Նոր տաղեր. 1906-1907

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
33. Ի՜ՆՉ ԱՐԲԵՑՈՒԹԵԱՄԲ…
       Գեղամ Բարսեղեան բարեկամիս
       Ի՜նչ արբեցութեամբ, ծառեր, լոյսին մէջ,
Ծառեր հովին մէջ եւ անձրեւներուն,
Վարսաւոր ծառեր, ծառեր երկնուղէշ,
Ու ծառեր մատաղ` ծովածուփ կանանչ
Ցորենի ցանքին գոգն ինկած շուարուն`
Ամէնն ալ կեանքին կ'ըմպեն յորդ ճաճանչ:
Ի՜նչ արբեցութեամբ խոտն` որ հողէն վեր
Կ'ելլէ, ըզմայլո՜ւն` կը բա նայ լոյսին`
Վայրկեան մը ապրող իր ցօղէ աչքեր:
Ի՜նչ արբեցութեամբ ծաղիկներ շաղին,
Ծաղիկներ լոյսին, մըտերիմ ձեռքին,
Ըսպասումներուն մէջ կը նըւաղին:
Ի՜նչ արբեցութեամբ ամէնմէկ արօտ,
Ամէնմէկ բլրակ` իր կանանչ ճակտին
Կը կապէ երփնած ծաղիկէ նարօտ:
Ի՜նչ արբեցութեամբ դաշտերէն խորոտ,
Եւ հարս հովիտէն` կարմըրոտանի
Կ'առնէ արագիլն իր դարձին կարօտ:
Ի՜նչ արբեցութեամբ սարեակներն, արթուն,
Լո՜յսը կը ծըծեն, լո՜յսը կը հծծեն,
Մրգաստաններու մէջէն սաղարթուն:
Ի՜նչ արբեցութեամբ ձիւն ճայեր, ծըփին,
Բարձրէն` օդաճեմ լիւղ կու գան. արփին
Մէջ կ'ոսկեզօծին ու կը թեւանան:
Ի՜նչ արբեցութեամբ տատրակն հարսենի,
Առագաստ ըրած ծառի հովանին`
Կըսպասէ տարփոտ իր վարուժանին:
Ի՜նչ արբեցութեամբ թիթեռն է բացեր,
Լելակի մանրիկ լիճին վրայ փրփրուն`
Առագաստաշէն իր կաթ թեւիկներ:
Ի՜նչ արբեցութեամբ ծիրանի դաշտին
Շէկ ծաղիկներուն կը վազէ մեղուն,
Ծըծել իգայի պտկունքներն հեշտին:
Ի՜նչ արբեցութեամբ ծովերն են կապոյտ,
Գետերն` յորդաջուր, աղբիւրներ` զեղուն,
Լիճեր` խաժագոյն, առուն` շուտափոյթ,
Լօռածամ առուն` որ կ'անցնի քովէն
Ուռեստաններու գէջ, լսնակապոյտ:
Ի՜նչ արբեցութեամբ ամպեր կը թօթուեն
Հրաշալի հեղուկն իրենց ըստինքին`
Որ զերթ ասղանի վար կը սողոսկի`
Մարելու երկրին պասուքը ոսկի:
Ի՜նչ արբեցութեամբ զայն կո՜ւշտ կը խըմեն
Համագրաւ տապէն սարսատած հողին
Ծընունդներն ամէն, ծակտիքներն ամէն:
Ի՜նչ արբեցութեամբ հոգին կ'ընդգրկէ
Ալեակն յորդահոս` ծայրիի բոյրին,
Ծաթրին, անանուխ, վայրի ռեհանի
Բազմաբուրումներն ըստաշխ ու խունկէ:
Ի՜նչ արբեցութեամբ կ'ընդգրկէ անի.
Բոլոր ձեւերն ու երանգներն ամէն,
Բոլոր գոյութեանց, բոլոր տարրերուն
Իր մէջ անդրադարձ ծիածանումէն`
Աստուա՜ծն` որ եկաւ` չե՜ս գիտեր ուրկէ՜…