27.
ՏԵՐԵՒՆԵՐԸ
Կ'ԸՍԷԻՆ…
Ոսկի
շաղով
օծեցիր
Կապոյտ
ծաղիկն
ակերուն,
Լիճերու
պորտը
սարսռուն,
Ու
գետակներն
ափնածիր:
Արե՜ւ,
մե՜զ
ալ
ոսկեզօծէ,
արե՜ւ,
մե՜զ
ալ,
ա՜հ,
մե՜զ
ալ…
Ոսկի
թոյրեր
սրսկեցիր
Բըլուրներու
կողն
ի
վար.
Փայփայեցիր
հողմավար
Դաշտերուն
վարսքը
ցանցիր:
Արե՜ւ,
մե՜զ
ալ
գգուէ
մօտէն,
արե՜ւ,
մե՜զ
ալ,
ա՜հ
մե՜զ
ալ…
Ոսկի
մատիկդ
հըպեցիր
Եւ
համբոյրիդ
դըրիր
բոց,
Իրիկուան
մէջ
այս
հեշտին,
Մարիներուն
ու
մարդոց,
Աղջիկներուն`
կաթնաձիր
Ու
վարդ
մըշուշ
ճակատին:
Արե՜ւ,
մե՜զ
ալ
ողջագուրէ,
արե՜ւ,
մե՜զ
ալ,
ա՜հ,
մե՜զ
ալ…
Ոսկի
կեա՜նքը
մեզ
տըւիր.
Եւ
առանցքը
դուն
եղար
Մեր
աւիշին
հոծ
տենչին.
Տակաւին
մի՛
բաժնըւիր
Եւ
հնչեցուր
ոսկելար
Անհուն
քընարդ`
հե՜ղ
մըն
ալ.
Ուզէ
քիչ
մը
յամենալ,
Համբուրե՛լ
մեզ
վերըստին:
Ու
չը
ծագած
դեռ
ջնջին,
Բայց
անգորով
ու
ցրտին
Լոյսն
անհունէն
մոլորած
Լուսաւորին
առաջին
Կենսաւէտէ
մեզ
ամէնս
ալ,
արե՜ւ,
ամէ՜նս,
ամէ՜նս
ալ…