Կարմիր գիրքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԳԻՒՂԱԿԱՆ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ

Ա.

Եկեղեցիէն մինչեւ գերեզման
Տանող ճամբուն վրայ, քարի մը վրան
Նստեցայ տրտում, ու լո՜ւռ դիտեցի
Հոգւոյս ծարաւո՜վը արեւելքցի
Հեռուներն հանդա՜րտ, հեռուները լա՜յն,
Հեռուները ջի՜նջ, միսթի՜ք, լռելեա՜յն։
Հո՛ն, երկինքներու տակ յաւէտ ծա՜ւի.
Առա՛նց ժպիտի ու առա՛նց ցաւի,
Կ՚ապրէին մարդե՛ր, մրջիւննե՜ր, բոյսե՜ր…։
Հոն չէին ճանչնար ո՛չ կռիւ, ո՛չ սէր։
Հոն Անշարժութեան օրէնքին հըլու,
Առա՛նց աճելու, առա՛նց նուազելու,
Հազար դարերու ու անհուններու
Մտերմութեան մէջ կ՚ապրէին, հեռո՜ւ
Սէ՛գ Արեւմուտքէն ու հեգնելով զա՛յն…։
Հեռուները ջի՜նջ, միսթի՛ք, լռելեա՜յն…։

Բ.

Ու հո՛ն, անուրջի մը մէջ անսահման,
Երկիրը իբրեւ անհո՜ւն խնկաման,
Իր ձանձրոյթը լայն աղօթքի մը պէս
Անշտա՛պ, անխռո՛վ կը մխար կարծես…։
Ու հո՛ն, հեռաւոր հորիզոններու
Անծալ երկինքնե՛րը հեռուէ հեռու,
Կը տեղային վար՝ օրհնութեան մը պէս՝
Ոսկեփոշի լայն անձրեւ մը կարծես…։
Ու հոն արեւուն գունտին մէջ անշէջ,
Ու ծածա՜ն-ծածա՜ն ցորեններուն մէջ,
Ու խրճիթներու բոյնին մէջ համակ,
Աւերակներու սուգին մէջ ճերմակ,
Բա՛ն մը կար Կեանքէն անջատ, Կեանքէն վե՛ր,
Բա՛ն մը որ Կեանքէն բնա՛ւ չէր ազդուեր,
Որ կը նմանէր Երէկին, Վաղուան…
Այդ՝ Մահուա՛ն իսկ մէջ ժխտումն էր Մահուան…։

Գ.

Ասոր համար երբ միտքն Արեւմուտքին՝
Կեանք բառին առջե՛ւը զարմացագին
Հարցական նըշան մը կը դնէ նենգ…
Մենք կախման երեք կէտեր կը դնենք…։
Ու երբ կը վազեն անոնք տենդագին,
Թըւանըշաններով կը լուծեն հոգին,
Կը քննեն Երկինքն ու աստուածը, մենք
Մեր կախման երեք կէտը կ՚երազենք…։
Ու երբ կը խրոխտան անոնք, մենք կու լանք,
Ա՛խ, որովհետեւ ի՛նչ որ ալ ըլլանք,
Գլուխնիս երկինք, ոտքերնուս տակ հող,
Այգին ու ցայգին միջեւ տատանող
Օրօրոցներ ենք…։ Ու ինչ որ անշէ՛ջ
Է, պիտի շիջի շիրմին մութին մէջ…։
Լացը վերյիշում մըն է լռելեայն,
Թէ ի՛նչ ալ ըլլանք, մարդեր ենք միա՜յն…։

Դ.

Այսպէս ապրեցան, ու այսպէս կ՚ապրին
Բոլո՛ր որդինե՛րը Արեւելքին։
Խունկի՛, կնդրուկի՛ ծոցը լռակեաց,
Իրենց հոգիին անծանօթ մընաց
Պոռո՛տ Գիտութեանց շեփորը սոփեստ,
Ու սուտ Փառքերու ծածկոյթն հաստաբեստ…։
Անոնք ստացան, առա՛նց ուզելու…։
Ու կեանքէն անցան՝ առա՛նց յուզելու
Անոր մութ յատակը աչքէ անտես,
Ծովուն վրայ սահող լո՜ւռ բեւճակին պէս…։
Անոնք գինովցան, առանց քննելու…
Ու լացի՜ն՝ սրտի պէտքի մը հլո՜ւ…։
Անոնք խոկացին Եդեմն. ու ծնան
Անէութեան մեծ հսկան Նիրվանան,
Ու երազատես Նազովրեցին հեզ…
Ու Երկունքը հեշտ էր Մահուան մը պէս…։

Ե.

Անոնք նայեցան հեռուէ՜ն՝ մարդկային
Յառաջդիմութեան կուռ մեքենային,
Ինչպէս անտառին ծո՛ցը ամայի,
Ծերունի եղնիկն հանդա՛րտ կը նայի
Տքացո՛ղ, շաչո՛ղ սեւ շոգեկառքին՝
Լա՜յն «ինչո՞ւ համար» մը զարմացագին
Թարթելով աչքին մէջ երազահալ…։
Ինչո՞ւ շտապել. չէ՞ որ ամէ՛նքս ալ,
Ոմանք հեւ ի հեւ, ու ոմանք դանդաղ,
Անվրի՛պօրէն պիտի հասնինք Մահ…
Կեանքն է այս. միշտ սուտ սուտի ետեւէ.
Մէկը հազի՜ւ թէ միւսին չափ տեւէ…։
Շառաչող ծովուն ալիքներուն պէս,
Կը ծնինք ամէնքս, կը բարձրանանք վէս,
Բայց հազի՜ւ ատեն մը կայ փրփրելո՜ւ…
Պէտք է կորսուիլ. կորսուի՛նք հըլո՜ւ…։

Զ.

Ու այսպէ՜ս պիտի կորչի ամէն բան…։
Ժայռին վրայ նստած՝ դիտեցի ճամբան,
Դեղին Փոշիի յուսահա՜տ ճամբան,
Խո՜ւլ «երէկ»ներու պատմի՛չը անբան…։
Ա՜խ, այդ գալարուո՜ղ, չի հատնո՜ղ, խոպա՜ն,
Արեւուն ծագէն ի մո՜ւտքն՝ անխափա՜ն
Երկարող վտի՜տ, բարեկամ ճամբան,
Ծընող Մարդկութեան առաջին օրրա՜ն,
Որուն ապալեր իրանին վըրան,
Հիմալայայի սարէն մինչ Իրան,
Ու Արարատէն մի՜նչեւ Վոսփորոս,
Մինչե՜ւ Դանուբի ակերն մշտահո՜ս,
Ու մինչե՜ւ չորս ծագը Արեւմտեան,
Գացին առաջին հայրերն Մարդկութեան,
Այրող Արեւուն գունտին տակ, խաղա՜ղ,
Ճռացընելո՜վ կառքերնին դանդա՜ղ…։

Է.

Առաջին անգամ ըլլալով հառա՛չ
Մը արձակեցի այդ ճամբուն առաջ…։
Սոսկա՛ցի իրմէն. ու ափ մը փոշի
Առի, մարդու մը նըման որ կ՚ապշի…
Բա՜յց ինչ կիկլոպներ, իբրեւ թէ անշէ՜ջ
Ի՜նչ ազգեր, կեանքե՛ր այդ փոշիին մէջ։
Ի՜նչ արեան լիճեր, քանի՛ ոսկորներ
Դարերու մէջ հոն փոշի են դարձեր…։
Դիտեցի ուշով. զի՛ս ճանչցայ հոն շուտ.
Նախ քարայրներու բնակիչ մազուտ,
Յետոյ ասպազէն նետաձիգ մը սէգ,
Յետոյ թագաւոր մը եթէ կ՚ուզէք,
Յետոյ ածիլուած գլխով մէկ գերի,
Յետոյ թրուպատուր մ՚որ կը դեգերի…
Ու հիմա տժգոյն խե՛ղճ մը դող ի դող,
Ո՛չ մարդ, ո՛չ աստուած, ու ո՛չ իսկ քերթող…։

Ը.

Հո՛ն ճանչցայ նաեւ ծեր Սողոմոնին
Հալւէ բեռցուած կարաւաններն հին…
Գանգէսէն բոյրի, թանկագին քարի,
Ու Կարմիր Ծովէն ալ ամէն տարի
Ուղտերով կրուա՜ծ պերճանքները բուստ,
Դամասկի մետաքս բեհեզն ալ հագուստ,
Արքաներու ձօն՝ Քլէոփաթրային…։
Ու վերապրեցայ հոն եդեմային
Ու գինովցընող հըրաշքը չքնաղ
Շամիրամի պերճ պարտէզին առկախ…
Հո՛ն, այդ փոշիին մէջ խօսեցուցի
Տարաբախտ Անդուանն Հռովմայեցի
Որ վահանն իրեն ծախեց Տռփանքին…
Հո՛ն, խօսեցուցի նաեւ տխրագին
Ժողովուրդներ որ մեռա՜ն անհամար։
Չեմ գիտեր ո՛ր մէկ Արքային համար…։

Թ.

…Յանկարծ ծանը՛ր թեւ մը զարկաւ ուսիս։
Հին երազներէն արթնցաւ հոգիս.
Ու տեսաւ տարեց մշակ մը տժգոյն։
«Ո՞վ ես դու»։ «Անունս է Աշխատութիւն…»։
«Ի՞նչ կ՚ընես այսպէս»։ «Կը մուրամ…» հծծեց
Ու լո՜ւռ հեռացաւ, մինչ ես դառնահեծ
Գացի ետեւէն մինչեւ իրեն տուն…։
Գետնի անկողնի մը վըրայ, արթո՜ւն,
Երկարած նիհա՜ր իր կինն հոգեվար,
Ծեծուած անասնի մը պէս կը հեւար…
Ու մինչ գնաց հինգ խլէզներէն մին,
Աթոռի պէս բա՛ն մը ճարելու հին,
«Հաց չի կայ, կ՚ըսէր հայրիկը ինծի,
«Մի քանի օ՛ր է չեմ երթար գործի,
«Կը տեսնես, վերջին օրերն են գուցէ…
«Առանց ինձ, աչերն ո՞վ պիտի գոցէ…»։

Ժ.

Ու կինը բարի կը նայէր իրեն,
Ինչպէս կը նայի մարդ անա՛սնօրէն
Իրեն Աստուծուն…։ Ախ, որովհետեւ
Իր կենակցութեան ժամը կարճատեւ
Սիրալի՜ր եղաւ. կռիւ չունեցան
Ո՛չ դրամօժիտի, ո՛չ ժառանգութեան…։
Ժըրաջան տիկին, միշտ իր յարկին տակ…
Թանը առատ էր, անկողինը տաք…
Ու քիչ օրէն երբ Տիրոջ հրամանով,
Հողին տակ պիտի թաղուէ՜ր ապահով,
Կը խրատէր էրկան՝ առնել գիւղակին
Այսի՛նչ ժրաջան աղջիկն իբրեւ կին,
Որովհետեւ խեղճ կինը կը յուսար,
Թէ ան կը նայէր աչքով հաւասար,
Թէ՛ իր ամուսնոյն, թէ իր խորթերուն
Եւ թէ՛ գոմի իր փոքրիկ հորթերուն…։

ԺԱ.

Դուրս ելայ տունէն, մարմինս փուշ-փուշ.
Խորհեցայ կեանքին իմաստին ապո՛ւշ,
Թէ ինչպէ՛ս ստրուկ կիրքերու հըլո՜ւ,
Մարդս աւելի՛ վարժ է մուրալու,
Քան պապենական օրհնած դանակով,
Քի՜չ մը վախցնել - գոնէ՜ կատակով… -
Մեր ոսկեձոյլ նո՛ր Աստուածները կո՜վ…։
Խորհեցայ թէ Դրամ միապետին քով՝
Ի՜նչ տժգոյն ըմբիշ մ՚է Աշխատութիւն…։
Խորհեցայ անգա՛մ մըն ալ անարիւն
Այն բո՛ւռ մը «Նորին Վսեմութեանց» վըրա՛յ
Որոնց շնորհիւ երկիր կը դառնայ…։
Խորհեցայ Ուժին վրայ մըտովի,
Ու ա՛յն հտպիտին, որ Օրէնք կ՚ըսուի…։
Ու գացի ես լուռ, իմ սուգիս դարմա՜ն,
Հաւասարութեան դաշտը Գերեզման…։