Նոր տաղեր. 1906-1907

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
26. ՀՈՎԸ
       Պատուհանըս մատնահարեց ու անցաւ,
Հովն հերարձակ աշունին.
Չարաճըճի ինչպէս աղջիկ մը, ինչպէս
Խաղընկեր մը` դըրան ետին մոռցըւած`
Պատուհանըս մատնահարեց ու անցաւ,
Հովն հերարձակ աշունին:
       Իր ետեւէն կը վազեմ ես շնչահատ,
Ու շըւարուն ու յոգնած.
Ինք խոյս կու տայ իմ գրգանքէս, թեւերուս
Պարապնդումն է դատարկ.
Բայց ա՜նառակ` երկու ձեռքէս կը փախչի,
Մինչ ետեւէն կը վազեմ ես շնչահատ,
Ու շըւարուն եւ յոգնած:
       Մինչեւ դաշտերը կը վազեմ հետապինդ,
Մինչեւ անտա՛ռն իսկ կ'երթամ.
Բայց ամէնուն կրնայ ընել ինք դարպաս.
Թուփին, ջուրին, տերեւին.
Ու լըճակին գիրկը կ'իյնայ, կամ տեսնես
Ծառին կատարն է թառած:
       Մանուկի պէս կը պլլըւի երբեմն ալ
Մայր թուփերու քըղանցքին.
Եւ երբ զինքը կը կանչեմ ես սրդողած`
Կը քրքըջայ ինք անդին:
Շա՛չ, ապտակ մը կը զարնէ մերթ երեսիս,
Նոյն վայրկեանին կը փախչի,
Եւ ես ի զո՜ւր կ'իյնամ նորէն ետեւէն,
Մինչեւ դաշտերը կը վազեմ հետապինդ`
Մինչեւ անտա՛ռն իսկ կ'երթամ…
       Եւ երբ յուսատ կը հեռանամ թիկնադարձ,
Կռնակէս վե՜ր կը մագլի,
Կամ մազերըս կ'ուզէ համրել, կամ յանկարծ
Ուժգին մէջքիս կը փարի:
       Եւ երբ ցասկոտ նորէն ետիս ես դառնամ`
Վաղո՜ւց փախեր է արդէն,
Ու չորս կողմըս կ'աւրըշտըկէ ու վարդէն
Կ'առնէ անոր սակաւարիւն շափրակներ.
Ու, դարձեալ` երբ կը հեռանամ թիկնադարձ`
Կըռնակէս վե՜ր կը մագլի…