16.
ԱՅԳԱՅԻՆ
Տանիքներուն
վրայ
մըշուշը
սնդուս
լաթեր
կը
փըռէ,
Ճամբաներուն
վրայ
արեւը`
շոգոլիներ
ոսկեման:
Որմին
մօտիկ
սըրինգն
անվերջ`
մեղեդիներ
արոյրէ,
Որմին
վըրան`
աքլորն
ըսթափ
զարթօնքի
ճիչն
անսահման.
Որմին
դիմաց
աղջընակ
մը
տարփոտ
երգեր
կ'ոլորէ:
Աղաւնիներ,
լաջակներու
պէս
մետաքսէ
գունագեղ,
Ճամբէ
ճամբայ
կը
թռչըտին
թոյլ
ծածանքով
վաղանցիկ:
Աղբիւրին
լուրջ
ջուրերուն
մէջ
ճառագայթ
մը
կ'իյնայ
շեղ,
Աղբիւրին
հարթ
քարին
վըրայ`
ձայնն
հօտաղին
երգեցիկ,
Աղբիւրին
զով
ծորակին
հուպ`
համբոյրն
հովին
առտըւան:
Խա՜չ
հանեցէք
ու
ծա՛փ
զարկէք,
կարմրութիւններ
հինայի
Եւ
արփածին
թոյրեր
հագած`
առտուն
մեզի
կը
նայի:
Ծառերուն
վրայ
թռչուններու
խմբերգն
հիմա
կ'անձրեւէ,
Ծառերուն
տակ
ծիծաղը
ջինջ,
մանկան`
յոգնած
կաքաւէ,
Ծառերուն
քով
բոյրը
ծաղկին`
ամէն
գոյնէ
ու
ձեւէ…