Նոր տաղեր. 1906-1907

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
8. ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱ՜Ր
       “…Ահա կաթիլ մի կաթին քումդ
կուսութեան յանձն իմ անձրեւեալ…”
       Նարեկացի
       Կաթնածաղիկ ու կապտերակ գիշերին մէջ,
Մեղեսիկի փոշի մըշուշն ըլլամ ըսփիւռ,
Եւ առիգածն արծաթ` ջուրին վրայ հոլանի.
Ու ձա՛յն ըլլամ, ըլլամ ծաղիկ, ըլլամ զեփի՜ւռ`
Ամէն իրի հըպիմ փափուկ թեւերով գէջ:
Ըլլամ ջրվէժ, ըլլամ գետափ մը գեղանի,
Ըստուե՜րն ըլլամ խնկագունած այգիներուն,
Կամ գետերու հողմիկ աւաչն, ու գետաձայն
Հովին անցքը` երկնասլացիկ կատարներէն:
Կաթնածաղիկ ու կապտերակ գիշերին մէջ
Պատկե՜րն ըլլամ սրբազնացած ես համայնին.
Օղամանեա՜կ մ'ըլլամ ես թանկ եւ անմարմին.
Ու շուշփայ մը` հաղորդութեանըդ կաթնաձիր.
Գետէն անդին կանչե՛ս ինծի. Անցի՜ր, անցի՜ր.
Մեծ դիւթութեան կայծակ մը տաս մըթար հոգւոյս,
Ա՜հ, չըգայթի՜մ կոհակն ի վար ցընորքներուս.
Թող համբուրէ՛ աչքըս ջահումն աչքերուդ կոյս,
Ու չըգայթի՜մ կոհակն ի վար ցընորքներուս:
Ահա՜ մագլիմ պիտի ցաւիս սարակն ի վեր.
Երազներու սատափ ճամբէն ցրուէ ամպեր.
Եւ իղձերուս կապոյտին վրայ, վարդ ամպը դուն,
Վարդ ամպն եղիր` մերթ լուսինկան պատմուճանող.
Դո՛ւն, աստուածեան գեղեցկութեան արփաւո՜ր հարս,
Սրբութեան կո՜յսը ձիւնաձիր ու հըրավարս:
Գիշերին մէջ կ'իջնէ դեռ ուղխը լուսեղէն,
Կաթիլ մը կաթ` ծովացած քու սրբութենէն.
Ու տե՜ս, ահա՜, կը մանկանամ, Աստուածամար,
Ու տե՜ս, ահա կը մանկանա՜մ գիշերին մէջ`
Ուր լըսեցի ես աստուածեան ձայնին վայրէջ`
Որ կը շաչէր աստուածարեալ հոգւոյս համար: