Կարմիր գիրքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԻՆՉՊԷՍ ԵՐԲԵՄՆ …

Քերթո՜ղ, պատմէ՜ մեզ հայրենի յուշքերէդ,
Երգէ՜ մեզ հի՜ն օրերու երգ մը անհետ,
Թափառայա՜ծ թրուպատուրի ե՜րգ մը զով,
Արփշի՜ռ ու զո՜վ մեր Գողթանի ողկոյզով … ։

Մեռելի շէ՜ն երգ մը հանէ թոքերէ՜դ,
Հի՜ն, կռապա՜շտ այն երգերէն որոնց հետ,
Մեր ասպազէն Քաջերն արոյր թափօրո՜վ,
Սաղաւարտնին շողացնելով ջահերո՜վ,

Արքայական հանդէսներուն, վայրա՜գ, վէ՜ս,
Կը պարէի՜ն, աստուածներո՜ւ պարին պէս …
Երգէ՜ մեզի հի՜ն օրերու հին յուշեր,

Մենք դարաւոր մեր Մահացումն այս գիշեր
Պիտի պարե՛նք, եղեռնօրէն շէ՜ն, խելա՜ր …
— Քերթողը, ծե՜ր, չը խօսեցաւ … Ան կու լար … ։

Լօզան, 1 Յունուար 1909