13.
ԵՐԿՈՒ
ՍՐԻՆԳ
Սըրինգ
մը
կայ
մէջն
երկդիմի
այս
առտըւան,
Ծայրիի
մեծ
ծառին
դիմաց
ու
փըլուզակ
Մոլոշագոյն
որմին
ներքեւ.
սըրինգ
մը
որ
Կը
սրսըփայ
ցաւը
լոյսին,
որ
չի՜
ծագիր…
Երգը`
իղձի
եւ
հառաչի
թել
մըն
է
հիր`
Որ
կը
հիւսուի
անկիւններու
մէջ
արփաւոր
Ու
կ'անհետի
մըշուշին
մէջ`
որպէս
սուզակ`
Որ
ընդերկար
յաւէտ
չի՜
գար
ա՛լ
երեւան:
Սըրինգ
մըն
ալ
այս
առտըւան
մէջ
մանիշակ.
Սըրինգն
է
ան
այծհօրանի
անդէորդին,
Որ
մէգին
մէջ
կը
ծագեցնէ
երգ
մը`
արեւ
Ու
ասմազուն
ըմպած
դաշտին
տեսիլն
ոգող:
Ու
տրտմութիւնն
այգուն`
կ'իյնայ
պահ
մը
զերթ
քօղ.
Ու
պարիկ
մը
քումայթ`
հոգւոյն
կու
տայ
բարեւ.
Ու
ծառերու
ծաղկանըկար
սրահակն
հեշտին
Ընդնշմարել
կու
տայ
լիճին
կոյսը
խաժակ: