5.
ԱՆԴԱՐՁ
Լուսնի
լոյսը
ծառերէն
ծաղիկի
պէս
էր
կախուեր.
Ապրիմ-մեռնիմ
մը
ձեռքըս`
սիրոյս
ճամբան
ես
ինկայ.
Ա՜հ,
լըսէի՜ր,
տերեւին
հովը
ինչեր
կը
հծծէր:
“Կը
սիրէ՛
զիս,
չի
սիրեր,
քի՜չ
մը,
բընա՛ւ…
տարփագի՜ն…”
Մէկիկ
մէկիկ
փետտեցի,
գաղձերուն
հետ
ձանձրոյթիս
Եւ
արիւնող
փուշին
հետ
սրտիս
մխուող
թախծանքին:
Ինչպէ՜ս
կրկնեմ
բարբառը
երիցուկին
մարգարէ,
Հէ՜ք
ծաղիկ,
զոր
խեղդեցի
վայրկեանի
մը
մէջ
անյոյս`
Ուր
ձեռքիս
մէջ
կը
սուրար
ձեռքիդ
երազն
յամպարէ:
Ինչպէ՜ս
կրկնեմ
տաղերը
նարկիսներուն
ու
վարդին,
Ու
վիպերգը`
կեռասէ
բադրոններուն
վրայ
ձիւնող
Ճերմակ
բուրեան
շափրակի
բադիլներու
մեղեդի՜ն:
Շամանդաղին
մէջ`
թել
թել
կ'իյնայ
ջրցայտքն
անտարբեր.
Լուսնի
լոյսին
կ'երկարին
առուակի
զոյգ
մը
թեւեր,
Ու
շրջավայրը
կ'ըլլայ
աղապատանք
մը
տարփոտ:
Ճամբուն
վըրայ
կը
կրկնէ
աղբիւրն
անվերջ
հեքէաթներ,
Գուռն
հիացիկ
մանուկի
աչքի
մը
պէս
է
բացուեր.
Ջըրարբքին
մէջ
կ'ուրուագրէ
լուսինն
աղջկան
մը
պատկեր:
Թաւուտին
մէջ
թեւաբաց,
ահա՜,
տեսիլդ
է
կայներ.
Այծտերեւին
հոտեւան
մատերն
հերքըդ
կը
շոյեն,
Ու
տերեւներ
վեհերոտ
կու
տան
իրենց
համբոյրներ:
Մառախուղով
կը
լենայ
հիր
շրջագիծն
երազիս,
Ուր
ամբարձիկ
մարմինիդ
հըպարտ
շուշանն
է
կեցեր.
Հոգւոյդ
կարմիր
կարօտին,
ա՜հ,
պատարա՜գ
ըրէ
զիս:
Ապրիմ-մեռնիմ
մը
ձեռքըս`
նորէն
դաշտերն
ես
ինկայ
Ու
տենչանքներըս
գրկած
լացի
մարմինդ
ըսպիտակ.
Դարձիս`
ճամբան`
սառե՜ր
էր`
տամուկ`
լո՜յս
ու
լուսինկայ…