1.
ՎԱՅՐԿԵԱՆ
Թոյլ
շրշիւն
մը,
յետոյ
բոյր
մը
մշկենի.
Եւ
յամրագին
գիրքը
ձեռքէս
կ'իյնայ
վար.
Երազներու
պերճուհին
է
որ
կ'անցնի,
Ու
կը
փոթի
ծովակն
հոգւոյս
մեղմավար:
Ու
կը
փոթի
ծովակն
հոգւոյս
մեղմավար,
Եւ
ալիք
մը
թեւը
բացած
կը
վազէ
Գրկել
ափունքն
իղձիս
ոսկի
աւազէ:
Ո՜վ
քաղցրութիւնը
նայուածքին
իր
ծաղիկ.
Ո՜վ
պերճութիւնը
գընացքին
իր
հըպարտ.
Ճամբուն
վըրայ`
իր
քայլերուն
հետքը
վարդ`
Ուր
հեշտօրէն
կը
յածի
դեռ
իմ
մենիկ
Սիրտըս`
բո՜ց
մը`
մըթնշաղի՜ն
մէջ
անհետ…