Նոր տաղեր. 1906-1907

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
9. ԱՌՆՉՈՒԹԻՒՆ
       Այսօր կաթվարդ երազէ մը արթնցայ,
Գիրկս անսահման գրգանքներու է բացուեր.
Այսօր, Հոգի՜ս, պիտի բերեն քեզ ընծայ`
Նոր տարփանքիս թիթեռնիկին հիր թեւեր:
       Այսօր իղձով իմ հոգիս է կաթոգներ.
Ու վարդի պէս կը բացուի սիրտս իբր ընծայ
Այն լուսոռոգ պատարագին սրբանուէր`
Զոր ծափեցին իմ երազներըս ծնծղայ:
       Երէկ գիշեր իմ հոգիս էր ինկած, ա՜,
Թաւիշին մէջ կախօրրանին ոսկելոյս`
Զոր ճօճեցին մինչեւ առտու, մինչեւ Յո՜յս,
Ըղձանոյշներն իմ Տենչանքիս նախընծայ:
       Այսօր լոյսի ծովի մը մէջ արթնցայ,
Գիրկս անհամար գգուանքներու է բացուեր.
Այսօր, Հոգի՛ս, պիտի բերեն քեզ ընծայ`
Մանուկ բոյրեր եւ աղջըկան պէս հովեր:
       Մանուկ բոյրեր եւ աղջըկան պէս հովե՜ր`
Որոնց շուրթերն էին փնտռեր ընդերկար,
Ու գրկանքին խանդաղատ գիրկս էր բացուեր.
Երանութի՜ւն, լոյս րոպէին մէջ երկա՜ր…
       Եկո՜ւր, անցնինք ծառաստանէն այս Լոյսին,
Ու բացատքէն Գոյնին, Ձեւին ու Բոյրին.
Եկո՜ւր, Հոգի՜ս, եկուր երթա՛նք միասին,
Մինչեւ եդեմն աստուածաձայն, մինչեւ Կի՜ն…