Նոր տաղեր. 1906-1907

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
30. ԻՐԻԿՈՒԱՆ ԻՂՁ
       Օրիորդ Նարդիկին
       Իրիկուան մէջ անհետելու յոյսն ունենալ,
Եւ յանձնըւիլ նուրբ կածանի մը քըմայքին.
Խորխի մը պէս թողո՜ւլ ձանձրոյթն ու հափրա՜նքն ալ,
Եւ անդորրով պատմուճանե՜լ հիւանդ հոգին:
       Ու լոյսերո՜վ պարածածկել հիւանդ հոգին.
Քոյր ունենալ ջուրին կարկաջն ու կապոյտ բալ,
Եւ ունկնդրել ճամբուն քովերն երգող սիւքին,
Մեծ քաղցրութեա՛ն մը խառնըւիլ, ու մենանա՜լ:
       Ընկե՜րն ըլլալ ցորեններուն. մրգաստանին
Դուռը բանալ զաւկի մը պէս, մըտերմօրէն,
Ու թողուլ որ շահարիկներ ըզքեզ տանին
       Թեւապարփակ` լայն լըռութեան մը համօրէն:
Հոն շրջասփիւռ ծառերուն հետ եղբայրանա՜լ.
Տարփո՜ղն ըլլալ ծաղիկներուն. ծովածաւալ
       Իրիկուան մէջ` անհետելու յո՜յսն ունենալ…