Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՒՂԱԿԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Ա.

Սկեպտիկ ժպտով մը դանդաղագին,
Երբ մարդ ըմպած է մրո՛ւրը Կեանքին,
Երբ ծառայած է կամքով կորովի՝
Այն մեծ վարպետին որ Վիշտ կը կոչուի.
Ճանչցա՜ծ է դողդոջ դշխոն որ Սէրն է.
Ազգաց եւ անհատին Պատմութեան դժնէ
Նայած է անգամ մը միւս երեսին,
Ճանչցա՜ծ է Մարդուն Գիտութիւնը սին,
Արուեստն յաւակնոտ, սիրտն ամբարտաւան,
Սո՛ւգը Երէկին, երկիւղը Վաղուան
Ու ճշմարտութեան հոգին ծարաւի՜
Զննած է երկնից պարապը ծաւի
Հի՜ն աստուածներու վիհն այն մշտակա՜յ, -
Ա՛յդ մարդուն համար ուրիշ վայր չի կա՜յ
Աւելի՛ քաղցրիկ հեշտանքով յըղի,
Քան գերեզմաննոց մ՚աղքատիկ գիւղի ։

Բ.

Լո՜ւռ նստած քարի մը վըրայ տապան,
Դիտեցի լռի՜ն այդ վայրը խոպան,
Ու զո՜ւր խորհեցայ թէ այս այն վա՛յրն է,
Ուր վաճառական Աստուած մը դժնէ
Չարը կը պատժէ անսահման վախով,
Բարւոյն շնորհելով դրախտ մ՚ապահով ։
Ընկղմած ծոցն այդ Մահուան Քաղաքին,
Զուր խորհեցայ թէ անմա՜հ էր հոգին ։
Անմա՜հ. բայց չէ՞ որ երկնից մէջ գարնան
Բիւր գիսաւորներ մոխիր կը դառնան.
Աստղեր կը վառին, աստղեր կը սառչին.
Կը լռէ ցայգին պլպուլը վերջին,
  Բոյս ու կենդանի կ՚իյնան անկենդա՜ն.
Ամէն, ամէ՜ն բան մահուան զոհ կ՚երթան
Ու երկնքին հիւր՝ լոկ մա՛րդն է տըխուր ։
Անմա՜հ, մինչեւ ե՞րբ, եւ ինչպէ՞ս, եւ ո՞ւր ։

Գ.

Բայց ուսկէ՞ կու գայ այն Յոյսը մարդուն,
Որ մեծ ցայգին մէջ միայնա՜կ արթուն
Կ՚ուզէ հսկել՝ երբ իր ոսկորոտին
Երկու ափ հողի ներքեւ կ՚անհետին ։
Ու ինչպէ՞ս դիակը փտելէ վերջ,
Մարդ յամառօրէ՛ն, Մահուա՛ն ծոցին մէջ,
Անմահութեան Յո՛յս մըն է դիուցեր ։
Անշո՛ւշտ սարերու երբ եղնիկը ծեր
Կը նայի անդունդն ի վար անյատակ
Երբ գայլը փոքրիկ՝ մացառներու տակ՝
Կը դիտէ մա՛հն իր գնդակահար հօր
Երբ ովկիանին վրայ անդնդախոր՝
Շնագայլն հսկա՜յ կը թաւալի լո՜ւռ
Վերջալոյսին դէմ Առիւծը տխուր՝
Երբ կը մռնչէ դաշտին մէջ խոպան
Անմահութեա՜ն վրայ չէ՛ որ կը խոկան ։

Դ.

Նո՛յնիսկ Մարդուն մո՜ւթ նախահայրն Ադամ,
Անզէ՜ն, անպաշտպա՜ն այդ խեղճն հաշմանդամ,
Նետուած ուժերո՜ւ միջեւ ահագին,
Շա՜տ քիչ հաշիւի կ՚առնէր իր հոգին,
Երբ պտո՜ւղի մը համար, անվեհե՜ր,
Անմահութենէն կը հրաժարէր ։
Բայց ահա անբա՜ւ միջոց մ՚է անցեր.
Յիսուն ծանրածանր դարով՝ Մարդը ծե՜ր,
Որ իր ուղեղին դրդումին հըլու,
Հասեր է ամէ՛ն ինչ գըրաւելու,
Ստրուկներ գտեր է անասնոց մէջ,
Մնացածը զարկեր, հալածեր անվե՜րջ,
Աստուածնե՜ր շիներ է նախ անհամար,
Յետոյ ամէ՛նքն ալ այրելու համար
Տիրե՛ր է Բնութեան Ուժին ահագին,
Կը տենչայ իշխել արդ Ժամանակին ։

Ե.

Ա՜խ, անմա՜հ ըլլալ ։ Ապրի՜լ յաւիտեան.
Ի սպա՜ռ չունենալ ո՛չ դար, ո՛չ վայրկեան.
Ժամանակի՜ն պէս, Ժամանակին մէջ,
Տքա՜լ, տառապի՜լ, բայց ապրի՜լ անվերջ ։
Սիրտը արիւնոտ, մարմինը հիւանդ,
Յոգնաբե՜կ, ի՜նչ փոյթ, ապրիլ մանաւանդ ։
Շիւղ մ՚ըլլալ մարգի, ի՛ր մը լռելեայն,
Բայց յաւիտենին մէջ ապրի՜լ միայն ։
Քար մ՚ըլլալ անարգ, ապառաժ մ՚անխօս,
Գէթ նիհար առուակ մ՚ըլլալ մշտահոս,
Ծա՜ռ մը դարաւոր, մետա՜ղ մը միայն
Անմի՛տ, անզգա՜յ. չի մեռնի՜լ սակայն ։
Աստուածացեալդ Մա՛րդ, ամօ՛թ քեզ, ամօթ,
Մութ, ամբարտաւան խրոխտութեանց անօ՜թ,
Դեռ ամէ՛ն գնով կը կառչիս հողին ։
Նայէիր աշնան տերեւին դեղին ։

Զ.

Ու երբ ըսեն թէ գիտութիւնը նոր
Այրեց հի՜ն, փոշո՜տ գիրքերը բոլոր,
Թէ նիւթ կայ միայն, Հոգին չէ՛ անմահ,
Հոգին չի կա՛յ իսկ. Մի հաւատաք, ա՜հ ։
Վճիտ մոմեաներն հին Եգիպտոսին,
Դարերու գաղտնի՛քը թող ձեզ խօսին ։
Նայուածք մ՚ուղղեցէք դէպի Պարթենոն,
Նոր Անմա՜հներն են որ կը խրոխտան հո՜ն ։
Ու է՛ն չոր գիտունն իսկ՝ կրօնքին օտար՝
Քարէ արձանի մը հոգին կու տար ։
Ա՜խ, կեանքի, մահուան կռիւն անզգամ ։
Ու անշուշտ՝ մենէ է՛ն խելօքն անգամ,
Երբ տեսնէր Մահն, որ պաշտօնին հըլո՜ւ
Կու գար սիրելին մենէ խլելու,
Թէ Աստուա՛ծ ըլլար ան, թէ Սատանայ,
Շան մը պէս պիտի խեղդէր անխընայ ։

Է.

Շա՛ն մը պէս Ա՛խ, շատ չի պիտի ըլլար ։
Բաբէ՜, կը յիշեմ թէ ինչպէ՜ս կու լար,
Ինչպէ՜ս կը խածնէր սնար ու սաւան,
Ինչպէ՜ս կը կանչէր արե՜ւը վաղուան
Որ ա՜լ չի պիտի գար երբեք իրեն.
Ու ինչպէ՜ս կ՚ուզէր խելայեղօրէն
Մարմինն անկողնէն քաշել անհընա՜ր,
Ու ինչպէ՜ս պատէն մագլիլ կը ջանա՜ր,
Սարսափած աչքերն ուղղելով ինծի
«Ես եմ, բարեկա՜մդ, աւա՜ղ » գոչեցի,
Բայց ան աչքերուս խրեց իր մատներ,
Զի ես կ՚ապրէի, մինչ ինք կը մեռնէր ։
Հասկցա՜յ, ընկե՜ր. լեզուդ վերջնագոյն,
Բայց մահէն փախչող վատ մ՚էի տժգոյն,
Զի Սէրն իսկ սո՜ւտ է, մարդերը մա՛րդ են
Ու մեր երկուքին մէջ մա՛հն էր արդէն ։

Ը.

Ինչպէս նետահար թռչուն մ՚որ յետին
Ճիգերն իր կ՚ընէ կառչելու օդին
Ծովամոյնն ինչպէս կը փարի վէտ-վէտ
Խլեակի մը որ կ՚ընկղմի իր հետ
Ինչպէս սարի հէգ արծիւն հոգեվար
Կը կառչի ժայռին որ չի սահի վա՜ր
Այնպէս մատներուն ճիգովը յետին
Կ՚ուզէր բռնուիլ սնարին պատին ։
Անկողին գամուած, փտիլ, ցաւիլ, լալ,
Դարերով, ի՛նչ լաւ ։ Բայց մեռնի՜լ, չ՚ըլլա՜լ ։
Ահե՛ղ կը մղէր պայքարն անիրաւ
Երբ բերնէն արեան ուղխ մը զայն տարաւ ։
Այդ շքեղ սրտէն, կեանքէն ի՞նչ մընաց.
«Ե՛Ս» կ՚ըսէ աճիւնն, «Ե՛Ս» կ՚ըսէ Աստուած ։
Ու ե՛ս, իր գեղջուկ քարին վրայ կու գամ
Յանգի զարնելու տաղերս անզգամ ։

Թ.

Դիտեցի գողտրիկ այդ վայրը բողբոջ
Ու ես ակամայ խորհեցայ դողդոջ
Ծերուկ Տանթէի ահեղ դժոխքին,
Ուր յիմար վազքի մը մէջ մոլեգին,
Այրող խաւարին, փրփրող արեան մէջ,
Երախնին բացած, անբարբա՜ռ, անվե՜րջ,
Տժգոյն հերոսներ պար կը դառնային ։
Խորհեցայ նաեւ սէգ Սատանային,
Զոր Միլթոն, աչքով կոյր, հոգւով արթուն,
Իշխա՜ն հռչակեց յաղթուած Մարդուն.
Որ երեքժանի ցուպով կը զբօսնէր
Անհանգիստ ընել դատարկ գլուխներ ։
Չը մոռցայ նաեւ մտածել ահեղ
Օրուան՝ երբ փողին ձայնէն խելայեղ,
Կմախքներ երկի՛նք կը թռչին արդէն ։
Ինչ որ քիչ մը շատ խնդրել է մարդէն ։

Ժ.

Մարդուն տանջըւած խղճմտանքը վա՜տ
Ի՜նչ մղձաւանջներ երկնեց յուսահատ,
Ի՜նչ սադայէլեան ցաւեր անհամար,
Ի՜նչ եդեմ՝ մեր գարշ դիակին համար ։
Հո՛ն, ոչի՛նչ կայ մութ, ոչի՛նչ կայ դժնէ ։
Ան դանդա՜ղ խմուած պարապ գաւաթն է,
Առա՛նց քանդակի, առա՜նց սուտ զարդի,
Առանց նորագիւտ հնարքներու արդի,
Որ տիտղոս, տարիք կ՚անմահացընեն ։
Վարդի թուփ մը հոն կ՚իյնայ ծարաւէն ։
Ու եթէ երբեմն ողբեր կողկողեն
Քարի մը տակէն. Ծե՜ր բուն է գիւղին ։
Թէ արշալոյսին ստուեր մը յածի.
Իմաստասէր կո՜վ մ՚է որ կ՚արածի ։
Ու թէ շիրիմներ պեղուին անընդհատ.
Բորենի մըն է, կամ քերթող մը վատ ։

ԺԱ.

Ինկայ ու մտիկ ըրի սգահար,
Ձայնի մ՚որ քարին ներքեւ կը դողար.
Ե՛ս եմ, Ե՛ս եմ, Ես քեզ եղբա՜յր, քեզ քո՜յր.
Ե՛ս տիեզերքին հսկայ ա՛չքը կո՜յր.
Ե՛ս սկիզբ եւ վերջ, երա՛խ ու արգանդ.
Ե՛ս վիհ անյատակ ու ծոց արգաւանդ.
Ե՛ս ա՛յն եմ որ քեզ ծընաւ, նաեւ ա՛յն
Զոր պիտի ծընիս ։ Ե՛ս ձայն լռելեայն ։
Ե՛ս օրհնութիւնն եմ, բարիքը վերջին.
Ե՛ս այն եմ որմէ ամէնք կը փախչին
Եւ որմէ փախչիլ չի կա՛յ ։ Հաւասա՜ր
Ներո՛ւմն եմ անոր որ ինձ կը յուսար,
Անո՛ր որ հեգնեց զիս առանց խղճի ։
Ամէնո՛ւն ալ վրայ իմ մարդըս կ՚աճի ։
Մանգաղս ո՞վ պիտի համբուրէր անա՜հ ։
Ինձ ԱՍՏՈՒԱԾ ըսին, իմ անունս է ՄԱ՛Հ ։

Լօզան, 1909