12.
ՄԵՌԵԼՈՑ
Ձըմեռ
օր
մը,
ձիւնին
մէջէն,
մի՜ս
մինակ,
Ձիւնին
մէջէն,
տարի
դամբանն
իմ
հոգւոյս,
Ժըպիտով
մը
ծընած
նախկին
սէր
մը
կոյս.
Ըսպիտա՜կ
վարդ`
որ
սառեցաւ
ձիւնին
տակ:
Գարուն
մըն
էր,
եւ
համբոյրով
մը
բացուած
Դամասկեա՜ն
վարդ,
գինով
արփին
գաղջ
գոլէն,
Նըւաղեցաւ
ուրիշ
սէր
մը.
սէ՜րն,
Աստուա՜ծ`
Զոր
թաղեցի`
յուսատ`
կեանքին
կանչելէն:
Ամրան
վերջն
էր,
նայուածքով
մը
բողբոջած
Դեղին
վա՜րդս
ալ
ինկաւ
աշնան
շունչին
տակ.
Զայն
վերցուցի`
արդէ՜ն
եղած
յիշատակ`
Ու
նետեցի
փոսին
մէջ,
ցա՛ծ,
ա՜հ,
շա՜տ
ցած:
Հիմակ
ամէն
մեռելոցի
ես
կ'երթամ
Անոնց
մարմար
դամբանին
վրայ
ցրտաշունչ,
Աղօթքով
մը,
կորած
մէգին
մէջ
տարտամ
Անոնց
յուշքին,
մըտաթափառ,
լուռ
ու
մունջ:
Ու
մըտածումս
ալ,
հէ՜ք
նժդեհ
քահանայ,
Խաչ
հանելով
կ'ըսէ
բառեր
լուսեղէն.
Ու
նայուածքըս
կը
բաժնըւի
երբ
հողէն,
Հոգիս
զանոնք
անգա՜մ
մըն
ալ
կը
մոռնայ…