրիկեան։ Ուսանողք՝ 200 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 1145։
       ՔՕԴՆԻ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Սարգիս։ Վարժարան՝ 1. Մովսէսեան։ Ուսանողք՝ 60 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 453։
       ԴԵՒՈՑԱՅ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Կարապետ։ Թիւ հայոց՝ 70։ Թուրքք՝ 270։
       ԶԱՐԱՅ Աւան. գայմագամութիւն։ Եկեղեցի՝ 1. Ս. Լուսաւորիչ։ Վարժարան՝ 1. Արշակունեան։ Ուսանողք՝ 200 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 1497։ Թուրքք՝ 1900։
       ՔԱՐՀԱՏ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Աստուածածին։ Վարժարան՝ 1. Թարգմանչաց։ Ուսանողք՝ 30 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 328։
       ԱԼԱ ՔԻԼԻՍԷ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Մինաս։ Վարժարան՝ 1. Նարեկեան։ Ուսանողք՝ 150 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 663։
       ԹԷՔ ԷՎԼԻ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Գէորգ։ Թիւ Հայոց՝ 130։
       ՂԱՐԱ ԲՕՂԱԶ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Խաչ։ Վարժարան՝ 1. Առաքելոց։ Ուսանողք՝ 40 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 224։ Թուրքք՝ 40։ Քիւրդ՝ 25։
       ՉԱՅ ՔԷՕՅԻՒ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Աստուածածին։ Թիւ Հայոց՝ 80։ Թուրքք՝ 180։
       ՊԱՂՉԷՃԻԿ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Գէորգ։ Վարժարան՝ 1. Ռուբինեան։ Ուսանողք՝ 30 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 279։ Թուրքք՝ 40։
       ԽՕՐՕԽՕՆ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Հրեշտակապետ։ Վարժարան՝ 1. Խոռխոռունեանց։ Ուսանողք՝ 40 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 372։ Թուրքք՝ 280։
       ԲՐԱԲԵՐԴ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Թորոս։ Վարժարան՝ 1. Մամիկոնեան։ Ուսանողք՝ 60 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 362։ Թուրքք՝ 231։
       ՈՂՆՈՎԻՏ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Յակոբ։ Թիւ Հայոց՝ 58։ Թուրքք՝ 700։
       Վիճակիս մէջ գտնուած օտար ազգաց գիւղերու եւ բնակչաց թիւը չկրցանք ճիշդ ձեռք բերել։ Իսկ ցեղերն են՝ Թուրք, Քուրդ, Գըզըլպաշ, Չէրքէզ, Յոյն, Բօշայ։