31.
ԻՐԻԿՈՒՆՍ
Բանաստեղծ
Վահրամ
Թաթուլին
Իրիկունս
է
բարի՜,
բարի՜,
ու
լիաձեռն
ու
հոտեւան.
Ոսկի
ուղ
մը`
կամուրջ
եղած
ընդմէջ
տիւին
ու
գիշերուան:
Վարսադիտակ
ծառերուն
տակ
կը
կղկաթիմ
լոյսին
համար.
Արեւին
պերճ
լոյսին
համար`
որ
կը
փաղփի
քրքմանըկար
Մէջն
հոտեւան
ծայրիներու
ծայրածաւալ
ծաղիկներուն`
Ուր
դիցանուէր
բաժակներու
քամեց
ամբրոսն
անյագ
մեղուն:
Ծառոց
ետին
ճաճանչաւուխտ
պաստառ
մըն
է
արեւն
ոսկի,
Ուր
ծաղկածին
ուղէշներու
ճամուկ
հիւսքը
կը
սողոսկի:
Ու
զեփիւռն
ալ,
կայտռուն
համբոյր,
մանկութիւն
մ'է
վերադարձած.
Ու
ջրցայտքն
ալ`
փսփսուքն
է
բարեկամին`
մըտերմասաց:
Սիւքն
աղջընակ`
որ
հիւսիսէն
կը
քնքշանայ
հոգւոյս
վըրան.
Ու
ջրցայտքն`
որ
լաջակ
կ'ըլլայ
նարկիսներու
գլխուն
դեղձան,
Կամ
արտասուք`
աչքերուն
մէջ
շահպրակներու
հոյլին
ցիրցան
Ու
քաղցրութեամբ
կ'օծէ
մենիկ
ծաղիկներուն
այդ
լըռարան:
Ու
թերթիկներ`
շահարիկի
շընորհք`
կ'իյնան
ափերուս
մէջ,
Բաց
ափերուս`
որ
կ'երկարին
լոյսի
խուրձին
փողփողենէջ:
Ահա՜
կ'անցնի,
մըշուշուած
բիլ
կազով
տեսիլ
մ'ալ
զերթ
ալիք.
Զարմանուհի
մ'է
վարսագեղ,
կաթ
ու
վարդի՜
հըրաշալիք…
Յաւէրժահարս
կաթ
ու
վարդէ,
ծաղիկ,
ճաճանչ,
ջուր
ու
զեփիւռ…
Շա՜տ
էր
լեցուն
հոգւոյս,
ո՜վ
Տէր,
բազմազեղումն
այս
շրջասփիւռ…