Նոր տաղեր. 1906-1907

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
25. ԲԱՂՁԱՆՔ
       Արտաշէս Յարութիւնեան բանաստեղծին
       Բարձունքներու լայնշի ճամբան ըլլայի,
Որ ծաղկահիւս կողերէ վեր կը մագլի,
Ու գագաթին հասած` նոր ու հեշտալի
Հորիզոնին սնդուս գիծին կը նայի:
Ու տանէի հոն հոգիներն ըսպառած,
Ձանձրոյթն` որոնց ոլորտին վրայ կը փլչի,
Ու ցոյց տայի` լայն հորիզոն անուրջի`
Բերրի դաշտերն ու ճամբաներն անմոռաց`
Ուր քաղցրութիւնն հոգւոյն կ'ըլլայ հակուրջի:
       Կատարներուն, հագած երանգ հինայի,
Մրգաստանին, այգիներուն, դաշտերուն
Մէջ պարագնաց հովին խմբերգն ըլլայի:
Եւ ըլլայի ձայներիզը թրթըռուն,
Աղբիւրներուն, կապուտաչուի ակերուն,
Լիճին խաղաղ, ծալծալ մրմունջն երերուն,
Շառաչն հըզօր` ովկիանին, գետերուն,
Համայնական Ձայնն ըլլայի, Ձայնն անհուն
Ու խնծիղովս անպարագիծ ու կայտռուն
Քերթողներուն լեցուէր հոգին ամայի:
       Անտառներու մենութեան մէջ սխրալի,
Ամբարձուղէշ ծառերու մորճ թեւերուն
Վըրայ առող լըռութիւնն ես ըլլայի.
Կամ ըլլայի արահետը խնկագոյն,
Ծառաստուերի մութ ձորձին մէջ պլլըւող.
Կամ ըլլայի կոհակուռոյց ալէլուն
Հարեւանի հեղեղատին լուսաշող,
Ու քերթողին տաղէս վանկեր ես տայի:
       Երգն ըլլայի թռչուններուն ծնծղաձայն,
Ու դառնայի ուրախութեան ճիչ մը լայն,
Բանաստեղծի հոգիներուն մէջ նըկուն,
Ուր կը թախծի խոհանքն ամպոտ, անանուն`
Ինչպէս որի` թառած շիրմի մը գլխուն:
       Եւ ըլլայի Լոյս, Ձեւ, Երանգ, Թրթըռում,
Կեանքի փաղփուն պատմուճանը ծիրանի,
Կենսաբաղձիկ հոգւոյն երազն անպատում.
Եւ անձրեւէն վերջ անարեւ ու տրտում,
Հառաչաձայն անձրեւէն վերջ երբեմնի,
Նըշուլէի ես վայրկեաններ երջանիկ,
Արեւաշող ժըպիտ, ծափեր ու խնդում`
Բանաստեղծի հոգիներուն մէջ մենիկ: