Նոր տաղեր. 1906-1907

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
29. ԻՐԻԿՈՒԱՆ ՄԷՋ ԽՈՐԻՆ…
       Իրիկուան մէջ խորին,
Երբ օդայած կը թռչի,
Ծիրանեծաղիկ փետուր անուրջի`
Հիր ճառագայթն արեւին`
Հեծքն է աղբիւրին մէջն ամէն ճիչի:
Իրիկուան մէջ խորին,
Երանգներ երբ ջուրին
Մէջը մարմըրին,
Ու թանձրամած ժըխորին
Իյնան թեւերը մէկէն.
Իրիկուան մէջ խորին`
Կարկաջն աղբիւրին կը կանչէ յստակ`
Հովիկ նաժիշտն` իր ջուրին
Խաժ հանդերձը փոթելու:
Եւ իրիկուան մէջ խորին,
Ծանըր ինչպէս ալէլու,
Կարկաջն աղբիւրին կը կանչէ յստակ,
Դեռ յամեցող հօտն ըսպիտակ
Գառնուկներուն`
Որոնք հեռո՜ւն`
Մըթնշաղին մէջ կ'իյնան
Բադիլներուն պէս ձիւնին:
Եւ իրիկուան մէջ խորին,
Իրիկուան մէջ ծաւալական ու բուրեան,
Կարկաջն աղբիւրին,
Իր շրջակայքի
Հովանոցներուն մէջ կը պըտուտքի,
Հոն ծաղիկներուն ու տերեւին հետ,
Ըսպասելու որ ծագի
Լոյսն առաջին լուսաւորին: