Նոր տաղեր. 1906-1907

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
20. ՄՐՈՒՐԸ
       Իրիկունը, մետաքսներու պէս փափուկ,
Իրիկունը` շարբաթներու պէս քաղցր է.
Իրիկունը բաժակն է` շուրթը տամուկ`
Զոր նայադ մը հըրամցընել կը բերէ:
       Օ՜հ, զիս հիմակ հիւղակին դուռը տարէք,
Լուսաշապիկ օդանոյշներն իրիկուան,
Աւազանին մօտ, ուռիին շուքին տակ`
Օ՜հ, զիս հիմակ հիւղակին դո՜ւռը տարէք…:
       Այս բաժակին հեղուկն ո՜րքան հոտեւան,
Այս բաժակին հեղուկն ո՜րքան հեշտին է.
Թաւուտքներուն մէջը քիչ քիչ կը մթնէ՛.
Պիտի փշրի՜, աւա՜ղ բաժակն իրիկուան…
       Շրթունքներըս վերջին պուտին են ծարաւ,
Ու ես Գարնան Հիւղին տարփոտ շուքին տակ
Կը մօտեցնեմ երկչոտ` բաժակն իմ բերնիս.
Դիրտ մը կայ հոն, զոր հէգ հոգիս դժուարաւ:
       Ու դառնութեամբ կ'ըմպէ մինչեւ իր յատակ.
Հիւղին կոյսն է` որ մըթնշաղն իմ սրտիս
Կը սեւցընէ` հեծկլտուքով մը գիշեր…
       Կը հեծեծէ՜, ու չի՜ գիտեր թէ քարին
Քսուող սի՛րտս ալ ինկաւ ցայգուն մէջ խորին: