Նոր տաղեր. 1906-1907

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
17. ԳԱՐՆԱՆ ՀԻՒՂԸ
       Դաշտին գոգը` արահետի մը եզերք`
Հիւղակ մը կայ կանանչներով ողողուած.
Իր առջեւէն կ'անցնի ամէն տըւարած,
Ճնճղուկներուն կը կարկաջէ հոն խմբերգ,
Ու տատրակներն ալ` ծիածան ուլերով`
Քմշոտ գիծ մը կը գըծեն շուրջն երազէ:
Ու պորերը, խոշոր շարժուն շուշաններ`
Կ'երազեն մէջն աւազանին տաղին զով,
Ուր ծորակին մեներգն անվերջ կը վազէ:
Մասրենիներ, վարդենիներ, մորիներ
Հոն, ձեռքձեռքի, դարձպար մըն են բոլորեր.
Ծաղկանոյշներ, ապրիմմեռնիմ, մանիշակ`
Բուռ բուռ բերեր որմերուն տակ են ցաներ:
Թաղարներէն մեխակի հոյլ մ'աչուըներ
Կը ժպտերգեն հիւղին հրճուանքն անապակ:
Օ՜հ, գաղջ աւիշն` որ չորս կողմէն կը պոռթկայ`
Ընձիւղներով, շաքիլներով անհամար.
Օ՜հ, արեւոտ խայտա՜նքն արբուն աղջըկայ`
Որ կը զեղու բորբոք, արբշիռ ու յիմար,
Կուրծքէն գարնան` որ թեւերովն իր բաղեղ`
Տարփո՜տ` հիւղին կը պլլըւի, ու հեղեղ
Կանանչով մը կու տայ համբոյրն իր դալար: