Նոր տաղեր. 1906-1907

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
21. ՀԻՒՂԻՆ ԱՇՈՒՆԸ
       Այծամարդեր հովին քընարն են կապտեր,
Ու պարտէզին մէջ անդադար կը զարնեն
Խառնանըւագ եղանակ մը խօլական,
Որուն ջուրն ալ կը խառնէ մերթ իր կերկեր:
Շահպրակները մընացեր են առանձին,
Լըճակին շուրջ, թաղարներու մէջ թիթեղ,
Ուր կայլակ մը կ'իյնայ կարմիր, ամէն հեղ
Որ հովն անխիղճ ենթարկէ ծառն իր ցունցին:
Հիւղն աներազ կու լայ ժըպիտ մը դաժան.
Պատուհաններն` անվարագոյր, անթաղար,
Տժգոյն բաղձանքն ունին լոյս ու կապոյտի:
Ու ցաւագին եւ անթարթիչ զերթ կոպեր,
Ուր անծաղիկ աշնան մը թուխպը խաղար`
Հոն անանուն թախծութիւն մը կը փթթի:
Բայց, երիզուած ժապաւէնով ճառագայթ`
Ամպերու գորշ վիժակներուն ետեւէն`
Կ'երեւայ բիլ շարեշապիկ մը անգայտ`
Որ երազել կու տայ հիւղին, ոսկեղէն
Պերճութիւնը նոր գարունի մը կոյսին…