Նոր տաղեր. 1906-1907

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
4. ԱՆՁՐԵՒ
       Բացաստանը վարագուրեց անձրեւին քօղքն ամպային.
Գիւղակն համբուն ողողեր է ջուրին ծափծափն ընդհանուր.
Անդերու մէջ կը կաթոտի ճերմակ փրփուրն արծպային:
       Օ՜հ լիութիւնն որ ամէն կողմ հրճուանքի պէս կը գեղու.
Օ՜հ, քաղցրութի՜ւնն ուր կը թառի անուրջս անյագ զերթ մեղու:
       Տարափն անդուլ կը լըճանայ, կը շափշափէ միշտ խայտակ,
Եւ արեւի պէս կը փայլի ճամբուն սալարկն ըսպիտակ…