Նոր տաղեր. 1906-1907

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
11. ՁԻՒՆԻ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ
       Պարն է ձիւնին, փըսփըսուքը պարիկներուն,
Որ տանիքին վըրայ ճերմակ էջ մը կ'ըլլայ`
Ուր կը յածի գիրն անուրջիս իմ օրօրուն.
Որ հոգւոյս մէջ ալ ըսպիտակ հորձք մը կ'ըլլայ,
Ու կը խուժէ սարերէն վար գորշ խոհանքիս:
       Եւ արեւի՜ն կըսպասեմ ես ցնծապատար,
Միտքս երազով լեցուն համակ, ձեռքըս ծափո՜վ.
Ունկնդրելու զանգակն անոր պատարագին,
Ու դիտելու լոյսէ աղջիկն` որ պիտի տար
Առջի բոցը` յուզումներուս մարած ճրագին:
       Ու տօնելու` ճերմակին փառքն այս ձիւնեղէն,
Որ կապոյտին կը լըծորդուի հորիզոնին,
Ու կանչելու համար հոգւոյս մէջ վերըստին
Ճերմակ հոյլ մը վաղընջական անուրջներէն,
Ու ծիածան մը գոյներէ վայրավատին: