6.
ՍԻՐԵՐԳ
Տրցակ
մը
յուսամ
ու
տրցակ
մը
ուրց
Բե՜ր,
ձեռքերովըդ
դիր
զոյգ
քունքերուս
Խուցիս
մէջ
ցանէ
իւղեր
հինաւուրց:
Դափը
ձեռքս
առնեմ
նորէն
այս
գիշեր,
Ու
ձիւն
լոյսին
հետ
հոգւոյս
ցրցքնէ
Բամբիռի
ծափեր,
վարդի
թերթ
ու
շեր:
Բամբիռի
ծափեր,
վարդի
թերթ
ու
շեր,
Բուրեան
շոգիներ
յամպար
ու
մուշկի,
Որ
կ'երփնազօծեն
երէկուան
յուշեր:
Քիչ
մը
թեֆարիգ,
քիչ
մը
վարդի
ջուր,
Արեւ
ծիծաղի,
ծաղիկ
ծամերու,
Զարդոսկիներու
բազմաճաճանչ
հուր:
Եւ
համբոյր
աննիւթ,
եւ
համբոյր
անանց
Վարդով
գծգծուած
անհուպ
շուրթերու
Կուսածին
այգեր`
փաղփուն
լուսացանց:
Անուրջի
ցայտքեր,
ըղձակաթ
գիծեր,
Դո՜ւք,
շարժուձեւեր
կաքաւ
ու
պարի`
Հոգիս
բանտեցիք
դղեակին
մէջ
ձեր:
Հոգիս
բանտեցի՜ք
դղեակին
մէջ
ձեր,
Ճերմակ
ըստեղներ
հուր
դաշնամուրին,
Պըղինձի
թոյրեր,
ոսկեցոլ
կայծե՜ր…