Նոր տաղեր. 1906-1907

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
19. ԵՐԳԸ
       Ժամը վեցն է. հիւղակը ծառերուն դէմ կը խնդայ,
Ու չարանճար հովիկն ալ` ծաղիկներուն խաղընկեր`
Կը պղպըջայ անհանդարտ, պզտիկ երգեր կը կարդայ,
Եւ կամ նայիս մերթ գաղտնի լըճակին ծոցն է ինկեր:
Ես երազուն, ջըրեզրի ուռենիին կռթընած,
Միջօրէին մէջ անհետ` թելն ըղձանքիս կը փնտռեմ
Մըտամոլոր. եւ յանկարծ նուրբ կամրջակ մը ոսկի`
Հիւղէն երգ մը` կ'երկարի մինչեւ ափունքը նըսեմ,
Մինչեւ ափունքն իմ հոգւոյս` ուր կոհակ մը յեղակարծ`
Ոսկի գետէն արեւին` եղկ ու հանդարտ կը պառկի:
Օ՜հ, Գարունն է Հիւղակին, շ ատրըւանը իմ հոգւոյս`
Որ լուսասփիւռ ցայտք մըն ալ ինծի նըւէր կը խրկէ.
Ու միջօրէն բովանդակ մետաքսահիւս ցանց մըն է,
Ուր բռնըւած կը կանչէ բաղձիկ թռչնակն իմ հոգւոյս:
Պիտի սիրէ՜ քեզ հոգիս, պիտի սիրէ՛, սիրո՜ղ ձայն,
Քու հոգիէդ բաժնըւող ցայտուն կոհակն արծաթի`
Որուն փըշուրն անհամար աստղերու պէս կը ցաթի
Տիեզերքին մէջ հոգւոյս` ուր ոլորտներ կ'իյնան լայն…