Նոր տաղեր. 1906-1907

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
32. ԼՈՒՍՆԱԿ ՔՈՒՐԻԿԻՍ
       Ա
       Երէկ գիշեր մոռցեր էիր,
Լուսնա՜կ, գիտե՞ս,
Երէկ գիշեր մոռցե՜ր էիր պատուհանիկս իմ համեստ.
Պատուհանիկս իմ անտես`
Ուր մութ մը գորշ վիժակի պէս էր կախուեր:
Հոգ չէ՜ր, այդ մութն ըրի խորան հսկումի`
Ուր պաշտանքի ո՛չ մէկ ծաղիկ կը թոռմի,
Ուր մութի տակ լոկ նինջ մը կայ լուսանուէր:
Երէկ գիշեր անցար քովէս,
Անցար, գո՜ւցէ անգիտակ,
Անցար` եւ ես`
Քու հեռաւոր պերճանքներուդ շլացքին տակ`
Ջուրի ցայտքի մը պէս զըւարթ` հծծեցի:
Օ՜հ, պարտէզը չէ՜ մոռցեր,
Եւ արիշն ու սարբինան
Իր լոյսերովն է օծեր:
Ու նայեցայ հանդիպակաց ծաղկաստանին ալ վըրան,
Լելակներուն վրայ կապոյտ,
Չքնաղ, պչրոտ ու անփոյթ`
Դաստակդ է իր երկարեր:
Ու դիտեցի,
Չէիր մոռցեր սա ծըխանն ալ դըրացի,
Չէ՛իր մոռցեր եւ ճամբաներն ամայի,
Չէի՜ր մոռցեր…
Չէ՛, այսօր ալ զիս մոռնայիր,
Եթէ այդպէս պէտք էր ըլլար, որպէսզի
Արծաթէիր շուրջս անխըտիր
Ամէն դալար ու ծաղիկ:
Որովհետեւ ես քեզի
Մտքիս թեւո՜վն ալ կը հասնիմ երջանիկ.
Քանզի նոյն իսկ եթէ ըլլաս
Ամպին ետին ալ պահուած`
Ես կը հասնիմ անկասկած,
Քու պերճ կայքիդ` հէք իրերուն համար անհաս:
Ես կը հասնիմ անկասկած,
Քեզի՜, քեզի՜, քո՜յր աստուած,
Եթէ երբեք իմ հոգւոյս
Լուսախորշին մէջ պահուած
Վերջին նըշոյլն ալ` անլոյս
Խոռոչի մը ծոցն իյնայ.
Վերջին նըշոյլն այն ցոլքերէն` զոր գիշերներն եմ ժողված.
Լիալուսնի արծաթաշող գիշերնե՜ր…
       Բ
       Մահի՜կ ոսկեսար, այս գիշեր նորէն
Սարսռացի լոյսիդ մէջ երանական.
Եւ հոգիիս մէջ ինկան
Խայտանքի նոր թիթեռներ.
Ծիածանի սանդուխէն վեր`
Նոր երանգներ տարօրէն:
Մահի՜կ ոսկեսար, այս գիշեր նորէն,
Մոռցըւած երգի ծըւէն,
Կամ անուն,
Անյուշութեան ոլորտներուն
Միգամածին մէջ կորսըւած`
Դուն` ծաղիկներ ցնծութեան
Նըշուլեցիր յեղակարծ,
Հոգւոյս մէկ փըլուզակին վերեւ,
Հինաւուրց որմի մը բացատքէն:
Մահի՜կ ոսկեսար, այս գիշեր նորէն,
Մէկ լուսեղէն վայրկեանով,
Տարագրեցիր հոգւոյս մըռայլն համօրէն:
Օ՜հ, աս ի՜նչ ճախրանք, օ՜հ, աս ի՜նչ գորով,
Այս գիշեր, նորէն,
Պատուհանէս ներս սահեցար յուլօրէն.
Շօշափեցիր վարագոյրներն ըսպիտակ,
Եւ աշտանակն արոյրէ,
Եւ հայլիին մէջ վառեցիր նոր ճըրագ:
Եւ ամէն մէկ հըպումիդ
Հոգի՜ս էր որ ինկաւ լազուարթ ձեռքիդ տակ:
Ներէ՛, ա՜հ, ներէ՜,
Որ վայրկեան մը վերջ, հիմակ,
Սեղանին վրայ նիւթէ լամպարս եմ վառեր,
Ըսելու համար թէ քեզ չե՛մ մոռնար, թէ քեզ չե՜մ մոռցեր…