18.
ՀԻՒՂԻՆ
ԳԱՐՈՒՆԸ
Բերնիս
քըսած
էր
բաժակը
մեղրակաթ
Համբոյրներու`
նայադը
ծով
երազին.
Ու
չըլըքած
դեռ
ափունքները
ակատ
Շրթունքներու`
քունէս
ընդոստ
արթնցայ:
Ու
գրկիս
մէջ
գըտայ
առտուն
լուսոռոգ.
Առտուն,
մանուկ`
որ
զերթ
ծաղիկ
կը
ցնծայ`
Եւ
հոգիին
կը
բերէ
բոյրն
իր
նորոգ:
Եւ
ամէն
կողմ
երթալ
ուզող
զերթ
մանուկ`
Առտուն`
իմ
ալ
թեւէս
բռնեց
ու
տարաւ
Բըլուրէն
վեր,
դէպի
դաշտերը
տամուկ:
Եւ
անապակ
իր
աչքերուն
նայեցայ,
Եւ
աշխարհնե՜ր
տըւաւ
հոգւոյս
իբր
ընծայ.
Հորիզոններ`
ուր
լոյսն
անհուն
կը
ցնծայ:
Եւ
հոտեւան
ձեռքին
եղայ
ուշադիր`
Որ
շեշտակի
Գարնան
Հիւղը
ցոյց
կու
տար,
Որուն
դըրան
առջին
կանգուն
կը
խայտար
Ծաղկապատար
Հիւղին
Գարունն
անպատիր:
Ծաղիկ
մըն
էր,
ա՛ն
ալ,
փափուկ
ու
բուրեան.
Ծաղիկ`
վարսերն
ոսկինարգէս`
ու
ծաղիկ`
Թարթիչներն
ու
աչքեր,
ճակատը
շուշան,
Եւ
այտերը
կակաջ,
բերնակն
ատրուշան,
Թուշը
շափրակ,
այծտերեւի`
իր
ձեռքեր:
Եւ
իր
հոգին
բուրմունքի
հեշտ
երգն
ունէր,
Արփիացող,
ջերմին
ինչպէս
ծաղկանոց:
Ու
կը
կանչէր
գունեղ
Գարունն
Հիւղին`
զիս
Իր
համբոյրին`
ինչպէս
նայադն
երազիս…