Նոր տաղեր. 1906-1907

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
15. ԻՐԻԿՆԱՅԻՆ
       Հորիզոնէն վար` քայքայուած ու ցրւուն`
Ոսկինարգէս շառայլի փունջ մը կ'իյնայ`
Իրենց մօրկան կաթին կանչող ուլերուն
Ժեռուտ ճամբէն գիւղակ դարձող հօտին վրայ:
Բաժնըւեցան իրարմէ արփ ու մըշակ,
Լո՜ւռ` ձեռքերնին ճակտին դըրած մէկմէկու.
Ու` թիկնադարձ` արեւն ա՜լ տուն կը դառնայ
Լեռներէն վեր` ինչպէս մըշակն իջաւ գիւղ.
Առանց գոլին զոյգ մ'հոգածու ձեռքերու,
Բացավայրին մէջ կը մընան հասկ ու շիւղ,
Գիշերին հետ անգա՜մ մըն ալ միս մինակ…
       Սարերուն վրայ կանանչ լոյս մը կը ցաթի,
Աղբիւրներուն կ'ելլէ խմբերգն արծաթի…