Կարմիր գիրքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

***

Ու Բէկը ըսաւ. «Այս գիշեր հոգւոյս
Տօնն է. վառուին տա՛ս ջահեր լիալոյս.
Բերէ՛ք սրբազան կոնքը արծաթի.
Այս գիշեր Արեւս արեան մէջ ծաթի։

«Նե՛րս արձակեցէք աւարս գեղեցիկ,
Այս սուրբ կոնքին մէջ կանգնէ՛ սլացիկ
Աղօթքի մը պէս՝ հասակն իր նոճի…։
Իր մկրտութեան Ալլահ թող հաճի…։

«Բերէք կարաւանն Էգերուս, կարգո՜վ,
Կոնքին շուրջ ծունկի շարուին քովէ քով։
Ու թող ա՛յն որուն մօտեցայ երէկ՝
Զոհուի կոնքին մէջ. դաշո՛յնը բերէք։

«Թող երգեն ամէ՛նքն ալ. ա՛յն որ կու լայ
Առաջին զոհին պէս պիտի ըլլայ…։
Թող ծընի Իսլամ արիւնով խոնաւ
Կոնքէն՝ Նո՛ր Իսլամ…»։ Ու այսպէս եղաւ…։

Անշշո՜ւնջ, ամէնքն ալ հեռացեր են։
Լոյսերը մարած. ջահի կայծերէն
Ոմանք կը մխան եղեռնի մը պէս…։
Խունկի ծառն՝ ապրող անձ մ՚ըլլար կարծես…։

Ու վէ՛ս, ու խրո՛խտ, ու մո՛ւթ, անմռունչ,
Մէջտեղը կանգնած կոյսը անտէրունչ,
Ո՛ւ մերկ, ո՛ւ իսլամ արեամբ հրավառ,
Դիւցազնի կարծես մերկ նիզակ մ՚ըլլար…։

Ո՞վ պիտի լայ ձեզ, տարուա՜ծ մոլորո՜ւն,
Գեղեցկագոյններդ Գեղեցիկներուն…
Ձեր առջեւ Կիրքն իսկ պիտ' իմաստանար.
Ու Իմաստութիւնն պիտի ծառանար…։

Դեռ կո՛յս, դեռ վայրի՛, դեռ տա՛ք, անապա՛կ,
Դո՛ւք որ թշնամու վրաններու տակ,
Թափելու կ՚երթաք պո՜ւտ մ՚արցունքի հետ,
Ամօթապարտ պուտ մը արիւն անհետ…։