Նոր տաղեր. 1906-1907

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
2. ՋՈՒՐԷՆ ԴԱՐՁԻՆ
       Երբ բըլուրն ի վար
Աղբիւրէն դարձին,
Իր վարսքի խուրձին
Մէջը սողոսկի
Նուրբ մատիկն ոսկի
Արեւի լոյսին.
Հիր սափորն ուսին
Երբ բըլուրն ի վար
Աղբիւրէն դարձին,
Մեղմով ծածանի
Լաջակն հողմավար`
Թեւով թռչունի.
Ու ծիածանի
Թոյրով պսպըղայ
Աչքն իր գեղանի.
Եւ երբոր ցնծայ
Հնչիւնը` ծնծղայ
Զարդոսկիներուն.
Տենչանքով անհուն
Հոգիս պիտ' ըղձայ
Գանձեր` զոր չունի:
Ծարաւ շիղին պէս
Պիտ' ըղձայ անի
Երկու կաթիլ ջուր
Շուրթերուն իր կէզ:
Եւ իր ճակատին`
Զովացքը ցրտին,
Ճակատին կըրակ`
Զովացքը ցրտին,
Կարմիր սափորի
Ջուրին սառնորակ
Ցօղովը բերրի`
Կակաջ ձեռքերու…
Ա՜հ, այս իրիկուն
Սափորն իր ուսին
Աղբիւրէն դարձին`
Սիրոյս անանուն
Ջերմ սարսուռներով
Կը դողայ սօսին…