Կարմիր գիրքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԲԱՆՏԻՆ ՄԷՋ

Ա. ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻՆ

Թուրքական խուլ աշխարհի մի մութ ճամբու վրայ կորա՜ծ,
Մոլորած ծե՛ր գայլի պէս, կամ տղու պէս խաշնարա՜ծ,
Որ գիշերով կորսուեր է ծործորին մէջ սա՜րի,
Ա՜յդպէս հոգւոյս աղաղակն հեռուէն քե՜զ կ՚երկարի…։

Դո՛ւն աղօթքով ու խունկով սնած հոգի լռելեա՜յն,
Դո՛ւն երազի միսթիք քուրմ, դո՛ւն հին սկիհ սրբութեան,
Դո՛ւն սիրոյ խաչ՝ ակամայ այլակերպուած նիզակի,
Խաղաղութեան ախոյեա՜ն՝ կազմերուդ տակ ռազմիկի…։

Գուցէ այգե՜ր կ՚երազես, քու հորիզոնդ խո՜ւց մ՚է քա՜ր…։
Վճիտ աչերդ կը թրջին, ու զայրոյթէդ խելագա՜ր
Բանաստեղծի նիհար ձե՜ռքըդ կը զարնէ պատերուն…։
Ո՛չ մէկ շշուկ, եթէ ոչ խեղճ արձագանգդ շուարուն…։

Ու կը դիտես բախտիդ ծառը որ մութիդ մէջ կ՚աճի։
Հարցեր կու տաս դուն ի զո՜ւր անոր թէ ե՞րբ կը հաճի
Վսեմութիւնը նորին, փոքրիկ-Աստուած, կայսրը Ձար,
Ներում շնորհել ոճրապարտ մեղքերուդ զոր չճանչցար…։

Ու կը դիտես դողալով կարմիր արի՜ւնը թոքիդ.
Կարմիր արի՜ւնը թուքիդ, ու կը փղձկի խե՜ղճ հոգիդ…։
Ոչ մէկ ընկեր մտերիմ՝ որ քեզ լսեր, բայց գուցէ՜
Ոճրագործ մ՚որ ոտքիդ տակ հուսկ իր աչերն կը գոցէ…։

Պիտի կրկնե՞նք, ո՛վ ընկեր, քու կեանքի դամբանիդ,
Այն ռազմական բարբառները քաղցրօրէն միամիտ,
Թէ երկաթի շղթաներ կը կոտրտուին ահաբեկ,
Արդարութիւնն է յաղթող, չի թաղուիր լոյսը երբեք…։

Ու ահաւոր, ու վճիտ Արշալոյսով մ՚անխնայ,
Երբոր շեփորը հնչէ, ու ժողովուրդն արթննայ,
Քո՛ւ արիւնով, քո՛ւ մատով, քո՛ւ զնտանիդ քարին վրայ,
Հուսկ «Աստ-հանգչին» կը գրես դղրդացող բռնութեան…։

Հո՛ւսկ «Աստ-հանգչին» թագերուն, մականներուն, գահերուն…։
Հո՛ւսկ «Աստ-հանգչին» անոնց որ Աստուածներու պէս, հեռո՜ւն,
Ամբոխներու կ՚արտօնեն մա՛հը ճիւաղ հեշտանքով…։
Հո՛ւսկ «Աստ-հանգչի»ն զոր գուցէ կնքես կեանքիդ կնիքով…։

[1910]